Անկլիքան եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու 15-րդ միջազգային համաժողովը տեղի ունեցաւ 26 Յուլիսէն 7 Օգոստոս 2022-ին, Անգլիոյ Քենթրպրի քաղաքի Քէնթ համալսարանին մէջ՝ հրաւէրով Քենթրպրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթըն Ուէլպիի։ Սոյն ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը՝ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան։
Տասը տարին անգամ մը գումարուող համաժողովին այս տարուան բնաբանն էր «Աստուծոյ Եկեղեցին Աստուծոյ Աշխարհին Մէջ»։ Աւելի քան 1450 Անկլիքան եպիսկոպոսներ եւ արքեպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, հանդիպեցան միասնաբար աղօթելու, հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարելու եւ արծարծելու հանրութիւնն ու ներկայ եկեղեցին յուզող հարցեր, ի մտի ունենալով «ի՞նչ կը նշանակէ անկլիքան համայնքին համար ընդառաջել 21-րդ դարու աշխարհի կարիքներուն» խնդիրը։
Նշենք, որ Մակար եւ Յովակիմ սրբազանները առիթ ունեցան տեսնուելու Ճասթըն Արքեպիսկոպոսին հետ եւ փոխանցեցին զոյգ կաթողիկոսներուն եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները։