Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ Ի ՏԷՐ ԶՕՐ
Ողջոյն քեզ, ժողովո՛ւրդ hայոց, Տէր Զօրի տօթակէզ անապատէն, ուր 107 տարիներ առաջ ենթարկուեցար 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան։ Ողջոյն քեզ, ժողովո՛ւրդ հայոց, Տէր Զօրի անծայրածիր անապատէն, ուրկէ 107 տարիներ առաջ անցաւ քու մահուանդ կարաւանը։ Ողջոյն քեզ, Տէրզօրացեա՛լ, բայց յարուցեա՛լ ժողովուրդ հայոց։ Արդարեւ, երկար տարիներ Տէր Զօր անունը հայութեան համար հոմանիշ էր արցունքի, արեան,…