Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԻՖԹԱՐԻՆ

Հինգշաբթի, 24 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Ֆայատիէի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանին բնակարանին մէջ, Երուսաղէմի միջազգային օրուան առիթով տեղի ունեցաւ իֆթար: Սոյն իֆթարին ներկայ էին բոլոր համայնքները ներկայացնող կրօնական ու պետական պատասխանատուներ: Յանուն Վեհափառ Հայրապետին սոյն իֆթարին ներկայ գտնուեցաւ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, վարիչ կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական գրասենեակի, որ իր կարգին, Նորին Սրբութեան ողջոյնները փոխանցեց Իրանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ Ն.Ս. ԻԳՆԱՏԻՈՍ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հինգշաբթի, 24 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի նորակերտ Վեհարանին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Ն.Ս. Իգնատիոս Աֆրամ Բ. ասորիներու Պատրիարքին միջեւ: Հանդիպման ներկայ էին Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան, լուսարարապետ Մայր Տաճարի եւ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան, Դպրեվանքի տեսուչ: Իսկ ասորի եկեղեցւոյ կողմէ, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը եւ պատրիարքին…

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ԱՐԻՒՆԸ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Չորեքշաբթի, 23 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կաթողիկոսարանի երիտասարդական բաժանմունքի յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ Տիար Յակոբ Հանտեանի: Հանդիպման նաեւ ներկայ էին բաժանմունքի նախկին վարիչ Ղեւոնդ Վրդ. Բենթէզեան եւ նորանշանակ վարիչ Պարոյր Աբղ. Շէրնէզեան:   Բաժանմունքի պատասխանատուները Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին անցնող ամիսներու ընթացքին իրենց կատարած աշխատանքին մասին: Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ իմացաւ, որ յանձնախումբը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Քանի մը օրեր առաջ Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան: Առաջնորդ Սրբազանը մանրամասնօրէն զեկուցեց Վեհափառ Հայրապետին ընդհանրապէս Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի, Դամասկոսի, Ճէզիրէի, Լաթաքիոյ ու Քէսապի մէջ կայք հաստատած հայորդիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն մասին: Ան նաեւ տեղեակ պահեց Նորին Սրբութիւնը հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուներուն եւ Սուրիոյ Շտապ Օգնութեան…

«ՀԱԿԱՌԱԿ ԱՌԿԱՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ՎՆԱՍՆԵՐՈՒՆ, ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՐՕՐԷՆ ԿԱՌՉԱԾ ԿԸ ՄՆԱՅ ԻՐ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի, 20 Յուլիս 2014-ին, Ս. եւ անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Վեհարանի դահլիճին մէջ, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանին արժանացուց սուրիահայ գաղութի մշակութային ու ազգային կեանքին մէջ ներդրում ունեցող ազգայիններէն Օրդ. Հուրի Ազէզեանը (Հալէպ) եւ Տիար Յակոբ Ադամեանը (Լաթաքիա): Հանդիսութեան ներկայ էին մտաւորականներ, կրթական-մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծարեալներուն մօտիկ ազգայիններ: Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ…

«ԴՈ՛ՒՔ ԷՔ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՆ ՈՒ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

6 Յուլիս 2014-ի Կիրակին յատուկ գրաւչութիւն եւ նոյնքան խոր նշանակութիւն ստացած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար: Վեհարանի ընդարձակ դահլիճը ամբողջութեամբ գրաւուած էր միաբաններու, Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերուն, ազգայիններու, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, հայերէնաւանդ նիւթերու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, ծնողներու, աշակերտ-աշակերտուհիներու եւ հայ դպրոցին ու արեւմտահայերէնին ներկայով ու ապագայով շահագրգիռ հայորդիներու կողմէ: Առիթը` արդէն աւանդութեան կարգ անցած Կաթողիկոսարանի կազմակերպած «Խաչիկ…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՎԱՏԻԿԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱՊՆԱԿԸ

3-6 Յունիս 2014 պատմական օրեր եղան Հայ Եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար։Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շքախումբով պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Վատիկան եւհանդիպում ունեցաւ Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին հետ։ Սոյն տեսապնակին մէջ խտացուած են այցելութեան զանազան հանգրուանները, հոգեւոր երկու պետերուն հրապարակային հանդիպումն ու փոխանցուած ճառերը, ինչպէս նաեւ՝ Վատիկանի զանազան բաժանմունքներուն մէջ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Անցնող օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի հովուոցի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, ընդունեց կրօնական, համայնքային ու պետական հիւրեր: Այցելուներուն շարքին էին հետեւեալ անձերը.               Ա) Նախկին նախարար Ժան Լուի Քըրտահին, որուն հետ Նորին Սրբութիւնը քննարկեց Ճիպէյլի հողաշերտին հետ առնչուած ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր:               Բ) Վեհափառ…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԵՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆՑ ԺՈՂՈՎԻՆ

Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2014, Ժընեւի մէջ, եկեղեցական արարողութեամբ, տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ժողովին բացումը։   Հայ Եկեղեցին իր երկու Կաթողիկոսական Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս ժողովին. Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այքազեան եւ Տիկ. Փօլա Տէր Մաթոսեան՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ու Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու) եւ Տիկ. Թենի Սիմոնեան (Ներկայացուցիչ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒ «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԵՒ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՐԿԱՄԵԱՅ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ»Ի ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՈՒՄ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Կիրակի, 6 Յուլիս 2014-ին, յաւարտ Ս. և Անմահ Պատարագի, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» միջ-դպրոցական մրցանքներու եւ «Արեւմտահայերէնի եւ Հայ Մշակոյթի Երկամեայ Խտացեալ Դասընթացք»ի վկայականներու բաշխման Միացեալ հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ, Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերուն, դատակազմերու անդամներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, ծնողներու և մեծ թիւով աշակերտ-աշակերտուհիներու։   Հանդիսութեան բացումը կատարելով՝ Կաթողիկոսարանի Կրթական և…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

       Չորեքշաբթի 2 Յուլիս 2014-ի առաւօտուն, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ, նախկին պետական երեսփոխան Յակոբ Գասարճեան և ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Միքայէլ Վայէճեան շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ընտրութեան և օծման 19-րդ ամեակին առիթով: Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ զրուցելու Լիբանանեան բեմի վերջին զարգացումներուն, Լիբանանը և…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2014, Ժընեւի մէջ, եկեղեցական արարողութեամբ, տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Յանձնախումբի ժողովին բացումը։   Հայ Եկեղեցին իր երկու Կաթողիկոսական Ս. Աթոռներով կը մասնակցի այս ժողովին. Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու) եւ Տիկ. Թենի Սիմոնեան (Ներկայացուցիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Եւրոպայի մէջ) կը մասնակցին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Գերշ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱԵԽ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Կիրակի 29 Յունիս 2014-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Միշել Ժալխը։   Առաջին հերթին ան, Վեհափառ Հայրապետին, որպէս Խորհուրդի նախագահներէն մէկը, մանրամասն զեկոյց տուաւ Ամմանի մէջ տեղի ունեցած միջ-եկեղեցական հանդիպման մասին, ուր կարեւոր որոշումներ առնուած էին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ծրագրային առաջնահերթութիւններու ու վարչական դրութեան առընչուած։ Ան նաեւ զեկուցեց Վեհափառին…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 19-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 29 Յունիս 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք, Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 19-րդ տարեդարձին առիթով: Հայրապետական Մաղթանքի ընթացքին Միաբան Հայրեր Աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին եւ աղօթքներ կարդացին երկար գահակալութիւն մաղթելով Վեհափառ Հայրապետին եւ անսասանութիւն՝ Մեծի Տանն…

ԱՍՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԱՖՐԱՄ Բ. ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ — Շաբաթ 28 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ. պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անթիլիասի Մայրավանքը եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական ջերմ սիրով ողջունեց նորընտիր Պատրիարքը։ Ապա, անոնք ուղղուեցան Մայր Տաճար, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք՝ մասնակցութեամբ երկու հոգեւոր պետերուն ու անոնց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐԷ ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԷ ԲԱՂԿԱՑԱԾ ԽՈՒՄԲ ՄԸ

     Հինգշաբթի 26 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց համալսարանական դասախօսներու եւ ուսանողներու խումբ մը, Անգլիայէն, Գերմանիայէն, Ամերիկայէն եւ այլ երկիրներէ։ Ուսանողները կը մասնագիտանան Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առընչուած նիւթերու, իսկ դասախօսները այդ նիւթերուն առընչուած թէ՛ դասախօսներ էին եւ թէ կարեւոր հրատարակութիւններու հեղինակներ։         Ողջունելով ներկայութիւնը շուրջ 25 անդամներէ բաղկացած խումբին, Վեհափառ Հայրապետը…

ՎԵՀԱՐԱՆԻ ՈՒ ՀԻՒՐԱՆՈՑԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Վերջին տարիներուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ ու Կաթողիկոսարանի ճարտարապետներու յանձնախումին գլխաւորութեամբ ու հսկողութեամբ շինարարական կարեւոր ծրագիրներ սկսած են իրագործուիլ Պիքֆայայի վանքէն ներս։ Այսպէս՝ Նահատակաց Յուշարձանին շրջափակի ընդլայնում, Նահատակաց բացօդեայ նոր խորանին շինութիւն, Միաբանական նոր շէնքի կառուցում, վանքի մուտքի տարածութեան ընդարձակում ու նոր դարպասի շինութիւն. ինչպէս նաեւ այլ շինարարութիւններ։ Աշխատանքներէն մաս մը արդէն հասած են…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ “ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Զ. ՀԱՏՈՐ”

     Յունիս ամսուան մէջ Անթիլիասի Տպարանէն լոյս տեսաւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ձայնագրեալ շարականներէն Զ. Հատորը, որ կը բովանդակէ այն կանոնները, որոնք կը յաջորդեն Սուրբ Յարութեան Տօնին: Յարմար նկատուեցան հետեւեալ կանոնները (Նոր Կիրակիին, Աշխարհամատրան Կիրակիին, Քրիստոսի Համբարձման, Երկրորդ ծաղկազարդին, Հոգեգալստեան եօթը օրերուն, Սուրբ Տապանակին եւ Վարդավառեան եօթը օրերուն):       Շարականներու եւրոպական ձայնագրութեամբ ընծայումը կը…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ “ԴԻՒՑԱԶՆԱԿԱՆ ՈՒՐՖԱՆ ԵՒ ԻՐ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐԸ”

Յունիս ամսուայ սկիզբին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ յուշամատեաններու Վեցերորդ հատորը՝ «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր Հայորդիները»:   Ինչպէս յայտնի է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբ ու հետեւողութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի տպարանէն կը շարունակուին լոյս տեսնել ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ ամբողջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

              Հինգշաբթի, 19 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանին և ներկայութեամբ փոխ ատենապետ, պետական երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանի, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Եղիկ Ճերեճեանի և Շաւարշ Ակինեանի:              …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Հինգշաբթի, 19 Յունիս 2014-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Պապական նուիրակ Կապրիէլ Գաչեայ: Պապական նուիրակը եկած էր բարի գալուստ մաղթելու Վեհափառ Հայրապետին Վատիկանէն վերադարձին առիթով: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորումը կատարելու Վատիկանի մէջ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած հանդիպումներուն Սրբազան Քահանայապետին և պատասխանատու Կարտինալներուն հետ:   Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ շրջանէն ներս ստեղծուած կացութիւնը ու անոր…

“ՀԵՌՈՒ ԻՐ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ՝ ԱԶԳ ՄԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ԻՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵՆԷՆ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ներկայ տարեշրջանի Սուրբ Գրոց սերտողութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Երեքշաբթի, 17 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Գրոց սերտողութեան եզրափակիչ հանդիպումին, եւ իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։   Վեհափառ Հայրապետ իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ հաստատումով “իր աւանդութիւններէն հեռացող ազգ մը կը հեռանայ իր ինքնութենէն”։ Վեհափառը նախ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՐԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Կիրակի, 15 Յունիս 2014-ին, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մարոնիթ Եկեղեցւոյ հոգեւոր Պետ Ամենապատիւ Րայի Պատրիարքին փոխանորդ Փոլ Սայահ Արքեպիսկոպոսը‎: Պատրիարքական փոխանորդը Անթիլիասի Մայրավանքը եկած էր Րայի Պատրիարքին անունով բարի գալուստ մաղթելու Վեահափառ Հայրապետին Վատիկանէն վերադարձին առիթով: Ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւն ունենալով ընդհանրապէս Լիբանանի ներքին կացութեան ու յատկապէս նախագահական ընտրութեան մասին: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Պրն. Դեսպանը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառին՝ Վատիկանէն վերադարձին։ Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Վատիկան կատարած իր այցելութեան ու յատկապէս այդ առիթով Սրբազան Քահանայապետին ու Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն գծով։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ Հայաստանի մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒՍ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ուրբաթ 13 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Ռուս եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին՝ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին ներկայացուցիչ Արսինի Եպիսկոպոսը։ Ան Վեհափառին փոխանցեց Քիրիլ Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները եւ պարզեց իր առաքելութեան նպատակը։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով ռուս Պատրիարքին ներկայացուցիչը, յիշեց որ երկար տարիներու բարեկամութիւն մը գոյութիւն ունի իր եւ Քիրիլ Պատրիարքին…

“ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑԻՆ ՔՆՆՈՒԹԵԱՄԲ ԶԲԱՂՈՂ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ՏԱՅ ՔԷՍԱՊԻՆ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Չորեքշաբթի 11 Յունիս 2014-ին, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ պատգամ մը ուղղեց Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց բռնաբարումները քննելու կոչուած միջազգային յանձնախումբի նախագահ՝ Դոկտ. Փաւլօ Սէրժիօ Փինհէյրոյին։ Իր պատգամին մէջ Վեհափառը պահանջեց, որ Քէսապի հարցը յատուկ քննութեան առարկայ դառնայ՝ նկատի ունենալով Թուրքիոյ բացասական դերը այս գծով։ Վեհափառը յատկապէս ըսաւ. ” երբ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի Օսմանեան թուրք պետութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի 11 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի։   Շուրջ ժամ մը տեւող խօսակցութեան ընթացքին, քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին ու յատկապէս Սուրիոյ ու Լիբանանին առնչուած հարցեր։   Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց դեսպանը Վատիկանի մէջ այս ուղղութեամբ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն մասին։ Դեսպանը, իր…

ՎԱՏԻԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԱՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԱՐՑԵՐԷՆ ՄԷԿԸ

Վատիկան կատարած իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախակի առիթներով անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հարցին։   Առաջին հերթին Վեհափառը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին խօսեցաւ Ֆրանսիս Պապին հետ իր ունեցած առանձին հանդիպման ընթացքին՝ առաջարկելով որ այս առիթով Պապը իր զօրակցութիւնը յայտնէ հայ ժողովուրդին։ Նոյն յիշեցումը կատարեց Վեհափառը Պապին ուղղած իր հրապարակային պաշտօնական…

“ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ Է” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան աւարտին, ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Հռոմի Կրանդ Փլազա պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։ Ներկայ էին սրբազան հայրերու կողքին գաղութներէն ժամանած ազգայինները։   Ինքնաբուխ երգերով, արտասանութիւններով ու խօսքերով լեցուն հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ աւելի քան երկու ժամ։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։   Անդրադառնալով իր այցելութեան, Վեհափառը ըսաւ որ…

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ ՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԿԱՐՏԻՆԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Շարունակելով իր պաշտօնական այցելութիւնը Վատիկան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպումներ ունեցաւ պետական քարտուղար կարտինալ Բարոլինին հետ։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Միջին Արեւելքի այժմու կացութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին, եւ գնահատեց Վատիկանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը։   Բարոլին կարտինալը Վեհափառ Հայրապետին մտահոգութիւնը բաժնելով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ

Վատիկան կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Առաջնորդ Սրբազաններուն, յաջորդաբար այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները եւ սիրալիր հանդիպումներ ունեցաւ դեսպաններուն հետ։   Լիբանանի դեսպանը, Զօր. Ժորժ Խուրի, ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը Վատիկանէն ներս յիշեց իր առաջին այցելութիւնը վեց տարիներ առաջ Պենետիքթոս Պապին։ Ան ըսաւ, որ ընդհարապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի…

ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԸ ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՌԱՆՁԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ

Հինգշաբթի 5 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ։   Հանդիպման ընթացքին Վեհափառը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մտահոգութիւնները,  ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի եւ Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութիւնը,  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը, Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ…

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԸ ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԽՕՍՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԱՆԱԿԵՆ

«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՁԵՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   «ՁԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՊՐԱԾ ՀԱԼԱԾԱնՔՆ ՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՏՏԱՑՈՂ ՎԷՐՔՆ Է ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՍՐՏԻՆ ՄԷՋ, ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՐՄՆԻՆ ՎՐԱՅ» ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊ   Վեհափառ Հայրապետին եւ Սրբազան Պապին միջեւ տեղի ունեցած առանձին հանդիպումէն յետոյ, անոնք ուղղուեցան Վատիկանի մեծ սրահը, ուր զիրենք կը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ԽՕՍԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Շարունակելով իր պաշտօնական այցելութիւնը Վատիկան, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Սէնթ Էճիտիօ կազմակերպութեան կեդրոնատեղին ու ապա յիշեալ կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը վայելող եկեղեցին։ Հոգեւորականներէ ու աշխարհականներէ բաղկացած յիշեալ կազմակերպութիւնը Վատիկանի ամենէն ազդու կառոյցներէն մէկնէ։ Ան մարդասիրական ու ընկերային ծրագիրներու առընթեր նաեւ կը զբաղի քաղաքական բնոյթ ունեցող հարցերով։ Վեհափառ Հայրապետը յաճախակի առիթներով իր խօսքն է ուղղած Սէնթ Էճիտիոյի կազմակերպած միջազգային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՏԱՀՈԳ ՀԱԼԷՊԷՆ ՆԵՐՍ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԿԱՑՈՒԹԵԱՄԲ, ԿԱՊ ԿԸ ՊԱՀԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Այսօր, Վատիկանի մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ.  Տ.  Շահան Արք. Սարգիսեան Վեհափառ Հայրապետը մանրամասնօրէն տեղեակ պահեց վերջին երկու օրերուն Հալէպի, մասնաւորաբար Նոր Գիւղի շրջանի հայահոծ թաղամասերէն ներս կատարուած սարսափելի ռմբակոծումներու մասին:   Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս հեռաձայնային կապեր հաստատեց Սուրիոյ պետական բարձր աստիճան պատասխանատուներու հետ, ինչպէս նաեւ օտար միջնորդութիւններու ճամբով ընդդիմադիր շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ, որպէսզի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԴԱՍԱԽՕՍԷ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԱՆՑ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան կատարած այցելութեան կարեւոր երեսներէն մէկը հանդիսացաւ իր խօսքը Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեամբ զբաղող կեդրոնին մէջ։ Ողջունելով Վեհափառին այցելութիւնը, կեդրոնին նախագահը Կարտինալ Քոխ շեշտեց Վեհափառին կարեւոր դերը միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց մէջ։ Ան յիշեց անոր կարեւոր նպաստը, որպէս ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն ու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդէն ներս, ինչպէս նաեւ անոր դրական դերը կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՎԱՏԻԿԱՆ

Այս առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Վատիկան։ Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը Վատիկան պիտի ընդգրկէ երեք օրեր։     Վեհափառ Հայրապետին պիտի ընկերանան հետեւեալ Առաջնորդ Սրբազանները.- Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեան, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Գերշ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՈՒ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԻՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի 2 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վատիկան մեկնելէ առաջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Ռայի Պատրիարքին հետ։   Պատրիարքը ողջունեց Վեհափառին այցելութիւնը Վատիկան՝ շեշտելով անոր ձգելիք դրական արձագանգը Լիբանանի եւ ընդհանրապէս շրջանի քրիստոնէութեան կեանքէն ներս։ Պատրիարքը նաեւ Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց իր տպաւորութիւնը ու արժեւորումը Սրբազան Քահանայապետին Երուսաղէմ կատարած այցելութեան գծով։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռայի…

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Կիրակի 1 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Սարկաւագական կարգ ստացան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Բ. Ընծայարանի վեց Կիսասարկաւագներ՝ Սարգիս Կիս. Սրկ. Աճէմեան, Համլիկ Կիս. Սրկ. Զաքարեան, Մովսէս Կիս. Սրկ. Խաչատուրեան, Յարութիւն Կիս. Սրկ.Կիւլոյեան, Յովհաննէս Կիս. Սրկ. Չուալերթանեան, Պօղոս Կիս. Սրկ. Քեսապլեան և Գէորգ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի 1 Յունիսին, Պէյրութի Ասորիներու Ս. Աֆրամ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ասորիներու նորընտիր հոգեւոր պետ՝ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքի գահակալութիւնը։ Այլ հոգեւոր պետերու շարքին գահակալութեան արարողութեան նաեւ ներկայ էր Վեհափառ Հայրապետը, իր կողքին ունենալով Լիբանանի հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը։ Գահակալութեան ընթացքին խօսք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐԱՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Կիրակի յետմիջօրէին Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտողար` Դոկտ. Օլաֆը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները եւ յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին առընչուած հարցեր: Իր ունեցած երկար տարիներու էքիւմէնիք փորձառութեան լոյսին տակ, որպէս երկու շրջաններու ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի, Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր քարտողարին փոխանցեց իր կարգ մը վերլուծումները, արժեւորումները ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՆՈՒՆՈՎ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՍՈՐՒՈՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

Երէկ առաւօտ, Դամասկոսի մէջ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ասորի եկեղեցւոյ նորընտիր հոգեւոր պետ Մար Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքի գահակալութիւնը։ Յանուն Վեհափառ Հայրապետին արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ միաբան հայրերէ եւ ազգայիններէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի։ Պատուիրակութիւնը Պատրիարքին փոխանցեց Վեհափառին շնորհաւորութիւնը ու ապա ներկայ գտնուեցաւ…

ԵՐԿՈՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Այս առաւօտ, երկու Վեհափառ Հայրապետները` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Սերժ Սարգիսեանի հետ մասնակից դարձան Սարդարապատի Մայիս 28-¬ի տօնակատարութեան եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտման իրենց արիւնը թափած հայորդիներու յիշատակին եւ ապա հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեցին: Արարողութենէն ետք տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին երկու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿ-Ի ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

Այս առաւօտ Երեւանի մէջ, նախագահութեամբ Հ. Հ. նախագահ՝ Սերժ Սարգիսեանին տեղի ունեցաւ հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակ-ի պետական յանձնաժողովի Դ. նիստը։ Ժողովին ներկայ եղան երկու վեհափառ հայրապետները։ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքին մէջ յիշեցուց որ երեք տարիներ առաջ ինք որպէս 100 ամեակ-ի ուղղեցոյց առաջարկած էր հետեւեալը . «Յիշել, Յիշեցնել եւ Պահանջել»։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ողջունեց յանձնաժողովը,…

ՆԱՐԵԿ ՍՐԲԱԶԱՆ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ԱՏԵՆԱՊԵՏԵՑ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու) ատենապետեց Եկեղեցական Ընտանիքներու Ընդհանուր Քարտուղարներու ժողովին։ Յայտնենք, թէ տարին երկու անգամ քրիստոնէական եկեղեցական գլխաւոր ընտանիքներու աւելի քան երեսուն ընդհանուր քարտուղարներ ժողով կը գումարեն եւ եկեղեցիներն ու մարդկային ընկերութիւնը տագնապեցնող հարցեր կը քննարկեն եւ անոնց լուծումներ բերող համապատասխան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Երկուշաբթի, 26 Մայիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Երեւան եռօրեայ այցելութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս պիտի մասնակցին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ժողովին, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան հանդիպումին, ինչպէս նաեւ պիտի նախագահեն հայ եկեղեցւոյ ծիսական ու սրբադասման յանձնախումբերու նիստերուն։

ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի 25 Մայիս 2014-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն կատարուեցաւ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Ձեռնադրութիւնը կատարեց Գերաշնորհ Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեան։ Արարողութենէն ետք, իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը յիշեցուց նորընծաներուն եկեղեցւոյ ծառայելու հրամայականը։ Ան ըսաւ, որ ծառայութեան ձեւերը կրնան տարբեր ըլլալ, սակայն ծառայութիւնը իր էութեամբ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2014-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Դոկտ. Ղատանֆար Ռուքն Ապատիի։ Դեսպանը Անթիլիաս այցելած էր շուրջ հինգ տարուան Լիբանանի մէջ իր դիւանագիտական ծառայութեան աւարտին, հրաժեշտ առնելու Վեհափառ Հայրապետէն։ Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր վերարժեւորոմի ենթարկելու Լիբանանի եւ շրջանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Դեսպանը իր գնահատանքը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԻ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

Շաբաթ, 24 Մայիս 2014-ին, Ամմանի մէջ (Յորդանան), Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու եւ Դրան Եպիսկոպոս) մասնակցեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ՝ Ն.Ս. Ֆրանսիս Սրբազան Քահանայապետի դիմաւորութեան։ Յայտնենք, թէ Վեհափառ Հայրապետը Յորդանանի Ապտալլահ Թագաւորէն հրաւէր ստացած էր Պապին Յորդանան այցելութեան անձամբ մասնակցելու։…

ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՆՇՈՒՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի 25 Մայիսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ հոգեհանգիստ՝ 1918 Մայիս 28-ին Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կերտման ի խնդիր իրենց արիւնը թափած նահատակներու հոգիներուն համար։ Գոհաբանական մաղթանքին ու հոգեհանգիստին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Սուրբ եւ անմահ պատարագէն յետոյ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄՈՒՖԹԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 24 Մայիս 2014-ի առաւօտուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հանրապետութեան Մուֆթի Դոկտ. Մոհամմէտ Ռաշիտ Քապպանիի։ Մուֆթիին կþընկերանային իրեն օգնական կրօնաւորներ։ Վեհափառ Հայրապետին եւ Հանրապետութեան Մուֆթիին հանդիպումը անցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ։ Արծարծուեցան շարք մը հարցեր՝ առնչուած Լիբանանի այժմու կացութեան եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու համակեցութեան։ Թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ՛…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱԿԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Այս առաւօտ Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Ատենապետ՝ Տիար Մայք Խարապեան և ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը: Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպումը, առիթ մը եղաւ քննարկելու յատկապէս հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած ծրագիրներն ու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հեռանկարները: Թ՛է Վեհափառ Հայրապետը եւ թ՛է ՌԱԿի Կեդրոնական Վարչութիւնը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրական քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ, հինգերորդ տարին ըլլալով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական եւ Հայագիտական Հարցերու Գրասենեակի կազմակերպած «Խաչիկ Պապիկեան» միջդպրոցական մրցումները հասան իրենց աւարտին` Շաբաթ, 17 Մայիս 2014-ի կէսօրէ ետք տեղի ունեցած մենակատարութեան երկրորդ հանգրուանի մրցումով:   Շաբաթ, 8 Մարտ 2014-ին մենակատարութեան Ա. հանգրուանի մրցումով սկսած «Խաչիկ Պապիկեան» մրցաշարքերու առաջին…

ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆ Կ’ԸՆՏՐՈՒԻ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

        Գանատայի Հայոց թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը կայացաւ Մոնթրէալի մէջ, 9-10 Մայիսին։ Վերջին նիստին, տեղի ունեցաւ Առաջնորդական ընտրութիւն։ Գանատայի թեմի Առաջնորդ ընտրուեցաւ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան։           Երեսփոխանական Ժողովի դիւանը տեղեակ պահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընտրութեան արդիւնքի մասին՝ խնդրելով Մեղրիկ Սրբազանի ընտրութեան վաւերացումը։ Վեհափառ Հայրապետը իր 13 Մայիս 2014…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԵԱԶԻՃԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Եազիճի Պատրիարք հանդիպում մը ունեցան Տուպայի մէջ: Հանդիպման ներկայ եղաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան:   Եղբայրական սիրոյ մթնոլորտի մէջ կայացած այս հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի եւ Քէսապի կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած…

ԱՐՄԵՆՕՖԱՍ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ-ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

9-11 Մայիս 2014-ին, Աթէնքի մէջ կայացաւ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍի յանձնախումբի տարեկան հանդիպումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Զուիցերիական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները: Հիմնարկութիւնը շարունակութիւնն է զուիցերիացի ժողովուրդին կատարած այն մարդասիրական աշխատանքներուն, որոնք սկիզբ առին հայոց ցեղասպանութեան հետ: Նշենք, թէ ԱՐՄԵՆՕՖԱՍի յանձնախումբը տարին անգամ մը կը հանդիպի Անթիլիասի, Յունաստանի կամ Զուիցերիոյ մէջ:   Եռoրեայ հանդիպման oրակարգին…

ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Անցնող օրերուն Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցած միջազգային միջ-կրoնական համագումարը իր աշխատանքներու աւարտին կատարեց յայտարարութիւն մը:   Յիշեալ յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ.-   — Միջ-կրօնական յարաբերութեան ու գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: — Մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւնը քաջալերելու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կոչին զօրակցութիւնը: — Մարդկային ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող զանազանութեանց պահպանումը ու միաժամանակ հասարակաց տուեալներու ու ազդակներու շեշտաւորումը: — Կրօնը…

ՄԻՕՐԵԱՅ ՍԵՄԻՆԱՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Շաբաթ, 10 Մայիս 2014 ի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն ներս, տեսչութեան կազմակերպութեամբ,  տեղի ունեցաւ միօրեայ սեմինար, նուիրուած՝ միջազգային օրէնքի (International Law) եւ մարդկային իրաւանց հարցերու (Human Rights): Սեմինարը վարեց՝ Տիար Գէորգ Յակոբճեան, որ իր համալսարանական բարձրագոյն ուսման եւ փորձառութեան լոյսին տակ փորձեց ընդհանուր կերպով ներկայացնել վերոյիշեալ նիւթերը: Պարոն դասախօսը իր առաջին նիւթով ներկայացուց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԸ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ

Երէկ գիշեր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի եւ Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի, այցելեց Պահրէյնի լիբանանեան դեսպանատունը:   Հանդիպումէն յետոյ դեսպանը պաշտoնական ընդունելութիւն մը տուաւ, որուն ներկայ եղան նաեւ լիբանանեան այլ համայնքներու պատկանող հոգեւորական եւ աշխարհական անձնաւորութիւններ:   Յայտնենք, որ Պահրէյնի միջազգային համագումարը լայն արձագանգ գտաւ տեղական մամուլին մէջ: Նաեւ յայտնենք, որ ժողովական աշխատանքներուն…

‘‘ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐԿ Է ՎԵՐԱԾԵԼ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ’’ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Անկախ իր տուած դասախoսութենէն, Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ հրաւիրուեցաւ խoսք առնելու Պահրէյնի մէջ այս oրերուն տեղի ունեցող միջազգային միջ-կրoնական համագումարին, նախագահութեամբ Պահրէյնի թագաւորին:   Վեհափառ Հայրապետը շեշտելէ յետոյ երկխoսութեան հրամայականը ներկայ աշխարհին մէջ, կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-   ա) Երկխoսութիւնը պէտք է մտաւորական աշխարհէն փոխադրել ամէնoրեայ կեանքին: Կ’ապրինք բազմակրoն ու բազմամշակութային ընկերութեան մէջ: Չենք կրնար…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԳՈՐԾՕՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԵՐԵՆ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ընկերացող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան անդամները գործoն մասնակցութիւն կը բերեն Պահրէյնի միջազգային համագումարին:   Տիկին Թենի Սիմոնեան, Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբի փոխ-ատենապետուհին եւ Զուիցերիոյ Վորչեսթըր համալսարանի կրoններու պատմութեան դասախoսուհին, դասախoսութիւն մը տուաւ միջ-կրoնական դաստիարակութեան նուիրուած նիստին: Ան շեշտեց ներկայ բազմակրoն ընկերութեան մէջ դաստիարակչական նոր մoտեցումներ ու մեթոտներ որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը:  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՃԱՇԻ ՀՒՒՐԸ ԵՂԱՒ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ

Պահրէյնի միջազգային համագումարի բացման առաջին օրը, պետութեան կողմէ յատուկ հրաւիրեալներ, շուրջ տասնըհինգ անձնաւորութիւններ, ճաշի հիւրը եղան Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ-Խալիֆային։ Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Սեպուհ Սրբազանին, ներկայ գտնուեցաւ յիշեալ ճաշկերոյթին։   Պահրէյն ժամանման առաջին գիշերը, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Պահրէյնի փոքրաթիւ հայ համայնքին հետ։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Սէուտական Արաբիայէն ժամանած հայորդիներ։   Ի…

“ԶԱՆԱԶԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԲԵՒԵՌԱՑՈՒՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

        Երկուշաբթի 5 Մայիս 2014-ի առաւօտուն, Պահրէյնի մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա Ալ-Խալիֆայի կողմէ կազմակերպուած միջ-կրօնական միջազգային համագումարին։ Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած էր յիշեալ համագումարին որպէս գլխաւոր դասախօս, նիւթ ունենալով “Կրօնը, Մշակոյթը ու քաղաքակրթութիւնը՝ ի սպաս մարդկութեան”։          Իր դասախօսութեան սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Պահրէյնի թագաւորին այս…

ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՐՑՈՎ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍՏԱՑԱՒ ՆԱՄԱԿ Մ.Ա.Կ.-Ի ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒԷՆ

       Երէկ առաւօտ, Արամ Ա. Կաթողիկոս, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գաղթականներու հարցերու ընդհանուր պատասխանատու՝ Վալերի Ամոսէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Վեհափառ հայրապետին հետ իր ունեցած հանդիպման, ու անոր կատարած ցուցմունքներուն համար եւ կը վստահեցնէ թէ մօտէն կը հետեւի Քեսապի գաղթականներուն հարցին, շարունակելով այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ օժանդակութիւնը:      …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆԸ

Չորեքշաբթի 30 Ապրիլ 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի գործադիր մարմնի անդամները։   Յիշեալ մարմինը, որուն կը մասնակցին Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները՝ Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն եւ այլ զանազան շրջաններէ, Լիբանան կը գտնուի, Պէյրութի մէջ ունենալու իր տարեկան հանդիպումը։   Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՊԱՀՐԷՅՆ ԵՒ ԱՊԱ ՎԱՏԻԿԱՆ

Յառաջիկայ Կիրակի , 4 Մայիս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի մեկնի Պահրէյն ընկերակցութեամբ Թեհրանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեան յանձնախումբի փոխ-ատենապետ Տիկին Թենի Սիմոնեանի։ Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած է որպէս գլխաւոր դասախօս միջազգային համագումարի մը՝ կազմակերպուած…

ԱՍՈՐԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՅԻՆ

Երէկ առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ասորի Ուղղափառ Եեկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք Իգնատիոս Աֆրամ Բ.ի ներկայացուցիչը՝ Մետրոպոլիտ Ճորճ Սալիպա, շնորհաւորելու Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով եւ միանգամայն իր զօրակցութիւնը յայտնելու հայոց ցեղասպանութեան 99ևամեակին առթիւ։ Ան նաեւ Աֆրամ Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին։   Յայտնենք, որ Լիբանանի Ասորի համայնքը իր կարգին անցեալ շաբաթ…

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

«ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ, ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՄԵՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՈՐԱԿԸ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՆԹԻԼԻԱՍ- Շաբաթ 26 եւ Կիրակի 27 Ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեանի (Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ), Տ, Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի (Առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԵՐՄԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԷ ԲԱՂԿԱՑԱԾ ՊԱՏՈԻԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Երէկ առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Կաթոլիկ Եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ նախագահութեամբ Լութֆիկ Շինկ Արքեպիսկոպոսին։ Յիշեալ պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն էր մօտէն տեղեակ դառնալ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն։   Ողջունելով Գերմանիոյ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ այս նախաձեռնութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն պարզեց շրջանէն ներս տեղի ունեցող նոր զարգացումները, յատկապէս ծանրանալով քրիստոնեայ…

“ՀԱՅ ժՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ՈՐ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԵՏՈՒԹԵՆԷՆ, ԱՅԼ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՈՒ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հինգշաբթի, 24 Ապրիլի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յատուկ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը։   Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագը մատոյց Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։ Յաւարտ պատարագին, ներկայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ Մայրավանքի Նահատակաց Մատրան շուրջ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Ապա, Վեհափառ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՄԱՐՏ 14-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երեքշաբթի 22 Ապրիլ 2014-ի առաւօտուն Լիբանանի Մարտ 14-ի քաղաքական խմբաւորումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ յիշեալ համախմբումի կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Տքթ. Ֆարէս Սըէտի, այցելութիւն մը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։  Շուրջ ժամ մը տեւող խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր։ Պատուիրակութեան անդամները իրենց մօտեցումները ու մտահոգութիւնները պարզեցին…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՆՁՆԱՊԷՍ ԿԸ ՀՍԿԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԱՃԻՒՆՆԵՐՈՒ ԶԵՏԵՂՄԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Անթիլիասի Մայրավանքի Նահատակաց մատուռը հիմնական բարենորոգութեան ընթացքի մէջ է, բարերարութեամբ Զուիցերիայէն Տէր եւ Տիկին Զարեհ Պէզիքեանի։ Նորոգութեան առիթով Տէր Զօրէն բերուած նահատակաց աճիւնները ի պահ դրուած էին։ Երէկ առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետին հսկողութեամբ աճիւնները նոր դասաւորումով դարձեալ զետեղուեցան Նահատակաց մատրան մէջ։ Մատրան նորոգութիւնները պիտի աւարտին մի քանի ամիսէն, ապա տեղի պիտի ունենայ…

՛՛ Մի ՎԱԽՆԱՔ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՒ՝՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

՛՛Քրիստոսի թափուր գերեզմանին առջեւ կատարուած այս հաստատումը դարձաւ քրիստոնէական հաւատքին հիմքը ու քրիստոնէութեան գոյատեւման առանցքը՝ պատմութեան հալածանքներուն ու պատերազմներուն դիմաց: Փաստօրէն քրիստոնէութեան պատմութիւնը եղած է նահատակութեան պատմութիւն. հալածանք ու տառապանք միշտ շրջապատած են կեանքը քրիստոնէութեան: Սակայն, Քրիստոսի յարութեամբ զօրացած քրիստոնէութիւնը յաղթահարած է կեանքի ամէն տեսակ չարիք: Մենք կը հաւատանք, որպէս քրիստոնեաներ որ յարութեան ճամբան խաչի…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ

Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը եկած էր Անթիլիասի Մայրավանքը մասնակից դառնալու Քրիստոսի խաչելութեան ու թաղման արարողութեան։ Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ յատուկ տեղ գրաւած է յիշեալ արարողութիւնը որ լեցուն է յուզումնախառն շարականներով, մեղեդիներով ու աղօթքներով։ Ընդհանրապէս քրիստոնէութիւնը ու յատկապէս մեր եկեղեցին յատուկ կարեւորութիւն տուած է այս արարողութեան, որովհետեւ Քրիստոսի խաչին ու գերեզմանին մէջ տեսած է Աստուծոյ Որդւոյն…

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

“ՍԷՐԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՐՁՆԵՆՔ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԳՈՐԾԻՆ ԱՌԱՆՑՔԸ”                                                                 Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարելով Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՔՐԻՍՏՈՍ ԽԱՉՈ՛Վ ԿԵՐՏԵՑ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ   Հայ եկեղեցւոյ շարականը հետեւեալ ամփոփ սակայն խորիմաստ բառերով կը բնութագրէ Քրիստոսի Յարութիւնը՝ “մահուամբ մահը յաղթեց”։ Մահկանացու մարդուն համար մահով մահը յաղթելը բանականութեան ու երեւակայութեան սահմանները անդրանցնող երեւոյթ մըն է։ Հո՛ս կը կայանայ խորհուրդը Աստուծոյ Որդւոյն Յարութեան ու պատգամը՝ համայն մարդկութեան։ Ինչո՞ւ Աստուծոյ Որդին մարդկային պատմութեան մէկ հանգրուանին երկիր իջաւ եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ԹԵՄԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Այս տարի եւս, Աւագ Շաբթուան տօնին առիթով Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ միաբան հայրեր առաքուեցան թեմեր մասնակից դառնալու Աւագ Շաբթուան ու Զատկուան հոգեպարար արարողութիւններուն, եւ իրենց քարոզներով հոգեւոր խանդավառութիւն ստեղծելու մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Աւագ Շաբթուան բոլոր արարողութիւններուն Լիբանանի թեմի եկեղեցիներէն ներս պիտի մասնակցին միաբան հայրերը։ Նաեւ՝ Լաթաքիա առաքուեցաւ  Հոգշ. Տ. Արտակ Աբղ. Արապեան, Կիպրոս՝ Հոգշ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԱՏԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Չորեքշաբթի 16 Ապրիլ 2014-ի երեկոյեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի դատական բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Ժան Ֆահէտ։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Լիբանանի ընդհանուր կացութեան, յատկապէս դատական մարզին առնչուած։ Այս ծիրէն ներս նաեւ արծարծուեցան համայնքային դատարանին կապուած շարք մը հարցեր։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց որ հայ համայնքը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ ընտանիքին կապուած իրաւական հարցերուն, որովհետեւ ընտանիքը նուիրական…

ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Աւագ Երեքշաբթի 15 Ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան, Աւագ Շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններու սկզբնաւորութեան կատարուող՝ Տասը Կոյսերու Յիշատակի ժամերգութեան: Յիսուսի պատմած Տասը Կուսանաց առակէն առնելով իր իմաստը, սոյն ժամերգութիւնը կու գայ յիշեցնելու մարդկութեան, Յիսուսի երկրորդ գալուստը եւ աշխարհի վախճանը։ Մինչ Աւետարանի ընթերցումը տեղի կ’ունենար, տասը հայ աղջիկներ, «Ազգ. Եղիշէ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԸ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԶԱՒԱԿԱՆԵՐՈՒ ԲԱԶՄԱՀԱԶԱՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ

Կիրակի 13 Ապրիլ 2014-ին, Ծաղկազարդի օրը՝ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակին, հազարաւոր հայ մանուկներ իրենց ծնողներուն հետ խուռներամ բազմութեամբ լեցուցած էին Անթիլիասի Մայրավանքը: Տօնական խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ մանուկներու թափօրը ծայր առաւ Մայր Տաճարէն ու Կաթողիկոսարանի հիւսիսային դարպասէն դուրս, ամբողջ Մայրավանքի շրջանը ըրաւ, ու մայր դարպասէն ներս մտաւ, ցնծագին ուրախութեամբ լեցնելով մանուկներու սրտերը: Ս. պատարագը…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԹԵՄԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Անթիլիաս, Չորեքշաբթի 9 Ապրիլ 2014 Չորեքշաբթի 9 Ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչեները, Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու անդամները, Թեմակալ Առաջնորդները եւ հրաւիրեալ մասնակիցներ գումարեցին 100-ամեակի ծրագիրները համադրող համագումար մը։ Համագումարը լսեց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը, ծանօթացաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100–ԱՄԵԱԿԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ

1.- Հայրապետական Կոնդակ                 100-ամեակի սեմին Վեհափառ Հայրապետը յատուկ Կոնդակ մը պիտի հրապարակէ, շեշտելով ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հրամայականը, կոչ ուղղելով միջազգային համայնքին արդարութիւն հատուցանելու հայ ժողովուրդին, միաժամանակ թելադրելով մեր թեմերուն, որ բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ նշեն 100-ամեակը։   2.- Ցեղասպանութեան  ուսումնասիրութեան  կեդրոն                 Կեդրոնի ծրագիրը վերջին տարիներուն Վեհափառ Հայրապետին ու Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան մնայուն քննարկումի…

ՈՒՂԵԳԻԾ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՄԱՆ ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ՈՒ ՊԱՀԱՆՋԵԼ

         Ներկայ գրութիւնը հայրապետական պատգամն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ուղղուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու Առաջնորդներուն եւ 100-ամեակի յանձնախումբերու ատենապետներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած համագումարին, Չորեքշաբթի 9 Ապրիլ 2014ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։            Հայ Դատը իւրաքանչիւր հայուն եւ ամբո՛ղջ հայութեան դատն է։ Ա՛յս խոր գիտակցութեամբ ու ամբողջական յանձնառութեամբ կոչուած ենք…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ

Երեքշաբթի յետմիջoրէին միջ-­եկեղեցական կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Քաթոլիկ Ասորիներու Պատրիարք Եուհան, Պէյրութի մարոնիներու Մաթար Արքեպիսկոպոս, լեռնալիբանանի Ուղղափառ Ասորի մեթրոպոլիտ ԺորԺ Սալիպա, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Լիբանանի գործադիր վարչութեան անդամներ եւ միջ-­եկեղեցական շարժումի նիւթապէս նպաստող Հոլանտական ու Շուէտական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:   Յիշեալ հանդիպումէն առաջ Հոլանտայի եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ

Նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովը, գումարուած Հինգշաբթի 3 եւ Ուրբաթ 4 Ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին, ամբողջական յանձնառութեամբ զօրավիգ կը կանգնի Հայոց ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան միջազգային թէ’ համազգային բոլոր ճիգերուն, որոնք կը միտին արդարութիւն հատուցել մեր ժողովուրդին եւ կանխարգիլել մարդկային ընկերութեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովը, գումարուած Հինգշաբթի 3 եւ Ուրբաթ 4 Ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս ազգընտիր Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս ծաւալող քաղաքական ու ապահովական խնդիրներուն նկատմամբ, եւ յատկապէս սուրիահայութեան ներկայ կացութեան առնչութեամբ:   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր միաբանութեամբ ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՋԱՒԱԽՔԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ

Երկուշաբթի 7 Ապրիլ 2014­ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Ջաւախքէն ժամանած խումբ մը տաղանդաւոր պատանիներ ընկերակցութեամբ իրենց պարուսոյցին եւ Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեանին: Անոնք Լիբանան ժամանած էին  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան (ՋԱՀ) յանձնախումբի հրաւերով մասնակցելու Ջաւախքի Մշակոյթի Շաբթուան յայտագիրներուն։ Վեհափառ Հայրապետը նախ գնահատեց պատանիները եւ շեշտեց…

«ՇԷՆՔԸ ՄԻՋՈՑ Է ՍՈՍԿ. ՄԵՐ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ԾԱՌԱԱՅՈՒԹԻՒՆ Է» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս բառերով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչները ու բարերարները, որոնք եկած էին Պիքֆայա, Շաբաթ 5 Ապրիլին ներկայ գտնուելու Միաբանութեան նոր Շէնքին բացման արարողութեան։ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Շէնքը որքան ալ գեղեցիկ ըլլայ արժէք չէ ինքիր մէջ. արժէք կը դառնայ ան երբ նպատակի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀԱՊԱՆՆ Է ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ՝ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԱՋԻՆ

Անթիլիասի Ուխտի օրը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, այլեւ մեր ամբողջ ժողովուրդին համար: Եօթը տարին անգամ մը տեղի ունեցող միւռոնօրհնութեան արարողութենէն բացի, արիւնով ու քրտինքով պահուած Լուսաւորիչի օրհնաբաշխ Սուրբ Աջը տարուան ընթացքին միայն մէկ անգամ իր արծաթապատ արկղէն դուրս կու գայ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները կու գան Անթիլիաս` ստանալու Սուրբին օրհնութիւնը:…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ ԺԲ-ՐԴ ՆԻՍՏ «ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՏԱՆԻԼ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՎԵՐԱԾԵԼ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովի ԺԲ-րդ նիստը տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի Կիւլպենկեան սրահին մէջ, Հինգշաբթի 3 եւ Ուրբաթ 4 Ապրիլ 2014-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:   Դիւանի անդամ ընտրուեցան ատենապետներ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան. ատենադպիրն…եր՝ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Աբղ. Սարգիսեան:…

ՄԱԿԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի 2 Ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գաղթականններու հարցերու ընդհանուր պատասխանատու Դոկտ. Վալէրի Ամոսը, ընկերակցութեամբ իր անմիջական օգնականներուն։ Դոկտ. Ամոս միօրեայ այցելութեամբ կը գտնուէր Լիբանան մօտէն զբաղելու Լիբանան հաստատուած շուրջ մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներուն առնչուած հարցերով։  Վեհափառ Հայրապետը նախ իր գնահատանքը յայտնեց Դոկտ. Ամոսին, ՄԱԿի Ապահովական Խորհուրդին ներկայացուցած իր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Վաղը, Հինգշաբթի, 3 Ապրիլի առաւօտեան, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ բացումը պիտի կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին։ Վեհափառ Հայրապետին պատգամէն յետոյ Տնօրէն Ժողովը իր տեղեկագիրը պիտի ներկայացնէ, ապա տեղի պիտի ունենայ ընդհանուր քննարկում՝ միաբանութեան կեանքին ու առաքելութեան առնչուած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։ Միաբանական ժողովը նաեւ պիտի վաւերացնէ Միաբանական Կանոնագրութիւնը, որ ենթարկուեցաւ որոշ բարեփոխումներու։ Միաբանական Ընդհանուր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Վաղը, Հինգշաբթի, 3 Ապրիլի առաւօտեան, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ բացումը պիտի կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին։ Վեհափառ Հայրապետին պատգամէն յետոյ Տնօրէն Ժողովը իր տեղեկագիրը պիտի ներկայացնէ, ապա տեղի պիտի ունենայ ընդհանուր քննարկում՝ միաբանութեան կեանքին ու առաքելութեան առնչուած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։ Միաբանական ժողովը նաեւ պիտի վաւերացնէ Միաբանական Կանոնագրութիւնը, որ ենթարկուեցաւ որոշ բարեփոխումներու։ Միաբանական Ընդհանուր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԵՒ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի 1 Ապրիլ 2014-ի առաւօտուն Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական Ժողովի հանդիպում, մասնակցութեամբ Թեմակալ Առաջնորդներուն։   Հանդիպման ընթացքին զեկոյցներ տրուեցան միջ-եկեղեցակիան ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց, ծիսական ու Սրբադասման յանձնախումբերու աշխատանքներուն, եւ կրօնական բնոյթ ունեցող այլ հարցերու գծով։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան ու յատկապէս Քէսապի գծով Մեծի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԱՖՐԱՄ ՔԱՐԻՄԸ

Այս առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Աթշանայի վանքը եւ շնորհաւորեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք Ն.Ա. Աֆրամ Քարիմը։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ նորընտիր Պատրիարքը, որոնք մօտէն ծանօթ էին իրարու, անդրադարձան հայ եւ ասորի եկեղեցիներու դարաւոր սերտ յարաբերութեան եւ շեշտեցին առաւել գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը երկու եկեղեցիներուն միջեւ, յատկապէս Միջին Արեւելքի շրջագծէն ներս։   Այցելութեան ընթացքին…

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՔԱՐՏԻՆԱԼ ՔՈԽ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ 29 Մարտ 2014-ի առաւօտուն Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ Կարտինալ Քոխ, ընկերակցութեամբ նոյն բաժանմունքի պատասխանատուներուն եւ Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Կարտինալ Կապրիէլ Կասիայի։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Գերշ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան միջ-եկեղեցական…

ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ երեկոյ Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ՝ Տէրէք Փլամպի։ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրեպետին հետ Քեսապի հարցին շուրջ խորհրդակցիլ։   Յայտնենք որ օր մը առաջ Նիւ Եորքէն հեռաձայնած էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր` քարտուղար Պան Քի Մունի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ճէֆրի Ֆելթմանը եւ ուզած էր Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը ունենալ Քեսապէն ներս ստեղծուած կացութեա…ն գծով։ Վեհափառ…