22 May, 2022

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ԶԻՆՈՒԵՑԱՒ ԵՐԵՔ ԿՈՒՍԱԿՐՕՆ ՆՈՐԸՆԾԱՆԵՐՈՎ

Կիրակի, 22 Մայիս 2022-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութան Դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Բարշ. Հրակ Սրկ. Գալայճեանի, Բարշ. Շանթ Սրկ. Գատէհճեանի եւ Բարշ. Նարեկ Սրկ. Ֆիլիքեանի կուսակրօն քահանայութեան ձեռնադրութիւնն ու օծումը՝ վերանուանուելով՝ Տ. Արմէն Աբղ., Տ. Առաքել Աբղ. եւ Տ. Ազատ Աբղ.։

 

Կոչեցեալները Աստուծոյ եւ բազմահարիւր ժողովուրդին դիմաց ծունկի եկած «Աստուածայի՜ն եւ երկնաւոր շնորհ» շարականի երգեցողութեամբ հրաժարեցան աշխարհէն, մեղքի կեանքէն եւ իրենց հին մարդէն՝ դառնալով նո՛ր մարդ՝ Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին նուիրուելով։ Ապա, Միւռոնաթափ Ս. Աղաւնին,  խարտաւիլակ հայր սուրբը Մայր Տաճարի Ս. Երրորդութեան Խորանէն բերաւ ձեռնադրիչ սրբազան հօր, որմով օծեց նորընծաներուն ճակատը եւ աջ ու ձախ ձեռքերը։ Արարողութիւնը շարունակուելով տեղի ունեցաւ վեղարի օրհնութեան եւ տուուչութեան կարգ։

 

Նորօք ձեռնադրեալ հայր հուրբերուն կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ տէր եւ տիկին Վահէ եւ Յասմիկ Յովակիմեան ամոլը։ Օծումէն ետք, մկրտարանին մէջ, ձեռամբ կնքահօր, կատարուեցաւ լուացումը երեք նորաօծ քահանաներուն ճակատներուն ու ձեռքերուն։

 

Ձեռնադրիչ սրբազան հայրը, նուիրեալները օծելէ ետք, յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Աստուծոյ փառք եւ գոհութիւն յայտնելէ ետք, ան իր խօսքը ուղղելով Վեհափառ Հայրապետին՝ որդիական երախտապարտութիւնը յայտնեց, որ Հայրապետը զինք դարձեա՛լ առիթը ընծայեց պատարագելու Մայր Տաճարիս Ս. Սեղանին վրայ եւ այս անգամ օծելու հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ երեք նոր ոյժերը։ Այս առիթով, ձեռնադրիչ սրբազանը շնորհաւորեց Նորին Ս. Օծութիւնը, Միաբանութիւնը, տէր եւ տիկին Յովակիմեանը, նուիրեալներուն ծնողները եւ ժողովուրդը ամբողջ։

 

Իր խրատական խօսքը ուղղելով նորընծաներուն՝ սրբազանը ըսաւ. «Դուք այլեւս չէ՛ք պատկանիր ձեր անձին, այլ կը պատկանիք բոլորին։ Ան, որ եղբայր է Քրիստոսի, ձեր եղբայրը կը դառնայ այսօր. ան, որ մայր է Քրիստոսի, ձեր մայրը կը դառնայ այսօր։ Հոգեւորական դառնալը դիւրին բան չէ. հոգեւոր ապրումներ ունենալը ժամանակաւոր ընթացք չէ. դուք ամէն օր հրաւիրուած էք ձեր հոգեւոր կեանքին մէջ նոր մակարդակ եւ գագաթ մը նուաճելու։ Ժողովուրդը ցաւեր ունի եւ ականջ կը փնտռէ, որպէսզի պատմէ իր յոյզերը, ցաւերը եւ տագնապները. ան որ ձեր դո՛ւռը կը զարնէ՝ կը բանաք այդ դուռը եւ ականջ կու տաք այդ ցաւերուն ու տագնապներուն, որ ժողովուրդը կ՚ուզէ խօսիլ ձեզի, այդ ձեր ոչ թէ միայն պարտականութիւնն է, այլեւ սրբազան պարտաւորութիւնը»։

 

Քարոզի աւարտին, շնորհաւորական ու երախտագիտութեան խօսքը արտասանելէ ետք, խօսքը ուղղելով Վեհափառ Կաթողիկոսին, Թորգոմ սրբազան յայտնեց. «Վեհափառ Տէր, այսօր լաւագոյն առիթը կը համարեմ Ձե՛ր Բեմէն, Ս. Աթոռի կեդրոնէն, յանուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի գործադիր իշխանութեանց, Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան եւ մեր հազարաւոր ժողովրդեան, Ձեզ պաշտօնապէս հրաւիրել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ, որպէսզի Ձեր ե՛ւ Հայրական ե՛ւ Հայրապետական ներկայութեամբ մխիթարութիւն ապրին մեր ժողովուրդի զաւակները»։

 

Քարոզէն անմիջապէս ետք, «Ողջոյն»ի պահուն, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, ներկայ միաբան հայրերը Ս. Խորան բարձրացան եւ նորընծաներուն նորաօծ ճակատն ու ձեռքերը համբուրելով ողջունեցին անոնց նոր առաքելութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ ծառայական դաշտէն եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ուխտէն ներս։

 

Աւարտին, միաբանական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարան, ուր նորընծաները ստացան Վեհափառ Հայրապետին անդրանիկ օրհնութիւն։

 

Հուսկ, նորընծայ երեք միաբան հայրերը, Մայր Տաճարի Ս. Խորանին առջեւ կանգնելով ընդունեցին հաւատացեալ ժողովուրդի շնորհաւորանքները։

 

Յայտնենք, որ աւանդութեան համաձայն, նորընծայ հայր սուրբերը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, հետեւելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին, յառաջիկայ 40 օրերը պիտի անցընեն աղօթքով, պահեցողութեամբ եւ խոկումով, սկսելու համար իրենց սրբազան առաքելութեան։