1 July, 2022

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 31-ՐԴ ՆԻՍՏԻՆ

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ՄԵծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 31-րդ նիստին, 25 Յունիս 2022-ին, Երեւանի մէջ: Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէր Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան (Մատենադարանապետ): Ժողովը քննարկեց օրակարգային երեք նիւթեր՝ գործադիր տնօրէնի 2021-ի գործունէութեան հաշուետուութիւնը, տարեկան՝ 2021-ի նիւթական հաշուետուութունը եւ կանոնադրութեան փոփոխութեան հարցը: Ժողովը համապատասխան տնօրինումներ կատարեց։

 

Այս ժողովին առընթեր, Շահան սրբազան հանդիպումներ ունեցաւ, յատկապէս Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին հետ, փոխանցելով Վեհափառ Հայրապետի եղբայրական ողջոյնները, իսկ այլ առիթով այցելեց Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպանուհի դոկտ. Նորա Արիսեանին, որուն փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառի շնորհաւորութիւնները դեսպանական նոր պաշտօնին եւ բարի ծառայութեամբ յաջողութիւն մաղթեց:

More News