Շաբաթ, 21 Մայիս 2022-ին, Կիրակնամուտքի ժամերգութեան աւարտին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի, «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ սկիզբ առաւ Դպրեվանքի երեք աւարտական սարկաւագներու քահանայական կոչման արարողութիւնը։
Ընծայեալ սարկաւագները խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ, եկեղեցւոյ գաւիթէն ծնրադիր առաջնորդուեցան մինչեւ բեմ՝ իրենց ուխտը կատարելու եւ դառնալու հաւատարիմ ու ծառայասէր սպասաւորները հայ եկեղեցւոյ։ Արարողութեան ընթացքին անոնք հրաժարեցան եւ նզովեցին բոլոր հերձուածողներն ու հերետիկոսները, հաւատքի ամրութեամբ ընդունեցին ու դաւանեցան Ս. Հայրապետներու բոլոր ուսուցմներն ու կանոնները եւ խոստացան աշակերտիլ եկեղեցւոյ ուղղափառ բոլոր ուսուցումներուն մինչեւ վախճանը իրենց կեանքին։
Արարողութեան աւարտին, ընծայեալ երեք սարկաւագները Հաւատքի Ուղղափառ դաւանութիւնը ընթերցելէ անմիջապէս ետք, Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ ազատ կամքով յանձն առին կուսակրօն քահանայութեան կարգը եւ առաջի Աստուծոյ ու հաւատացեալ ժողովուրդեան կատարեցին իրենց ուխտը եւ տուին իրենց խոստումը.-
ա) Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ սրբութեամբ ապրիլ։ Ըլլալ ժրաջան ու արթուն՝ Աստուծոյ խօսքին ուսման ու ուսուցման մէջ եւ դառնալ ճշմարիտ քարոզիչն ու պաշտպանը։
բ) Անշեղօրէն հետեւիլ սուրբ հայրերու առաքինի վարքին եւ գործերուն։ Ըլլալ հաւատարիմ ու պաշտպան մեր Ս. Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնին, ծէսին ու դաւանանքին, Աւանդութիւններուն ու սրբութիւններուն։
գ) Մինչեւ վախճանը իրենց կեանքին հաւատարիմ մնալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռին, հնազանդիլ գահակալ Վեհափառ Հայրապետին, գործադրել Միաբանութեան Կանոնագրութիւնը եւ ամբողջական նուիրումով սատարել Ս. Աթոռի առաքելութեան ու ծառայութեան առաւել ծաղկման։
Արդարեւ, բոլորս աղօթող ենք, որ նուիրեալները ըլլան հաստատ ու ամուր իրենց կոչումին ու ծառայութեան մէջ։