«ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»ԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՌՑԱՆՑ ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

«Սփիւռքի Տարի»ին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած առցանց հանդիպումներուն 4-րդը յատկացուած էր տեղեկագիտութեան։ Ժողովին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը։ Առցանց նիստին մասնակցեցան «Սփիւռքի Տարի»ին աշխատանքները համակարգող յանձնախումբի անդամներն ու այս մարզին մէջ աշխատող մասնագէտներ։ Նիստին զեկուցելու համար հրաւիրուած էր «Սինոփսիս» (Syopsys) կեդրոնի եւ «Արմինիըն Վըրչուըլ Քոլէճ»ի (Armenian Virtual College) համահիմնադիր դոկտ.Երուանդ Զօրեան։   Վեհափառ Հայրապետը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

20-24 Յունիս 2022-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ ժողովին 18-րդ հանդիպումը: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս ժողովին կը ներկայացնեն մեր Ս. Աթոռի միաբաններէն Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան եւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան (համաքարտուղար). իսկ Ամենայն…

Ս. ՄԻՒՌՈՆԻ «ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԻՆ» ԱՌՋԵՒ

Միայն քանի մը օրեր կը բաժնեն մեզ այն պատմական պահէն, որուն համար սպասած ենք եօթը տարիներ: Նոյնիսկ Ս. Միւռոնի կաթսան, հարսի մը պէս քողարկուած, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի խորանին վրայ կը սպասէ այդ երանելի պահուն, երբ ի տես բազմահարիւր ժողովուրդի` պիտի բանայ իր կափարիչը, պիտի «շողարձակէ» իր բուրումնաւէտ զօրութիւնը եւ լեցնէ մեր էութիւնը նոր…