ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ԲԱՑՈՒԱԾ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԸ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ Է
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոութիւնը դատ բացած էր Թուրքիոյ պետութեան դէմ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը։ Յիշեալ դատը հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի ծիրէն ներս առաջին իրաւական քայլն էր։ Արդարեւ, նախ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացուած դատի քննութիւնը մերժուած էր եւ ապա Կաթողիկոսարանը դիմած էր Եւրոպայի Մարդկային…