ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱՓԱԿԷՆ ՆԵՐՍ ՆՈՐ ՇԷՆՔԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆ

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող նոր շէնքը, 24 սենեակներէ բաղկացած՝ իր շտեմարանով ու պահեստանոցով, պիտի գործածուի եպիսկոպոսներու եւ հիւրերու համար։ Շինութիւնը պիտի աւարտի յառաջիկայ Գարնան։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեալ ծրագրին բարերարին անունը պիտի յայտարարէ շէնքի բացման հանդիսութեան ժամանակ։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԸ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, ինչպէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախ կը շեշտէ, ինքզինք կ՚իրագործէ գերազանցօրէն որպէս ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։ Այս գիտակցութենէն մղուած Դպրեվանքը կը գործէ եւ միաբան հայրեր հաւատարիմ իրենց կոչումին կը ծառայեն Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս ու թեմերուն մէջ։ Վերջին շրջանին միաբանութեան ծառայական դաշտէն ներս հետեւեալ նշանակումները կատարուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ.- —…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի 100-ԱՄԵԱԿԸ

Ինչպէս ծանօթ է, ներկայ տարին 100-ամեակն է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան։ Այս առիթով յատուկ ձեռնարկներու ճամբով Երեւանի մէջ կը նշուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան մասնակից դարձան հանդիսութիւններուն։ Պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին Հայր Սուրբը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Սրբատառ Կոնդակը։  …

ՅԱՆՈՒՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ

Աթենքի արուարձաններէն մէկուն մէջ, վերջին օրերուն ու տակաւին շարունակուող անտառային հրդեհներու զոհ գացին մեծ թիւով քաղաքացիներ։ Այս տխուր առիթով, երէկ՝ Երկուշաբթի, 23 Յուլիս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին թելադրութեամբ, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան կապ հաստատեց Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Նորին Ամենապատուութիւն Հերոնիմոս Արքեպիսկոպոսին հետ եւ յանուն Նորին Սրբութեան եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ Մ.Ա.Կ.-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Երեքշաբթի, 24 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց սուրիական տագնապի լուծման Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչ՝ Տի Միսթուրայի փոխանորդ՝ Անթուան Լահհամը։   Ժընեւի Մ.Ա.Կ.-ի կեդրոնատեղիին մէջ իր գրասենեակը ունեցող Ա. Լահհամը, Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Տի Միսթուրայի ու իր կատարած վերջին շրջանի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն ներս տեղի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԸՆԴԴԷՄ ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ, ԾԱՅՐԱՅԵՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉԻ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՈՏՆԱԳՆԴԱԿԻ ԽԱՂԻՆ

Չորեքշաբթի, 18 Յուլիս 2018-ին, Համանա (Լիբանան) գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ոտնագնդակի խաղ՝ հովանաւորութեամբ The Global Forum for Religions and Humanity կազմակերպութեան, «Միասնականութիւն ընդդէմ բռնութեան, ծայրայեղութեան եւ թմրեցուցիչի» խորագրին տակ: Այս ոտնագնդակի խաղին մասնակցեցան հոգեւորականներ՝ Լիբանանի բոլոր համայնքներէն։ Արդարեւ, ընդառաջելով վերոյիշեալ կազմակերպութեան հրաւէրին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը ներկայացուց Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանը՝ իր մասնակցութիւնը…

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՈՐԲԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՆՆՋԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ

Երեքշաբթի, 17 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց «Թռչնոց Բոյն»՝ իրազեկ դառնալու արդէն իրենց աւարտին հասած շինարարական աշխատանքներուն:   Ինչպէս յայտնած էինք նախապէս, թէ արժանթինահայ Տիանա Տէր Յովսէփեանի բարերարութեամբ, «Թռչնոց Բոյն»ի ամենահին կառոյցներէն մէկը ամբողջութեամբ վերանորոգութեան ընթացքի մէջ էր՝ որբերուն համար լայն կարելիութիւններով յարմարաւէտ ննջարաններ ստեղծելու:   Յայտնենք, որ բարերարուհին այս բարերարութիւնը ստանձնած…

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 16 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վատիկանի մօտ Լիբանանի նորանշանակ դեսպան՝ Դոկտ. Ֆարիտ Խազէնին։ Նորանշանակ դեսպանը նախքան Վատիկան մեկնիլը փափաքած էր այցելութիւն մը տալ Վեհափառ Հայրապետին, որպէսզի Նորին Սրբութենէն տեղեակ դառնայ Վատիկանի կեցուածքը Միջին Արեւելքին, յատկապէս Լիբանանի նկատմամբ։ Հայրապետը քաջատեղեակ ըլլալով ընդհանրապէս Միջին…

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՉԻ՛ ԿՐՆԱՐ ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՄՆԱԼ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՒԶՈՂ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Եկեղեցին եւ ընկերութիւնը» այժմէական նիւթին շուրջ, Հինգշաբթի, 12 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ շուրջ 40 անձերէ բաղկացած օտար համալսարանական ուսանողներու, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Դպրեվանքի սրահէն ներս։ Ուսանողները եկած էին Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի զանազան երկիրներէ, մասնակցելու երեք շաբաթներու վրայ տարածուած աստուածաբանական ու էքիւմէնիք կազմաւորման դասընթացքներու։ Շուրջ ժամ մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»Ի ՏՆՕՐԷՆԸ

Երեքշաբթի, 10 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց «Արմէնփրէս»ի տնօրէն՝ Արամ Անանեանը։ Հանդիպումին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, յիշեալ բաժանմունքին վարիչի օգնական՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան, ինչպէս նաեւ «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերու խմբագիրները։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Կիրակի, 8 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Պարիէն (Իտալիա) վերադարձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Արցախի Վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ։   Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ներկայ կացութեան ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Նորին Սրբութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին ու յատկապէս մեր արի բանակին՝ շեշտելով, թէ Արցախի պաշտպանութիւնն ու հզօրացումը մեր համայն ազգին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԻՏԱԼԻԱ

Ընդառաջելով Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապի հրաւէրին, այսօր երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետը Մարոնիթ եկեղեցւոյ Րաայի Պատրիարքին հետ յատուկ օդանաւով մեկնեցաւ Իտալիա, մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առնչուած հաւաքին։ Յիշեալ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ հարաւը գտնուող Պարի քաղաքին մէջ։   Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանք պիտի վերադառնայ Կիրակի, 8 Յուլիս 2018-ին։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՊՔԷՐՔԷՅԻ ՄԷՋ

5 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Պքէրքէյի մէջ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մարոնիթ եկեղեցւոյ Րաայի, Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. եւ ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ Եունան պատրիարքներուն։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խօսելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մասին ու յատկապէս յառաջիկայ օրերու Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպումին, որուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Երկուշաբթի, 2 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ֆրանսայի Հանրապետական Ժողովրդային կուսակցութեան նախագահ՝ Ֆրանսուա Ասելինոյին։ Ֆրանսացի քաղաքագէտը, որ նաեւ նախագահական թեկնածու էր Ֆրանսայի վերջին նախագահական ընտրութիւններուն, Լիբանան այցելած էր մօտէն տեղեակ ըլլալու Լիբանանի կացութեան եւ արժեւորելու Ֆրանսայի դերակատարութիւնը ընդհանրապէս շրջանէն ու յատկապէս Լիբանանէն ներս։   Աւելի…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ԺՈՂՈՎԸ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 1 Յուլիս 2018-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան քառօրեայ ժողովին բացումը։   Վեհափառ Հայրապետը բացման նիստին դասախօսեց միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ իր ունեցած փորձառութեան եւ ներկայիս անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ միջ-եկեղեցական շարժումը թէ՛ տեղական եւ թէ համաշխարհային մակարդակի վրայ գործունէութիւն…

ԾՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ՝ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին, Շաբաթ, 30 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ծնողներու մեծարանքի ձեռնարկ։   Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսք արտասանեց երգչախումբի ղեկավար՝ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան։ Ան կարեւորեց հայ ընտանիքին արժէքը սփիւռքի ներկայ պայմաններուն մէջ ու մաղթեց, որ անոնք համբերութեամբ կատարեն իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնը՝ թէ՛ ընտանիքին եւ…

«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՐԴԱՆՈՒԷՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 1 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 23-րդ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք։ Ս. եւ Անմահ Պատարագին հանդիսապետեց Վեհափառ Հայրապետը, Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ` Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, իսկ Պատարագին…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ «ԿՐՕՆԸ ԵՒ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԸ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ Կ՚ԱՒԱՐՏԷ ԻՐ ԵՌՕՐԵԱՅ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 29 Յունիս 2018-ին, «Կրօնը եւ Կենսոլորտը» թեմայով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին 8-րդ երկխօսութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Փակման նիստին հանդէս եկան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, վերոնշեալ կազմակերպութեան նախագահ՝ Դոկտ. Ապուզար Իպրահիմի Թիւրքմէն եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջ-կրօնական երկխօսութեան կեդրոնի նախագահ՝ Դոկտ. Մոհամետ Մահտի Թասխիրի։ Փակման հանդիսութենէն…

«ԿՐՕՆԸ ԵՒ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԸ» 8-ՐԴ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՆԻՍՏԵՐԸ

Հինգշաբթի, 28 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին միջեւ տեղի ունեցող 8-րդ երկխօսութիւնը շարունակեց իր նիստերը Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ։   Նախորդ օրուան առաջին նիստով իրենց զեկուցումները ներկայացուցած էին Այաթոլլա Դոկտ. Ահմետ Մոպալաղի եւ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան՝ «Կրօնապետներու Փոխազդեցութիւնը Կենսոլորտին Վրայ. Մոհամմետ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԻՋԵՒ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 27 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ «Կրօնը եւ Կենսոլորտը» խորագիրով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ միջազգային հաղորդակցութեան կեդրոնին միջեւ 8-րդ երկխօսութիւնը։   Բացման նիստին հանդէս եկան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու վերոյիշեալ կեդրոնին նախագահը՝ Դոկտ. Իպրահիմի Թիւրքմէնը։   Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին իր գնահատանքը յայտնեց տուեալ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

  Երկուշաբթի, 25 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական հիմնարկի նախագահ՝ Դոկտ. Ճորճ Սապրան։ Վերջինս ընդհանուր գիծերով Նորին Սրբութեան ներկայացուց հիմանարկին ակադեմական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրները՝ զանազան բնագաւառներէ ներս։   Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց հիմնարկին կողմէ կատարուող աշխատանքը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու հիմնարկին միջեւ զարգացող գործակցութիւնը։ Նշենք,…

ՀԵՀՈՄ-Ը ԿԸ ՆՇԷ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 55-ԱՄԵԱԿԸ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ նախագահութեամբ Տէր եւ Տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեանին, Շաբաթ, 23 Յունիս 2018-ին, Տըպայայի «Լը Ռուայալ» պանդոկի «Ռուպի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական  Ուսանողներու Միութեան հիմնադրութեան 55-ամեակի նշումը, որուն ներկայ էին նախկին թէ ներկայ ՀԵՀՈՄ-ականներ, ազգայիններ, բարերարներ եւ ՀԵՀՈՄ-ի բարեկամներ։ Ընթրիքին հայրենասիրական եւ ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ…

ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՌՈՄԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Շաբաթ, 23 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հռոմի արեւելեան համալսարանի նախագահին՝ Հայր Տէյվիտ Նազարին։   Լիբանան կատարած իր կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, համալսարանի նախագահը ուզած էր հանդիպում ունենալ Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ թէ՛ մօտէն ծանօթ ըլլալու Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ թէ խորհրդակցելու համալսարանի…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Շաբաթ, 23 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ նոր նշանակուած Պապական նուիրակ՝ Ճոզէֆ Սփիթերին։   Նկատի ունենալով, որ Պապական նուիրակը մօտէն ծանօթ չէ թէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ թէ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան, Վեհափառ Հայրապետը լայն տեղեկութիւններ տուաւ թէ՛ հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ, Ն.Ս. ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ԵՒ Ն.Ս. ՄԱՐ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ԱԹՇԱՆԷԻ ՄԷՋ

21-22 Յունիս 2018-ին, Աթշանէի, Լիբանան, ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ն.Ս. Թաուատրոս Բ եւ Ն.Ս. Մար Աֆրամ Բ. պատրիարքներուն միջեւ հանդիպում մը՝ խորհրդակցելու հայ, ղպտի եւ ասորի եկեղեցիներուն առնչուած հարցեր ու մարտահրաւէրներ, յատկապէս Միջին Արեւելքի ծիրէն ներս։   Երեք եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցական կառոյցը հիմնուած է 1997 թուականին…

ՂՊՏԻ ԵՒ ԱՍՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 22 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, ղպտի եկեղեցւոյ պետ ՝ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. եւ ասորի եկեղեցւոյ պետ՝ Ն.Ս. Մար Աֆրամ Բ. պատրիարքները, իրենց ընկերակցող եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը, շրջապատուած միաբան հայրերով, ընդունեց այցելութիւնը երկու հոգեւոր պետերուն։   Երեք հոգեւոր պետերը նախ ուղղուեցան Սրբոց Նահատակաց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ

Երեքշաբթի, 19 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու կաթոլիկ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութեան մը։ Պատուիրակութեան Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի  կացութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան։   Վեհափառ Հայրապետը, առաջին հերթին, պատուիրակութիւնը տեղեակ պահեց շրջանէն ներս տեղի ունեցած վերջին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Երեքշաբթի, 19 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ՝ Տիար Պերճ Սեդրակեանը։   Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Հայաստանէն ներս վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցերն ու ծրագիրները։

«ՄԵՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՊԷՏՔ Է ՏԵՂ ՏԱՆՔ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի, 19 Յունիս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի Դահլիճին մէջ ընդունեց Կանանց Հոգեւոր Լսարանի մասնակիցները, որոնք ամէն Երեքշաբթի, Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին նախաձեռնած կրօնաբարոյական ու Աստուածաշունչի սերտողութեան լսարաններուն կը հետեւին։   Աւանդութիւն դարձած այս հանդիպումը ընթացք առաւ «Տէրունական Աղօթք»ով, որմէ ետք լսարանի մասնակիցները միաբերան ընթերցեցին սաղմոս մը եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ»Ի ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

«ՄԻԱՑԵԱԼ ՃԻԳՈՎ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՇԵՇՏԵԼ՝ ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏԸ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Կիրակի, 17 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի Դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի «Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի եւ Կրթական-հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպած հայ լեզուի ու գրականութեան, հայոց պատմութեան, մշակոյթի ու կրօնագիտական նիւթերու եւ ասմունքի մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւնը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԻՐ 88-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԸ ՆՈՒԻՐԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻՆ

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Շաբաթ, 16 Յունիս 2018-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին 88-րդ կրթական-ուսումնական տարեշրջանին ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը, որ ձօնուած էր Վեհափառ Հայրապետին աբեղայական ձեռնադրութեան 50-ամեակին։   Հայրապետական թափօրին մուտքէն ետք, յայտագիրը ընթացք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Դպրեվանքի քայլերգներով, որմէ ետք բացման…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀՈՒՆՁՔԸ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Երեքշաբթի, 12 Յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական բաժանմունքին Հայագիտական կեդրոնին առաջին շրջանաւարտներուն վկայականաց բաշխումը։   Ի դէպ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ յանձին Նորին Սրբութեան արեւմտահայերէնի հանդէպ յատուկ հոգածութիւնը 2012-2013 տարեշրջաններուն թարգմանուեցաւ արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքներու ստեղծմամբ, որ ապագային…

ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ն․Ս․ ՄԱՐ ԱՖՐԱՄ Բ․ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երեքշաբթի, 12 Յունիս 2018-ի առաւօտեան, Պիքֆայայի Ս․ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ՝ Նորին Սրբութիւն Մար Աֆրամ Բ․ Պատրիարքին։   Երկու հոգեւոր պետերուն հանդիպումը առիթ մըն էր ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ ներկայ կացութեան եւ երկու եկեղեցիներու գործակցութեան։   Հանդիպման ընթացքին նաեւ…

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 10 Յունիս 2018-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան մատուցեց Ս. Եւ Անմահ պատարագ եւ կատարեց սարկաւագական ձեռնադրութիւն, խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչներէն Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի։ Ս. եւ անմահ Պատարագի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի կիսասարկաւագներէն Գրիգոր Արապաթլեան, Ղազար ՔԷօշկէրեան,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին աբեղայական ձեռնադրութեան յիսնամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ։ Լիբանանի պետական նուագախումբը, խմբավարութեամբ մայէսթրօ Յարութ Ֆազլեանի եւ մենակատարութեամբ աշխարհահռչակ սօփրանօ Յասմիկ Պապեանի, դիւթեցին Նահատակաց յուշարձանին առջեւ հաւաքուած հոծ բազմութիւնը, որմէ մաս մը ժամանած էր Սփիւռքի տարբեր գաղութներէն։ Ձեռնարկին ներկայ էին դիւանագիտական ու համայնքային, ինչպէս նաեւ Լիբանանի համայնքի զանազան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԸ

Շաբաթ, 9 Յունիս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանին՝ Մոհամետ Ֆաթհալի այցելութիւնը։ Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ տեսակէտներու փոխանակում ունենալու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող եւ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր։ Թէ՛ Նորին Սրբութիւնը եւ թէ դեսպանը անդրադարձան Իրանի մէջ հաստատուած հայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, 3 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, հեռաձայնային կապ հաստատեց Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերուն գծով։ Պարոն նախագահը ընդհանուր գծերով Վեհափառ Հայրապետին պարզեց տիրող կացութիւնը ու անոր դրդապատճառները։ Նորին Սրբութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնելով Պրն. նախագահին եւ Արցախի ժողովուրդին՝ շեշտեց, թէ…

ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՕԾՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 2 եւ Կիրակի, 3 Յունիս 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան փաղանգին միացան երկու երիտասարդ աբեղաներ։ Արդարեւ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Ձեռանադրութիւն եւ օծում ստացան Դպրեվանքի աւարտական դասարանի սարկաւագներէն՝ Բարշ. Պետրոս Սրկ. Տէր Կարապետեան եւ Բարշ. Մկրտիչ Սրկ. Քիւրիւմեան, ձեռամբ…

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՍՏԵՂԾՈՒՄ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի տեղեկատուական նախարարին՝ Մըլհէմ Ռիաշիին, Ուրբաթ, 1 Յունիս 2018-ին, Tele Lumier եւ Nour Sat լիբանանեան հեռատեսիլի կայանները, հրապարակեցին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որ կը միտի ամրացնել միջին արեւելեան երկիրներու քրիստոնէական տեղեկատուութեան յարաբերութիւնները։   Սոյն մամլոյ ասուլիսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կը մասնակցէր Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքը: Մամլոյ ասուլիսին նաեւ ներկայ էին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏ ՄԱՐ ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 31 Մայիս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ասորի եկեղեցւոյ պետ՝ Նորին Սրբութիւն Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին ներկայացուցիչը՝ Ճորճ Սալիպա Եպիսկոպոսը։   Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցիլ Յունիսի աւարտին երեք հոգեւոր պետերու (Հայ Եկեղեցւոյ, Ղպտի Եկեղեցւոյ եւ Ասորի Եկեղեցւոյ) միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպման օրակարգին մասին։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Վերջին քանի մը օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետեւեալ այցելութիւնները տրուեցան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս.-   Ա) Փրոֆ. Սուրոմի Անզելմ, Պուտաբեսթի (Հունգարիա) կաթոլիկ համալսարանի նախագահ։ Բ) Զաւէն Խանճեան եւ Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն եւ նախագահ։ Գ) Դոկտ. Մայք Պասուս՝ Միջին Արեւելքի Սուրբ Գրոց Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար։ Դ) Վերապատուելի Գրիգոր…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ՀԵՐՈՍ ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՇԻՐԻՄԻՆ ԱՌՋԵՒ ԵՒ ՀԱՄԵՐԳ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ «ԱՐՄԱՇ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿՈՂՄԷ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին ձախ կողմը գտնուող «Զարեհեան Դամբարան»ին մէջ, Կիրակի, 27 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երանաշնորհ հայրապետներէն՝ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանի շիրիմին առջեւ։ Երանաշնորհ Հայրապետը որպէս վարդապետ, հայ զինուորի կողքին մասնակից դարձած է…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ

  «ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՈԳԻՆ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՐՁՆԵԼ ՀԵՆՔԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ, ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՄԱՐՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ     Կիրակի, 27 Մայիս 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ՝ նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին։ Օրուան պատարագիչն էր Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք.…

ՀԱԼԷՊԻ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Աղօթքով եւ օրհնութեամբ մեկնարկուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդանիստ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը, Ուրբաթ, 25 Մայիս 2018-ի կէսօրին, Հալէպ: Սուրիահայութեան հոգեւոր-մշակութային խորհրդանիշ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին նաեւ պատմական ու հնագիտական յատուկ արժէք կը ներկայացնէ ո՛չ միայն հայութեան ու քրիտոնէութեան, այլեւ սուրիական դարաւոր պատմութեան ու բազմաշերտ մշակոյթին: Հայ ուխտաւորներ Երուսաղէմի ճամբու ընթացքին, Հալէպի հոգետան…

ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, շուրջ տարի մը առաջ, Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարանը մերժած էր քննարկել Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին կողմէ նոյնպէս քննարկման մերժումի ենթարկուած Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքը։ Անցնող ամիսներուն, յիշեալ դատական հայցը շարունակելու վճռակամութենէ մղուած, Կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը խորհրդակցութիւններ ունեցած էր թէ՛ եւրոպական եւ թէ թրքական իրաւական հարցերու ծանօթ մասնագէտներու հետ եւ յանգած էր…

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ

16 Մայիս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Տիար Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց վարչապետը իր ընտրութեան առիթով, ողջունեց նորակազմ կառավարութիւնը, եւ յաջողութիւն մաղթեց վարչապետին ի սպաս Հայաստանի առաւել ծաղկման ու հզօրացման։

ԿԻՊՐՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ուրբաթ, 11 Մայիս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահին անձնական ներկայացուցիչը՝ Ֆոդիս Ֆոդիուն։   Արդարեւ, Ֆոդիս Կիպրոսի համայնքներու եւ կիպրական սփիւռքի առնչուած հարցերու պատասխանատուն է։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մօտ Կիպրոսի դեսպանուհի՝ Քրիսթինա Ռաֆթին եւ դեսպանատան քաղաքական ու հիւպատոսական հարցերու պատասխանատուները։   Առաջին հերթին Ֆոդիս Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց նախագահին անձնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԼՈՔԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 10 Մայիս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նորընտիր Խորհրդարանի հայկական պլոքի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Տիար Յակոբ Բագրատունիի։ Յայտնենք, որ Տիար Բագրատունիի կողքին, հայկական պլոքի ներկայ անդամներն են Տիար Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան։   Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով իրենց երեսփոխան ընտրութիւնը, իր ուրախութիւնը յայտնեց հայկական երեսփոխանական պլոքի կազմութեան, միաժամանակ ըսաւ, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ ՀԵՏ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱՄ 26-ՐԴ ԱՄԵԱԿԸ

Չորեքշաբթի, 9 Մայիս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ հեռաձայնային խօսակցութեամբ կը շնորհաւորէ Շուշիի ազատագրամ 26-րդ ամեակը։ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց Պրն. Նախագահին, որ Շուշիի ազատագրման 26-րդ ամեակը ամբողջ հայութեան ուրախութիւն ու հպարտութիւն առթող պատմական դէպք է։ Անհրաժեշտ է սակայն, որ Արցախը միշտ մնայ կիզակէտը ամբողջ հայութեան, որովհետեւ Արցախի…

ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 8 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ նոր նշանակուած դեսպանուհիին՝ Մոնիքա Շմուդզ Քիրկոզին, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական կցորդին՝ Հ. Թույարտին եւ զուիցերիական ու լիբանանեան գործարարներու միութեան վարչութեան անդամներէն՝ Պերճ Արապեանին։   Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան, Հայաստանի ու Զուիցերիոյ յարաբերութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը դիմագրաւող…

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ՏԻԿՆԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 7 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, գլխաւորութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ` Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանին, ընդունեց Դպրեվանքի նոր նշանակուած Տիկնաց Խորհուրդը։   Հայր Սուրբը առաջին հերթին զեկուցեց Վեհափառ Հօր Խորհուրդին կատարած աշխատանքներուն մասին՝ անոր կազմութեան օրէն մինչեւ օրս։ Խորհուրդին առաքելութիւնն է օգտակար հանդիսանալ Դպրեվանքի առաւել բարեզարդման՝ զանազան բնագաւառներու մէջ։   Նորին Սրբութիւնը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ

Մեծայարգ Տիար Նիկոլ Փաշինեան Նորընտիր Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւան   Սիրելի՛ Պրն. Փաշինեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՚ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը, որպէս Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան։   Արդարեւ, դուք այս յոյժ պատասխանատու պաշտօնը կը ստանձնէք Հայաստանի պատմութեան ներկայ ճշդորոշիչ հանգրուանին։ Մենք մօտէն հետեւեցանք Ձեր առաջնորդութեամբ տեղի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ 300-ԱՄԵԱԿԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր տնօրինումով, 3 Մայիս 2018-ին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան մեկնեցաւ Վենետիկի Սուրբ Ղազարու Վանք, իբրեւ ներկայացուցիչը Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Սրբազանը Ս. Ղազար Մայրավանքին մէջ մասնակցեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան սոյն կղզիին վրայ հաստատման 300-ամեակին նուիրուած «Մխիթար եւ Մխիթարեաններ, քրիստոնէութեան լուսաւորութեան դպրանոց մը» խորագրով գիտաժողովին,…

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Ապտալլա Բ. Թագաւորին միջ-կրօնական երկխօսութեան կեդրոնին, Ամմանի մէջ 2 Մայիս 2018-ին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ու իսլամ կրօններու ներկայացուցիչներու միջեւ։ Նման հանդիպում մը դարձեալ տեղի ունեցած էր ամիսներ առաջ։ Յիշեալ հանդիպումին նպատակն էր՝ թէ ինչպէ՞ս կարելի է երկխօսութենէ անդին գործակցութիւն յառաջացնել քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքներու միջեւ եւ այս ծիրէն ներս ի՞նչ…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 30 Ապրիլ 2018-ին, միջ-եկեղեցական երիտասարդական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպումին կը մասնակցէին զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի պատասխանատուները։   Հանդիպումին նպատակն էր կազմակերպել 2019 թուականին տեղի ունենալիք երկու երիտասարդական համագումարները թէ՛ համաշխարհային մակարդակի վրայ եւ թէ Միջին Արեւելքի ծիրէն ներս։ Յայտնենք,…

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆԸ ԻՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՄՆԱՅ ԵԶԱԿԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս բառերով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, 4 Մայիս 2018-ին, ողջունեց «Թռչնոց Բոյն»ի տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը՝ յիշեցնելով անոնց ո՛չ միայն մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ «Թռչնոց Բոյն»ի կատարած որբահաւաքի եւ ցեղասպանութենէն վերապրած մեր որբերու դաստիարակութեան հսկայ գործը, այլ նաեւ շարունակուող մարդասիրական առաքելութիւնը։ «Թռչնոց Բոյն»ը տունն է մեր ազգի բոլոր որբացած զաւակներուն եւ զանազան պատճառներով ընտանեզուրկ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՏԻԱՐ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Շուրջ ժամ մը առաջ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնորդին՝ Տիար Նիկոլ Փաշինեանին միջեւ։   Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց բռնարարքներէ հեռու մնացած եւ Հայաստանէն ներս ընկերային արդարութիւն հաստատելու ձգտող ժողովրդային շարժումը, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Տիար Փաշինեանին, որ կը փորձէ սահմանադրական ճամբով ու համախոհական ոգիով երկիրը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՔՈՎ ՈՒ ՀԱՄԱԽՈՀԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ՃԳՆԱԺԱՄԷՆ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐՈՂ ՃԻԳԵՐԸ

Երկուշաբթի, 30 Ապրիլ 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իրեն այցելող հիւրերուն անդրադառնալով Հայաստանէն ներս ստեղծուած ներկայ կացութեան, կարեւորութեամբ շեշտեց թէ «կ՚ողջունեմ սահմանադրական գործընթացքներով ու համախոհական ոգիով Հայաստանը ներկայ քաղաքական ճգնաժամէն դուրս բերելու ձգտող բոլոր կողմերուն իմաստութիւնն ու յանձնառութիւնը»։ Շարունակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Ա՛յս է Հայաստանը դէպի հզօրացում, ու մեր ժողովուրդը, Հայաստանի թէ…

«ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՄԻԱՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԱՌՈՅՑ ՉԷ՛ ԵՂԱԾ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ ԻՐ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՏԵՂԸ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԵՒ ՈՒՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 29 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» եւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբերը Ազգային Միացեալ Վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլին Խաչատուրեան» սրահին մէջ հանդէս եկան «Ազգային Երգերու Համերգ»ով, որ ձօնուած էր Վեհափառ Հայրապետին քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 50-ամեակին։ Խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանին, զոյգ երգչախումբերը, շուրջ…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ՝ Թաներ Աքչամի, ընկերակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի քաղաքական գիտութեանց դասախօս՝ Յովհաննէս Կէօքճեանի։ Դոկտ. Թաներ Աքչամ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց ցեղասպանութեան մասին հրատարակած իր նոր գիրքը եւ պարզեց յառաջիկայի իր ծրագիրները նոյն մարզէն ներս։ Յայտնենք, որ Դոկտ. Թաներ Աքչամ մօտէն ծանօթ է Նորին Սրբութեան։…

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՐՕ ԷՇԿԵԱՆ 100.000 ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ

Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս 1996 թուականին հաստատուած «Կիլիկիա» թանգարանը իր բովանդակութեամբ յատուկ տեղ կը գրաւէ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ ընդհանրապէս հայ կեանքէն ներս։ Հնագիտական ու մշակութային կարեւորութիւն ներկայացնող իրերու կարգին, հոն ցուցադրուած են կիլիկեան շրջանի մշակութային ու կրօնական բնոյթ ունեցող իրեր։ Իր հաստատումէն ետք թանգարանը ստացած է թանկարժէք նոր իրեր։ Հոն կ՚այցելեն հայ թէ օտար հիւրեր։…

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի այցելեց Ֆրանսայի եպիսկոպոսներու խորհուրդի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան յանձնաժողովը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հոգեւորականներ եւ համալսարանի դասախօսներ։   Այցելութեան նպատակն էր մօտէն տեղեակ դառնալ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան առնչուած խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ու յատկապէս Լիբանանի մէջ։…

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ՆԱԶԱՐԵԱՆ 200.000 ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ

Քուէյթի ազգայիններէն՝ Անուշաւան Նազարեան 200.000 ամերիկեան տոլար նուիրեց Դպրեվանքէն ներս մատենադարանի հաստատման։ Մատենադարանը պիտի կոչուի իր զաւակներուն՝ Նունէ եւ Նինարէ Նազարեաններու անունով։   Նշենք, որ Անուշաւան Նազարեան նաեւ իր կարեւոր ներդրումը բերած է Քուէյթի եկեղեցւոյ ու ազգային առաջնորդարանի շինութեան եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխան»ի շքանշանին։

«ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԲԱԺԱՆ ՄԱՍԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ ամեակը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ընդմէջէն, զոր մատոյց Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ որուն երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։ Ոգեկոչման ներկայ էին Մայրավանք ժամանած հայ թէ օտար ուխտաւորներ,  պետական նախարարներ, երեսփոխաններ, հայկական երեք կուսակցութիւնները, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ուխտաւորներու հոծ բազմութիւն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ԱՊՐԻԼ 24-Ի ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՀԵՌՈՒ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ միաբանական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով պարզեց Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւնները։ Ան շեշտեց, որ մեր եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ, սոսկ դիտողի կրաւորական վիճակին մէջ մնալ ի տես հայրենիքէն ներս պարզուող ներկայ բողոքի ու ընդվզումի արտայայտութիւններուն։ Հայրենիքը ժողովուրդն է.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՏԻԱՐ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

20 Ապրիլ 2018-ի գիշերը, Հայաստան կատարած իր կարճատեւ այցելութենէն վերադարձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հեռաձայնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեան։ Վեհափառ Հայրապետին ու Արցախի նախագահին միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ Հայրապետին Հայաստան կատարած այցելութեան ու յատկապէս Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն։

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՆԵՐՔԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՑՈՒՄԸ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ ԵՆ, ՈՐՈՆՑ ՇՈՒՐՋ ՊԷՏՔ Է ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻՆՔ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, 20 Ապրիլ 2018-ին, շուրջ երեք ժամուան այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ։ Ապա, երկու Վեհափառ Հայրապետները յաջորդաբար այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին՝ Տիար Արմէն Սարգիսեանին եւ վարչապետին՝ Տիար Սերժ Սարգսեանին։   Վեհափառ Հայրապետները թէ՛ նախագահին եւ թէ վարչապետին հետ աւելի քան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐՆՆԵՐԸ Կ՚ՈՂՈՂՈՒԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԵՒ ՕՏԱՐ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՈՎ

Շաբաթ, 14 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան ժամը 5-էն սկսեալ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զոյգ թանգարանները՝ Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանը ու Ժիպէյլի Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը իրենց դռները լայն բացած էին աւելի քան 1000 այցելուներու դիմաց, որոնք թանգարանները կ՚այցելէին Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարութեան կազմակերպած «Թանգարաններու Գիշեր» ձեռնարկի շրջագիծին մէջ։ Արդարեւ, այս առաջին տարին չէր, որ Կաթողիկոսարանի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԶՕՐԱՆԱՅ ՉՈՐՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ

Շաբաթ 14 եւ Կիրակի 15 Ապրիլ 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան չորս միաբան հայրեր՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան (Առաջնորդ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմին), Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան (Առաջնորդ Սպահանի հայոց թեմին), Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան (Կաթողիկոսական Փոխանորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմին) եւ Գերպ. Տ.…

ԿՐՕՆԱԿԱՆ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԳՈՒՄԱՐՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

12-13 Ապրիլ 2018-ին, յաջորդաբար Կրօնական, Քաղաքական ու Տնտեսական ժողովներու հանդիպումներ տեղի ունեցան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Կրօնական Ժողովը իր լիակատար նիստին ընտրեց դիւանը, որուն մաս կը կազմէր Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան (ատենապետ), Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան (ատենապետ), Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան (ատենադպիր) եւ Հոգշ. Տ. Պօղոս…

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ուրբաթ, 13 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեանը եւ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն շուրջ։ Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու հրամայականը։

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միջին Արեւելքի մէջ իրենց կեդրոնը ունեցող ասորի ուղղափառ պատրիարքութեան, ղպտի ուղղափառ պատրիարքութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ 1995 թուականին հաստատուած գործակցութեան կառոյցը, յաճախակի հանդիպումներ ունեցած էր թէ՛ հոգեւոր պետերու եւ թէ անոնց ներկայացուցիչներուն միջեւ՝ Անթիլիասի, Դամասկոսի եւ Գահիրէի մէջ։   Այս ծիրէն ներս վերոյիշեալ երեք եկեղեցիներու ներկայացուցիչները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, մետլոպոլիտ Անպա…

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ     1985 թուականին սկիզբ առած Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը 1993-ին փաստօրէն կանգ առած էր զանազան պատճառներու բերումով։   Յանձնաժողովի համա-ատենապետներու՝ Պիշոյ եւ Էմմանուէլ մետրոպոլիտներու առաջարկով եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ 12 Ապրիլ 2018-ին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։ Հանդիպումին ներկայ…

«ՏՈՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐՈԱԻՔ ԿԱՐԵՒՈՐԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ -ԿՐԹԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնած ու գլխաւորած «Տոքթ. Յարութիւն եւ Վերոնիք Կարեւորեան» հիմնադրամը այս տարի եւս մշակութային ու կրթական ծրագիրներու յատկեցումներ կը կատարէ։   Ֆրանսերէն գիրքի մը հրատարակութեան առընթեր, հիմնադրամը ֆրանսական թեքում ունեցող հետեւեալ դպրոցներուն որոշած է յատկացումներ կատարել.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք, Հայ Կաթողիկէ Հռիփսիմեանց…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԶՈՅԳ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ՝ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ, ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ» ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զոյգ թանգարանները կը մասնակցին «Թանգարաններու գիշեր» (Museums Night կամ Nuit des Musées) համաշխարհային ձեռնարկին, որ Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 14 Ապրիլ 2018-ին երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ։   Համաշխարհային այս ձեռնարկը Լիբանանի մէջ 5-րդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ։ Այս տարի Լիբանանի մէջ 13 թանգարաններ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, բաղկացած հետեւեալ անձերէն.- Քրիստոֆըր Հիլ եպիսկոպոս՝ նախագահ խորհուրդի, մեթրոպոլիտ Էմմանուէլ ու Քարին Պըրս Թրէնտ եպիսկոպոս՝ փոխ-նախագահներ եւ Դոկտ. Հայքի Հիւթընըն՝ ընդհանուր քարտուղար։   Այցելութեան նպատակն էր իմանալ Նորին Սրբութեան տեսակէտը ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող խնդիրներուն շուրջ։ Հայրապետը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԳՆԱՀԱՏԱՔԸ ՅԱՅՏՆԵՑ «ԿՈԿԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ

Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն ընդունելով «Կոկիկեան» հիմնարկի ընդհանուր տնօրէնուհի Սուհէյլա Հայէքը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց անցնող տարիներու ընթացքին հիմնարկին կատարած կրթական մարզէն ներս աշխատանքներուն գծով։ Հիմնարկի տնօրէնուհիին ընկերացող Շանթ Վարդանեանին եւս Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու քաջալերանքը յայտնեց, որովհետեւ ան «Կոկիկեան» հիմնարկէն ստացած կրթաթոշակով ուսանած էր եւ վերջերս արտաքին գործոց նախարարութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒՀԻՆ

Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ 2018-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նորընտիր ընդհանուր քարտուղարուհին՝ Դոկտ. Սուրայյա Պաշաալինին, որուն կ՚ընկերանար Խորհուրդի գործադիր վարչութեան մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներէն Դոկտ. Ժան Սալմանեանը։   Դոկտ. Սուրայյա ընդհանուր գիծերով պարզեց իր ստանձնած պատասխանատուութենէն ասդին կատարած իր աշխատանքները ու յատկապէս յառաջիկայի իր ծրագիրները։ Վեհափառ Հայրաապետը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 5 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ։ Արամ Ա. Կաթողիկոս նախ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Պապին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գծով իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար։ Ապա Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ հարցերը Պապին ազնիւ ուշադրութեան յանձնեց.-   1) Պայմաններու հետեւանքով եկեղեցիներ Գրիգորեան եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ԵՐԴՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Յառաջիկայ Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ 2018-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի նորընտիր նախագահ վսեմաշուք Արմէն Սարգիսեանի երդման արարողութեան, յատուկ պատուիրակութիւն մը յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ։   Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան՝ առաջնորդ Թեհրանի հայոց թեմին, Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան՝ առաջնորդ Յունաստանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔ Ն.Ս. ՄԱՐ ԱՖՐԱՄԻՆ

Երկուշաբթի, 2 Ապրիլ 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքը։ Երկու հոգեւոր պետերու միջեւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ երկար հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին արծարծուեցան հայ եւ ասորի եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեան, Սփիւռքի զանազան գաղութներէն ներս ու յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ երկու եկեղեցիներու յարաբերութեան, ինչպէս…

«ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱՉԻ ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ ՏԱՐՈՒԱԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 1 Ապրիլ 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքը անգամ մը եւս ողողուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ, որ եկած էր տօնելու Մեր Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Զատկական հայրապետական Ս. Եւ Անմահ Պատարագ, որու ընթացքին իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեծի Տանն…

«ԵԿԷ՛Ք ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԵՏ ԹԱՂԵՆՔ ՄԵՐ ՄԵՂՔԵՐԸ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԻՐ ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Աւագ Ուրբաթ, 30 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար հաւաքուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, որ մասնակից դարձաւ Մեր Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգին։ Արարողութեան հանդիսապետեց ու իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին սկիզբը յայտնեց, որ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջալոյսի դէպքերը պէտք է դիտել…

«ՍԷՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՃԱՌԱԳԱՅԹՆ Է ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ՝ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ՈՒ ՇՐՋԱՊԱՏԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՂ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հինգշաբթի, 29 Մարտ 2018-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի հոգեպարար արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Հետեւելով Մեծ Վարդապետին օրինակին, Նորին Սրբութիւնը լուաց միաբան հայրերուն ու Դպրեվանքի սաներուն ոտքերը ու ապա տուաւ իր Հայրապետական պատգամը։   Իր պատգամին մէջ Հայրապետը ընդգծեց Քրիստոսի սէրը ու յայտնեց,…

ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

    Աւագ Երեքշաբթի 27 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ Շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններուն առաջինը՝ Տասը Կոյսերու Յիշատակի ժամերգութիւնը, որ նուիրուած է Յիսուսի երկրորդ գալուստի խորհուրդին։   Աւետարանի ընթերցումէն ետք հինգ հայ աղջիկներ, որոնց վիճակուած էր «իմաստուն» գրութիւնը, վառ պահեցին իրենց մոմերը, իսկ միւս հինգը, որոնց վիճակուած էր…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՄԻ ՃԸՄԱՅԷԼԸ

Երեքշաբթի, 27 Մարտ 2018-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Նախագահ Սամի Ճըմայէլի այցելութիւնը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Լիբանանի այժմու կացութեան ու յատկապէս Մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց ժողովրդավարական սկզբունքները յարգելու եւ խռովարար մթնոլորտ մը ստեղծելու փորձերէն հեռու մնալու, ինչպէս նաեւ…

«ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԴԵՐ ՈՒՆԻ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԸ ՀՈԳԵՒՈՐ, ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵԼՈՒ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

    Անթիլիասի Մայրավանքը Կիրակի, 25 Մարտ 2018-ին, իր շրջափակին մէջ ընդունեց հազարաւոր հայ ընտանիքներ, որոնք եկած էին տօնելու Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ վերանորոգուելու տօնին պատգամով։ Այս առիթով, Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։   Մանուկներուն թափօրի աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը տուաւ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ

«ՏԻԱՐ ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ ԵՒ ՓՐՈՖ. ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ԻՐԵՆՑ ԽՕՍՔՈՎ ՈՒ ԳՈՐԾՈՎ ԱԶԱՏ ՈՒ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ԴԱՐՁԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ       Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքին Վեհարանի դահլիճին մէջ 21 Մարտ 2018-ին ընթացք առած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նուիրուած համահայկական համաժողովը 23 Մարտին աւարտեց իր աշխատանքները։   Ընդամէնը տասը նիստերէ բաղկացած…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՆԻՍՏԵՐԸ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին, նախագահութեամբ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի, Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի եւ Տիար Երուանդ Փամպուքեանի, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի կ՚ունենայ եռօրեայ համաժողով՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-րդ ամեակին։   Դահլիճին մէջ համախմբուած ակադեմիկոսներն ու պատմաբանները, ինչպէս նաեւ պետական ու հասարակական գործիչները ցարդ…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՄԱՏՈՒՌԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐԱՐՆ Է, ԻՍԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ     Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի համահայկական համաժողովին առաջին օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ բացումը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նուիրուած յուշակոթողին, որ բարձրացաւ է Անթիլիասի Մայրավանքին շրջափակին մէջ։   Չորեքշաբթի, 21 Մարտ 2018-ի երեկոյեան…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԱՆԹԻԼԻԱՍԸ ԵՌԱԳՈՅՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴՈՎ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄՈՎ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐ ԿԱԶՄԱՒՈՐԵՑ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ     Չորեքշաբթի, 21 Մարտ 2018-ին առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի եռօրեայ համաժողովը։ Համաժողովը կը հովանաւորէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը։ Համաժողովը կը վարեն նախագահներ՝ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան,…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԱՋԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՕՐՀՆԵՑ ԲԱԶՄԱՀԱԶԱՐ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը տարիներու աւանդութեան համաձայն այս տարի եւս յիշատակեց մեր Հաւատքի Հօր, հայոց աշխարհի երկրորդ լուսաւորիչ՝ Ս. Գրիգոր Հայրապետի մուտն ի Վիրապ տօնը. տօն մը, որ Ս. Աթոռոյս համար տարբեր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ այս տօնը Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի ՈՒԽՏԻ ՕՐն է։   Արդարեւ, 18 Մարտ 2018-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՄՈՒՏՆ Ի ՎԻՐԱՊ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

    Շաբաթ, 17 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Անթիլիասի Ուխտի Օր»-ուան առիթով, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, որուն նախագահեց եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Արարողութեան մասնակցեցան միաբան հայրեր, դպրեվանեցիներ եւ ուխտաւոր ժողովուրդ: Խօսելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տօնին իւրայատկութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց,…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԱՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ՀԱՍԱՆ ՍԱԱՏԸ

Հինգշաբթի, 15 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց նախկին դեսպան եւ այժմ Լիբանանի պետութեան ներքին գործոց նախարարութեան մէջ խորհրդականի պաշտօն ունեցող Հասան Սաատը։   Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ գաղութներուն առնչուած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն։ Դեսպանին ներկայութեան Նորին Սրբութիւնը հեռաձայնային կապ հաստատեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԱՅԶԷԻ ԷՔԻՒՄԷՆԻՔ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 14 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ֆրանսայի մէջ հաստատուած Դայզէի էքիւմէնիք միաբանութեան ներկայացուցիչները, ընկերակցութեամբ մարոնիթ պատրիարքի փոխանորդ եպիսկոպսին: Հանդիպումին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերոոթեան վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեանը, Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանը եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը։ Վերոյիշեալ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԱՆԳԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 13 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Անգլիոյ դեսպան՝ Հիւկօ Շորթըրը։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները ու յատկապէս նախընտրական շրջանին Լիբանանի պարզած ներքին կացութիւնը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Երկուշաբթի, 12 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Լիբանանի նախագահին ու վարչապետին հետ հանդիպում ունենալէ ետք այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։   Վեհափառ Հայրապետին կողքին հանդիպումին ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, իսկ վարչապետ Կարապետեանին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախարարներ։   Նորին Սրբութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՆԱՏԻՄ ԺԸՄԱՅԷԼԸ

  Շաբաթ, 10 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց նախկին նախագահ Պաշիր Ժըմայէլի զաւակին՝ երեսփոխան Նատիմ Ժըմայէլի այցելութիւնը։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկում կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ շրջանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԱՍՊԵՏԻ ԿԱՐԳ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱՐԱՄ ԵՒ ՌԱՖՖԻ ՄԱԼԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

Կիրակի, 11 Մարտ 2018-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Արամ եւ Ռաֆֆի Մալեան եղբայրները։ Պարգեւատրումէն առաջ խօսք առաւ «Արարատ» օրաթերթի խմբագիր՝ Անի Եփրեմեանը եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Մալեան եղբայրներուն կատարած բարերարութիւնները եւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը Լիբանանի հայութեան կեանքէն…