Երկուշաբթի, 9 Մայիս 2022֊ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը, ընկերակցութեամբ իր օգնականներուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան֊Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր ու ծրագիրներ։