(Առնուած Գանձասարէն)
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Երեքշաբթի, 24 Մայիսին Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահին եւ այլ պետական ու հոգեւոր պատասխանատուներու հետ ունեցած իր հանդիպումներէն ետք, Չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, իրեն ընկերակցող շքախումբին հետ ժամանեց համահայկական ուխտավայր՝ Տէր Զօր:
Շքախումբին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի կողքին, մաս կը կազմէին Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան եւ հայկական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան, ազգայիններ՝ Վրէժ Եագուպեան, Սուրէն Վարդանեան եւ Թեմի Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Սունպուլ Սունպուլեան, ինչպէս նաեւ գաւազանակիր հոգշ. Տէր Սարգիս Աբղ. Լիպարեան եւ հոգշ. Տէր Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան:
Նորին Սրբութիւնը Տէր Զօրի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, «Պաաս» կուսակցութեան քարտուղարին, ապահովական ուժերու ներկայացուցիչներու, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչին եւ սուրիական խորհրդարանի երեսփոխաններու կողմէ, գլխաւորութեամբ՝ Տէր Զօրի նահանգապետ Ֆատէլ Նաճճարի:
Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը այցելեց նահանգապետարան, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ նահանգապետարանի անձնակազմին կողմէ:
Նահանգապետ Ֆատէլ Նաճճար բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Տիրոջ եւ իրեն ընկերակցող շքախումբին, լուսարձակի տակ առնելով Տէր Զօրի բնակչութեան հայ թէ արաբ բաղադրիչներու ջերմ յարաբերութիւնները: Ան դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ դէմ պատերազմը կը միտէր քայքայել հասարակութեան ընկերային ներդաշնակ հիւսուածքը, սակայն սուրիական ընկերութեան բաղադրիչներուն գործակցութիւնը աւելի ամրապնդուեցաւ՝ ձախողութեան մատնելով դաւադիրներու ծրագիրները:
Տէր Զօրի կրօնական կալուածներու տնօրէն Ապտուլ Հատի Մուհամէտ Սալեհ բարի գալուստ մաղթելով Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ անոր շքախումբին, յայտնեց, որ հայութիւնը սերտ կապեր ունի Տէր Զօրի հետ, հետեւաբար բոլորս ձեռք ձեռքի տալով կարելիութիւն ունինք վերաշինելու Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրը, Տէր Զօրը եւ ողջ Սուրիան:
Նորին Սրբութիւնը խօսք առնելով հաստատեց, որ Տէր Զօրը սովորական վայր մը չէ մեր ժողովուրդին համար, այլ՝ սրբավայր եւ ուխտավայր է: Տէր Զօրի աւազը միախառնուած է հայուն արիւնով: Ապա աւելցնելով ըսաւ. «Թէեւ Տէր Զօրը մեզի համար գերեզման դարձաւ, սակայն միեւնոյն ատեն մեր վերածնունդի վկայարանը հանդիսացաւ»:
Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ ութ անգամ այցելած է Տէր Զօր, սակայն այս վերջինը այլ ազդեցութիւն թողած է իր վրայ, որովհետեւ նոյն ցեղասպան թուրքը երկրորդ ցեղասպանութիւնը գործած է Տէր Զօրի մէջ ու քաղաքը վերածած է աւերակի:
Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Տէր Զօրի նահանգապետը, որ լրջօրէն նուիրուած է նահանգի վերականգնումին: Ապա ան անդրադարձաւ Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահին հետ հանդիպման, ուր լուսարձակի տակ առնուած է սուրիահայութեան կարեւոր դերակատարութիւնը երկրի վերականգնումին մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նահանգապետին եւ պետական աւագանիին՝ իրենց ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ այս առիթով իր գնահատանքը ուղղեց Տէր Զօրի զաւակ, ազգային բարերար Սուրէն Վարդանեանին:
Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան եւ հայկական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի խօսք առնելով շեշտեց, որ Սուրիոյ դէմ պատերազմը օտարներու պատերազմն էր Սուրիոյ մէջ: «Մենք ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս այս քաղաքը եւս պատերազմի հետեւանքով պաշարուեցաւ եւ քանդուեցաւ, իսկ ոճրագործը անպատիժ մնաց, որուն համար ան կը շարունակէ ոճիրներ գործել Սուրիոյ, Պաղեստինի, Իրաքի մէջ եւ այլուր: Հետեւաբար, Սուրիան պաշտպանելը իւրաքանչիւր ազգայինի պարտքն է՝ յանուն Սուրիոյ ինքնիշխանութեան եւ ժողովուրդի արժանապատուութեան պահպանման»:
Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նուիրուած պատկերազարդ գիրք մը եւ «The Armenian Church» գիրքի արաբերէն թարգմանութիւնը նուիրեց նահանգապետին: Իր կարգին, նահանգապետը Սուրիոյ վերականգնումը խորհրդանշող յուշանուէր մը նուիրեց Վեհափառ Հայրապետին: