Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 12 Յուլիս 2022-ին, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկան այցելեց եւ յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին հանդիպումներ ունեցաւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ։

Սրբազանը նախ տեսակցեցաւ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքի ընդհանուր քարտուղար՝ Պրայըն Ֆերրըլ եպիսկոպոսին հետ եւ քննարկեց Կաթոլիկ Եկեղեցին եւ Հայ Եկեղեցին ու Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները շահագրգռող միջ-եկեղեցական հարցեր։ Յայտնենք, թէ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքի նախագահ Քուրթ Քոխ Քարտինալ միջ-եկեղեցական առաքելութեամբ կը բացակայէր Վատիկանէն։

Ապա, սրբազանը տեսակցեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար Փիեթրօ Փարոլին Քարտինալին հետ եւ քննարկեց Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի այժմու քաղաքական եւ ընկերային վիճակը՝ յատուկ անդրադարձ կատարելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զանազան մարզերու մէջ կատարած աշխատանքներուն։

Երկու բարձրաստիճան հոգեւորականները մեծ հիացումով ընդգծեցին Վեհափառ Հայրապետին միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական երկարամեայ ղեկավարութիւնը եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Նորին Ս. Օծութեան՝ ի խնդիր ներկայ դժուարին տագնապներու յաղթահարման։