ՊԱՅՔԱՐԸ ՊԷՏՔ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ Ի ԽՆԴԻՐ ՄԵՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՏԻՐԱՑՄԱՆ

Կʼապրինք այլազան տագնապներով յղի ծանր պայմաններուն մէջ։

— Ճգնաժամի մէջ է մեր ազգը։

— Անորոշ է Արցախի ինքնանկախ գոյութիւնը։

— Վտանգուած է Հայաստանի հողային ամբող­ջականութիւնը ու նոյնիսկ անկախութիւնը։

— Լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի մեր պահանջատիրութիւնը։

 

Այս հաստատումները տեսական յղացքներ չեն, յուսահատութեամբ ու յոռետեսութեամբ պարուր­ուած զգացական արտայայտութիւններ չեն, այլ՝ ներկայ հայ կեանքի իրապաշտ արժեւորումէն թե­լադրուող խորապէս մտահոգիչ իրականութիւն­ներ, որոնց նկատմամբ իրաւունք չունինք ան­տարբեր ըլլալու եւ լուռ մնալու։ Արդ, հարկ է ըլլալ արթուն ու մանաւանդ՝ միակամ, եւ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ, խոհեմու­թեամբ ու հեռատեսութեամբ դիմագրաւել մեր ազգին ու հայրենիքին ապագան վտանգող մօ­տեցումները ու քայլերը։

 

Մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու ան­մոռաց յիշատակով օծուն Ապրիլ 24-ի առաւօտուն, սրբացեալ նահատակներու մասունքներուն առջեւ կանգնած ու հաւատարիմ անոնց կտակած սրբա­զան դատին, վեց կէտերու մէջ ամփոփելով Մեր մտածումները ու մտահոգութիւնները, միասնա­կա­նութեան ու արթնութեան հայրական կոչ կʼուղ­ղենք մեր ազգի բոլոր զաւակներուն.-

 

Առաջին, հարկ է համախմբուիլ մեր ազգին ու հայրենիքին գերագոյն ու ընդհանրական իտէալ­ներուն, շահերուն ու արժէքներուն շուրջ, ինչ ալ ըլլան մեզ իրարմէ հեռացնող պատճառները եւ մեզ շրջապատող վտանգները։ Հայութիւն ու Հայաս­տան պէտք է դաւանիլ ամէն բանէ վե՛ր՝ ոչ թէ սոսկ խօսքով, այլ գործով ու ամբողջական յանձնա­ռութեամբ։ Արդարեւ, լոզունքներ կրկնելով ու զի­րար անգոսնելով կարելի չէ իրաւունք պաշտ­պա­նել, հայրենիք կառուցել ու պետութիւն հզօրացնել։ Հարկ է ազգին ողջ մարդուժը եւ ներուժը հա­մախմբել ու գործի մղել՝ բոլոր բնագաւառներէն ներս, ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, մեզ շրջապատող տագնապներուն դիմաց ու ապագայի տեսլականներուն շուրջ։

 

Երկրորդ, հարկ է մերժել որեւէ առաջարկ կամ համաձայնագիր, ներսէն թէ դուրսէն, որ կրնայ վտանգել Հայաստանի անկախութիւնը։ Գիտե՛նք, աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմանները ի նպաստ մեզի չեն։ Տարածաշրջանէն ներս համա­պարփակ խաղաղութեան հաստատման համաձայն ենք. սա­կայն՝ ո՛չ ի հեճուկս Հայաստանի անվտանգու­թեան, հողային ամբողջականութեան ու անկա­խութեան, ո՛չ զիջումներ միայն կատարելով եւ թոյլ դիրքերէ բանակցելով։ Կը յուսանք, որ Հայաստանի ռազմավարական գործընկերը, տարածաշրջանէն ներս Հայաստանը կը նկատէ, փոխադարձ ամուր վստահութեան ու սերտ բարեկամութեան վրայ հիմնուած իր մնայուն ու վստահելի դաշնակիցը։ Նաեւ կը յուսանք, որ Հայաստանի նո՛յն գործըն­կերը եւ Հայաստանի անմիջական դրացիները կʼանդրադառնան թէ՝ տկար Հայաստանի մը դի­մաց զօրեղ Ազրպէյճան մը, եթէ ոչ այսօր, վաղը անպայման փորձանք կրնայ դառնալ ողջ տարա­ծաշրջանին համար։ Ներկայ հանգրուանին, երբ Հայաստան տկար կացութեան մէջ կը գտնուի, զգո՛յշ պէտք է ըլլայ ստորագրելու այսպէս կոչուած խաղաղութեան որեւէ համաձայնագիր, որ հետագային կրնայ աղիտալի դառնալ Հայաս­տանին համար։ Բոլոր պայմաններուն մէջ հարկ է հեռու մնալ պարտուողական մօտեցումներէ եւ մեր իրաւունքներէն նահանջելէ։ Հայաստանը ինքնահզօրացման ազդու միջոցներու պէտք է դիմէ այսօր, վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ։ Կենսական է միաժամանակ, որ Հայաստանը միշտ հետամուտ ըլլայ ընդլայնելու ծիրը իր ռազմավարական գործընկերներուն՝ բնականա­բար մեկնելով իր ազգային շահերէն եւ աշխար­հաքաղաքական տուեալ պայմաններէն։ Անհրա­ժեշտ է որ ազգին երկու թեւերը, Հայաստանը եւ Սփիւռքը, տարբեր շեշտաւորումներով հաւա­քական նո՛յն մօտեցումը ունենան ու կեցուածքը որդեգրեն Հայաստանը դիմագրաւող մարտա­հրաւէրներու ու տագնապներու գծով։

 

Երրորդ, հարկ է քաջութիւնը ունենալ, եւ Արցախի ժողովուրդը ունի՛ այդ քաջութիւնը, մերժելու որեւէ առաջարկ, պարտադրանք կամ համաձայնագիր, որ կրնայ սպառնալ Արցախի հայութեան անվտանգութեան եւ հարցականի տակ առնել իր կամքը ազատօրէն արտայայտելու Արցախի ժողովուրդին իրաւունքը։ Ժողովուրդին կամքը գերիվեր է բոլոր նկատումներէ։ Ո՛չ ոք իրաւունք ունի անտեսելու իր պատմական հողե­րուն վրայ ապրող ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքը, որ յստակօրէն ընդգծուած է մարդ­կային իրաւանց հռչակագրին մէջ։ Անկախութիւնը բացարձակ արժէք է եւ կարելի չէ զայն սակար­կութեան նիւթ դարձնել։ Արցախի ժողովուրդը իր կամքը օրինական ճամբով արտայայտած է. եւ վերջակէտ։ Կʼանդրադառնա՞նք արդեօք, որ Ար­ցախի անկախութեան կորուստը պիտի վտանգէ Հայաստանի անվտանգութիւնը ու նաեւ անկա­խութիւնը։ Արդ, հաւաքական ամուր կեցուածքով պէտք է դիմագրաւենք “զիջում կամ պատերազմ” լոզունքներով վախի ու անորոշութեան մթնոլորտ ստեղծելու փորձերը։ Արցախի ժողովուրդը իրա­ւունքը ունի անտեղիտալի վճռակամութեամբ պաշտ­պանելու երեսուն տարիներէ ի վեր արեան գնով հաստատած իր անկախութիւնը՝ ի պա­հանջել հարկին դիմելով ազգային դիմադրութեան։ Եթէ մեր կեանքի ներկայ ճակատագրական հան­գրուանին չկարենանք ժողովրդային ընդվզում, քաղաքական ամուր կամք ու մարտունակ դիւա­նագիտութիւն ցուցաբերել, այսօր Արցախը, վաղը Հայաստանը կրնան ուղղուիլ դէպի անդունդ։ Հետեւաբար, արթո՛ւն եղիր, պի՛նդ կեցիր Արցախի հայութիւն. մենք քեզի հետ ենք։

 

Չորրորդ, վերջին շրջանին դարձեալ կը խօսուի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեան բնականո­նացման մասին եւ նախնական որոշ քայլեր սկսած են առնուիլ այս ուղղութեամբ։ Հայաստանի ու Թուրքիոյ իշխանութիւնները կʼողջունեն այս երե­ւոյթը, եւ արեւմտեան պետութիւնները դրական կը նկատեն զայն։ Վստահ ենք, որ նահատակներու արիւնը կրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն հա­րազատ կեցուածքին թարգմանը կʼըլլանք կարեւո­րութեամբ յիշեցնելով՝ թէ Մեզի համար անըն­դունելի է որեւէ քայլ, որ կրնայ վտանգել մեր պահանջատիրութեան պատմական, իրաւական ու քաղաքական հիմքերը։ Պահ մը դիտեցէք ձեր շուրջը։ Թուրքիա-Ազրպէյճան գործակցութեամբ, նոր համաթուրանիզմ մը սկսած է ձեւա­ւորուիլ Կովկասէն, ինչպէս նաեւ արաբական աշ­խար­հէն ներս։ Արդարեւ, վտանգալից երեւոյթ մը, որ կրնայ աննախատեսելի հետեւանքներ ունենալ յատկապէս Հայաստանի ուղղութեամբ։ Եթէ Հա­յաս­տանի իշխանութիւնը շրջանէն ներս խաղա­ղութիւն հաստատուած տեսնելու յոյսէն եւ տնտե­սական շահերէ մղուած կʼուզէ դիւանագիտական յարաբերութիւն մշակել Թուրքիոյ հետ, անհրա­ժեշտ է որ ի յառաջագունէ յստակօրէն ճշդէ իր յարաբերութեան բնոյթն ու սահմանները՝ հաւա­տարիմ մնալով Հայաստանի սահմանադրութեան հիմքը կազմող անկախութեան հռչակագրին, ինչ­պէս նաեւ 100-ամեակի հռչակագրին մէջ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն հետապնդման գծով շեշտուած Հայաստանի պետութեան յանձնա­ռութեան։ Այլ խօսքով, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պահանջը պէտք է մնայուն տեղ գրաւէ Հայաստանի պետութեան օրակարգին մէջ։

 

Հինգերորդ, հարկ է որ մեր պահանջատիրական պայքարը նոր շեշտ ու ծաւալ ստանայ՝ համահունչ ներկայ ժամանակներու աշխարհաքաղաքական պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Թուրք­իան, պետութեան լայն կարելիութիւններու օգտա­գործումով իր ժխտողական քաղաքականութիւնը աւելի կազմակերպ կերպով կը շարունակէ՝ արեւմտեան համալսարաններէն ներս թրքագի­տութեան ամպիոններ հաստատելով, հայոց ցե­ղաս­պանութիւնը ժխտող տեղեկատուական կեդ­րոններ հիմնելով եւ այլ միջոցներով։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի պետութիւնը, եկեղեցին եւ հայ դատի մարմինները, աշխա­տանքի բաժանումով ու ներդաշնակ գործակ­ցու­թեամբ առաւել թափով շարունակեն հետապնդել մեր նուիրական դատը։ Սա համազգային պար­տաւորութիւն է։

 

Վեցերորդ, յաճախ յիշեցուցած ենք, որ ազգին ու հայրենիքին ճգնաժամային պահերը հրամա­յական է որ դիմագրաւենք միա՛սնաբար։ Արդարեւ, Արցախի կարգավիճակին, Հայաստանի անվտան­գութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբե­րութեան առնչուած եւ ո՛ղջ հայութեան համար ճակատագրական նկատուող հիմնահարցերու գծով, Հայաստանի իշխանութիւնը պարտաւոր պէտք է զգայ հաւաքական գործընթացով ու համահայկական մասնակցութեամբ որոշումներ գոյացնելու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ղեկավարութեան հետ միատեղ։ Այս ծիրէն ներս էական է քաղաքական ու յարաբերական հարուստ կենսափորձ ունեցող Սփիւռքի դերը։ Հետեւաբար, Սփիւռքի գլխաւոր կառոյցներուն միջեւ սերտ գործակցութիւնը կը նկատենք կարեւոր ու անյե­տաձգելի։ Կը կրկնենք. համահայկական խնդիրնե­րու, ծրագիրներու եւ տագնապներու գծով համա­հայկական մաշտապով խորհրդակցութիւն ունե­նալը եւ ի պահանջել հարկին որոշում կայացնելը՝ Ազգային խորհուրդի մը ճամբով, հրամայական անհրաժեշտութիւն է։ Ա՛յս է ազգն ու հայրենիքը բարգաւաճման ու հզօրութեան առաջնորդող ապա­հով ճամբան։

 

*
*  *

 

Ապրիլ 24-ը մեր երախտագիտութիւնը յայտ­նելու օր է բոլոր անոնց, որոնք հակառակ Թուրքիոյ ճնշումներուն եւ նոյնիսկ սպառնա­լիքներուն, պաշտօնապէս ճանչցան քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։

 

Ապրիլ 24-ը նաեւ նոր սերունդին յիշեցնելու օր է, թէ ինք կոչուած է, որպէս սրբազան պարտա­ւորութիւն, վառ պահելու ջահը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան։

 

Ապրիլ 24-ը յիշեցնելու օր է մանաւանդ Թուրք­իոյ, թէ 107 տարիներ հայ ժողովուրդին զաւակ­ները աշխարհի բոլոր ծագերուն իրենց բռնաբար­ուած իրաւունքները պահանջեցին եւ պիտի շարունակեն պահանջել՝ վերանորոգ վճռակամու­թեամբ ու աննահանջ ոգիով։

 

Փա՜ռք ու պատի՛ւ իր իրաւունքներուն համար պայքարող հայ ժողովուրդին։

 

24 Ապրիլ 2022

Անթիլիաս