Կիրակի 22 եւ Երկուշաբթի 23 Մայիս 2022-ին, Գահիրէի (Եգիպտոս) մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական Կեդրոններու եւ Դպրեվանքներու Միութեան (Մ.Ա.Ա.Կ.Դ.Մ.) համագումարը, Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներէ ժամանած երեսուն ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Համագումարը սկիզբ առաւ ղպտի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Իպրահիմ Իսհաք պատրիարքին ողջոյնի խօսքով: Սոյն հաւաքին նպատակն էր վերամշակել Մ.Ա.Ա.Կ.Դ.Մ.ի ներքին օրէնքները, ընտրել նոր նախագահ եւ գործադիր քարտուղար, ինչպէս նաեւ ճշդել յառաջիկայ երեք տարիներու գործունէութիւնը: Ժողովի ընթացքին զանազան նիւթերու առընթեր յատուկ քննարկումի ենթարկուեցան բնապահպանման կարեւորութեան, միջ-եկեղեցական շարժումի պատմութեան եւ համագործակցութեան մարզերու առնչուող նիւթեր:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին յիշեալ համագումարին մասնակցեցաւ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան: