Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոութիւնը դատ բացած էր Թուրքիոյ պետութեան դէմ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը։ Յիշեալ դատը հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի ծիրէն ներս առաջին իրաւական քայլն էր։
Արդարեւ, նախ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացուած դատի քննութիւնը մերժուած էր եւ ապա Կաթողիկոսարանը դիմած էր Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարան։ Այս վերջինը, մեկնելով իր սկզբունքներէն, թէ իրեն ներկայացող դատական թղթածրարը հարկ էր տուեալ երկրին դատական ատեաններու բոլոր հանգրուանները բոլորած ըլլար, թելադրած էր թղթածրարը յղել Թուրքիոյ Նախադատ Ատեանին։
Կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը անհրաժեշտ խորհրդակցութիւններէ ետք որոշեց դիմել Թուրքիոյ Նախադատ Ատեան, այն յստակ համոզումով ու հեռանկարով, որ Թուրքիոյ դատական համակարգին կողմէ դատը մերժուելէ ետք ուղղակիօրէն պիտի դիմէ դարձեալ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարանին։
Յայտնենք, որ շուրջ ամիս մը առաջ, յիշեալ դատին գծով, Թուրքիոյ Նախադատ Ատեանը իր վճիռը արձակեց եւ թղթածրարը այժմ կը գտնուի Վերաքննիչ Ատեանին մօտ։
Կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն հայ եւ օտար իրաւագէտներ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, մօտէն կը հետեւի դատի իրաւական գործընթացին։ Բնականաբար, մեր ժողովուրդը տեղեակ պիտի պահենք յառաջիկայ զարգացումներուն մասին։