2 June, 2022

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

(Ազդակ օրաթերթէն առնուած)

 

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ եւ Ալիս Պօղոսեան ամոլին, Շաբաթ, 28 Մայիս 2022-ին երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Արին Սէնթըր»-ի դիմաց տեղի ունեցաւ «Ազգային Երգերու Համերգ»` կատարողութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբին խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, ընկերակցութեամբ «ԿԻԼԻԿԻԱ» նուագախումբին:

 

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Մխսեան: Ան նկատել տուաւ, որ 28 Մայիս 2022-ը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 104-րդ տարեդարձն է, աւելցնելով, որ Մայիս 28-ը հայ ժողովուրդի յաղթանակի, ազգային հպարտութեան եւ վճռակամութեան փառապանծ տօնն է: Մխսեան յայտնեց, որ Մայիս 28-ով հայ ժողովուրդը վեց դար գերութենէ եւ ստրկութենէ ետք տիրացաւ ազատ ապրելու իրաւունքին, անկախութեան եւ ժողովրդարութեան: «Արդի հայկական պետականութիւնը սկսաւ 1918-ի Մայիս 28-ով եւ իր եռագոյնով: Այդ օր ծնունդ առաւ ազատ, անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Մայիս 28-ը նուէր չտրուեցաւ մեզի, այլ իրականացաւ հայ ժողովուրդի զաւակներու հայրենասիրութեամբ ու զոհաբերութեամբ եւ հայկական բանակին խոհեմ ու վճռական կեցուածքին շնորհիւ: Հայ ժողովուրդը տիրացաւ իր անկախութեան` ի գին ամէն դաժան նահատակութեան»: Ան նաեւ պատմական ակնարկ մը նետեց «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբի հիմնադրութեան, ունեցած գործունէութեան, առաքելութեան, որ նպատակ եղած է Կաթողիկոսարանի հանդիսաւոր տօնական օրերուն մատուցուող Ս. եւ Անմահ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարել, ինչպէս նաեւ` տարուան ընթացքին հանրութեան հրամցնել հոգեւոր, ազգագրական եւ հայրենասիրական համերգներ, որոնք կատարուած են Անթիլիասի մէջ, նաեւ` Լիբանանի, Սուրիոյ, Կիպրոսի, Յունաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ:

 

Ապա, երգչախուբի ղեկավար Զաւէն Վրդ. Նաճարեան իր խօսքը ուղղեց ներկայ բազմահարիւր ժողովուրդին: Ան ըսաւ, որ Մայիս 28-ին ունեցանք մեր ազատ ու անկախ հայրենիքը, եռագոյն դրօշը պարզուեցաւ հայրենի ազատագրուած հողին վրայ` համայն մարդկութեան յայտարարելով, որ հայը ողջ է, հայը չէ մեռած ու պիտի չմեռնի, որովհետեւ ազատ ապրելու իր կամքը զօրաւոր է, գօտեպնդուած` նախահայրերու աննկուն ու անբեկանելի հաւատքով եւ հոգիով: «Այսօր մենք` որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբի անդամ-անդամուհիներ, արդարօրէն կը հաւատանք, որ եթէ տկարանայ հայապահպանման եւ ազատագրական մեր պայքարը, անխուսափելիօրէն պիտի ցամքին մշակութային մեր կենսունակութեան աղբիւրն ու այնքան մեծ զոհաբերութեամբ ձեռք բերուած ազգի վերականգնումի կռուանները: Եւ համոզուած ենք, որ առանց հայ մշակոյթին ու հայ արուեստին, հայ երգին ու հայ պարին, հայ խօսքին ու հայ ստեղծագործ ոգիին` մեր ժողովուրդի մարտական ու յաղթական թռչող եւ դէպի վեր բարձրացող հոգին պիտի թուլնայ, եւ մենք պիտի դադրինք ինքնուրոյն հայ ազգ ըլլալէ»:

 

Այնուհետեւ երգչախումբը յաջորդաբար մեկնաբանեց` «Այ ֆիտայիներ», «Հալածուած ենք Հայաստանի լեռներէն», «Զարթիր որդեակ», «Իբրեւ արծիւ», «Երեւան Էրեբունի», «Ատանայի ողբը», «Անուշ հայրենիք», «Սարդարապատ», «Խանի երգը», «Արեւ ելաւ, զէյթունցիներ», «1907 թուականին», «Ձայն տուր, ով ֆիտա», «Ձայն մը հնչեց», «Ելէք հայեր», «Հայ քաջեր», «Խուժան ասկեար», «Պատերազմ ենք գնում», «Հայեր, միացէք», «Գետաշէն», «Արդեօք ովքեր են» եւ «Հայորդիք» երգերը, որոնք մեծ խանդավառութեամբ ընկալուեցան ներկայ ժողովուրդին կողմէ:

 

Համերգի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան յայտնեց, որ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբը մեր շարականներն ու մեղեդիները երգելով` կը ճոխացնէ մեր եկեղեցիներու արարողական կեանքը, սակայն երբեմն մեր մէջ հայրենասիրականը ամրացնելու համար նաեւ ժողովրդայինն ու հայրենասիրականը բեմ կը բարձրացնէ, որպէսզի այդ ձեւով Հայ եկեղեցւոյ սրբազան պատգամը թելադրէ մեզի: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մեր ազգի ազատութեան եւ անկախութեան տարեդարձին առիթով: «Այստեղ` Պուրճ Համուտի մէջ, հակառակ մարդկային տեղաշարժերու, հակառակ մեր ապրած դժուարութիւններուն եւ տագնապներուն, այսօր երեկոյեան անգամ մը եւս հաստատեցինք, որ այս միջավայրը կը մնայ հայկական: Հետեւաբար, հայադրոշմ եւ հայաբոյր այս միջավայրին մէջ մենք պէտք է անդրադառնանք, որ հայ երգը պարզ երաժշտութիւն չէ: Հայ երգը մեր դարաւոր մաքառումներուն, իղձերուն, իտէալներուն ծնունդն է»: Սրբազանը խօսքը շարունակելով, ըսաւ. «Մայիս 28-ի փառապանծ առիթով` Պուրճ Համուտէն մեր ողջոյնը կ՛ուղղեմ ազատ անկախ Հայաստանին` մաղթելով, որ ներկայ տխուր տեսարաններէն շուտով դուրս գալով ան մեզ կը տանի նոր բարձունքներու ու նոր վերելքի»: Ան իր խօսքը շարունակելով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որուն յղացումն էր սոյն երեկոյթը, նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց երեկոյթի նախագահ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ եւ Ալիս Պօղոսեան ամոլին, ինչպէս նաեւ իր երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց երգչախումբի անդամ-անդամուհիներուն, «ԿԻԼԻԿԻԱ» նուագախումբին եւ անոնց ընդմէջէն ողջունեց երգչախումբի ղեկավար Զաւէն Վրդ. Նաճարեանին հոգենուէր ճիգը: