Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.), լիբանանահայ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններէն աւելի քան 80 մասնակիցներ միօրեայ զրոյց մը ունեցան Շաբաթ, 30 Յուլիս 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սրահին մէջ։ Զրոյցին խորագիրն էր «Սփիւռքահայ Երիտասարդը՝ Այսօր Եւ Վաղը»։ Մասնակիցները յիշեալ նիւթին շուրջ իրարու հետ բարձրաձայն մտածելու առիթը ունեցան եւ արծարծեցին սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը յուզող հարցեր ու մարտահրաւէրներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ական Կարէն սրկ. Եօսուլքանեանը եւ բարի գալուստ մաղթելէ ետք մասնակիցներուն ու դասախօսներուն՝ ընդգծեց հայ եկեղեցւոյ հովանիին տակ եւ 2022 թուականը Վեհափառ Հայրապետին հռչակած «Սփիւռքի Տարի»ին ներքեւ հաւաքուած ըլլալուն միտք բանին։ Ան ըսաւ, որ ազգանուէր աշխատանք տանելու համոզումն է այն շարժառիթը, որ կը մղէ իր ինքնութեամբ հետաքրքրուող հայ երիտասարդին աշխոյժ գործունէութիւն տանելու իր համայնքին մէջ՝ յանուն ազգային արժէքներու ու իտէալներու։ Այս ծիրին մէջ ան դիտել տուաւ, որ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ին կազմակերպած սոյն հաւաքը կը միտի լսելու իրար, խօսելու իրար հետ եւ ծրագրելու միասնաբար՝ ի նպաստ առողջ Սփիւռքի։
Օրը բաղկացած էր երեք նիստերէ։ Առաջին նիստը յատկացուած էր Հայ Դատին։ Նիստի ընթացքին դոկտ. Նորա Պայրագտարեանն ու Եղիա Թաշճեանը, իբրեւ զրուցավար ունենալով Կարէն սարկաւագը, զեկուցեցին հայ դատին առնչուած հարցերու ու խնդիրներու մասին։ Դոկտ. Պայրագտարեան ներկայացուց Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատին պատմականը եւ ներկայ հանգրուանը, ինչպէս նաեւ քաղաքական պատճառներով դատին առջեւ դրուած խոչընդոտները եւ Կաթողիկոսութեան առնելիք յառաջիկայ քայլերը։ Իսկ Թաշճեան անդրադարձաւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան մէջ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելու զանազան երեսները եւ ներկայ դարուն տրամադրած միջոցներն ու հմտութիւնները օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը։
Երկրորդ նիստին նիւթն էր ազգային մշակոյթն ու անկէ բղխած արժէքները։ Նիստի ընթացքին Գայիանէ Մածունեան ու Շաղիկ Խիւտավերտեան խօսեցան մշակոյթ եւ արժէք սահմանումներուն ու բաղադրիչներուն մասին։ Քրիստ Խրոյեանի զրուցավարութեամբ ադրադարձ կատարուեցաւ արժէքներու ու մշակոյթներու իմաստաւորման մէջ հաստատութիւններու ու կառոյցներու դերակատարութեան եւ արժէքներ իւրացնելու կարեւորութեան, բարձր մշակոյթ եւ ցած մշակոյթ հասկացողութեանց, ազգային եւ համամարդկային արժէքներ, ինչպէս նաեւ հայկական մշակոյթին միատարր ըլլալու հասկացողութեանց եւ հաւաքական ու անհատական արժէքներու մասին։
Երրորդ նիստին Հրակ Աւետանեան եւ Փաթիլ Եսայեան, զրուցավարութեամբ Արազ Գոճայեանի, խօսեցան հայ երիտասարդը դէմ յանդիման նորարարութեան մարտահրաւէրներու նիւթին շուրջ եւ առաւելաբար լուսարձակի տակ առին կրթութեան մարզը, ազգային ընկերային կեանքը, Հայ Դատի պահանջատիրութեան կերպերը, հայկական դիմագիծ հասկացողութիւնը, հինի ու նորի յարաբերութիւնները, ձեւի եւ արդիւնքի մասին, ի շարս այլոց։
Օրուան աւարտին մասնակիցները երեք խումբերու բաժնուելով՝ վերոնշեալ նիստերէն բղխած հարցադրումներու ճամբով ծրագիր մշակեցին ու ներկայացուցին, խմբային աշխատանքներու ճամբով։
Նշենք, որ նիստերու ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ այցելութիւն մը տուաւ եւ աւելի քան ժամ մը զրոյց ունեցաւ երիտասարդներուն հետ՝ մեր ազգը, ի մասնաւորի սփիւռքահայութիւնն ու սփիւռքահայ երիտասարդը յուզող ու տագնապեցնող մարտահրաւէրներու շուրջ (մանրամասնութիւնը տեսնել այստեղ)։