ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՊՏ ԱԼ-ՖԱԹԹԱՀ ԱԼ֊ՍԻՍԻԻՆ ՄՕՏ
Երեքշաբթի, 17 Մայիս 2022-ին, Եգիպտոսի նախագահ Ապտ Ալ-Ֆաթթահ Ալ-Սիսի ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) 12-րդ համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերու այցելութիւնը, Գահիրէի նախագահական պալատին մէջ: Նախագահ Ալ-Սիսի ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց համաժողովը Եգիպտոսի մէջ գումարելու որոշումին համար: Ան հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան անհրաժեշտութեան եւ ընդգծեց, թէ քրիստոնեայ քաղաքացիները անբաժան…