ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

Կիներու միջազգային օրը, 8 Մարտը, յիշեցում մըն է կանանց ունեցած դերակատարութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս աւելի շեշտելու: Հայ ժողովուրդը հին դարերէն սկսեալ յատուկ յարգանք ու վերաբերում ունեցած է հայ կնոջ նկատմամբ: Ամէն բանէ առաջ հայ կինը մեզի համար եղած է հայ մայր, այլ խօսքով՝ընտանիքի դաստիարակը, մեր հոգեմտաւոր արժէքներու պահապանը, մեր ազգային ձգտումներուն ռահվիրան: Այսօր հայ մայրը…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Մ.Ա.Կ.-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2015-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Դոկտ. Սիկրիտ Քաակի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր եւ մասնաւորաբար հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը. նաեւ անդրադարձ եղաւ Միջին Արեւելքէն ներս տիրող ընդհանուր…

ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ 4 ՄԱՐՏ 2014, ԱՆԹԻԼԻԱՍ-ԼԻԲԱՆԱՆ

                      3-4 Մարտ 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աստուածաբանական երկխօսութեան 6-րդ նիստը՝ Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Ստորեւ յիշեալ հանդիպումի աւարտին հրապարակուած միացեալ յայտարարութիւնը:   Փառք կու տանք Ամենակալ Աստուծոյ, որ անգամ մը…

«ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՐՄԱՏԱՑԱԾ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺՀԵՇՏ Է ՆՈՐ ԱՐԵՒԵԼՈՒՄ ԵՒ ՈՒԺԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պատշօնական բացումը կատարելով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Իսլամական Մշակոյթի եւ Յարաբերութեանց բաժանմունքին միացեալ ծրագրումով տեղի ունեցող համագումարին, շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու ու գործակցութեան նոր ուժականութիւն տալու հրամայականը։ Յիշեալ համագումարին ընդհանուր բնաբանն է «Քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւն՝ ի խնդիր Միջին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

1 Մարտ 2015-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Սումկայիթի ջարդերու զոհերուն հոգիներուն համար:               Այս տարի 27-ամեակն է, Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ, թուրք-ազերիներու կողմէ գործադրուած բարբարոսութիւններուն եւ ջարդերուն, որոնք իրենց…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Կրօններու Յարաբերութեան Բաժանմունքի միջեւ երկխօսութեան 6-րդ նիստին: Շուրջ 15 տարիներ առաջ սկսած, եւ երկու տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ երկխօսութիւնը, յաջորդաբար տեղի կ’ունենայ Անթիլիասի եւ Թեհրանի մէջ: Ներկայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԻՍԼԱՄ ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒՄԸ ԵՒ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՇՐՋԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ

Ժընեւ կատարած իր վերջին այցելութենէն վերադարձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մօտէն հետեւեցաւ Սուրիոյ Հասաքէի շրջանէն ներս ստեղծուած կացութեան։ Արդարեւ, երկու օրեր առաջ իսլամ ծայրայեղականներ յարձակած էին շրջանի ասորի գիւղերուն վրայ, եկեղեցիներ այրած եւ շուրջ հարիւր հոգիներ առեւանգած։ Այս առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լեռնալիբանանի ասորի համայնքի Առաջնորդ Մետրոպոլիտ Ճորճ Սալիպա Արքեպիսկոպոս։ Ան տեղեակ պահեց Նորին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԻՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԻՐ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՁԵՒԸ

Անցնող օրերու ընթացքին, Ժընեւի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուելիք դատով զբաղող յանձնախումբը ունեցաւ իր վերջին նիստը: Մասնագէտներէ կազմուած յանձնախումբը անցնող շուրջ երկու տարիներու ընթացքին, միշտ Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ, հանդիպումներ ունեցած էր պատրաստելու համար Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքին դատական թղթածրարը:   Յիշեալ թղթածրարը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՄԻՋ-ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Անցնող քանի մը օրերու ընթացքին յաջորդական այցելութիւններու եւ հանդիպումներու ճամբով, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը շեշտեցին միջ-քրիստոնէական գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն դիմաց: Յուսիկ Ծ. Վրդ. մասնակցեցաւ Արեւելեան Կաթոլիկ Պատրիարքներու ժողովի 25-ամեակի հանդիսութեան, Յոյն Կաթոլիկ Պատրիարքարանին մէջ: Հայր Սուրբը Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները փոխանցեց Լահհամ Պատրիարքին եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

        Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը՝ որուն մնայուն անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, գումարեց իր Գործադիր Վարչութեան նիստը 9-13 Փետրուար, 2015-ին, Պանքոքի մէջ:               Սոյն ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, որպէս անդամ յիշեալ վարչութեան: Վարչութիւնը ունէր օրակարգի գլխաւոր երկու նիւթեր.- ա) Ընդհանուր…

ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ (18 Փետրուար – 27 Մարտ 2015)

          Քառասնօրեայ պահեցողութիւնը եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ սահմանուած այն կարեւոր ժամանակամիջոցն է, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կը հրաւիրուի ինքնագիտակցութեան, ինքնաքննութեան եւ ինքնասրբագրումի, պատրաստուելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան հրաշափառ տօնին: Եկեղեցին այս շրջանին, Քրիստոսի եւ աստուածաշնչական զանազան այլ կերպարներու օրինակով՝ պահեցողութեան ու աղօթքի կը հրաւիրէ հաւատացեալները:               Սակայն, պէտք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԿԸ ՅՂԷ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ ԹԱՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցական ու զօրակցութեան նամակներ յղեց, Եգիպտոսի Նախագահ Սիսիին եւ Ղպտի Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքին, Լիպիոյ մէջ 21 ղպտի եգիպտացիներու տխուր մահուան առիթով, իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք Եգիպտոսի ժողովուրդին յիշեցուց՝ ծայրայեղականութեան վտանգաւոր հետեւանքներուն մասին, որ շրջանէն ներս կը խաթարէ քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ համագոյակցութիւնը: Թաւատրոս Բ. Պատրիարքի ուղղած…

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ «ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 17 Փետրուար 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, Միացեալ Նահանգներու «Պաշտպանութիւն Քրիստոնէութեան» Համախմբումի նախագահ Թուֆիք Պաաքլինի եւ իր խորհրդականը՝ Ալեքսիս Մուքարզէլ:         Ուաշինկթընի մէջ իր կեդրոնատեղին ունեցող յիշեալ համախմբումին նպատակն է, Միացեալ Նահանգներու մէջ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութիւնը պաշտպանող նախաձեռնութիւններու դիմել, յատկապէս քաղաքական մարզէն ներս: Յայտնենք, այս շրջագիծէն ներս…

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՀՈԼԱՆՏԷՆ ՆԱՄԱԿ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.Կաթողիկոս հետեւեալ նամակը ստացաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտէն:   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիաս-Լիբանան   Կ’ուզեմ Ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել, ինծի ուղղած համակրանքի, զօրակցութեան եւ բարեկամութեան Ձեր պատգամին համար, երբ Ֆրանսայի սիրտը հարուած էր ստացած, աննկարագրելիօրէն ահաւոր ու սարսափելի յարձակումի մը հետեւանքով: Այս ատելի արարքին ճամբով պետութեան հեղինակութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնն…

ՀՅԴ-Ի ԲԻՒՐՈՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 14 Փետրուար 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նորընտիր Բիւրոյին գլխաւորութեամբ՝ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի։ Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկները թէ՛ Հայաստանի և թէ Սփիւռքի մէջ ու յատկապէս համահայկական հռչակագիրը և անոր թողած դրական արձագանգը մեր ժողովուրդի…

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏԳԱՄԵՑ՝

«ՄԵՐ ԾՆՈՂՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԸ ՎԵՐԱԾԵՆ ՓՈՔՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ՝ ՍՐԲԱԶԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ»   Տեառնընդառաջի տօնը յատուկ տեղ կը գրաւէ հայ ծնողներուն ու մանուկներուն մօտ, որոնք Քրիստոսի քառասնօրեայ Տաճար ընծայումի տօնին խորհուրդով իրենց հաւատքը կ’ամրապնդեն: Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան, Տեառնընդառաջի տօնին առիթով տեղի ունեցած նախատօնակին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը լեցուած էր ծնողներով ու մանուկներով, որոնք եկած…

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆՍՏԱՎԱՅՐԷՆ Կ’ՈՂՋՈՒՆԵՆՔ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՐԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ՝ ՆՈՐՕՐԵԱՅ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆՆԵՐԸ» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 12 Փետրուար 2015-ի առաւօտուն, Սրբոց Վարդանանց տօնին առթիւ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ: Պատարագը մատուցեց Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան: Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ՝ հայ ժողովուրդի միասնականութեան կարեւորութեան, հայ ժողովուրդի քրիստոնէական նկարագրին եւ հաւատքի ամրութեան ու յանուն արդարութեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԻՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ ՈՒ ԱՄՈՒՐ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇԵԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԸ

Անցնող երեք օրերու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը, մասնակցութեամբ յիշեալ մարմիններու Լիբանանի եւ արտասահմանի անդամներուն։ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ժողովներուն յաջորդեց Թեմակալ Առաջնորդներու հանդիպումը յիշեալ մարմիններուն հետ։ Վարչական, տնտեսական, յարաբերական եւ այլ բազմաթիւ հարցերու շարքին, ժողովական հանդիպումները յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՏԻԱՐ ԳՐԻԳՈՐ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 4 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան, Վեհարանի դահլիճին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Ապու Տապիի ազգայիններէն Տիար՝ Գրիգոր Մահսերէճեանը։ Պարգեւատրումի հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպանը, շրջանէն ներս վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին ծառայած միաբան հայրեր, Ապու Տապիէն եւ Տուպայէն ժամանած ազգայիններ,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Երեքշաբթի, 27 Յունուար 2015-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան դահլիճին մէջ, կրթական բնագաւառէն ներս համաձայնագիր մը կնքուեցաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին միջեւ։   Համաձայնագիրը կ’ընդգրկէ.-   Ա) Հայագիտական ու ընկերաբանական նիւթերու ուսուցիչներու փոխանակում եւ ուսուցչական կազմերու միջեւ գործակցութիւն։   Բ) Դպրեվանքէն շրջանաւարտներուն տրուելիք լայն…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յառաջիկայ օրերուն Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, պիտի գումարուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ թեմակալ առաջնորդներու հետ: Յիշեալ ժողովներուն կրօնական, դաստիարակչական, տնտեսական, վարչական, յարաբերական, միջ-եկեղեցական եւ այլ հարցերու շարքին, յատուկ կարեւորութեամբ պիտի քննուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած ծրագիրներ ու աշխատանքներ, թէ՛…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

25-30 Յունուար 2015, Հռոմի մէջ, գումարուեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներ Աստուածաբանական Երկխօսութեան 12-րդ ժողովը։   Հայ Եկեղեցին իր զոյգ Կաթողիկոսական Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս ժողովին։ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ.…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող Կեդրոնական Յանձնախումբի նիստի աւարտին, Նախագահ Սերժ Սարգսեան, ընկերակցութեամբ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն ու ժողովականներուն, այցելեց Ծիծեռնակաբերդ: Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, երկու Վեհափառ Հայրապետներու նախագահութեամբ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:   Ապա, Կեդրոնական Յանձնախումբի անդամները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը եւ ծանօթացան…

ԵՐԿՈՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ԻՆՍՏԻՏՈՒՏԻ ԲԱՑՄԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը գտնուի Երեւան, մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման Կեդրոնական Յանձնախումբի ժողովին նիստերուն: Հինգշաբթի, 29 Յունուար 2015-ի առաւօտուն Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները ներկայ գտնուեցան Կոմիտասի թանգարան-ինստիտուտի բացման հանդիսութեան:   Ապա, կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող Կեդրոնական Յանձնախումբի 5-րդ նիստի աշխատանքները սկսան:

ԵՐԿՈՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԻՆ

Չորեքշաբթի, 28 Յունուար 2015-ին, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները, Երեւանի Ալ. Սպենդիարեան անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ, ներկայ գտնուեցան Հայկական Բանակի օրուան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 23-ամեակին նուիրուած՝ «Ծաղկիր իմ երկիր, ես քո զինուորն եմ» տօնական համերգին: Համերգէն ետք, Վեհափառ Հայրապետները ընթրիքի հիւրը եղան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԲԱՐՁՐԱՑԱՆ ԵՌԱԲԼՈՒՐ

Բանակի օրուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը և Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Հ. Հ. Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Լ.Ղ.Հ. նախագահ Բակո Սահակեանի հետ եւ Հ.Հ. բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այսօր այցելեցին Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն, ուր յարգանքի տուրք մատուցեցին իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԱԵԽ-Ի ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Անցնող երկու օրերու ընթացքին, Ամմանի մէջ (Յորդանան), գումարուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ նախագահներէն մէկն է յիշեալ ժողովին, չկրցաւ անձամբ ներկայ գտնուիլ։ Վեհափառ Հայրապետը իր նկատողութիւններն ու առաջարկները գրաւոր յղեց ժողովին։ Դոկտ. Ժան Սալմանեան որպէս անդամ Գործադիր Վարչութեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ ժողովական աշխատանքներուն։               Գործադիր Վարչութիւնը լսեց ընդհանուր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ՝ ՍԱԼՄԱՆ ՊԸՆ ԱՊՏԸԼ ԱԶԻԶԻՆ, ԻՐ ԵՂԲՕՐ՝ ԱՊՏԱԼԼԱ ՊԸՆ ԱՊՏԸԼ ԱԶԻԶ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցական նամակով մը բաժնեց վիշտը Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին, իր եղբօր՝ Ապտալլա Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին մահուան առիթով։ Նամակին մէջ, Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնած էր հանգուցեալին հայրենասիրական իրագործումներուն և միջ-կրօնական գործակցութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած յատուկ հետաքրքրութեան, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի նկատմամբ ունեցած զօրակցութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետին պաշտօնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Ուրբաթ, 23 Յունուար 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի և Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի հետ։ Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Սուրիոյ կացութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Հայաստան։ Հայաստան կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման Կեդրոնական Յանձնախումբի ժողովին, ինչպէս նաեւ երկու Վեհափառ Հայրապետները պիտի նախագահեն Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու Սրբադասման Յանձնախումբի ժողովին։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԻՐ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, 22 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին և Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերապայծառ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանին հետ։            Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները։ Հոգեւոր հայրերը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ Ն.Ա. ՊՇԱՐԱ ՐԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Երեքշաբթի, 20 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, առանձին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին և Պշարա Րայի Պատրիաքին միջեւ։ Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցեր։ Երկու հոգեւոր պետերը հրամայական նկատեցին նախագահական շուտափոյթ ընտրութեան կազմակերպումը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, բոլոր եկեղեցիները Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը նուիրած են եկեղեցւոյ միութեան աղօթքի շաբթուան։ Այս շաբթուան ընթացքին, եկեղեցիներէն ներս հոգեւորականներուն ու ժողովուրդի մասնակցութեամբ, յատուկ միջ-եկեղեցական արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան ու քարոզներ կը խօսուին՝ շեշտելով եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը:   Լիբանանի մէջ եկեղեցւոյ միութեան շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Կիրակի, 18 Յունուար 2015-ին, Պէյրութի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ։…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԹԱՄԱՄ ՍԱԼԱՄ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Շաբաթ, 17 Յունուար 2015-ի երեկոյեան, Լիբանանի Վարչապետ Թամամ Սալամ այցելութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Վարչապետին ու Վեհափառ Հայրապետին միջեւ տեղի ունեցած մտերմիկ հանդիպումը տեւեց աւելի քան ժամ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան, կառավարութեան աշխատանքներուն և Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն հետ աղերս ունեցող հարցեր։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՄԻՆ ԺԵՄԱՅԷԼԸ

Ուրբաթ, 16 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին Նախագահ Էմին Ժեմայէլը: Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին Քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ընդհանրապէս շրջանի կացութեան ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու ներկայ իրավիճակին:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելուներուն կարգին նաեւ ընդունեց Անտիոքի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարքի ներկայացուցիչ Ճորճ Սալիպա Արքեպիսկոպոսը։ Սալիպա Արքեպիսկոպոս Նորին Սրբութեան փոխանցեց պատրիարքին շնորհաւորութիւնները Ս. Ծննդեան առիթով, ինչպէս նաեւ ներկայացուց Ասորի Եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուելիք ծրագիրներուն ընդհանուր պատկերը՝ Օսմանեան թուրքիոյ կողմէ 100 տարիներ առաջ ասորիներուն դէմ կատարուած ջարդերուն նշման առիթով։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՓԱՐԻԶԻ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ ԵՒ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Երէկ, Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտին ուղղած իր ցաւակցական նամակին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ Եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով դատապարտելէ ետք Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչական արարքները, ըսաւ. «Մեր Եկեղեցին կը հաւատայ կրօններու, մշակոյթներու ու ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի, հասկացողութեան եւ լայնախոհութեան: Մեր Եկեղեցին նաեւ յանձնառու է հարցերու խաղաղ լուծման եւ աշխարհի մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՐԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Մարոնիթ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Րայի Պատրիարքին փոխանորդները՝ Փոլ Սայեահ և Մազլում Արքեպիսկոպոսները։   Ներկայացուցիչները Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին Լիբանանի և ընդհանրապէս շրջանին կապուած Պատրիարքին կարգ մը մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները։ Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Լիբանանի ներկայ կացութիւնը և մասնաւորաբար նախագահական ընտրութիւնը։ Արքեպիսկոպոսները…

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը: Դեսպանին կ’ընկերանար դեսպանատան քաղաքական հարցերու խորհրդականը:         Վեհափառ Հայրապետին ու դեսպան Հէյլի միջեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի շուրջ: Այս ծիրէն ներս, քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուող հարցեր: Նորին Սրբութիւնը նաեւ արծարծեց Հայոց Ցեղասպանութեան…

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հըզպալլան ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հըզպալլայի Քաղաքական Յանձնախումբի նախագահը: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր, Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերատեսութեան ու վերարժեւորումի ենթարկելու Լիբանանի ներկայ կացութիւնը ու Լիբանանը դիմագրաւող մարտահրաւէրները: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Լիբանանի նախագահական…

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

«ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՀԱՅՈՑ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՃԱՄԲՈՎ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ ԵՂԱՒ»   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս   Երեքշաբթի, 6 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն նշուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը, աշխարհով մէկ տարածուած հայ եկեղեցիներէն ներս: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ ԱՅԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երկուշաբթի, 5 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի Դեսպան Մուհամմատ Ֆաթըհ Ալիի:   Դեսպանը Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւնները ներկայացնելէ ետք, խօսեցաւ Նոյեմբեր 2014-ին Նորին Սրբութեան Իրան կատարած Հովուապետական այցելութեան դրական անդրադարձին, թէ՛ պետական եւ թէ՛ կրօնական շրջանակներէն ներս:   Ապա, Վեհափառ Հայրապետը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

“ԵԹԷ ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵՐ ԿՈՂՄՆ Է, Ո՞Վ ԿՐՆԱՅ ՄԵԶԻ ՀԱԿԱՌԱԿ ԸԼԼԱԼ”     Աստուածային ճշմարտութեան պատգամաբերները, մարգարէները իրենց ժողովուրդի պատմութեան ամենէն ճգնաժամային պահերուն պատգամեցին՝ մի՛ վախնաք, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է։ Այս հաւատքով շաղախուած ու յոյսով գօտեպնդուած եբրայեցի ժողովուրդը յաղթահարեց ամէն տեսակ չար ու չարիք, որոնք յաճախ շրջապատեցին զինք իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին։   Աստուածաշունչը յստակօրէն…

LIVE TELEVISION BROADCAST OF CHRISTMAS MASS VIA SATELLITE FROM ANTELIAS — JANUARY 6, 2015

The Lebanese Broadcasting Corporation International (LBCI) will broadcast LIVE via satellite the Christmas Mass presided over by His Holiness Aram I, from St. Gregory the Illuminator Cathedral in Antelias, on Tuesday, 6 January 2015, beginning from 8:00 am UTC (GMT). For the Americas and Australia, check your local LBCI program schedule for exact time. The…

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ ԶԻՆՈՒՈՐՆ Է ԵՂԱԾ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հինգշաբթի, 1 Յունուար 2015-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւ ժողովուրդը բացուող Նոր Տարուն առաւօտուն գոհաբանական ու երախտագիտական զգացումներով իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած:   Եկեղեցական արարողութեաց աւարտին, ներկաները ուղղուեցան վեհարանի դահլիճը, լսելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը: Յանուն ներկայ ժողովուրդին եւ միաբանութեան, Հոգշ. Տ. Նշան Աբղ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԵՂԱՒ ՀԱՅ ԾԵՐՈՒՆԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելութիւն տուաւ Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց, միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ: Հաստատութեան մուտքին Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան կողմէ: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը եղաւ Ազգ. Ծերանոցի ծերունիներուն հետ, մասնակից դառնալով անոնց Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան տօներու ուրախութեան: Նորին Սրբութիւնը ծերունիներուն ուղղած Նոր Տարուան իր պատգամին եւ…

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Կ’ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Նոր Տարուան գիշերը՝ Չորեքշաբթի, 31 Դեկտեմբեր 2014-ի կէս գիշերին, յատուկ արարողութիւն պիտի կատարուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի։ Իսկ Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի յաջորդ օր՝ Հինգշաբթի, Յունուար 1-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին։        Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԿՈՆԴԱԿԸ

2015 տարին հարիւրամեակն է Հայոց Ցեղասպանութեան։ Հետեւաբար, իր խորքով ու իմաստով, իր նպատակով ու պատգամով տարբեր թուական մը պէտք է դառնայ: 2015 տարին իւրաքանչիւր հայու ու ողջ հայութեան կեանքին մէջ։ Հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ իր անջնջելի դրոշմն է ձգած հայոց ցեղասպանութիւնը։ Աշխարհի վրայ չկայ հայ, որուն արեան հետ չէ թրծուած ու կեանքին հետ չէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՔԵՍԱՊԻ ԱՆՑՈՒԴԱՐՁԵՐՈՒՆ

24 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Քեսապի մասին շրջանառութեան դրուած լուրերը ստանալէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կապ հաստատեց շրջանի պատասխանատու մարմիններուն հետ ։ Քեսապի շրջանի պատասխանատուները վստահեցուցին Նորին Սրբութեան, թէ Քեսապի մասին վերջին ժամերուն լրատուամիջոցներուն տուած տեղեկութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան եւ հաստատեցին, որ Քեսապէն ներս հանդարտ կացութիւն կը տիրէ։ Անոնք միաժամանակ յայտնեցին, թէ սահմանին թրքական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՐԲԱՏԱՌ ԿՈՆԴԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ

Յառաջիկայ Կիրակի, 28 Դեկտեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարէն ներս, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին պիտի կարադացուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը:   Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն ներկայ գտնուելու Ս. եւ Անմահ Պատարագին՝ մեր բոլոր եկեղեցիներէն ներս ունկնդրելու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱԺՆԵԿԻՑ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ

Ընկերային ծառայութիւնը Եկեղեցւոյ ու մանաւանդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կարեւորագոյն բնագաւառներէն մէկն է: Արդարեւ, ընկերային ծառայութեան ընդմէջէն, Եկեղեցին՝ քրիստոնէական հին համայնքներուն օրինակով, օգտակար կը դառնայ գուրգուրանքի, սիրոյ ու ծառայութեան կարիք ունեցող իր համայնքի զաւակներուն, յատկապէս տօնական այս օրերուն:   Նոր Տարուան եւ մեր Տիրոջ ու Փրկիչին Յիսուսի Ծննդեան տօնի նախօրեակին, աւանդութիւն դարձած է, որ…

«ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՈՒ ԱՆԱՆՁՆԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆ Է ՈՐ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄՂՈՒՄ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿ ԿՈՒ ՏԱՅ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի, 21 Դեկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Վեհարանի Դահլիճին մէջ, Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի նուիրուած տօնախմբութեան ընթացքին, միաբան հայրերուն, Դպրեվանքի սարկաւագներուն եւ ժառանգաւորներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ ժողովուրդին ներկայութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ ինքնազոհողութեան, համեստութեան եւ Աստուածակեդրոն ծառայութեան նուիրական կերպերուն ու ըսաւ. «Որպէս Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուած անձեր, պէտք…

“ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԻ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹ”Ը “INTERNATIONAL CRIMINAL LAW REVIEW”Ն ԲԱՑԱՌԻԿ ԹԻՒ ՄԸ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԷ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

“International Criminal Law Review”ն, 2014 թուականին բացառիկ թիւ մը յատկացուցած է Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցած Հայ Դատին նուիրուած համագումարին։   Յայտնենք, որ 23-25 Փետրուար 2012-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրով ու նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցած էր միջազգային համագումար մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած “Ճանաչումէ դէպի հատուցում” թեմայով։ Համագումարին մասնակցած էին աւելի քան երեսուն…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ԾԻՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ եւ Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի աշխատասիրութեամբ, Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տպարանէն լոյս տեսաւ «Ծիսական Գիտելիքներ» խորագիրով եկեղեցական պաշտամունքի եւ ծիսակատարութեանց բացատրողական կրօնական բառարան: Ծէսն ու ծիսակատարութիւնը զԱստուած պաշտելու հիմնական այն միջոցներէն են, որ հաւատացեալը ներհայեցողական խորասուզումով՝ աղօթքով, երգեցողութեամբ, մոմավառութեամբ եւ խնկարկութեամբ ինքզինք դէմ հանդիման կը գտնէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ապու Տապիի հայ համայնքին տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ունեցած հանդիպումներու շարքին, յատուկ կարեւորութեամբ անհրաժեշտ է յիշել շրջանի երիտասարդութեան հետ ունեցած տեսակցութիւնը։  Արդարեւ, շուրջ 75 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու հետ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը, առիթ մը հանդիսացաւ Նորին Սրբութեան լսելու երիտասարդներուն մտահոգութիւնները, մտածումներն ու առաջադրանքները եւ իր հայրական թելադրութիւնները կատարելու անոնց։…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ “ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ և ՎԵՐՈՆԻՔ ԿԱՐԵՒՈՐԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ”Ի ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիւանը ուրախութեամբ կ’ուզէ տեղեակ պահել մեր ժողովուրդի զաւակները թէ՝ Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած է Յարութիւն և Վերոնիք Կարեւորեան Մշակութային Հիմնադրամը՝ 725,000 (եօթը հարիւր քսանըհինգ հազար) ամերիկեան տոլարի դրամագլուխով։ Սոյն հիմնադրամը հաստատուեցաւ հանգուցեալ Տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանի այրիին՝ Տիկին Վերոնիք Սիմոնէն-Կարեւորեանի կողմէ, խորհրդակցաբար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ, ի յիշատակ իր ամուսնոյն։ Հիմնադրամին նպատակն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

10-12 Դեկտեմբեր 2014-ին, Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը, նախաձեռնութեամբ Կրօններ Խաղաղութեան Համար Միջազգային Միջ-կրօնական Կազմակերպութեան եւ մասնակցութեամբ կազմակերպութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն, Վատիկանի, Վիեննայի Ապտուլլա Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղարի ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ միջ-կրօնական բնոյթ ունեցող միջազգային շարք մը այլ կազմակերպութիւններու։      Յիշեալ հանդիպման նպատակն էր…

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ Է, ՈՐ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԻՐ ՃՇՄԱՐԻՏ ԴԻՄԱԳԻԾՆ ՈՒ ՎԱՒԵՐԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցած ճաշկերոյթը, շուրջ 400 ազգայիններու մասնակցութեամբ, առիթ մը հանդիսացաւ՝ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տօնախմբելու Ապու Տապիի համայնքին այս եզակի իրագործումը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ անգամ մը եւս շեշտեց եկեղեցւոյ առանցքային տեղը եւ կարեւոր կոչումը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱԶԳԱՅԻՆՆԵՐ

Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իրեն ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով պագեւատրեց, Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շինութեան կարեւոր նպաստ բերած՝ Տիար Արա Խանոյեանը եւ Տիար Սուրէն Գոժաքեանը։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ մօտ ապագային նաեւ պիտի պարգեւատրէ Ապու Տապիի հայ կեանքէն ներս երկար տարիներ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՕԾԵՑ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑԻ ԱՆՈՒՆՈՎ

Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2014 թուականը եզակի օր մը եղաւ ընդհանրապէս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ու յատկապէս Ապու Տապիի հայ համայնքին համար։ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շինութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ կայք հաստատած մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաւաքական հաւատքին, սիրոյն ու կամքին գործնական արտայայտութիւնն է։   Արդարեւ, 1998-ին, Շարժայի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 10 Դեկտեմբեր 2014-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Ապու Տապիի Հայաստանի Դեսպանատունը ընկերակցութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն ու երեսփոխաններուն։   Դեսպանատան մուտքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ դեսպան Տիար Գեղամ Ղարիպջանեանին եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ։ Աւանդական աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, ի յիշատակ Վեհափառ…

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է, ՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԱՀՊԱՆԷ ԻՐ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր խօսքը ուղղելով Ապու Տապիի մէջ հաստատուած լիբանանեան համայնքի աւելի քան 150 ներկայացուցիչներուն, կոչ ուղղեց միասնաբար աշխատելու եւ պահպանելու Լիբանանի իւրայատուկ ինքնութիւնը արաբական աշխարհին մէջ։ Հաւաքը կազմակերպուած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Լիբանանեան դեսպանատան կողմէ։ Ներկայ էին լիբանանեան համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին եւ իր ունեցած հանդիպումներու շարքին, Երկուշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2014-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ապու Տապիի Լիբանանեան դեսպանատան, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ դեսպան Հասան Սաըտի կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, Սպահանի Թեմի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՇԷՅԽ ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ՊԸՆ ԶԱՅԷՏԻ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ էմիրութեանց նախագահ Շէյխ Մուհամմէտ Պըն Զայէտի հետ։ Հանդիպման ներկայ էին Արաբական Միացեալ էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպան Հասան Սաըտ, թեմի ազգայիններէն Արա Խանոյեան եւ Վարուժան Նարկիզեան։ Արամ Ա.…

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ ՊԷՏՔ ՉԷ ՄԻԱՅՆ ԹԵԼԱԴՐԵԼ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ ԽՕՍԻԼ ԱՆՈՐ ՀԵՏ»   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիններու եւ Քաթարի Թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Շաբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Շարժա-Տուպայի շրջանի հայ երիտասարդութեան հետ։ Հանդիպման ներկայ էին շուրջ հարիւր համալսարանական ու համալսարանաւարտ երիտասարդներ, որոնք եկած էին լսելու իրենց Հովուապետին տեսակէտներն ու թելադրութիւնները՝ ընդհանրապէս երիտասարդութիւնը ու մասնաւորաբար հայ երիտասարդութիւնը հետաքրքրող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇԱՐԺԱ-ՏՈՒՊԱՅԻ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Շաբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Շարժա-Տուպայի Օհաննէսեան Ազգ. Վարժարանի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի վարժարան այցելութիւնը։ Աւելի քան 200 աշակերտութիւն ունեցող յիշեալ վարժարանին բացումը կատարուած էր Վեհափառ Հայրապետին կողմէ տասնութ տարիներ առաջ։   Վեհափառ Հայրապետը, շրջապատուած Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբով եւ միաբան հայրերով, ներկայ գտնուեցաւ աշակերտութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ Ա.Մ. ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ընդառաջելով Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի և Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին։ Վեհափառ Հայրապետը պիտի կատարէ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումը և բացումը եկեղեցւոյ կից գտնուող Ազգային Առաջնորդարանին ու դպրոցին։ Տուպայի, Ապու Տապիի և Շարժայի մէջ, Նորին Սրբութիւնը նաեւ հանդիպումներ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԷԼ-ԱԶՀԱՐԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Սիւննի իսլամ համայնքին բարձրագոյն հեղինակութիւնը նկատուող Եգիպտոսի Էլ-Ազհարի Միւֆթին «Կրօնի կեցուածքը Ահաբեկչութեան Նկատմամբ» նիւթին շուրջ կազմակերպած է. միջազգային հանագումար մը, որ տեղի պիտի ունենայ 3-էն 5 Դեկտեմբեր-ին։ Համագումարին հրաւիրուած են իսլամ թէ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը, կրօնական անձնաւորութիւններ և աստուածաբաններ։ Հրաւիրուած է նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս՝ մասնակիցներուն իր խօսքը ուղղելու համար։ Յանուն Վեհափառ Հայրապետին յիշեալ…

«2015 ՏԱՐԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՈՒ ՏԵՍԻԼՔՈՎ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ԿԱՄՔՈՎ ՊԷՏՔ Է ԱՐԺԵՒՈՐԵՆՔ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հաւաքուած աւելի քան 300 տիկիններու իր Հայրապետական պատգամը ուղղելով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ 2015 թուականի եզակի կարեւորութեան մեր ժողովուրդին համար։ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը կը բաղկանար երկու բաժիններէ՝ առաջին բաժնին մէջ, Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ մեր երէցներուն յարգանք ու հոգածութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութեան մասին, նկատի ունենալով որ ներկայ տարին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

    Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներուն Համախմբումի վարչութիւնը գլխաւորութեամբ Մազլում Արքեպիսկոպոսին ։ Շուրջ չորս տարիներ առաջ կեանքի կոչուած յիշեալ համախմբումին մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեայ համայնքները՝ իրենց կրօնական թէ աշխարհական ներկայացուցիչներով։ Համախմբումին նպատակն է գործակցութիւն յառաջացնել շրջանի քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ և ազդու…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբեր-Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր, Այա Նափայի մէջ (Կիպրոս), գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Ժողովը քննարկեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ծրագիրներուն, պաշտօնէութեան եւ տնտեսական վիճակին ու եկեղեցիներու անդամակցութեան առնչուած գլխաւոր բնագաւառները եւ համապատասխան որոշումներ առաւ՝ Խորհուրդի առաքելութիւնն ու…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՐԿՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

24-25 Նոյեմբեր 2014-ին, Աթէնքի մէջ, Տիեզերական Պատրիարքութեան հիւրընկալութեամբ, տեղի ունեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու երկու ընտանիքներուն՝ Արեւելեան Ուղղափառ եւ Ոչ-քաղկեդոնական Ուղղափառ Եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան ժողովը: Յունաստանի հիւսիսային Գոմոթինի քաղաքին մէջ, Ն.Ս. Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրիարքին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին միջեւ պատմական հանդիպումին ընթացքին, 23 Սեպտեմբեր 2014-ին, երկու հոգեւոր պետերը շեշտեցին շուրջ երեք տասնամեակներ սկսած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Ղարաբաղի ճակատին զոհուած երեք նահատակ օդաչուներու ընտանիքներուն և իր զօրակցութիւնը՝ հայոց բանակին։

ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ և ԳՈՐԾԱՐԱՐ ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 23 Նոյեմբեր 2014-ին, միօրեայ այցելութեամբ Անթիլիասի Մայրավանք ժամանեց հանրածանօթ ազգային բարերար և գործարար Ռուբէն Վարդանեան։ Մոսկուայի մէջ կայք հաստատած Ռուբէն Վարդանեան նաեւ կեդրոնատեղիներ ունի Լոնտոնի, Երեւանի ու Նիւ Եորքի մէջ և ձեռնարկած է Հայաստանի ու Ղարաբաղի զարգացման մեծ ծրագիրներու իրագործման։ Ռուբէն Վարդանեան Անթիլիաս ժամանած էր միօրեայ այցելութեամբ հանդիպում ունենալու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԸՆԴԴԷՄ ԿՐՕՆՔԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ՎԱՅՐԱԳՈՒԹԵԱՆ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

«Միութիւն ընդդէմ կրօնքի անունով վայրագութեան» միջազգային համագումարը տեղի ունեցաւ 18-19 Նոյեմբեր 2014-ին, Վիեննայի մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Ապտուլլա Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (KAICIID): Ժողովը կը համախմբէր Միջին Արեւելքէն քրիստոնեայ եւ իսլամ առաջնորդներ, այլ կրօններու, ոչ-կառավարական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ պետական անձնաւորութիւններ: Սոյն համագումարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձամբ հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու եւ իր պատգամը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

   Շուրջ մէկ ամսուան բացակայութիւնէն ետք, Շաբաթ երեկոյեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս վերադարձաւ Անթիլիաս։ Անցնող շաբաթներուն Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Պարսկաստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Զուիցերիա և Հայաստան։    Պարսկաստանի մէջ շուրջ երկու շաբաթ Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութիւններ տուաւ Թեհրանի և Իսֆահանի թեմերուն։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ թեմի պատասխանատու մարմիններուն հետ ու…

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի

11-13 Նոյեմբեր 2014-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, գումարուեցաւ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց հերթական ժողովը: Ժողովին կը մասնակցէին Հայ Եկեղեցւոյ 61 արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ: Նոյեմբեր 11-ին, բացման արարողութենէն առաջ Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը Մայր…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի

Գոհութիւն կը յայտնենք Սուրբ Երրորդութեան՝ Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին, որ վերստին շնորհքը պարգեւեց՝ 11-13 Նոյեմբեր 2014-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի սեմին, Եպիսկոպոսաց ժողով գումարելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի եւ քննարկելու մեր Եկեղեցին ու ժողովուրդը յուզող…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԹԻՌԻ ՌՄԲԱՀԱՐՈՒՄԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ

13 Նոյեմբեր 2014-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընթացող Եպիսկոպոսաց ժողովը, առաջին նիստի ընթացքին մասնաւոր անդրադարձ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին մօտ ազրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ ԼՂ պաշտպանութեան բանակի օդուժի ուղղաթիռի ռմբահարումի միջադէպին՝ դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած այս…

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 11 Նոյեմբեր 2014-ին հանդիպում ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, ազգային-եկեղեցական կեանքի խնդիրներուն եւ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր:

ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԴԱՍԸ ՍԿՍԱՒ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Երեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ս. Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, սկսաւ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը: Ժողովին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսության 76 արքեպիսկոպոսներէն ու եպիսկոպոսներէն կը մասնակցին 58-ը: Բացման արարողութինէն առաջ Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը Մայր Տաճարին…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ

Սուրբ Էջմիածինի մէջ նոյեմբերի 11-13 2014-ին գումարուող Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի մասնակիցները Երկուշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2014-ին, առաջնորդութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը: Վեհափառ Հայրապետները ծաղկեպսակներ զետեղեցին եւ ապա, անմար կրակին առջեւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: Ապա, Գարեգին Բ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Երկուշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2014-ին, Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Հայաստան: Յառաջիկայ օրերուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Ս. Էջմիածինի մէջ պիտի գումարուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը: Յիշեալ ժողովին օրակարգի գլխաւոր նիւթերէն մէկը պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասումը: Յայտնենք, որ նախկին Եպիսկոպոսաց Ժողովը տեղի ունեցած էր 24-27 Սեպտեմբեր 2013-ին: Սոյն ժողովին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ա.Մ. ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Իրան կատարած իր Հովուապետական այցելութեան աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Տուպայի եւ Ապու Տապիի մէջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ շրջանի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանին եւ թեմական պատասխանատուներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն տուաւ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցին, որ շինարարական վերջին հանգրուանին հասած է: Ան գնահատեց գաղութի պատասխանատուները, որոնք…

«ՄԵՆՔ ԳԱՂՈՒԹԷՆ ՀԵՌԱՑՈՂՆԵՐՈՎ ՄՏԱՀՈԳ ՉԵՆՔ, ԲԱՅՑ ՄՆԱՑՈՂՆԵՐՈՎ ՀՊԱՐՏ ԵՆՔ» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Իրան կատարած իր Հովուապետական այցելութեան վերջին երեկոյեան, Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014-ին, Թեհրանի Հայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդը ճաշկերոյթ մը տուաւ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Սոյն ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ Իրանի երեք թեմերու առաջնորդները, Թեմական Խորհուրդի անդամները, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի զոյգ հայ պատգամաւորները, միութիւններու պատասխանատուներն ու բարերարները: Բացման խօսքը կատարեց Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տիար…

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ՄԵՐ ԱՊԱԳԱՆ ՉԷ, ԱՅԼ՝ ՆԵՐԿԱՆ» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Թեհրանի Հայոց Առաջնորդարանի սրահէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ներկայութեամբ Իրանի թեմակալ երեք առաջնորդներուն, հանդիպում մը ունեցաւ իրանահայ գաղութի երիտասարդներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին նախ խօսք առաւ Սեպուհ Սրբազանը շեշտելով, որ Վեհափառ Հայրապետին առօրեային մաս կը կազմեն մեր երիտասարդներն ու անոնց մտահոգութիւնները, այդ իսկ պատճառով ան անպայմանօրէն փափաքեցաւ երիտասարդ սերունդին հետ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

2-5 Նոյեմբեր 2014, Ամըրսֆուրթի մէջ (Հոլանտա), Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ, գումարուեցաւ Եկեղեցական Ընտանիքներու Ընդհանուր Քարտուղարներու ժողովը, որուն մասնակցեցան երեսուն հոգեւորական եւ աշխարհական աստուածաբաններ։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին ատենապետութիւնը վարեց Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան՝ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կիպրոսի Հայոց։ Ժողովին կարդացած իր զեկոյցին մէջ, Նարեկ Սրբազան ներկայացուց Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ընտանիքին եւ յատկապէս Հայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԵԴՐՈՆԸ

Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեանի, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի, այցելեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Միջ-կրօնական ու Մշակութային Յարաբերութիւններու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԼԻՔ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻՆ

Ընկերակցութեամբ Իրանի երեք թեմակալ առաջնորդ սրբազաններուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2014-ին, այցելեց Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի կեդրոնը, ուր ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ «Ալիք»-ի խմբագրութեան, Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հ.Յ.Դ.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներուն կողմէ: Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Գեւիկ Մկրտչեանը, իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան դերակատարութեան հայ կեանքէն ներս, յատկապէս Հայ Դատի աշխատանքներուն գծով: Ապա, խօսք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹԵՀՐԱՆԻ «ՍԱՍՈՒՆ» ԹԱՂԱՄԱՍԸ ԵՒ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂԵՑ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Թեհրանի «Սասուն» թաղամասի ժողովուրդը մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը: Դպրաց դասի ու հոգեւորականներու թափօրով Վեհափառ Հայրապետը առաջնորդուեցաւ Ս. Թարգմանչաց եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական աղօթք: Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով, յանուն շրջանի ժողովուրդին ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութիւնը: Ան ըսաւ, թէ մեր ժողովուրդին համար անհուն ուրախութիւն է ոչ…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ 85-ԱՄԵԱՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ   85-ԱՄԵԱՅ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻՆ ՈՒՆԿՆԴԻՐ

Հայեացքդ կանգ կ’առնէ անցեալի սեւաշուք ստուերներէն մերկացած քարերուն սպիտակ փսփսուքներուն վրայ, կ’անսաս «Խորհէ՛ եւ մտիր» քաղցր հրաւէրին, կը փորձես որսալ ներքին լոյսը հասարակ քարին տասնամեակներ շարունակ շունչ, ոգի եւ թռիչք պարգեւած խորհուրդին, վերանալ ու նոյնանալ այս քարեղէն շարականին կշռոյթներէն անհունացած հայուն հաւատքին արշալոյսին հետ եւ, ո՜վ զարմանք զարմանալի, յանկարծ կ’անդրադառնաս, որ Դպրեվանքը ժուժկալ ու ներամփոփ,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ

Շարունակելով Թեհրանի Հայոց Թեմին կատարած իր Հովուապետական այցելութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Իրանի երեք թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ընկերակցութեամբ, Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն յաջորդաբար այցելեց Մարիամեան եւ Սողոմոնեան վարժարանները: Յիշեալ դպրոցներու աշակերտները խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը: Աշակերտներուն դիմաց խօսք առնելով Թեհրանի Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ Նորին Սրբութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ հայ դպրոցին եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Լարիջանիին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Իրանի երեք թեմերու առաջնորդները, Իրանի խորհրդարանի երկու հայ պատգամաւորները եւ ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչները: Շուրջ ժամ մը տեւող տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող անցուդարձերը, Սուրիական տագնապին, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, շրջանէն ներս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹԵՀՐԱՆԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Թեհրանի Ս. Սարգիս Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահեց Ս. եւ Անմահ Պատարագին: Օրուան պատարագիչն էր Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեան: Յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը, թէ աշխարհ եկայ որպէսզի առաւել…