18 May, 2022

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՆԳԼԻՈՅ ՄԷՋ

12-14 Մայիս 2022-ին, Քեմպրիճի (Անգլիա) մէջ, Լիբանանի եւ Անգլիոյ Աստուածաշունչի Ընկերակցութեանց կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ եկեղեցիներու շուրջ քառասուն ներկայացուցիչներու միջազգային համագումարը, որուն թեման էր՝ «Աստուծոյ խօսքով համախմբուած քրիստոնեաներ՝ իրարու նեցուկ դժուարին ժամանակներու ընթացքին»։

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն համագումարին մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (ատենապետ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի) եւ դասախօսեց «Քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները Միջին Արեւելքի մէջ» նիւթին շուրջ։

 

Համագումարը նաեւ առիթ եղաւ, որ սրբազանը քննարկումներու եւ զանազան հանդիպումներու ընթացքին խօսի յատկապէս ընկերային ծառայութեան մարզէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին: