ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Ե.Հ.Խ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Կեդրոնական Վարչութիւնը, 15-18 Յունիս 2022-ին, Ժընեւի մէջ գումարեց իր ընդհանուր ժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան եւ Զուիցերիոյ մէջ մեր Ս. Աթոռին միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան։

 

Համաճարակէն ի վեր այս առաջին անգամն է, որ Կեդրոնական Վարչութիւնը անձամբ ժողով կը գումարէ։ Ժողովի ընթացքին Վարչութիւնը քննարկեց յառաջիկայ Սեպտեմբերին Գերմանիոյ Քարլզրու քաղաքին մէջ Ե.Հ.Խ.-ի Համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները։

 

Ժողովին հիմնական օրակարգն էր «Քրիստոսի սէրը կը մղէ աշխարհը հաշտութեան եւ միասնութեան» թեմայով համաժողովին ծրագիրներու համադրումը։ Ժողովին ատենապետ դոկտ. Ագնէս Ապաումին խօսքերով՝ համաժողովը իր թեման պիտի գործադրէ համատեղ աղօթքներով, Ս. Գիրքի սերտողութեամբ, տուեալ թեմային առնչուած նիստերով, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելով ժամանակակից ամէնէն թեժ հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն, որոնք բոլոր եկեղեցիներէն կը պահանջեն յստակ պատասխաններ։ Ան նաեւ ըսաւ, որ համաժողովը տարածք մըն է, ուր անդամ եկեղեցիները պիտի ծրագրեն Ե.Հ.Խ.-ի ապագան։

 

Կեդրոնական Վարչութեան նիստերուն Վարչութիւնը ընտրեց նաեւ իր նոր 8-րդ ընդհանուր քարտուղարը՝ պատուելի դոկտ. Ճերի Փիլէյ։

 

Նշենք, որ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) նախկին անդամ Գարլա Խիճոյեան կը շարունակէ Ե.Հ.Խ.-ին մէջ Միջին Արեւելքի բաժինի պատասխանատուի իր պաշտօնը։