Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

Երկուշաբթի 28 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Զօր. Միշէլ Սլէյմանին:  Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Տիար Տիգրան Ճինպաշեան, Ատենապետ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ պետական նախարար Տիար Փանոս Մանճեան, Ատենապետ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան:  …

Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Անթիլիասի մէջ

Երկուշաբթի 28 Հոկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ ընդունեց այցելութիւնը Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ատենապետ՝ Յակոբ Տիգրանեան, Պետական երեսփոխան՝ Սեպուհ Գալփաքեան, Տոքթ. Եղիկ Ճէրճէեան, Տիար Շաւարշ Ակինեան եւ Տիար Ալեքսան Քէօշկէրեան:   Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ լայնօրէն քննարկելու Հայաստան–Սփիւռք գործակցութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ, եւ յատկապէս Հայոց…

Միօրեայ սեմինար Դպրեվանքի մէջ

Շաբաթ 26 Հոկտեմբեր 2013-ին, կազակերպութեամբ Դպրեվանքի Տեսչութեան, «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ միօրեայ սեմինար մը տեղի ունեցաւ, որուն մասնակցեցան Դպրեվանքի բարձրագոյն կարգի ուսանողները։   Սեմինարի առաջին նիւթն էր, Social Media-ի կարեւորութիւնը եւ անպատեհութիւնները ընկերային, երիտասարդական եւ մասնագիտական կեանքէն ներս։ Ներկայացման յաջորդեց աշխատանոց (workshop) մը, ուր դպրեվանեցիները ծանօթացան social media-ի տարբերակներուն։ Այս ծիրէն ներս անդրադարձ եղաւ զարգացած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Թամամ Սալամ նշանակեալ Վարչապետին հետ

Շաբաթ գիշեր, 26 Հոկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձնական ու մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի նշանակեալ Վարչապետ՝ Թամամ Սալամի հետ։    Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան տեղական ու շրջանային հարցեր։ Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը երկար տարիներէ ի վեր մօտէն ծանօթ է նշանակեալ Վարչապետին։

Արեւելքի քրիստոնեաներու առաջին համագումարը

«ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ, ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է» ԸՍԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Շաբաթ 26 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան Մեթնի Ռապուէ շրջանին մէջ, Արեւելքի քրիստոնեաներու առաջին համագումարը գումարուեցաւ, մասնակցութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն։   Համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանանի Նախագահ՝ Միշէլ Սլէյմանը։ Պրն. Նախագահը համագումարի…

Հարցազրոյց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ Ալ-Մայատին հեռատեսիլի կայանէն

Կիրակի 27 Հոկտեմբեր 2013-ին, Պէյրութի ժամով երեկոյեան ժամը 9-ին (UTC/GMT երեկոյեան ժամը 7-ին), Ալ-Մայատին հեռատեսիլի կայանէն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արաբերէն լեզուով հարցազրոյց պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:   Հարցազրոյցին առաջին կրկնութիւնը կարելի է դիտել Երկուշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 2-ին (UTC/GMT կէսօրուան ժամը 12-ին), իսկ երկրորդ կրկնութիւնը՝ Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 9-ին (UTC/GMT…

Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ Լեւոն Անանեանի ՙԺամանակ ու Ոգի՚ հատորը

Սեպտեմբեր 2013-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տպարանէն լոյս տեսաւ Լեւոն Անանեանի 480 էջերէ բաղկացած «Ժամանակ եւ ոգի» խորագրեալ հատորը։   Սոյն հատորը իր մէջ կը համախմբէ Անանեանի բազմաբնոյթ գրութիւնները՝ որպէս Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահ եւ Հայ յանձնառու մտաւորական։ Հատորը իր ամբողջութեանը մէջ կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման յաջորդած տարիները՝ «իրենց պատմաքաղաքական, ազգային, մշակութային, գրական, ընկերային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի Հրատարակչատուներու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը

Հինգշաբթի 24 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.  Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հրատարակչատուներու Համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը բաղկացած ութ անձերէ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստանի Մշակութային Նախարարութեան վարչութեան պետը, ինչպէս նաեւ՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարանի եւ գրատան Տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան:   Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց հայ գիրքի տարածման գծով Հայաստանի հրատարակչատուներուն…

Պատմութիւն Անթէպի Հայոց

ԱՆթիլիասի Տպարանէն լոյս տեսաւ Յուշամատեաններու երրորդ եւ չորրորդ հատորները՝ «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» 2 հատորով։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբը Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, Անթիլիասի Տպարանէն հերթականօրէն կը շարունակուին լոյս տեսնել 20-րդ դարու սկիզբին Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Երեքշաբթի 22 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետին եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան՝ Տէյվիտ Հէյլի միջեւ շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկումներ կատարուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան, Սուրիոյ տագնապին, Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիամգրաուած մարտահրաւէրներուն եւ ընդհանրապէս շրջանին կապուած հարցերու մասին։   Վեհափառ Հայրապետը յիշեալ հարցերուն շուրջ պարզեց իր…

Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Երկուշաբթի 21 Հոկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Դեսպան՝ Տիար Աշոտ Քոչարեանը:   Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ քննարկելու Լիբանանի Հայ համայնքին եւ Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ վերջերս Պրիւքսէլի մէջ Հայ Դատի Գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած համագումարը: Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ յիշեալ նախաձեռնութեան, որ…

Քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Կիրակի 20 Հոկտեմբեր 2013, Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն շրջանաւարտ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի քահանայացու՝ Բրշ. Մուրատ Սրկ. Չորպաճեան ամուսնացեալ քահանայ ձեռնադրուեցաւ եւ օծուեցաւ, կոչուելով ՏԷՐ ԹՈՐԳՈՄ։   Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատոյց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց Ս. Աթոռի Դրան Եպիսկոպոս՝ Գերշ. Տ. Նարեկ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հանդիպումները Պրիւքսէլի մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պրիւքսէլ հրաւիրուած էր իր խօսքը ուղղելու Եւրոպայի Հայ համայնքներու Գ. Համագումարին եւ օտարներու մասնկացութեամբ տեղի ունեցած եւ Հայ Դատին նուիրուած համագումարին: Պրիւքսէլ իր կեցութեան երեք օրերու ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.-   Պէլճիքայի ու Եւրոպական համայնքին մօտ Լիբանանի Դեսպանը ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ճաշկերոյթ մը տուաւ, որուն ներկայ եղան…

«Պէտք է համխմբուիլ մեր ազգի գերագոյն արժէքներուն եւ ընդհանրական մարտահրաւէրներուն շուրջ», Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Իր խօսքը ուղղելով Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցող համագումարի պատուիրակներու ճաշկերոյթի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կոչ ուղղեց «Հայ ժողովուրդի գերագոյն արժէքները ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները գերիվեր նկատելու լուսանցքային հարցերէ ու ներքին տարբերութիւններէ»: Ղարաբաղի Նախագահի ու Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահի ներկայութեան իր պատգամը փոխանցելով Համագումարի մասնակիցներուն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Հայութիւնը ամէն բանէ վեր: Սա լոզունք չէ…

ՙԹուրքիան պէտք է վերադարձնէ հայոց եկեղեցիները իրենց իրաւատիրոջ՝ Հայ ժողովուրդին՚, ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պրիւքսէյլի համագումարին

Իր խօսքը ուղղելով Պրիւքսէլի մէջ օտար մասնագէտներու ու քաղաքական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող Եւրոպայի Հայոց Գ. համագումարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց Թուրք պետութեան կողմէ գրաւուած Հայոց եկեղեցիները Հայ ժողովուրդին վերադարձնելու պահանջքը։ Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ «Հայ դատը սկսած է տարբեր մօտեցում, շեշտաւորում ու առաջնահերթութիւն ստանալ վերջին տարիներու ընթացքին»։ Ան յիշեց Միացեալ…

ՙՀատուցումը պէտք է դառնայ ազգային պահանջատիրութեան կիզակէտը՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Իր պատգամը ուղղելով Եւրոպայի Հայ համայնքներու կազմակերպած Գ. համագումարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց հատուցման առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու հրամայականը՝ Հայ ժողովուրդի ազգային պահանջատիրական պայքարին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Տասնամեակներ շարունակ հսկայ դրամագլուխ, մարդոյժ ու ժամանակ տրամադրեցինք Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Այս ծիրէն ներս եզակի նուաճումներ արձանագրեցինք, կարեւոր հանգրուաններէ անցանք, անհրաժաշտ է որ շարունակենք մեր աշխատանքը այս…

Դպրեվանքի 84-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի բացում

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 84-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի Տեսչական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, Կիրակի 13 Հոկտեմբեր 2013-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, որուն ընթացքին սաներ Սուրբ Հաղորդութիւն ստացան։   Պատարագեց ու քարոզեց Դպրեվանքի նորանշանակ Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեան։ Տեսուչ Հայր Սուրբը քարոզին մէջ անդրադառնալով Սրբոց Թարգմանչաց սերունդին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքը պիտի ուղղէ Հայ Դատի նուիրուած Պրիւքսէլի համագումարին

Հոկտեմբեր 13-15 Պրիւքսէլի մէջ (ՊԷլճիքա) յաջորդաբար տեղի պիտի ունենան երկու համագումարներ Հայ Դատի նուիրուած, կազմակերպութեամբ Պրիւքսէլի Հայ Դատի գրասենեակին:   Առաջին համագումարին պիտի մասնակցին Եւրոպայի Հայ համայնքներու ներկայացուցիչները, իսկ երկրորդ համագումարին՝ Ցեղասպանութեան եւ միջազգային օրէնքի օտար մասնագէտներ:   Երկու համագումարներուն ալ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը պիտի ուղղէ:   Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանայ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը պատրաստուի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի համաժողովին

Չորեքշաբթի 9 Հոկտեմբեր 2013, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, գումարուեցաւ միջ-եկեղեցական ժողով մը՝ առ ի պատրաստութիւն Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ, 30 Հոկտեմբերէն 8 Նոյեմբեր։                              Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր զանազան թեմերէն ժամանած…

Գերաշնորհ Տ. Շահէ Եպիսկոպոս Փանոսեան ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Երկուշաբթի 7 Հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ ընտրեց Լիբանանի Հայոց Թեմի նոր Առաջնորդը:   Եռանուն նախընտրական ցանկէն որ հետեւեալ միաբաններէն.կը բաղկանար, Գերշ Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան, փակ քուէարկութեամբ Գերշ. Տ. Շահէ Եպիսկոպոս Փանոսեանը ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պարգեւատրեց Տէր եւ Տիկին Միհրան եւ Զարմինէ Քիւրտօղլեանները

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Կիրակի 6 Հոկտեմբեր 2013–ի առաւօտեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Կաթողիկոսարանի Վեհարանի Դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Տէր եւ Տիկին Միհրան եւ Զարմինէ Քիւրտօղլեանները:   Տիար Միհրան Քիւրտօղլեան, եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սան։ Դպրեվանքի ուսումնական տարիներէն ետք շարունակած է իր կեանքը ազգային-կրթական ծառայական…

Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ Աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան

3-7 Հոկտեմբեր 2013 Լոնտոնի մէջ, գումարուեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ աստուծաբանական պաշտօնական երկխօսութեան յանձնախումբի երկրորդ ժողովը:   Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցան Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:   Ժողովին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իրանի դեսպանը

Շաբաթ 5 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան՝ Ղատանֆար Ապատին։   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներքին կացութեան ու յատկապէս նոր կառավարութեան կազմութեան, Սուրիոյ տագնապին եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի կացութեան, ինչպէս նաեւ իրանահայութեան առնչուած շարք մը հարցեր ու մարտահրաւէրներ։

Նախագահ Սարգսեան հիւրընկալեց Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը:   Նախագահը եւ երկու կաթողիկոսները անդրադարձան Սուրբ Էջմիածինի մէջ հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի ընթացքին տուած որոշումներուն, քննարկած արդիական հարցերուն, որոնք եկեղեցաբանական, ծիսական խնդիրներէն բացի, ներառած են նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան եւ մայր հայրենիքին առջեւ դրուած կարեւորագոյն հարցերը եւ…

Եպիսկոպոսաց ժողովը եզրափակեց իր աշխատանքները

24-27 Սեպտեմբեր Մայր Աթոռ Ս. Էջիմածինի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց ժողովի դիւանը Ուրբաթ օր տարածած հաղորդագրութեան մէջ ամփոփած է ժողովի աշխատանքները:   «24 Սեպտեմբերի նիստերուն եպիսկոպոսաց դասը քննարկեց Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ մէջ սրբադասման աւանդութեան վերականգնման հարցը եւ այդ շրջագիծին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման խնդիրը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:   Զեկուցումներու քննարկման իբրեւ արդիւնք Հայոց…

Հաղորդագրութիւն

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ իր աշխատանքը սկսաւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը   Սեպտեմբերի 24-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահությամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք և Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի և Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, սկսաւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը` մասնակցութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան և Մեծի Տանն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը Եպիսկոպոսաց ժողովին, 24-27 Սեպտեմբեր 2013, Ս. Էջմիածին

Հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանը: Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք հայ եկեղեցւոյ Գերաշնորհ արքեպիսկոպոսներն ու եպիսկոպոսները, որոնք հաւաքուած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հրաւէրով երկու Վեհափառ Հայրապետներուն, անոնց օրհնութեամբ ու ներկայութեամբ միասնաբար աղօթելու,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներ ողջունեցին զիրար Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ

24-27 Սեպտեմբեր 2013-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուելիք Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի բոլոր մասնակից Եպիսկոպոսները, Երկուշաբթի 23 Սեպտեմբերի գիշերուան ժամը 10-ին Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ հաւաքուած, Կանոնական Աղօթքի մասնակից դարձան, Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հետ, երբ ան Պէյրութէն ուղղակի թռչիքով ժամանեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:…

«Հայաստանի անկախութեան ամրապնդումը իւրաքանչիւր հայուն սրբազան պարտաւորութիւնն է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետ

«Հայաստանի անկախութեան ամրապնդումը իւրաքանչիւր հայուն սրբազան պարտաւորութիւնն է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՀԱՅՐԱՊԵՏ   Այսօր, Կիրակի 22 Սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Մատրան մէջ, տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք Հայաստանի անկախութեան 22-րդ տարեդարձին առիթով, հանդիսապետութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին։ Հանրապետական Մաղթանք նաեւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը մեկնի Հայաստան

Երկուշաբթի երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետը պիտի մեկնի Հայաստան: Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Երեքշաբթի 24 Սեպտեմբերէն Ուրբաթ 27 Սեպտեմբեր Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողով՝ հրաւէրով, օրհնութեամբ ու ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:                 Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանք պիտի վերադառնայ Ուրբաթ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի նախկին Նախագահ Էմին Ժըմայէլը

Երէկ երեկոյեան, Չորեքշաբթի 18 Սեպտեմբեր 2013-ին Պիքֆայայի Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նախկին Նախագահ Էմին Ժըմայէլի։   Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպման նաեւ ներկայ էր Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ՝ Պրն․ Յակոբ Բագրատունի։   Խորհրդակցական հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին առնչուող հարցեր, ու յատկապէս քրիստոնեայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի նախկին Նախագահ Էմին Ժըմայէլը

Երէկ երեկոյեան, Չորեքշաբթի 18 Սեպտեմբեր 2013-ին Պիքֆայայի Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նախկին Նախագահ Էմին Ժըմայէլի։   Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպման նաեւ ներկայ էր Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ՝ Պրն․ Յակոբ Բագրատունի։   Խորհրդակցական հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին առնչուող հարցեր, ու յատկապէս քրիստոնեայ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընկերային Ծառայութեան հանդիպումին

17-18 Սեպտեմբեր 2013, Պէյրութի մէջ, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի «Ծառայութիւն եւ Ընկերային Արդարութիւն» Միաւորի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը՝ «21-րդ դարու ընկերային ծառայութեան աստուածաբանութիւնը» թեմայով։   Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան, Հոգշ. Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան, Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան եւ Հոգշ. Տ. Վաչէ…

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Պատմական Եպիսկոպոսաց Ժողովին Ընդառաջ

ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան   Երեքշաբթի 24 Սեպտեմբերէն Ուրբաթ 27 Սեպտեմբեր 2013-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողով պիտի գումարուի։ Ժողովին մասնակցելու հրաւիրուած են Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսները։   Այս առթիւ հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցանք Եպիսկոպոսաց ժողովի Նախապատրաստական Յանձնախումբի անդամ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի հետ։   Ազդակ.…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրօնական Ժողովը կ’ողջունէ Հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը

Երկուշաբթի 16 Սեպտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի նիստը։   Ժողովի ընթացքին, նախ վաւերացուեցաւ յառաջիկայ տարիներու Կրօնական Ժողովի աշխատանքի ուղեգիծը, ուր յատուկ կերպով կը շեշտուէր կրօնական դաստիարակութեան ու Կաթողիկոսարանի Երիտասարդաց Բաժանմունքի աշխատանքները վերակազմակերպելու հրամայականը։ Բնականաբար յիշեալ ուղեգիծը նաեւ կ՛անդրադառնար…

Անթիլիասի մէջ Ցեղասպանութեան Նահատակաց Յուշարձան-Մատրան շինարարութիւնները կը շարունակուին

Երկու ամիսներ առաջ Անթիլիասի, Պիքֆայայի եւ Ճըպէյլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ծիրէն ներս բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ սկիզբ առին։ Այս ծիրէն ներս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ձեռնարկած է նաեւ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Նահատակաց նուիրուած մատրան հիմնական վերանորոգութեան աշխատանքին: Երէկ, Ուրբաթ 13 Սեպտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, Մայրավանքի շրջաբակին մէջ կատարուած աշխատանքներուն մօտէն հետեւեցաւ եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ՙՍ. Մեսրոպ Մաշտոց՚ շքանշանով պարգեւատրեց Գէորգ Պեպեճեանը

Ուրբաթ 13 Սեպտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց լիբանանահայ դասական երգերու անուանի մենակատար՝ Գէորգ Պեպեճեանը:   Սոյն ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Պրն. Գէորգ Պեպեճեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, մեկնաբանեց հայկական, ժողովրդային, հոգեւոր եւ միջազգային դասական փունջ մը երգեր:   Ձեռնարկի աւարտին  Նորին Սրբութիւնը խօսք…

ՀԵՀՈՄ-ի վարչութիւնը այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Հինգշաբթի 12 Սեպտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀԵՀՈՄ-ի Վարչութեան։   Վարչութիւնը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետին իր ունեցած յառաջիկայ ծրագիրներու մասին։ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Վարչութեան աշխատանքները ու մշակած նոր ծրագիրները, շեշտեց Համալսարանական Հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները համախմբող այս միութեան կարեւոր դերը մեր ժողովուրդին ու յատկապէս լիբանանահայութեան կեանքէն ներս։   Վեհափառը յիշեցուց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչները

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Չորեքշաբթի 11 Սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պիքֆայայի վանքին մէջ:                 ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Տիար Յարութ Երկանեանը, որուն մաս կը կազմէին Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեանն ու Տիար Սեւակ Յակոբեանը:                 Աւելի քան ժամ մը տեւող…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն

8-11 Սեպտեմբեր 2013-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, տեղի ունեցաւ ԵՀԽ-ի 10-րդ համաժողովի «Միջ-եկեղեցական խօսակցութիւններ» բաժնի ատենապետներուն ժողովը։             Ժողովին մասնակցեցաւ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ եւ «Միութեան հրաւէր – միջ-եկեղեցական նոր արտայայտութիւններ» խօսակցութեան Ատենապետ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։             21 «Միջ-եկեղեցական խօսակցութիւններ»-ու ատենապետներ լիակատար նիստերով եւ խմբական հանդիպումներով մշակեցին համաժողովի այս կարեւոր բնագաւառը ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպանը

Չորեքշաբթի 11 Սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտ–էլ–Քարիմ Ալիի: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Տիար Յակոբ Բագրատունի:   Հանդիպման ընթացքին Սուրիոյ դեսպանը Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Սուրիոյ ներքին ներկայ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ գծով վերջին զարգացումները՝ միջազգային մակարդակի վրայ: Ան շեշտեց որ…

Իրանի դեսպանը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կը պարզէ իր երկրին կեցուածքը Սուրիոյ գծով

Այս առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիքֆայայի վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիին: Դեսպանին կ’ընկերանար դեսպանատան քաղաքական բաժանմունքի պատասխանատուն: Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին պարզել ընդհանրապէս Սուրիոյ տագնապին եւ յատկապէս վերջին օրերուն արագ զարգացում ստացած ամերիկեան զոնուորական միջամտութեան գծով Իրանի տեսակէտը:   Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին դեսպանը ընդհանուր ակնարկ…

Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահութեան, յարգարժան անդամներուն եւ բոլոր հայ գրողներուն

5 Սեպտեմբեր 2013   Սգահար հայ գրողներ,   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական խորազգած զգացումներով կը միանանք ձեզի՝ բաժնելով սուգը մեր Սուրբ Աթոռի մեծ բարեկամ, Հայաստանի Գրողներու Միութեան ժրաջան նախագահ, բազմավաստակ գրող եւ գրական ու մշակութային նուիրեալ գործիչ Պրն. Լեւոն Անանեանի:   Լեւոն Անանեանի վաղաժամ մահով խոր վիհ մը բացուեցաւ ժամանակակից հայ գրականութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքը Ամմանի Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումին, 3-4 Սեպտեմբեր 2013

Սեպտեմբեր 3-4-ին, Ամմանի մէջ տեղի կ’ունենայ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպում մը՝ հրաւէրովը Յորդանանի Ապտալլահ Բ. Թագաւորին: Սոյն հանդիպման նպատակն է քննարկել Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքները դիմագրաւող մարտահրաւէրները:   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձնապէս հրաւիրուած էր Թագաւորին կողմէ ներկայ գտնուելու յիշեալ հանդիպման. սակայն, Վեհափառ Հայրապետը յարմար նկատեց, որ Սուրբ Աթոռի երկու երէց միաբաններ,…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը վերանորոգ նուիրումով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը որպէս սիրտը Ս. Աթոռին առաքելութեան ու ծառայութեան, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ ու առաջնորդութեամբ վերանորոգ յանձնառութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքէն եւ թէ թեմերէն ներս:   Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Վեհափառ Հայրապետը վերջին օրերուն շարք մը վանական նոր պաշտօններու նշանակումներ կատարեց միաբան հայրերու ծառայութեան նոր աշխուժութիւն տալու հեռանկարով:   —              Գերշ.…

Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի նախապատրաստական յանձնախումբի հանդիպում Ս. Էջմիածնի մէջ

28-29 Օգոստոս 2013-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, գումարուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի կողմէ նշանակուած Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի նախապատրաստական յանձնախումբի ժողովը։                 Ժողովին մասնակցեցան նախապատրաստական յանձնախումբի անդամներ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպս. Աջապահեան եւ Գերշ.…

Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հ.Կ.Բ.Մ.-ի նորընտիր Վարչութիւնը եւ Հայկազեան Համալսարանի Նախագահը

Չորեքշաբթի 28 Օգոստոս 2013-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Հայ Կրթական եւ Բարեգործական Միութեան նորընտիր Վարչութեան, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Արամ Մալեանին: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ պետական Երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան:   Յանձնախումբը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը միութեան պատկանող բարեսիրական ու կրթական կառոյցներու գործունէութեան ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու կարիքներուն մասին: Վեհափառ Հայրապետը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ն.Ս. Րաաի Պատրիարքին միջեւ հանդիպում

Ուրբաթ 23 Օգոստոս 2013-ին, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին եւ Նորին Սրբութիւն Րաաի Պատրիարքին միջեւ։ Հանդիպումին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի Միջ-Եկեղեցական Յարաբերուեթան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Րաաի Պատրիարքի կողքին՝ նախկին Պատրիարք Ն. Սֆէյր եւ Պատրիրարքին երկու օգնական եպիսկոպոսները։   Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ ներքին կացութեան եւ Միջին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն

Հինգշաբթի 22 Օգոստոս առաւօտեան, Պիքֆայայի Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, Լիբանանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կոմիտէն ներկայցնող պատուիրակութիւնը մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Յակոբ Խաչերեանի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ, պետական Հայ երեսփոխան՝ Յակոբ Բագրատունին։   Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահել վերջին երկու օրերուն, Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին, Վարչապետին եւ Խորհրդարանի Նախագահին հետ Կեդրոնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Խորհրդարանի Նախագահին ներկայացուցիչները

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ   Հինգշաբթի 22 Օգոստոս 2013-ին, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ՝ Նապիհ Պըրիի ներկայացուցիչները։ Հանդիպումին նրեկայ էր նաեւ, Լիբանանի Քրիստոնեայ-Իսլամ Տիալօկի յանձնախումբի Հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Պրն. Ժան Սալմանեան։   Պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն էր նախ Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրել յառաջիկայ շաբաթ…

Շնորհակալագիր

ՔԱԹԱՐԻ ԻՇԽԱՆԷՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ՀԵՌԱԳԻՐ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիաս   Սիրալիր բարեւներ,   Խոր շնորհակալութեամբ ստացանք Ձեր ազնիւ շնորհաւորական գիրը մեր ընտրութեան առիթով, որպէս Քաթարի Իշխան։ Ձեզի կը յայտնենք մեր խոր յարգանքն ու անկեղծ զգացումները, եւ կը մաղթենք Ձեզի քաջառողջութիւն եւ յարատեւ յաջողութիւն։   Թամիմ Պըն Համատ Ալ…

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը

Ս. ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ   «Ս. Աստուածածինը պէտք է մնայ մայրութեան յաւիտենական տիպար» Պատգամեց՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, Շաբաթ 17 Օգոստոս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջաբակին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի։  …

Պիքֆայայի վանքին մէջ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին նուիրուած դասախօսական շարք

Ամէն տարուայ սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ս. Աստուածածինի նուիրուած դասախօսութիւններ տրուեցան միաբան հայրերու կողմէ: Դասախօսութեանց մասնակցեցան շուրջ 200 տիկիններ:   Արդարեւ, Երկուշաբթի 12 Օգոստոս 2013-ին սկիզբ առած դասախօսական շարքը, իր աւարտին հասաւ Ուրբաթ 16 Օգոստոս 2013-ին, երբ դասախօսութիւններուն մասնակից հաւատացեալները Պիքֆայայի Վանքի Դահլիճ բարձրանալով,…

ՙՀարցեր եւ Հայեցակէտներ՚ (Issues and Perspectives) — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մի քանի օրեր առաջ Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ 242 էջերէ բաղկացած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի անգլերէն գիրքը «Հարցեր եւ Հայեցակէտներ» (Issues and Perspectives).   Սոյն հատորը կը բաղկանայ զանազան առիթներերով Վեհափառ Հայրապետին տուած դասախօսութիւններէն ու գրութիւններէն, որոնք կը շօշափեն աստուածաբանական, կրօնագիտական, մշակութային ու միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցեր ու նիւթեր: Հատորին մէջ յատկապէս կարեւոր տեղ կը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց նախկին Նախագահ Էմին Ժեմայէլը

Այս առաւօտ, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին Նախագահ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Էմին Ժեմայէլը:   Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպումը առիթ մը եղաւ տեսակէտներու փոխանակման Միջին Արեւելքը ու Լիբանանը յուզող հարցերու գծով: Քննարկումի յատուկ նիւթ դարձաւ մանաւանդ Սուրիոյ կացութիւնը ու քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով գրութիւններ

ՅՈՅՍԻ ԲԱՐՁՐՈՒՆՔԸ   1952 թուականը Սփիւռքահայ տարրին համար նոր էջ մը բացաւ։ Էջ մը, որուն վրայ արձանագրուած կոյս տողերուն օրհնութիւնը հանդիսացաւ Աստուածածնայ ուխտագնացութեան օրհնաբեր ու Վերածնունդի յոյսի լոյսով լեցուն Սուրբ աւանդութիւնը։ Աստուածածնայ Մատռան հիմնադրումին յաջորդող այս Աստուածահաճոյ սովորութիւնը Սփիւռքահայութեան համար վերածուեցաւ ամենավսեմ տօնախմբութիւններէն միոյն, ուր իւրաքանչիւր հայ իր հոգիին պարտականութիւնը համարեց այս Սուրբ օրով անգամ…

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան Արք. Անթիլիասի մէջ

Հինգշաբթի 8 Օգոստոս 2013-ի առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին:   Անձնական այցելութեան բնոյթ կրող սոյն հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայ Եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին առնչուած հարցեր:   Ապա Սրբազան Պատրիարքը ճաշի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին:    

Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան ժամանակացոյց

ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ԵՒ ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ   Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս հանդիսաւոր շուքով պիտի նշուի Սուրբ Աստուածածինի Վերափոխման տօնը եւ կատարուի Պիք‎ֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին ուխտագնացութիւնը։   Այս առիթով, մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը ներկայացնենք Ուխտի Օրուան ժամանակացոյցը.-   Ուրբաթ 16 Օգոստոս *              Աջահամբոյր, առաւօտեան ժամը 10.45-ին: *               Աղի օրհնութիւն եւ ոչխարներու…

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Աղօթքի Շաբաթ Պիքֆայայի մատրան մէջ

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ   Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, 12-16 Օգոստոս 2013-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր խորհրդածութեան պահ, քարոզախօսութիւն, շարականի երգեցողութիւն եւ սաղմոսերգութիւն, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին առիթով:   Կը հրաւիրենք մեր…

Անթիլիասի Դպրեվանքը

Դպրեվանքը իր մարդակերտումի գործընթացին մէջ վերջին մի քանի տարիներուն, նուաճումէ նուաճում կը բարձրանայ եւ գործնականապէս կը շարունակէ Սփիւռքի գոյատեւման իր լուման ձգել հայապահպանման գանձանանկին մէջ։ Առ այդ, ուսումնական-կրթական 2012-2013 տարեշրջանը յաջողութեամբ աւարտելով, Դպրեվանքը տուաւ իր հունձքը՝ դպիրներ, կիսասարկաւագներ, սարկաւագներ, երեք աբեղաներ եւ մէկ քահանայացու։   Ամառնային շրջանին, տարիներու սովորութեան համաձայն, Դպրեվանքի ընծայարանական բաժինի սարկաւագներն ու…

Անթիլիասի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ Յուշամատեաններու Երկրորդ Հատորը՝ «Պատմութիւն Տարօն Աշխարհի»

Ինչպէս յայտնի է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբն ու հետեւողութեամբը Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Տպարանէն կը շարունակուին լոյս տեսնել 20-րդ դարու սկիզբին Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն եւ շրջաններուն նուիրուած յուշամատեաններու վերահրատարակութեան աշխատանքները։   Արդարեւ, Յուշամատեաններու շարքին առաջինն…

Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողութեամբ Ցեղասպանութեան թանգարանի աշխատանքները կը շարունակուին

Հինգշաբթի 25 Յուլիս 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Ճըպէյլի Թռչնոց Բոյնի շրջափակին մէջ կառուցման ընթացքին մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան թանգարանը։ Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճարտարապետներու յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն Յակոբ Շամլեան, Յակոբ Աթէշեան, Վահէ Գալինճեան եւ Վազգէն Չէքիճեան։ Ներկայ էին նաեւ Ցեղասպանութեան Թանգարանի երկու ճարտարապետները՝ Ռաֆֆի եւ Վիգէն Թարխանեաններ։   Նորին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը գնահատէ Ազգային Ծերանոցին ծառայութիւնը

Երկուշաբթի 22 Յուլիս 2013-ի առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոցի Տնօրէն՝ Պատուելի Սեպուհ Թերզեանը։ Պատուելին Վեհափառ Հայրապետին լայնօրէն զեկուցեց Ազգային Ծերանոցին կատարած աշխատանքները, դիմագրաւած դժուարութիւններն ու յատկապէս յառաջիկայի ծրագիրները։ Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ իմացաւ թէ Ծերանոցը վերակազամկերպումի ու իր ծառայութիւնը աւելի ծաւալելու աշխատանքին լծուած է, նախաձեռնութեամբ Խնամակալութեան, Տնօրէնութեան ու Տիկնաց…

Արտաւազդ Արք. Թրթռեան՝ Տիպար Հոգեւորականը

Սոյն գրութիւնը խտացումն է հոգելոյս Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի Վերջին Օծման ու Թաղման Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին խօսած դամբանականին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Շաբաթ 20 Յուլիս 2013–ին։   Սրբազան Առաքեալը խօսելով քրիստոնեայ մարդու ապրելիք կեանքին մասին, իր կեանքին օրինակով զայն կը բնորոշէ որպէս հաւատքի՛ պատերազմ՝ ի խնդիր…

Վերջին Օծում եւ Թաղում Հոգելոյս Տ. Արտաւազդ Ս. Արք. Թրթռեանի

Շաբաթ 20 Յուլիս 2013-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին ու մասնակցութեամբ Միաբանութեան անդամներուն, ժողովական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին հրաժեշտ տուաւ Կիլիկեան Ուխտի երիցագոյն Միաբանին, անձնուէր ու հաւատարիմ հոգեւորականին, հմուտ հայագէտին ու աստուածաբանին եւ Կաթողիկոսական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Տ. Արտաւազդ Ս. Արք. Թրթռեանին։   Առաւօտուն, միաբան հայրերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ…

Արտաւազդ Արք. Թրթռեան (1930-2013)

Աւազանի անունով Աբրահամ, ծնած է 20 Սեպտեմբեր 1930-ին Սուրիոյ հիւսիւսը գտնուող Քէսապ հայաւանին մէջ։ Իր նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանին մէջ։ Ուսանողութեան առաջին իսկ տարիներէն, գրաւած է ուսուցիչներուն ուշադրութիւնը՝ որպէս ուշիմ, ջանասէր եւ ուսումնատենչ աշակերտ։ Նախակարթարանը աւարտելէն ետք անցած է միջնակարգ եւ մէկ տարի հետեւած է եօթներորդ կարգի դասընթացքներուն։ Քէսապի օրուան Քահանան՝…

Մ Ա Հ Ա Զ Դ

Մ Ա Հ Ա Զ Դ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկիեան Ուխտի երիցագոյն միաբանին   Տ. ԱՐՏԱՒԱԶԴ ԱՐՔ. ԹՐԹՌԵԱՆԻ   վախճանումը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի 18 Յուլիսին։   Վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուի Շաբաթ 20 Յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ…

Անթիլիասի ու Պիքֆայայի մէջ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ առնչուած շինարարութիւնները կը շարունակուին

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ձեռնարկած է նաեւ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Նահատակաց նուիրուած առաջին մատրան հիմնական վերանորոգութեան աշխատանքին: Իսկ Պիքֆայայի վանքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով բարձրացած յուշարձանին շուրջ սկսած են իրագործուիլ շինարարկան նոր ծրագիրներ՝ նուիրուած 100-ամեակին:   Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը ու յատկապէս Կաթողիկոսարանի շինարարական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի դեսպանը

Հինգշաբթի 11 Յուլիս 2013-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիար Աշոտ Գոչարեանին:   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զանազան երեսներուն: Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Լիբանանի եւ Երեւանի միջեւ Middle East Airlines-ի շաբաթը երկու անգամ թռիչքներ հաստատելու լիբանանեան Միտըլ Իսթ…

Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ՝ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները կը սկսին իրենց աշխատանքին

Ինչպէս ծանօթ է, 12-15 Յունիսին տեղի ունեցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին ընտրուեցան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան նոր Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները հետեւեալ կազմերով.-   ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան Գերշ. Տ. Օշական Արք. Սրբազան Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեան Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան Գերշ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Դրամատան աւագ խորհրդատու Սարգիս Եողուրթճեանը

Այս առաւօտ, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Դրամատան աւագ խորհրդատու Սարգիս Եողուրթճեանը:   Լիբանան ծնած եւ իր համալսարանական ուսումը Միացեալ Նահանգներու մէջ ստացած Սարգիս Եողուրթճեան աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր կարեւոր պաշտօններ կը վարէ տնտեսական բնագաւառէն ներս: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Դրամատան մէջ իր ստանձնած կարեւոր պատասխանատուութեան առընթեր,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը շնորհաւորէ Քաթարի Իշխանը

Վսեմաշուք Շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի Իշխան Քաթարի   Կը շնորհաւորենք Ձերդ Վսեմութեան ընտրութիւնը, որպէս Քաթարի Իշխան: Ձեզի կը մաղթենք ամբողջական յաջողութիւն՝ երկրի բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան ի խնդիր Ձեր յառաջիկայ գործունէութեան մէջ. աշխատանք մը, որ ընթացք առաւ Ձեր Վսեմաշուք հօր Շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի օրով, եւ վստահաբար պիտի շարունակուի շնորհիւ Ձեր ճիգերուն…

Հայ Եկեղեցւոյ Ծիսական Հարցերու յանձնախումբին հանդիպումը Անթիլիասի մէջ

Չորեքշաբթի 26 Յունիս 2013-ին, Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական բարեկարգման յանձնախումբը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, իր հերթական հանդիպումը սկսաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:   Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն յանձնախումբի անդամներն են՝ Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպս. Աջապահեան, Գերշ. Տ. Արշակ Եպս. Խաչատրեան, Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իրանի Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Այաթոլլահ Ալի Խամենէի ներկայացուցիչը

Այս առաւօտ, Երեքշաբթի 25 Յունիս 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Այաթոլլահ Ալի Խամենէի խորհրդական՝ Այաթոլլահ Ղուլան Ալի Նայիմ Ապատին, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Իրանի Դեսպան՝ Տոքթ. Ղանտաֆարի եւ դեսպանատան քաղաքական ու մշակութային կցորդներու։   Այաթոլլահ Ապատին Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Այաթոլլահ Խամենէի բարեմաղթութիւնները եւ յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը հարստացաւ երեք նոր միաբաններով

Կիրակի 23 Յունիս 2013-ին, հոգեւոր խանադավառութեան մթնոլորտ կը տիրէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքէն ներս: Արդարեւ, Դպրեվանքի ութնամեայ շրջանի աւարտական դասարանէն երեք սարկաւագներ՝ Բրշ. Սեբաստիա Սրկ. Ղարախանեան, Բրշ. Համբարձում Սրկ. Պալըքճեան, եւ Բրշ. Անդրանիկ Սրկ. Տալգըլըճեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին կուսակրօն քահանայ օծուելով ու ձեռնադրուելով միացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան:   Շաբաթ 22…

Հայ կանանց հոգեւոր լսարանի տարեշրջանի աւարտ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ՝ «ՀԱՅ ՄՕՐ ԴԵՐԸ ՎՃՌԱԿԱՆ Է ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՈՒ ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՄԷՋ»   Երեքշաբթի 18 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, իր խօսքը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հաւաքուած շուրջ երկու հարիւր տիկիններուն ուղղելով, որոնք անցնող ամիսներու ընթացքին Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ ամէն Երեքշաբթի հետեւեցան սերտողութեան՝ կրօնական ու բարոյական հարցերու առնչուած, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ…

Յայտարարութիւն- Ազգ. Ընդհանուր Ժողով- Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշում

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ (12–15 Յունիս 2013)   ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՐՁՆԵԼ ԱՌԱՆՑՔԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100–ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՄԱՆ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուող Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը Կիլիկեան բոլոր թեմերը ներկայացնող աւելի քան հարիւր պատուիրակներու, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու եւ հրաւիրեալներու…

Յայտարարութիւն- Ազգ. Ընդհանուր Ժողով- Սուրիահայութեան զօրակցութիւն

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ (12–15 Յունիս 2013)   ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ գումարուող Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, իր քննարկումներուն, խորհրդակցութիւններուն ու որոշումներուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացուց Սուրիահայութեան: Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետին ու Ազգ. Կեդր. Վարչութեան կողմէ տրուած զեկոյցներու, ինչպէս…

ՙԽաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ՚-ի մրցանակաբաշխութիւն Անթիլիասի մէջ

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»-Ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԵԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ՝   «Դուք էք հպարտութիւն ու վստահութիւն ներշնչող այն պատասխանը, որ երիտասարդ սերունդը տէրն է իր ազգային գիտակցութեան եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան գոյապայքարին»   Իրերայաջորդ հինգ շաբաթներու վրայ երկարած սուր մրցակցութենէ ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հայրական քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ չորս տարի առաջ սկսած «Խաչիկ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պարգեւատրեց ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Հրայր Սողոմոնեանը

Ուրբաթ 14 Յունիս 2013–ի երեկոյեան, Ազգային Ընդհանուր Ժողովի աւարտին, Տըպայէի Le Royal պանդոկին մէջ տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Կիլիկեան Իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց ազգային բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Հրայր Սողոմոնեանը:   Յայտնենք, որ Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան շուրջ մէկ տարի առաջ ստանձնած էին Պիքֆայայի վանքի շրջաբակին մէջ կառուցուող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը շնորհաւորէ Իրանի նորընտիր Նախագահը

Մեծայարգ Տոքթ. Հասան Ռուհանի Ընտրեալ Նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Թեհրան   Ուրախութեամբ կ’ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը որպէս նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան:   Արդարեւ, քաջածանօթ ենք Իրանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Վստահաբար, պետական կառոյցներէն ներս Ձեր կուտակած երկար տարիներու հարուստ փորձառութեամբ, ինչպէս նաեւ Ձեր բարեկարգչական ծրագիրներով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան առջեւ պիտի բանաք դէպի առաւել բարգաւաճում ու յառաջդիմութիւն առաջնորդող նոր…

Դպրեվանքի նորահաստատ երիզաշարը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը կը գտնուի Պիքֆայայի բարձունքին, ուր զանազան հայագաղութներէ եկած հայ պատանիներ ու երիտասարդներ ուսում եւ հայեցի կրթութիւն կը ստանան, հոգեպէս եւ բարոյապէս կը թրծուին ու Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայութեան նուիրուելու կը պատրաստուին:   Դպրեվանքը մեկուսացած պարզ գիշերօթիկ մը չէ, այլ ան 1930-էն ի վեր կը դարբնէ այնպիսի նուիրեալ մտաւորականներ եւ…

Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 18-րդ տարեդարձին առիթով

Կիրակի 16 Յունիս 2013-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք, Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 17-րդ տարեդարձին բարեբաստիկ առիթով: Մայր Տաճարին մէջ յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին Միաբան Հայրեր Աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին, եւ աղօթքներ կարդացին, բարւոք ծառայութիւն եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

Շաբաթ 15 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Զօրավար Միշէլ Սլէյմանին եւ հանդիպում ունեցաւ իր հետ նախագահական ապարանքին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Յունիս 12-14-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Ազգային Ընդհանուր Ժողովի մասնակցող Թեմակալ Առաջնորդներէն ու ժողովականներէն 30 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը։   Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց…

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքներու աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հաստատեց՝ ՙՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հեղինակութիւնը ծառայութեան մէջ կը կայանայ՚

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը որ սկսած էր Չորեքշաբթի 12 Յունիս 2013-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, երրորդ եւ վերջին օրը ըլլալով 14 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, շարունակեց իր աշխատանքները:   Առաջին նիստը յատկացուած էր երիտասարդութեան։ Ներկայացուած երկու զեկոյցներէն ետք, ժողովականները հարցումներ հարցուցին ու ստացան պատասխաններ։ Լայնօրէն անդրադարձ եղաւ, թէ ներկայիս ինչպէս կարելի է երիտասարդութիւնը մասնակից…

ՙԱնթիլիասի հզօրութիւնը իր ծառայութեան մէջն է՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի գումարման ծիրէն ներս, Հինգշաբթի 13 Յունիս 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, Կաթողիկոսարանիս «Շնորհալի» երգչախումբը, Պիքֆայայի Դպրեվանքի շրջաբակին մէջ ելոյթ ունեցաւ, ղեկավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի եւ դաշնակահար՝ Օրդ. Տաթեւիկ Արթինեանի ընկերակցութեամբ: Համերգը նուիրուած էր Հայ Մօր, մեկնելով Նորին Սրբութեան 2013 տարին Հայ մօր նուիրած ըլլալու իրողութենէն։ Միաժամանակ նաեւ Դպրեվանքի 2012-2013…

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքները

Երկրորդ օրը ըլլալով, 13 Յունիս 2013-ին առաւօտուն Տէրունական Աղօթքով ու Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները, գլխաւորաբար կեդրոնանալով Կեդրոնական Վարչութեան քաղաքական ժողովի տեղեկագիրին վրայ:   Իրերայաջորդ նիստերով նաեւ քննարկումը տեղի ունեցաւ տպագրուած լայնածաւալ տեղեկագիրին, որ կÿընդգրկէր Քաղաքական Ժողովին իրագործած ծրագիրները, սկսելով ազգային, տեղական մակարդակէն, մինչեւ համասփիւռքեան, համահայկական ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին

Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք ձեզ, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Ընդհանուր Ժողովի պատգամաւորներ:   Մեր Սուրբ Աթոռին ենթակայ թեմերուն կողմէ ընտրուած էք, որպէսզի հաւաքաբար քննարկումի ու արժեւորումի ենթարկէք Հայրապետական մեր Սուրբ Աթոռին կատարած առաքելութիւնը՝ անցնող շուրջ հինգ տարիներու ընթացքին: Արդարեւ, ինչ որ կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողով

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ մնալ Հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու ու իտէալներու աննկուն առաքեալը, Համահայկական մտածողութեան առաջընթաց ջահակիրը, Ազգային միասնականութեան ջերմ ջատագովը. Իր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն քաջ պաշտպանը» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ   Չորեքշաբթի 12 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը կատարուեցաւ ու ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…

Հարցազրոյց ՀԱՍԿ-ի խմբագրութեան հետ 21 Մայիս 2013-ին

Հարցում. Վեհափառ Տէր, վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներու ծիրէն ներս յաճախ կը շեշտէք իրաւական երեսին կարեւորութիւնը. ինչո՞ւ:   Պատասխան.– Հայ ժողովուրդի մարդկային թէ ազգային բռնաբարուած իրաւունքներու հարցը ըստ էութեան իրաւական հարց է: Ցեղասպանութիւնը ոճիր է միջազգային օրէնքի տուեալներուն համաձայն եւ արդարութեան հատուցումը իրաւական հարց է: Հետեւաբար, ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման…