Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԵՐ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
Շաբաթ, 18 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան: Վեր. Հայտոսթեան Նորին Ս. Օծութեան յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հանգստեան կոչուելէն ետք, ինք ստանձնած է յիշեալ պատասխանատուութիւնը մինչեւ նոր նախագահի մը ընտրութիւնը, միաժամանակ շարունակելով Միութեան Կեդրոնական Խորհուրդի ատենապետի իր պաշտօնը: Վեհափառ…