ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 7 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (Ե.Հ.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Մ.Ա.Ե.Խ.) ներկայացնող պատուիրակթիւն մը, գլխաւորութեամբ յիշեալ խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարներուն: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ խորհուրդներուն մէջ գործող բարձրաստիճան պատասխանատուներ:

 

Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցիլ միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող կարգ մը հարցերու շուրջ: Նորին Ս. Օծութիւնը իր ունեցած երկար տարիներու միջ-եկեղեցական փորձառութեան լոյսին տակ պարզեց իր տեսակէտները:

 

Յայտնենք, որ պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը առանձին տեսակցութիւն ունեցաւ Ե.Հ.Խ.ի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. հայր Եոան Սաուքայի հետ: