ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

Հինգշաբթի, 1 Յուլիս 2021-ին, շարունակելով առաւօտեան սկսած իրենց աշխատանքը, Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը կէսօրէ ետք եւս ունեցան ժողովական աշխատանքները։   Նիստը յատկացուած էր եկեղեցիներու կողմէ կատարուող կրթական, մարդասիրական եւ առողջապահական բնագաւառներուն առնչուած ծրագիրներու։ Ներկաները շեշտեցին յիշեալ աշխատանքներուն նոր թափ տալու հրամայականը՝ յայտնելով, որ եկեղեցիներուն կողմէ կատարուող աշխատանքները աւելի կազմակերպուած կերպով կը կատարուին քան՝ պետական կառոյցներունը։…

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Հինգշաբթի, 1 Յուլիս 2021-ին, Վատիկանի Պապական ժողովասրահին մէջ ընթացք առաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովը, ներկայութեամբ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին։ Ժողովէն առաջ հաւաքական աղօթք տեղի ունեցաւ Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ։   Ժողովի առաջին նիստին դասախօսութիւն տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը՝ «Ընկերային-քաղաքական Ներկայ Տագնապը Լիբանանէն Ներս Եւ Զայն Դիմագրաւելու Ազդու Միջոցները» նիւթին շուրջ։ Նորին Սրբութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՎԱՏԻԿԱՆ

Չորեքշաբթի, 30 Յունիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պիտի մեկնի Վատիկան, մասնակցելու Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին՝ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին ներկայութեան: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 1 Յուլիսին, եւ պիտի բաղկանայ երկու մասերէ՝ Լիբանանի ներկայ կացութեան քննարկում եւ Լիբանանի զօրակցութեան նուիրուած հրապարակային արարողութիւն:   Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին առաջին բաժնին խօսք պիտի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 14 Յունիս 2021-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբի նորընտիր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ երգչախումբի ղեկավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։   Հայր սուրբը իր երախտագիտական ու շնորհակալական խօսքը ուղղելէ ետք Նորին Սրբութեան՝ ներկայացուց նորընտիր վարչութիւնը, որմէ ետք հակիրճ կերպով զեկուցեց երգչախումբին ծրագիրներուն ու…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 26-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը բոլորէ Կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձը։ Այս առիթով, Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ին, Հայրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին։   Հայրապետական Մաղթանքի ընթացքին միաբան հայրեր Ս. Խորան բարձրանալով Աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԼԵՔՔՕ ԵՒ ԱՆԻ ՊԷԶԻՔԵԱՆ ՊԻՏԻ ՀՈԳԱՆ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԱՅԻՆ ԵՒ ԱԽՏԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԾԱԽՍԵՐԸ

Լիբանանէն ներս ստեղծուած ընկերա-տնտեսական դժուար պայմաններու լոյսին տակ եւ մեր հայորդիներուն առողջապահական կարիքներուն օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութենէն մղուած, Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցաբար ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, պիտի հոգան լիբանանահայ կարիքաւոր ազգայիններու հիւանդանոցային ու ախտաճանաչման քննութիւններու առնչուած ծախսերը:   Հարկ է նկատի ունենալ հետեւեալ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԱԲ ԵՒ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 21 Յունիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին հայ եւ արաբ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միացեալ Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին՝ Դոկտ. Հապիպ Պատըր, Դատաւոր Ֆաուզի Տաղեր եւ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան:       Պատուիրակութեան նպատակն էր մօտէն իմանալ Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպման մասին՝ նկատի ունենալով, որ Վեհափառ…

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՃՕ ՊԱՅՏԸՆԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Չորեքշաբթի, 23 Յունիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Սպիտակ Տան միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովի ներկայացուցիչ եւ նախագահ Ճօ Պայտընի խորհրդական Նատին Մէնզան: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու կրօնական ազատութեան, մարդկային իրաւանց եւ ընդհանրապէս շրջանէն ներս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան առնչուած հարցեր: Նորին Սրբութիւնը յիշեալ հարցերուն գծով, իր ունեցած երկար տարիներու փորձառութեան լոյսին…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 90 ԱՄԵԱԿԻ ՀՈՒՆՁՔԸ ՈՒՂՂՈՒԵՑԱՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 22 Յունիս 2021-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի 90 ամեակի 2020-2021 հունձքը, կարծես ընդելուզուելով Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակի ցանկապատին փորագրուած հայոց պատմութեան յատկանշական հանգրուանները ներկայացնող կոթողներուն, արտացոլացուց Դպրեվանքի 90 ամեայ ազգային եւ հոգեւոր շունչը, որուն ներքեւ կրթուած եւ իրենց կարգին սերունդներ կերտած են բազմաթիւ արժանաւորներ։   Արդարեւ, ամավերջի հանդէսը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, առիթ եղաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ԻՊՐԱՀԻՄ ՌԱՅԻՍԻԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 20 Յունիս 2021-ին, Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղած իր նամակով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ ողջունեց անոր ընտրութիւնը իբրեւ նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ձեր ընտրութիւնը շօշափելի արտայայտութիւն է Ձեր անձին նկատմամբ Իրանի ժողովուրդին ունեցած վստահութեան ու համարումին»: Նորին Սրբութիւնը յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր նախագահին՝ յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, երբ ողջ աշխարհը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱՑԱՆ ՀԻՆԳ ՆՈՐԱԳԻՐ ՈՒԽՏԵԱԼՆԵՐ

Նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, հինգ նորագիր ուխտեալներ արժանացան կուսակրօն քահանայութեան կարգին։   Կիրակի, 20 Յունիս 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի ձեռամբ եւ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի…

ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ ԿՈՉՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 19 Յունիս 2021-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի ձեռամբ եւ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի խարտաւիլակութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ Դպրեվանքի աւարտական դասարանի հինգ ընծայեալ սարկաւագներու՝ Ժան Սէլլումեանի, Կարապետ Էօրտէքեանի, Գէորգ Թէնէքէճեանի,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Չորեքշաբթի, 16 Յունիս 2021-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի։     Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, Սփիւռքի եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր։

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ Կ՚ՕԺԱՆԴԱԿԵՆ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ

Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Շաբաթ, 12 Յունիս 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին հովանիին տակ գործող Հայ Եկեղեցեւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութենէն (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) խումբ մը երիտասարդներ, գլխաւորութեամբ Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանի, իրենց անձնական ջանքերը ու ճիգերը ի գործ դնելով, 20 կարիքաւոր հայ ընտանիքներու օժանդակեցին։ Այցելութեան ընթացքին, երիտասարդները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին…

«ՎԱՏԻԿԱՆ Կ՚ԵՐԹԱՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՈՂՋ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԱՐԶԵԼՈՒ ԵՒ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ ՇԵՇՏԵԼՈՒ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Նկատի ունենալով, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախաձեռնողն է Յուլիս 1-ին Վատիկանի մէջ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ տեղի ունենալիք հանդիպումին, արդարեւ, անցնող օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին, ինչպէս նաեւ հեռաձայնով կապեր հաստատեցին Լիբանանի քաղաքական, կրօնական ու ակադեմական դէմքեր, Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպանը, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ եւ մամլոյ օրկաններ: Անոնք…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ԿԱՐԳ

Ձեռնադրութեան ճամբով, եկեղեցին Սուրբ Խորանի սպասարկողներուն կը պարգեւէ եկեղեցական կարգերը, որոնք կը տրուին յատուկ արարողութիւններու ճամբով։ Կիրակի, 13 Յունիս 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ դպրեվանեցի երեք կիսասարկաւագներ՝ Նշան Անտրեան, Հրակ-Անդօ Գրտանեան եւ Յակոբ  Ճուլֆայեան, ստացան հայ եկեղեցւոյ երեք հիմնական կարգերուն առաջինը՝ սարկաւագութիւնը։   Արդարեւ, Ս. Աթոռիս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ԵՒ ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻՆԵՐ՝ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԻՆ ԵՒ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻՆ

Շաբաթ, 12 Յունիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեցին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) գործադիր տնօրէն՝ Տիար Զաւէն Խանճեան, ընկերակցութեամբ իր Տիկնոջ Սոնա Խանճեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի եւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Փոլ Հայտոսթեանի:   Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու հայ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՄԷՋ ԿՆՈՋ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒՆ

Հովանաւորութեամբ Արաբական Աշխարհի մէջ Երկխօսութեան եւ Համագործակցութեան Միջ-Կրօնական Հարթակին (The Interreligious Platform for Dialogue and Cooperation in the Arab World (IPDC)) եւ համագործակցութեամբ ու կազմակերպութեամբ Ապտալլա Բ. Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (KAICIID), 24 Մայիս 2021-ին ընթացք առաւ միջ-կրօնական երկխօսութեան մէջ կնոջ դերը զարգացնող եւ ամրապնդող վարժողական դասընթացքին առաջին հանգրուանը, առցանց, «Հիա Լիլ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.-   1) Կաթողիկոսարան այցելեց մարոնիթ համայնքի քաղաքական ղեկավարներէն Սիմոն Քարամ: Ան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց խումբ մը քրիստոնեայ քաղաքական դէմքերու կողմէ Լիբանանը յուզող հարցերու գծով իրենց տեսակէտները եւ ապա ուզեց իմանալ Վեհափառ Հայրապետին մօտեցումները:   2) Նորին Սրբութիւնը ընդունեց «Անկախ Լիբանանցիներու Խմբաւորում»ը ներկայացնող պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Դոկտ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

Երեքշաբթի, 8 Յունիս 2021-ին, Պքերքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումը՝ մասնակցութեամբ մարոնիթ, հայ առաքելական, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ, հայ կաթողիկէ եւ քաղդէական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն:   Հանդիպման նպատակն էր խորհրդակցիլ 1 Յուլիսին Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպման շուրջ հասարակաց մօտեցումներ ճշդելու:   Յայտնենք, որ Վատիկանի մէջ տեղի…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) նորընտիր վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Նորընտիր վարչութիւնը Նորին Սրբութեան պարզեց իր յառաջիկայ գործունէութեան ընդհանուր պատկերը:   Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց վարչութեան, որ հակառակ համաճարակին ստեղծած աննպաստ պայմաններուն, միութիւնը անցնող ամիսներուն շարունակած էր իր գործունէութիւնը: Նորին…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 17 ՍԱՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆ ԴՊՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆ

Նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն՝ ձեռամբ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանին եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեանին։   Դպրաց աստիճան ստացան հետեւեալ դպրեվանեցիները՝ Յակոբ Ճուլֆայեան, որ ստացաւ…

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Ուրբաթ, 4 Յունիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Պէյրութի նահանգապետ Դատաւոր Մարուան Ապպուտ, ընկերակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամ Արամ Մալեանի:   Նահանգապետը Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Պէյրութի զարգացման իր ծրագիրներն ու պատկերացումները եւ շեշտեց քաղաքի հայ համայնքին կարեւոր դերը, ինչպէս անցեալին նաեւ այսօր:   Հանդիպումէն ետք, նահանգապետ Ապպուտ այցելեց Կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքները եւ մօտէն…

ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ

Ուրբաթ, 4 Յունիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի շրջանաւարտ հինգ ուսանողներու յանձնեց Կեդրոնի յատուկ վկայականը: Շրջանաւարտները անցնող երեք տարիներուն հետեւողական կերպով իրենց մասնակցութիւնը բերած էին դասընթացքներուն եւ լիովին կատարած իրենց տրուած կրթական պարտաւորութիւնները:   Վկայականաց բաշխումէն առաջ Կեդրոնի քարտուղար Մարլէն Էվինկիւլեան ընթերցեց Կեդրոնի պատասխանատու Ժիրայր Դանիէլեանի խօսքը: Յայտնենք, որ Պէյրութի նաւահանգիստի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Անցնող օրերու ընթացքին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այլ այցելութիւններու շարքին՝ հետեւեալ  պատասխանատու հոգեւորականներն ու ազգայինները այցելեցին.-   ա) Ատրպատականի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեան: Առաջնորդ սրբազանը զեկուցեց Վեհափառ Հայրապետին թեմին գործունէութեան ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։   բ) Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Պետրոս…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 31 Մայիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի։   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի ու Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած հարցեր։

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 30 Մայիս 2021-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին, միաբան հայրերու ու հաւատացեալ ժողովուրդի, կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով։   Ս. Պատարագի ընթացքին, ձեռամբ Վեհափառ Հայրապետին կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻՆ

Հինգշաբթի, 27 Մայիս 2021-ին, շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպանուհիին միջեւ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ շարք մը հարցերու անդրադառնալու, ըլլան անոնք հայկական ու յատկապէս լիբանանեան:   Ողջունելով նորանշանակ դեսպանուհիին առաջին այցելութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը յիշեց պատմական իւրայատուկ կապերը հայ ու ֆրանսացի ժողովուրդներուն եւ Հայաստանի…

ԼՈՒՐԵՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ

Այսօր, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.-   Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ճորճ Արք. Սալիպա եւ յանուն Ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Իգնատիոս Աֆրամ Բ.ին, հրաւիրեց ներկայ գտնուելու Աթշանէի Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունենալիք եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան: Սալիպա Արք.ին կ’ուղեկցէին եպիսկոպոսական օծում ստանալիք երկու հոգեւորականները:   Նորին Սրբութիւնը Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա Մատենադարան»ին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մատենադարանապետ Շահան…

ԼՈՒՐԵՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ

Ա) Ուրբաթ, 21 Մայիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապէն անձնական նամակ մը ստացաւ՝ Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած ծրագիրի մը մասին:   Բ) Դոկտ. Սորիթուա Նապապանի մահուան առիթով, Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց հանգուցեալի ընտանիքին եւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին: Նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Դոկտ. Նապապանի կատարած…

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄՆԱՅՈՒՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Երկուշաբթի, 17 Մայիս 2021-ին, առցանց տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Մնայուն Յանձնախումբի տարեկան ժողովը, որուն մասնակցեցեան ղպտի ուղղափառ եկեղեցիէն Թոմաս եւ Անկելոս մետրոպոլիտները եւ Դոկտ. Կրկէս Սալէհ, ասորի ուղղափառ եկեղեցիէն Ճորճ Սալիպա եւ Տանիէլ Քուրիէ մետրոպոլիտները, հայ եկեղեցիէին (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն) Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանն ու Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը։   Ժողովը…

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՒԹԵՐ (21-23 ՄԱՐՏ 2018)» ԺՈՂՈՎԱԾՈՒԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Առնուած «Ազդակ» օրաթերթէն   Երեքշաբթի, 18 Մայիս 2021-ին, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի նախագահութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան 100-ամեակ, գիտաժողովի նիւթեր (21-23 մարտ 2018)» ժողովածուին  շնորհահանդէսը:   Ժողովածուն լոյս տեսած է 2021-ին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն, Անթիլիաս: Հոն ամփոփուած են Մարտ 2018-ի  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած եռօրեայ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Շաբաթ, 15 Մայիս 2021-ին, Երեւանի Պետական Համալսարանի (Ե.Պ.Հ.) Սփիւռքագիտութեան Ամպիոնի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ համահայկական ուսանողական առցանց խորհրդաժողով մը՝ «Հայ Ուսանողութիւնը՝ Ազգային Վերածնունդի Առաջամարտիկ» խորագրով։   Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն ուսանողներ եւ ուսումնական-կրթական ոլորտի մէջ ծառայող անհատներ, որոնք արտայայտուեցան Արցախի պատերազմի ձգած հետեւանքներուն եւ անոր վերածնունդին մէջ երիտասարդ ուսանողներուն դերակատարութեան անհրաժեշտութեան մասին։  …

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՀԱՄԱԽՄԲԵՆՔ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՈՒ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Յանձնախումբին, Ուրբաթ, 14 Մայիս 2021-ի երեկոյեան, երիտասարդական խորհրդակցական առցանց հանդիպում մը կայացաւ։ Հանդիպման իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին զանազան թեմերէ եւ շրջաններէ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամ միաբան հայրեր։   Վեհափառ Հայրապետին աղօթքէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց Երիտասարդական Յանձնախումբի ատենապետ Գերշ. Տ. Մեսրոպ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 11 Մայիս 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց հետեւեալ այցելութիւնները.-     ա) Անթիլիասի եւ շրջակայից մարոնիթ նորընտիր առաջնորդ Անթուան եպիսկոպոսը։     բ) Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարներէն Արտաւազդ Մելքիսէթեանը։     գ) «Հաուըրտ Գարակէօզեան» մարդասիրական հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանը։     դ) Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճի…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «Ի ՊԷՏՍ ԴՊՐԱՊԵՏԱՑ» ՀԱՏՈՐԸ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ի Պէտս Դպրապետաց» հատորը՝ խմբագրութեամբ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանին։ Հատորը «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» շարքին մաս չի կազմեր, նկատի ունենալով անոր բովանդակութիւնը։ Ինչպէս խորագիրէն յայտնի է, ներկայ հատորը կը միտի դիւրութիւն ընծայել դպրապետներուն, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն։ Ան միայն շարականներ չի բովանդակեր, ինչպէս է…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ ՎԱՐԴԻՆԷ ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ

Ուրբաթ, 7 Մայիս 2021-ին, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատարը՝ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Հայաստանէն վերադարձին այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:   Յայտնենք, որ յանուն Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին նախարարի պաշտօնակատարը մեկնած էր Հայաստան մասնակցելու Ապրիլ 24-ի առիթով տեղի ունենալիք հրապարակային ձեռնարկներուն։ Իր այցելութեան ընթացքին, ան տեսակցութիւններ ունեցած էր Հայաստանի պետական ներկայացուցիչներու հետ: Ան Նորին Սրբութեան զեկոյց…

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԷՆ ՆԱՄԱԿ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 23 Ապրիլ 2021 թուակիր նամակ մը ստացաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսէն։   Յիշեալ նամակին մէջ վարչապետը, ողջունելով հայ ու յոյն ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու բարեկամական կապերը, կ՚ըսէ, թէ «ժամանակի խորութեան մէջ կը ցանկանք առաւել ամրապնդում մեր պատմական կապերուն»։ Ապա, ան իր բարեմաղթութիւնները կը ներկայացնէ Հայաստանի, մեր ժողովուրդին եւ Արամ Ա. Վեհափառ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՃԱՇԻ ՀԻՒՐԸ ԵՂԱՒ ՄԱՐՈՆԻԹ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Հրաւէրով մարոնիթ եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այսօր՝ Շաբաթ, 1 Մայիս 2021-ին, այցելեց Պքէրքէ, ուր ճաշի հիւրը եղաւ պատրիարքին։ Ճաշին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանն ու պատրիարքական փոխանորդ Արքեպիսկոպոս Փոլ Սայեահը։   Պատրիարքին եւ Վեհափառ Հայրապետին միջեւ տեղի ունեցած զրոյցին մէջ առաջնահերթ տեղ գրաւեց Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, յատկապէս…

ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 29 Ապրիլ 2021-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Նորվեկիոյ դեսպան Մարդեն Իթերվիքին: Դեսպանին կ՚ընկերանային Նորվեկիոյ պետական թէ եկեղեցական մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:   Վեհափառ Հայրապետին հետ դեսպանին վերջերս ունեցած հանդիպման լոյսին տակ կազմակերպուած այս հանդիպումին նպատակն էր քննել համայնքային կառոյցներու ընկերամարդասիրական ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն օգտակար ըլլալու կարելիութիւնները: Հանդիպումին ներկայ եղան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Գլխաւորութեամբ Լիբանանի Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժըմայէլին, տասը անձերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը Հինգշաբթի, 29 Ապրիլ 2021-ին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:   Սամի Ժըմայէլ յանուն Լիբանանի Փաղանգաւոր կուսակցութեան, իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 27 Ապրիլ 2021-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքէն մեկնեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող Ժըպէյլի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցը, ուր նաեւ կը գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը։ Հայրապետին կ՚ընկերանային միաբան հայրեր։   Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ «Թռչնոց Բոյն»ի տեսուչ հայր սուրբին, մանուկներուն եւ պաշտօնէութեան կողմէ։ Ապա, Նորին Սրբութեան նախագահութեամբ վերոյիշեալ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՈՅԺԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԶԱՏ ՀՈՍԱՆՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 26 Ապրիլ 2021-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունենց Լիբանանեան Ոյժեր եւ Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւնները: Անոնք բաղկացած էին յիշեալ կուսակցութիւններու երեսփոխաններէ ու նախարարներէ: Վեհափառ Հայրապետին կողքին հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:   Պատուիրակութիւնները նախ ծաղկեպսակ զետեղեցին Մայրավանքի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ՝ իրենց յարգանքը արտայայտելով…

ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 106-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբոց նահատակաց նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին՝ յիշեցնելով, որ Լիբանանի ժողովուրդը եւս Օսմանեան թուրքերու ջարդին ենթակայ եղած է:   Նորին Սրբութեան հետ հեռաձայնային կապ…

«ԴՈՒՔ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՅԻՇՈՒԻՔ ՈՐՊԷՍ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ՅԱՐԳՈՂ ՆԱԽԱԳԱՀ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

24 Ապրիլ 2021-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով հրապարակած իր պաշտօնական խօսքին մէջ 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ Օսմանեան-թուրք պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Ցեղասպանութիւնը բնութագրեց իր ճշգրիտ, պատմական եւ իրաւական անուանումով՝  ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ։   Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութեան ու գնահատանքի նամակ մը յղեց նախագահ Պայտընի, ուր Նորին Սրբութիւնը…

ԱՊՐԻԼ 24-Ը ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԿԸ ՄԵՐԺԵՆՔ ՈՐԵՒէ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ, ՆՈՅՆԻՍԿ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆ, ՈՐԵՒԷ ԿՈՂՄԷ, ՈՐ ԿՐՆԱՅ ՎՏԱՆԳԵԼ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Պատարագը մատուցեց Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։  …

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 23 Ապրիլ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց 16 հոգիներէ բաղկացած Լիբանանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան զանազան կառոյցները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի։   Յանուն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Թիւֆէնքճեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց կրթական, մշակութային, ընկերային ու բարեսիրական մարզերէն ներս Միութեան կատարած աշխատանքները, յատկապէս վերջին տարուան ընթացքին։  …

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Օրեր առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ազգային Ծերանոցը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած հաստատութեան տնօրէն Վերապատուելի Սեպուհ Թէրզեանէ եւ խնամակալութեան անդամ Տիգի Թորիկեանէ ու Թամար Տէր Պետրոսեանէ:   Ազգ. Ծերանոցի պատասխանատուները զեկոյց տուին Վեհափառ Հայրապետին ծերանոցի աշխատանքներուն ու յատկապէս անոր դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն մասին: Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ազգ. Ծերանոցին կատարած մարդասիրական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐԸ՝ ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Անթիլիաս, 19 Ապրիլ 2021   Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմին Նիւ Եորք   Սիրելի՛ Սրբազան,   Խոր ցաւով իմացանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մօտիկ բարեկամ­ներէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մեր համայնքի կարկառուն դէմքերէն՝ Վարդան Գրիգորեանի մահուան գոյժը։ Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի, Ազգ. Իշխանութեան եւ հանգուց­եալի հարազատներուն։   Արդարեւ, Վարդան Գրիգորեան իր ստանձնած պատասխանատու պաշտօններով ու բեղուն գործունէութեամբ…

ԱՒՍՏՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 20 Ապրիլ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Դոկտ. Ռընէ Ամրիի:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանը յուզող հարցերը, Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ բացասական ներկայութիւնը թէ՛ շրջանէն եւ թէ Եւրոպայէն ներս, յատկապէս Արցախի վերջին պատերազմին: Յիշեալ հարցերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը իր տեսակէտները պարզեց դեսպանին:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Օրեր առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Մարդեն Իթերվիքը, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուին:   Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ նախ անդրադարձ կատարելու Լիբանանը յուզող այժմէական հարցերուն, նոր կառավարութեան կազմութեան հարցէն սկսեալ մինչեւ տնտեսական տագնապը, եւ ապա հայ ու Նորվեկիոյ ժողովուրդներու պատմական կապերուն: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը յիշեց նորվեկիացի Ֆրիտճոֆ Նենսընի…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Ուրբաթ, 16 Ապրիլ 2021-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց մարոնիթ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռայի Պատրիարքին փոխանորդը՝ Արքեպիսկոպոս Փօլ Սայահ: Այցելութեան նպատակն էր.- ա) Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահել Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան գծով Ռայի Պատրիարքին տարած աշխատանքներուն մասին եւ բ) Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան ղրկած նամակին առնչուած կարգ մը հարցերուն մասին:   Վերջին կէտին գծով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 15 Ապրիլ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի:     Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի եւ Լիբանանի ներքին կացութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակի ոգեկոչման առնչուած նիւթեր։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, 2015 թուականին՝ հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատական հայց ներկայացուցած էր Թուրքիոյ դէմ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։   Սիսի Կաթողիկոսարանի դատական հայցը, որպէս շարունակութի՛ւն Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին մօտ սկսուած իրաւական գործընթացին, 30 Յուլիս 2019-ին ներկայացուեցաւ Գոզանի (Սիս) Նախադատ Ատեանին։   Թագաժահրին պարտադրած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ՄԱԿԱՐԱՅ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՀԱԿԱԿՐՕՆԱԿԱՆ ԴԷՊՔԸ

Վերջերս թուրք երիտասարդներու կողմէ երաժշտական ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է հայոց Մակարայ Վանքի շրջափակէն ներս, որ կը գտնուի Կիպրոսի Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած բաժնին մէջ: Ձեռնարկին յաջորդած է կրօնական վայրի ոչ-վայել խնճոյք:   Յիշեալ դէպքը ընդվզումի ու դատապարտութեան ալիք մը յառաջացուցած է Կիպրոսի հոգեւոր ու քաղաքական ղեկավարութեան մօտ: Կիպրոսի հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք.…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆԻՍՏԻՆ

23-25 Մարտ 2021-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11-րդ Ընդհանուր Համաժողովին ծրագրաւորման յանձնախումբը առցանց հանդիպում մը ունեցաւ՝ շարունակելու համար 31 Օգոստոսէն 8 Սեպտեմբեր 2022-ին Գերմանիոյ Քարլզրու քաղաքին մէջ նախատեսուած ԵՀԽ Ընդհանուր Համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները։ Սոյն ժողովին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան։   Ծրագրաւորման յանձնախումբը որդեգրեց «Քրիստոսի սէրը աշխարհը կ՚առաջնորդէ դէպի հաշտութիւն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՎԵՑ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ԱՐԺԱՆԱՑԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈՒՆ

Շաբաթ, 10 Ապրիլ 2021-ին, Կիրակամտից Ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճաններու տուուչութեան արարողութիւնը։   Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճաններուն արժանացան Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, Հոգշ. Տ. Արտակ…

ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՀԱՅՐ ՍՈՒՐԲԵՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵՆՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԹԵԶԵՐԸ

Ուրբաթ, 9 Ապրիլ 2021-ի Երեկոյեան Ժամերգութենէն ետք, գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն, «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան թեկնածու միաբան հայրերու թեզերու պաշտպանութիւնը։   Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան ներկայացուց «Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ (Ապա Առաջնորդ)՝ Թորգոմ Արք. Գուշակեանի եւ Մամբրէ Ծ. Վրդ. Սիրունեանի (Ապա Արքեպիսկոպոս) Նամակագրութիւնները…

ՆՈՐ ԳԻՐՔ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԳՐԻՉԷՆ TURNING TO GOD (ԴԱՐՁ ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ)

200 էջերէ բաղկացած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անգլերէնով գրուած այս գիրքը օրագրութիւն է 2020 թուականի Մարտ ու Ապրիլ ամիսներուն, երբ համաճարակը նոր սկսած էր:   Գիրքը կը շօշափէ զանազան բնոյթի նիւթեր՝ կրօնական, ընկերային, միջ-եկեղեցական, կենսոլորտային, նաեւ քաղաքական, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով աղերս ունին համաճարակի ստեղծած կացութեան եւ ընկերութեան դիմագրաւած տագնապներուն հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

Երեքշաբթի, 6 Ապրիլ 2021-ին, յանուն Լիբանանի բանակին, բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք, շնորհաւորելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով։

ԱՍՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԱՖՐԱՄ Բ. ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 4 Ապրիլ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարքին: Պատրիարքին կ՚ընկերանային Լիբանանի ասորի համայնքի երկու առաջնորդներ եւ այլ հոգեւորականներ: Հանդիպման Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան:   Եղբայրական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած…

ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ (ԶԱՏԻԿ) ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

«ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՝ ԵՐԱՇԽԻՔ ՀԱՒԱՏՔԻ ՈՒ ՅՈՅՍԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Կիրակի, 4 Ապրիլ 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Վեհափառ Հայրապետին իբրեւ առընթերակայ Ս. Խորանին վրայ ներկայ էին Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Գերշ. Տ. Մակար Եպս.…

«ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԵՏ ՊԷՏՔ Է ԳԵՐԵԶՄԱՆԵՆՔ ՄԵՐ ՄԵՂՔԵՐԸ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԻՐ ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԴԱՌՆԱՆՔ ՆՈՐ ՄԱՐԴ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հակառակ համաճարակին ստեղծած ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն, անցնող օրերուն Աւագ Շաբթուան, ինչպէս նաեւ այսօր՝ Ուրբաթ, 2 Ապրիլ 2021-ին, Քրիստոսի Թաղման արարողութեան, ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հաւատացեալներ՝ հաղորդուելու Քրիստոսի երկարաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանին առնչուած դրուագներէն փոխանցուած խորհուրդով:   Թաղման արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, շրջապատուած միաբան հայրերով: Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Դպրեվանքի Արմաշ երգչախումբը: Արարողութեան աւարտին Նորին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԱՊՐԻ՛Լ ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ ԿԵԱՆՔԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ   Կողոսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ Պօղոս Առաքեալ կը յիշեցնէ թէ՝ «մկրտուելով, անոր (Քրիստոսի) հետ միասին թաղուեցաք, եւ անոր հետ ալ յարութիւն առիք» (2.12)։   Մկրտութեամբ քրիստոնեան անդամ կը դառնայ եկեղեցւոյ։ Եկեղեցին Քրիստոսն է իր խորհրդական մարմնով, իր կեանքով ու առաքելութեամբ։ Եկեղեցւոյ ճամբով Քրիստոս շարունակ կը ծնի, կ’ուսուցանէ, կը հրաշագործէ, կը…

«ՍԷՐԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ԵՒ ՃԱՄԲԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Աւագ Հինգշաբթի, 1 Ապրիլ 2021-ի երեկոյեան, մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի աւանդական կարգը, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:   Դպրեվանքի Արմաշ երգչախումբը սքանչելի կատարողութեամբ մեր բազմադարեան հոգեւոր երգերով հոգեպարար մթնոլորտ մը ստեղծեց եկեղեցիէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը արարողութեան ընթացքին, հետեւելով Մեծ Վարդապետին՝ մեր Տիրոջ Յիսուս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Չորեքշաբթի, 31 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն ժամանած պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ միջ-կրօնական երկխօսութեան ու գործակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շէյխ Համիտ Շահրիարին:   Շէյխ Շահրիար բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ իրանահայութեան եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր գործակցութեան: Ան նաեւ խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի ու երկխօսութեան կեդրոնին միջեւ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՕՐՀՆԵՑ ՏԱՍԸ ԿՈՅՍԵՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇՈՂ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ

Աւագ Երեքշաբթի, 30 Մարտ 2021-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ Շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններուն առաջինը՝ «Տասը Կուսանաց» յիշատակի ժամերգութիւնը։ «Տասը Կուսանաց» առակը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը եւ կը թելադրէ բոլոր քրիստոնեաներուն, որ Տէրը դիմաւորելու միշտ պատրաստ ըլլան:   Այս առիթով, Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանէն տասը աղջիկներ, որոնցմէ հինգին վիճակուած…

ԱՆԹԻԼԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 28 Մարտ 2021-ին երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի հոգեպարար ու խորհրդալից արարողութիւնը։   Արարողութեան աւարտին, Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան իր քարոզին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Դռնբացէքի խորհուրդը՝ Քրիստոսի երկրորդ գալուստի եւ վերջին դատաստանի։ Ան հաւատացեալներուն ուշադրութեան հրաւիրեց, թէ հոգիի փրկութիւն գտնելու եւ արդարութեան ճամբէն քալելով երկնաւոր Հօր հասնելու…

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՔՐԻՍՏՈՍ ՊԱՏԳԱՄԵՑ ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԱՐԴՈՑ՝ ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՔ, ՄԻ՛ ՅՈՒՍԱՀԱՏԻՔ, ՄԻԱ՛ՅՆ ՀԱՒԱՏԱՑԷՔ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 28 Մարտ 2021-ին առաւօտուն, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ՝ Ծաղկազարդի տօնը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Տօնին աւանդութեան համաձայն, Վեհափառ Հայրապետը կ՚օրհնէ մանուկները եւ իր Հայրական խօսքը կ՚ուղղէ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով եւ օրհնութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս, Մեծ Պահոց շրջանին Հսկումի արարողութեանց մասնակցեցան կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներ։ Իւրաքանչիւր արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր Հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց աշակերտներուն եւ իբրեւ գնահատանքի արտայայտութիւն օրհնուած խաչեր բաժնեց անոնց։   Այսօր, տեղի ունեցաւ Մեծ Պահոց շրջանի Հսկումի վերջին արարողութիւնը։ Արարողութեան աւարտին,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 25 Մարտ 2021-ին, մէկ շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով, Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ էլ Խազէն այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Դեսպանը շաբաթ մը առաջ այցելած էր Հայրապետին եւ նկատի ունենալով Նորին Սրբութեան սերտ յարաբերութիւնը Վատիկանի հետ, առաջարկած էր նամակ մը յղել՝ պարզելով Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը եւ որոշ գործնական առաջարկներ ներկայացնել՝ Վատիկանի…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԶԱՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 23 Մարտ 2021-ի առաւօտեան, Ազգային Ազատականներու Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին պարզեց կուսակցութեան մտահոգութիւնը եւ Լիբանանը ներկայ վիճակէն դուրս բերելու իր պատկերացումը: Միաժամանակ ան յատուկ գնահատանք արտայայտեց լիբանանահայութեան առողջ մօտեցումներուն՝ երկիրը յուզող հարցերու գծով:   Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, շեշտեց Լիբանանը դիմագրաւող ներքին թէ արտաքին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 23 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:   Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանի ու Արցախի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ մարտահրաւէրներուն: Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեց դեսպանը, թէ անդրադարձ եղած է օր մը առաջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին հետ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին,…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԵՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՆ ԱՆՅԱՊԱՂ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ

Երկուշաբթի, 22 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Ապտալլա Էլ Պուխարի կոչ ուղղեցին նոր կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան ու տնտեսական տագնապը դիմագրաւելու ազդու միջոցներու որդեգրման:   Վեհափառ Հայրապետին գրասենեակին մէջ աւելի քան ժամ մը տեւած մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, Նորին Սրբութիւնն ու դեսպանը Լիբանանի ներկայ կացութեան…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐԸ

Հայոց աշխարհի երկրորդ լուսաւորիչին՝ Սուրբ Գրիգորի Լուսաւորիչ Հայրապետին սոսկալի չարչարանքներուն եւ Խոր Վիրապ մուտքի տօնը, որ Անթիլիասի Ուխտի Օրն է, Մայրավանքի համանուն Մայր Տաճարին մէջ նշուեցաւ Կիրակի, 21 Մարտ 2021-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Յիշեալ տօնին աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալներ տօնին նախօրէին Մայրավանքին մէջ գիշերելով՝ իրենց աղօթքներով եւ ուխտով կը պարուրեն Մայր Տաճարը,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉՈՒԹԻՒՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

4, 5, 8 եւ 9 Մարտ 2021-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Համաշխարհային Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն» յանձնաժողովը գումարեց իր առցանց ժողովը, որ բաղկացած էր զանազան երկիրներէ եւ եկեղեցիներէ եկած 25 անդամներէ, ինչպէս նաեւ խորհրդատուներէ, հիւրերէ եւ ԵՀԽ-ի «Հաւատք եւ Կարգ» յանձնաժողովի տնօրէնէն։   Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, սոյն ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ 2013 թուականէն ի վեր…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՌԱՖԱՅԷԼ ՏԷ ՆՈԿԱԼԵՍ ՄԵՆՏԵԶԻ «ՉՈՐՍ ՏԱՐԻ ՄԱՀԻԿԻՆ ՏԱԿ» ՀԱՏՈՐԸ

Արաբերէն լեզուով Ռաֆայէլ Տէ Նոկալես Մենտեզի (Rafael de Nogales Méndez)  «Չորս Տարի Մահիկին Տակ» (أربع سنوات تحت الهلال) գիրքը լոյս կը տեսնէ «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի հրատարակութեամբ (թիւ 15)։ Գիրքին թարգմանութիւնը ռուսերէնէ կատարուած է սուրիացի անյայտ թարգմանիչի մը կողմէ, իսկ թարգմանութիւնը վերատեսութեան ենթարկած է հալէպահայ ազգայիններէն Դոկտ. Հուրի Ազէզեանը։   Համաշխարհային առաջին պատերազմին Օսմանեան բանակին…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի 14-րդ հրատարակութիւնը նուիրուած է Մարտ 2018-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած եռօրեայ համահայկական համագումարին։   Հատորին խմբագիրն է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան։ Ժողովածուն հրատարակութեան երաշխաւորած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի գիտական խորհուրդը։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏ

Շաբաթ, 13 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ համա-ատենապետութեամբ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեանի եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի, տեղի ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի առցանց նիստը։ Կրօնական Ժողովի անդամներուն կողքին, նիստին մասնակցեցան նաեւ թեմակալ առաջնորդներ եւ Կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ։ Ժողովին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը «Հոգւոցն հանգուցելոց…» արտասանեց լուսահոգի Տ.…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼՈՒ

Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի յանձնախումբի առցանց նիստը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Մարտ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին՝ գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանին։ Նիստին մասնակցեցան փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան եւ Խաչիկ Տէտէեան։   Ժողովը գոհունակութեամբ հաստատեց վերջերս լոյս տեսած «Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100-ամեակ» խորագիրով եւ փրոֆ.…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ

Առնուած «ԱԶԴԱԿ» օրաթերթէն.-   Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը Հինգշաբթի, 11 Մարտ 2021-ին այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:   Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, նախ եւ առաջ Շրջանային վարչութեան ատենապետը շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետին ծննդեան տարեդարձը` մաղթելով, որ Հայրապետական Ասան մնայ միշտ ծաղկեալ: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը շեշտեց, թէ անցնող 25 տարիներու ընթացքին Համազգայինի կապերը…

ՄԻՋԻՆՔԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 10 Մարտ 2021-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած Միջինքի Արեւագալի արարողութեան։   Աւանդութեան համաձայն, Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ սրբազանին, ինչպէս նաեւ միաբան հայրերու եւ Դպրեվանքի սաներուն, Միջինքը կը նշէր Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր նաեւ իր Հայրապետական պատգամը կ՚ուղղէր մեր…

«ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԱՐԴՈՒՆ ՀԵՏ ԵՂԱՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԱՐԴԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ԸԼԼԱՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Միջինքի պատգամին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ արտասանուած, Չորեքշաբթի 10 Մարտ 2021-ին։   **********   Քրիստոնէական կրօնին իմաստը ու նպատակը, իւրայատկութիւնը ու պատգամը կարելի է խտացնել վերոնշեալ հաստատումին մէջ։ Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ Աստուած մարդուն հետ եղաւ։ Քրիստոնէական հաւատքին աղբիւրը Աստուծոյ յայտնութիւնն է։ Քրիստոնէական կրօնի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Շաբաթ, 6 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը։   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Վատիկանի, Ֆրանսիս Պապին Իրաք տուած այցելութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի առնչուած հարցեր։   Յայտնենք, որ Դոկտ. Ալ-Խազեն Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ քաղաքական գիտութեանց դասախօս էր, ապա՝…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 25 Փետրուար 2021-ին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան առցանց ժողովը։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Վարչութեան անդամներ՝ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանն ու Դոկտ. Ժան Սալմանեանը։   Ժողովը առաջին հերթին վաւերացուց Սեպտեմբեր 2020-ին Պըքերքէի մէջ գումարուած նախորդ հանդիպումին ատենագրութիւնը, որմէ ետք Ընդհանուր Քարտուղար…

«ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐԸ ՅԻՇԵՑՈՒՄ ԵՆ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ ՄԻՇՏ ՄՆԱԼՈՒ ԱՐԹՈՒՆ ԵՒ ՄԻԱԿԱՄ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս տարի 33-ամեակն է Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ թուրք-ազերիներու կողմէ գործադրուած ջարդերուն:   Կիրակի, 28 Փետրուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն Սումկայիթի ջարդերուն զոհուած ու նահատակուած հայորդիներու հոգիներուն համար: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ԱՔԹ ԸԼԱՅԸՆՍ» ԿԼԻՄԱՅԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

17 եւ 18 Փետրուար 2021-ին, «ԱՔԹ Ըլայընս»՝ համագործակցութեամբ «ԱՔԹ» Լիբանանի Ֆորիւմին, կազմակերպած էր առցանց երկխօսութիւն մը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանը։ Այս տարուան ընթացքին եւ աշխարհի տարածքին, «ԱՔԹ Ըլայընս»-ը նախատեսած է իրագործել կլիմայական արդարութեան նուիրուած զանազան ծրագիրներ՝ տարածաշրջանային եւ ազգային գործընթացներու միջոցով, որոնք պիտի ըլլան համահունչ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՆԻՍՏ

Շաբաթ, 13 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովը ունեցաւ իր լիակատար առցանց նիստը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ  համա-ատենապետութեամբ Տեարք Ստեփան Տէր Պետրոսեանի (Լիբանան) եւ Գրիգոր Մահսերէճեանի (Ապու Տապի)։   Առաջին հերթին դիւանապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց նախորդ երկու նիստերու ատենագրութիւններուն գլխաւոր կէտերը, յատկապէս ծանրանալով Լիբանանի հայութեան վերականգնումի, Արցախի…

«ԵԿԷՔ, ՍԻՐԵԼԻ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐ, ՀԵՏԵՒԵԼՈՎ ՄԱՆՈՒԿ ՅԻՍՈՒՍԻ ՕՐԻՆԱԿԻՆ ՄԵՐ ԱՆՁԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆԾԱՅԵՆՔ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Շաբաթ, 13 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ:   Յայտնենք, որ Տեառնընդառաջը մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման օրն է, նոյն հասկացողութեամբ եւ հաւատքով ծնողներ իրենց 40-օրեայ զաւակները կը բերեն եկեղեցի եւ կ՚ընծայեն Տիրոջ:   Նկատի ունենալով Լիբանանի, ինչպէս նաեւ այլ թեմերէ ներս շարունակուող…

«ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ» ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքին, Ուրբաթ, 12 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» հատորներու առցանց ներկայացումը։ Յայտագիրին բանախօսերն էին հատորներու խմբագիր Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի նախկին խմբավարներէն Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխըրտըմեան (այժմ Վանգուվըրի հոգեւոր հովիւ) եւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի խմբավար…

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հակառակ մեր շուրջը տիրող աննպաստ պայմաններուն, Անթիլիասի Մայրավանքը, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, նշեց մեր պատմութեան անկիւնադարձային դէպքերէն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնը եւ վերանորոգեց «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» ուխտը։   Չորեքշաբթի, 10 Փետրուար 2021-ին, Անթիլիաս Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի նախատօնակ՝ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերուն,…

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳ ՎԱՍՆ ՀՈԳՒՈՑՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՑՆ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆ ՄԻԱԲԱՆԻՑ ՈՒԽՏԻՆ ԿԻԼԻԿԵԱՆ

Սուրբ Աթոռիս աւանդութեան համաձայն, Փետրուար ամսուն առաջին Կիրակիին տեղի կ՚ունենայ հոգեհանգստեան կարգ՝ հոգիներուն համար Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասական շրջանին գահակալած ու ծառայած երջանկայիշատակ վեհափառ հայրապետներուն եւ հոգելոյս միաբան հայրերուն։   Առ այդ, Կիրակի, 7 Փետրուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն աւարտին,…

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Նկատի ունենալով, որ վաղը՝ Կիրակի, 7 Փետրուար 2021-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի մեր Ս. Աթոռի վախճանեալ կաթողիկոսներու եւ միաբան հայրերու հոգիներուն համար, Ուրբաթ, 5 Փետրուար 2021-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ Ընծայարանի Դ. եւ Գ. դասարանի սարկաւագները ներկայացուցին դասախօսական շարք…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Համագումարին Գործադիր Մարմինը (Conference of Secretaries օf Christian World Communions) առցանց ժողով մը գումարեց 29 Յունուար 2021-ին։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին մասնակցեցաւ Համագումարին անդամ եւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանը։   Ժողովին օրակարգը կ՚ընդգրկէր «Բնութիւն եւ Ինքնութիւն» աշխատութեան զարգացումն ու ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ ծրագրումը Հոկտեմբեր 2021-ին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐԸ

Երեքշաբթի, 2 Փետրուար 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը։   Ան զեկոյց տուաւ Նորին Սրբութեան նախարարութեան գործունէութեան մասին, յատկապէս ծանրանալով համաճարակին առնչուած աշխատանքներուն վրայ, նկատի ունենալով, որ այս ուղղութեամբ կազմուած պետական յանձնախումբին անդամ է ան։ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց նախարարի պաշտօնակատար Օհանեան-Գէորգեանին՝ ընդգծելով ընդհանրապէս Լիբանանին…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

  Այսօր Կաթողիկոսարանը շարունակեց լիբանանի հայ համայնքի կարիքներուն իր օժանդակութիւնը։ Այս անգամ մեր օժանդակութիւնը կեդրոնացաւ կրթական, կրօնական, ընկերային ու մշակութային կառոյցներուն վրայ։     Համայնքի կեանքին առանցքը իր կառոյցներն են։ Անհրաժեշտ է, որ մեր կառոյցները ըլլան կազմակերպ ու ինքնաբաւ, որպէսզի անոնց աշխոյժ գործունէութեամբ համայնքը դառնայ կենսունակ։     Արդ, անոնք որոնք մասնակից կը դառնան մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ուրբաթ, 29 Յունուար 2021-ի առաւօտուն, Լիբանանի մօտ Յունաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Էքաթէրինի Ֆունթուլաքին այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Լիբանանի հայ համայնքին։   Նորին Սրբութիւնը հարկ եղած բացատրութիւնները տուաւ դեսպանին՝ ներկայացնելով Լիբանանի հայ համայնքի կառոյցները ու անոր քաղաքական դերակատարութիւնը։ Այս առիթով Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ 1000 ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՆԻՒԹԱՊԷՍ ՕԺԱՆԴԱԿԵՑ

Այսօր հոգեկան գոհունակութեան օր մըն էր ինծի համար: Արդարեւ, Կաթողիկոսարանին կողմէ հերթաբար եւ յաճախ լուռ ու լուսարձակներէ հեռու կերպով կատարուող օժանդակութիւններու շարքին, այսօր կրցանք համայնքային կառոյցներու ճամբով 1000 կարիքաւոր ընտանիքներու նիւթական աջակցութիւն կատարել: Երկրէն ներս ստեղծուած տնտեսական ահաւոր դժուարութիւններուն դիմաց պիտի շարունակենք, կարելիութեան սահմաններէն ներս, մեր զաւակներու կարիքներուն առաւելագոյն չափով հասնիլ:   Ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ…