«ԱԼԵՔՔՕ ԵՒ ԱՆԻ ՊԷԶԻՔԵԱՆ ՖՈՆՏ»Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ

Անցնող վեց ամիսներու ընթացքին, Կաթողիկոսարանին հովանաւորութեամբ ստեղծուած Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու առողջապահական ծառայութիւններու ֆոնտը աշխատեցաւ երկու հանգրուաններով՝ իւրաքանչիւր հանգրուան երեք ամսուան տեւողութեամբ, շաբաթական երեք օրերու վրայ տարածուած, առաւօտեան ժամը 09:00-էն 01:00: Շաբաթական դրութեամբ ալ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու հետ հանդիպումներով նպաստներու գումարը որոշուեցաւ:

 

Առաջին երեք ամիսներուն օգտակար եղանք ախտաճանաչման քննութիւններու եւ հիւանդանոցային ծանր պարագաներու:

 

«Գարակէօզեան» եւ «Սեն-Մարք» (St. Marc) հաստատութիւններուն կողմէ կատարուած սպասարկութիւններուն ալ մեր նպաստը բերինք:

 

Առաջին երեք ամիսներուն մեզի դիմեցին 1360 պարագաներ, որոնց օգտակար եղանք 1123-ին: Իսկ երկրորդ երեք ամիսներուն կեդրոնացանք միայն հիւանդանոցային ծանր պարագաներու վրայ՝ քաղցկեղի եւ երիկամի բարդ գործողութեան ծախսերուն:

 

Երկրորդ եռամիսը մեզի դիմեցին 640 պարագաներ, որոնց 382-ին ընդառաջեցինք:

 

Պէտք է յիշել, որ սկզբունքային որոշում առած էինք, որ ցարդ կատարուած ծախսերուն չմասնակցինք: Օգտակար ըլլանք միայն բուժուելու եւ կանխամտածուած գործողութիւններու ծախսերուն։

 

Տնտեսական եւ երկրի այս ճգնաժամին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ եւ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեաններու նուիրատուութեամբ կատարուած յիշեալ նպաստները մեծապէս թեթեւցուցին ժողովուրդին հոգեկան, բարոյական եւ մասնաւորաբար նիւթական բեռը:

 

Վարձքը կատար բոլորին:

«ԱԼԵՔՔՕ ԵՒ ԱՆԻ ՊԷԶԻՔԵԱՆ ՖՈՆՏ»Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ