Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը (Ռ.Ա.Կ.) ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, առաջնորդութեամբ Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տաքեսեանի:
Պատուիրակութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց Նորին Ս. Օծութեան Ապրիլ 24-ի առիթով արտասանած պատգամին համար, ուր յստակօրէն ու ամբողջական կերպով կը պարզէր հայութիւնն ու Հայաստանը դիմագրաւող տագնապները եւ զանոնք միասնաբար յաղթահարելու միջոցները: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մօտեցումը միշտ եղած է համահայկական, հեռու ամէն տեսակ միակողմանի ու ժամանակաւոր դիրքորոշումներէ: Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ շեշտեց մեր ժողովուրդին ներուժը համախմբելու կենսական անհրաժեշտութիւնը: