14 May, 2022

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՑԱՒԱԿՑԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

 
Ուրբաթ, 13 Մայիս 2022-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (Ա.Մ.Է.) նախագահ, զինեալ ոյժերու հրամանատար եւ Ապու Տապիի կառավարիչ Շէյխ Խալիֆա Պըն Զայէտ Ալ-Նահեանի մահուան տխուր առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Ա.Մ.Է., Քաթարի եւ Շրջակայից թեմին ցաւակցագիր մը յղեց Ա.Մ.Է. պետութեան եւ ժողովուրդին։
 
Իր նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս կ՚ընդգծէ հանգուցեալ նախագահին ունեցած առանցքային դերակատարութիւնը եւ իրագործած նուաճումներն ու նախաձեռնութիւնները՝ երկիրը զարգացնելու ու բարգաւաճելու եւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնն ու երկխօսութիւնը ամրապնդելու միտող։