Մեր բոլորին ծանօթ համաշխարհային եւ լիբանանեան ծանր պայմաններու պատճառով երկար յապաղումէ ետք, կու գանք ուրախութեամբ յայտարարելու, որ լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակին (1995-2020) նուիրուած հատորը։
Հայրապետին արծաթեայ յոբելինականին նուիրուած աշխատասիրութիւնը կը ներկայացնէ Սրբազնագոյն Հայրապետին 25 տարուան ծառայութիւնը՝ զանազան ոլորտներու մէջ եւ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց։ 52 յօդուածագիրներ՝ կղերականներ, միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական աշխարհի մէջ պատասխանատուներ, ակադեմիկոսներ, պետական եւ ազգային երեսփոխաններ, գիտական եւ գրական տարբեր ամպիոններու պատասխանատուներ, համալսարանի դասախօսներ, հայկական գաղութներու մէջ գործունեայ դէմքեր, հասարակական գործիչներ, ի շարս այլոց, կ՚անդրադառնան Նորին Ս. Օծութեան Հայրապետական առաքելութեան։
Նշենք, որ հրատարակութեան խմբագրական կազմի անդամներն են Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Արտեմիս Հացագործեան, Վիգէն Աւագեան եւ Շահան Գանտահարեան, իսկ մեկենասութիւնը յանձն առած են տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեանները (Լոս Անճելըս)։
Հատորը ստանալու համար դիմեցէք Կաթողիկոսարանի գրախանութը եւ կամ այցելեցէք գրախանութին կայքը՝