20-24 Յունիս 2022-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ ժողովին 18-րդ հանդիպումը: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս ժողովին կը ներկայացնեն մեր Ս. Աթոռի միաբաններէն Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան եւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան (համաքարտուղար). իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցան Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Գերշ. Տ. Տիրան Եպս. Պետրոսեան։
Սոյն ժողովին ընթացքի վերջնականացաւ եօթը խորհուրդներուն գծով ժողովականներուն մօտեցումները խտացնող եւ աշխատանքին մասին զեկուցող միացեալ յայտարարութիւնը, որ ստորագրուեցաւ համա-ատենապետներուն կողմէ:
Եօթը խորհուրդներու եզրակացութեան յաջորդեց նախօրոք որոշուած Մարեմաբանութեան նիւթի քննարկումը, որ պիտի շարունակուի յաջորդ հանդիպման ընթացքին եւս։
Ժողովականներ առիթ ունեցան Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպելու եւ ժողովի աշխատանքներուն մասին անդրադառնալու եւ յառաջիկայ աշխատանքային ծրագիրներուն մասին տեղեակ պահելու։
Ժողովի վերջին նիստին որոշուեցաւ յառաջիկայ տարուան հանդիպման թուականը, ներկայացուելիք ուսումնասիրութիւններու նիւթերը, ինչպէս նաեւ ժողովի վայրը՝ Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատրիարքութեան կեդրոնէն ներս, Գահիրէ, Եգիպտոս։