13 June, 2022

ԵՐԵՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Ներկայ աշխարհի պայմաններուն ու յարաբերութիւններուն մէջ երկխօսութիւնը, փորձառութիւններու փոխանակումը եւ փոխադարձ ճանաչողութիւնը հրամայական դարձած են որեւէ ժամանակէ աւելի։ Ազգեր, ժողովուրդներ, ընկերութիւններ, կազմակերպութիւններ ու եկեղեցիներ երկխօսութեան ու փոխ-յարաբերութեան ճամբով կը ծանօթանան իրար, կը զարգանան մշակոյթներ, կը մշակուին յարաբերութիւններ եւ գործնապէս կ՚արտայայտուին լայնախոհութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը։

 

Վերոյիշեալ տեսլականներու լոյսին տակ, Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ յառաջացած աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբը յարմար նկատած էր, որ յիշեալ երկու եկեղեցական ընտանիքները յաջորդաբար կազմակերպեն երիտասարդ հոգեւորականներու փոխադարձ այցելութիւններ, որպէսզի աւելի մօտէն ու ամբողջական կերպով ճանչնան զիրար:

 

2020 թուականին սկիզբ առած վերոյիշեալ ծրագիրը համաճարակին պարտադրած պայմաններուն հետեւանքով կանգ առած էր։ Արդարեւ, պայմաններու բարելաւումէն ետք, 2022-ի 30 Մայիսէն 6 Յունիսին Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդ ներկայացուցիչները հիւրընկալուեցան կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ, Վատիկանի մէջ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս ծրագիրին մասնակցեցան երեք երիտասարդ հոգեւորականներ.- Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Մայրավանքի Մայր Տաճարի փոխ-լուսարարապետ Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեան եւ Նիւ Եորքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմ). իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Հոգշ. Տ. Ռուբէն Վրդ. Զարգարեանը, Արժ. Տ. Տիգրան Քհն. Բադիրեանը եւ Արժ. Տ. Արսէն Քհն. Միրզոյեանը։

 

Վատիկանի (իմա՛ կաթողիկէ եկեղեցւոյ) զանազան ու այլազան բաժանմունքներու եւ համալսարաններ ու հիմնարկներ այցելութիւններու եւ պատասխանատու քարտինալներու ու տնօրէններու հետ հանդիպումներու ու երկխօսութիւններու ճամբով, մասնակից երիտասարդ հոգեւորականները առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու Վատիկանի կառոյցին ու աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

 

Նշենք, որ այցելութիւններու շարքին կարեւոր տեղ գրաւեց Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ հանդիպումը։ Հանդիպման ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Պապը շեշտեց եկեղեցիներու միութեան անհրաժեշտութիւնը եւ աղօթքով ամէն տեսակ դժուարութիւն ու մարտահրաւէր դիմագրաւելու կարեւորութիւնը՝ միասնական աղօթքի հրաւիրելով ներկաները։

 

Յիշեալ Վատիկանի ծանօթացման ծրագիրի աւարտին, հայ հոգեւորականները այցելութիւն տուին Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեանին։ Հոգեւոր հայրերը ընդհանուր գիծերով դեսպանին պարզեցին Վատիկան այցելութեան առիթը եւ վերոյիշեալ ծրագիրին նպատակը։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ եկեղեցին ու հայրենիքը յուզող շարք մը հարցեր։