9 June, 2022

ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 9 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Հունգարիոյ նորանշանակ դեսպան Ֆէրնզ Չիլաղի այցելութիւնը։

 

Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով դեսպանին անդրանիկ այցելութիւնը, պարզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը՝ գլխաւոր երեսներով։ Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձաւ Լիբանանի ներկայ ընկերատնտեսական կացութեան եւ հայ համայնքին որդեգրած դրական ու հաւասարակշռուած դերակատարութեան, իբրեւ Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը։ Հայրապետը շեշտեց Լիբանանը դիմագրաւող տագնապներուն անմիջական լուծում տալու հրամայականը, որ կարելի է նոր կառավարութեան կազմութեամբ եւ բարեկարգչական միջոցներու որդեգրումով։ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու պահպանման գծով Հունգարիոյ պետութեան ցուցաբերած զօրակցութեան։ Այս ուղղութեամբ դեսպանը անհրաժեշտ բացատրութիւններ փոխանցեց Նորին Ս. Օծութեան եւ խոստացաւ մօտ ապագային դարձեալ հանդիպիլ նոյն հարցին շուրջ իր խորհրդակցութիւնը շարունակելու համար: