Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նախագահ Պերճ Սեդրակեանի այցելութիւնը:
 
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումին առանցքը դարձան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները: