28 April, 2022

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԻԼԻԱՍ ԱՈՒՏԷՅԻՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի երեկոյեան, 28 Ապրիլ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը բարեկամական այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութի Յոյն Ուղղափառ առաջնորդ Իլիաս Աուտէին։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Արքեպիսկոպոս Աուտէն համալսարանի մէջ դասընկերներ եղած են եւ երկար ժամանակ գործակցած միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի միջ-համայնքային յարաբերութեանց ծիրէն ներս։

 

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Պատրիարքութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ երկու համայնքներու գործակցութեան գծով։ Շեշտուեցաւ քրիստոնէական միութիւնը ամրացնելու եւ Լիբանանին կառչած մնալու հրամայականը, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական տագնապը լուծելու եւ յառաջիկայ ընտրութիւնները խաղաղ պայմաններու մէջ կատարելու անհրաժեշտութիւնը։