ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐ 2»Ի ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ, 22 Յուլիս 2022-ի առաւօտուն, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Ամառնային ծրագիր 2» աշակերտները այցելեցին Ս. Աստուածածին Վանք (Պիքֆայա) եւ ստացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրական օրհնութիւնը։

Աշակերտներուն կ՚ընկերանային Շրջանային Վարչութեան անդամներ եւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու ատենապետը։

Վեհափառ Հայրապետը ծանօթացաւ «Ամառնային Ծրագիր 2»ի աշխատանքներուն, որմէ ետք աշակերտները մտերմիկ զրոյց մը ունեցան Վեհափառ Հայրապետին առօրեային եւ նախասիրութիւններուն առնչուած։

Դպրոցի աշակերտութիւնը, բաժնուած «Բ. Կանաչեան», «Արցախ» եւ «Քամանչա» խմբակներու, Հայրապետին ներկայացուցին «Կիլիկիա» քայլերգը, ինչպէս նաեւ տուտուկով եւ կիթառով երաժշտական կտորներ: Հայրապետը բարձր գնահատեց աշակերտներուն աշխատանքը: Այս առիթով, անոնք Նորին Ս. Օծութեան նուիրեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով Ս. Աստուածածին Վանքի համալիրին մէջ բարձրացած հայ ժողովուրդին վերածննդեան ու յարութեան խորհրդանիշ յուշարձանին մոմակերտ օրինակ մը եւ խմբակներու անունները ներկայացնող արուեստի գործ։

Վեհափառ Հայրապետին հետ օրհնաբեր հանդիպումէն ետք աշակերտները շրջագայեցան Ս. Աստուածածին Վանքի համալիրէն ներս, ինչպէս նաեւ այցելեցին Նահատակաց յուշարձան: