Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) բացման նիստին յատուկ կերպով խօսք առնելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց շրջանէն ներս եկեղեցիներու գործակցութեան նոր մղում ու ծաւալ տալու հրամայականը: «Հսկայ տագնապներու դիմաց է Միջին Արեւելքը. տագնապներ, որոնց անմիջականօրէն ենթակայ են նաեւ եկեղեցիները: Այս կացութեան դիմաց սովորական գործակցութենէ անդին անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել ներ-եկեղեցական ու միջ-եկեղեցական կեանքը ու ճշդել առաջնահերթութիւնները, որոնք ըլլան համահունչ ներկայ պայմաններուն», ըսաւ Նորին Ս. Օծութիւնը: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը վեց կէտերու մէջ ամփոփեց իր խօսքը.-
1) Եկեղեցւոյ միութիւնը տեսական յղացք կամ աստուածաբանական համաձայնութիւն չէ շրջանէն ներս: Անիկա պէտք է ըմբռնուի որպէս համապարփակ գործակցութիւն եկեղեցիներու միջեւ: Այս ծիրէն ներս Յարութեան տօնը միասին տօնելը հրամայական է: Անհրաժեշտութիւն մըն է սա, որ պարզապէս կը կարօտի եկեղեցական տոմարի որոշ փոփոխութեան:
2) Աստուածաբանական ու եկեղեցագիտական ծրագիրներէն առաջ ժամանակն է որ թէ՛ Մ.Ա.Ե.Խ.ը եւ թէ եկեղեցիները առաջնահերթութիւն տան քրիստոնէական դաստիարակութեան, հովուական առաքելութեան, ընկերային ծառայութեան եւ եկեղեցւոյ կեանքի այլ գործնական երեսներուն առնչուած ծրագիրներուն:
3) Միջին Արեւելքէն քրիստոնեաներուն արտագաղթը նոր թափ ստացած է վերջին տարիներուն՝ շրջանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն ու յառաջացող տագնապներուն պատճառաւ: Առանց քրիստոնէական ազդու ու կազմակերպ ներկայութեան Միջին Արեւելքը պիտի կորսնցնէ իր իւրայատուկ նկարագիրը: Այս երեւոյթը կրնայ իր ժխտական հետեւանքները ունենալ ողջ շրջանին համար: Հետեւաբար, եկեղեցիներ միասնաբար պէտք է դիմեն ազդու միջոցներու՝ կասեցնելու համար քրիստոնեաներու արտագաղթը:
4) Սփիւռքի եկեղեցիներուն հետ Միջին Արեւելքի մայր եկեղեցիներուն գործակցութիւնը անհրաժեշտ է որ ծաւալի: Ոեւէ ժամանակէ աւելի շրջանի եկեղեցիները կարիքը ունին Սփիւռքի իրենց համայնքներու զօրակցութեան եւ օժանդակութեան՝ յատկապէս կրթական ու ընկերային ծառայութեան մարզերէն ներս:
5) Իսլամներուն հետ գոյակցութիւնը իր աստուածաբանական երկխօսութենէն անդին պէտք է դառնայ գոյութենական գործակցութիւն երկու կրօնները իրարու միացնող հասարակաց արժէքներու ու մտահոգութիւններու շուրջ: Այս ուղղութեամբ Խորհուրդը կոչուած է դիմելու կարեւոր նախաձեռնութիւններու շրջանի իսլամական գլխաւոր կեդրոններուն հետ:
6) Մ.Ա.Ե.Խ.ը եկեղեցիներէն դուրս կազմակերպութիւն մը չէ: Խորհուրդը եկեղեցիներն են: Հետեւաբար, ի՞նչ ձեւով կրնան եկեղեցիները աւելի գործօն մասնակցութիւն բերել Խորհուրդի աշխատանքներուն: Իսկ միւս կողմէն, ի՞նչ ձեւով կրնայ Խորհուրդը դառնալ ծառայական ներկայութիւն եկեղեցիներու կեանքէն ներս:
Ամփոփ կերպով ներկայացնելէ յետոյ վերոյիշեալ կէտերը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ վերոյիշեալ մտահոգութիւններն ու ծրագիրները համապարփակ կերպով պէտք է քննարկուին թէ՛ Խորհուրդին եւ թէ եկեղեցիներուն կողմէ՝ նոր պայմաններու լոյսին տակ։
Իր խօսքի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Մ.Ա.Ե.Խ.ը վերակազմակերպելու հրամայականը: