«Սփիւռքի Տարի» հռչակման առնչուած աշխատանքներու ծիրին մէջ, Շաբաթ, 30 Յուլիս 2022-ին, լիբանանահայ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններէն աւելի քան 80 երիտասարդներ հաւաքուած էին Ս. Աստուածածին Վանքի համալիրէն (Պիքֆայա) ներս գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սրահին մէջ, մասնակցելու համար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին հովանաւորութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան կազմակերպած «Սփիւռքահայ Երիտասարդը՝ Այսօր եւ Վաղը» խորագրեալ միօրեայ զրոյցին։
Զրոյցին միացաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետը եւ աւելի քան մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ մասնակից երիտասարդներուն հետ, որոնք նաեւ առիթը ունեցան Հայրապետին ուղղելու իրենց հարցումները եւ կիսելու իրենց մտահոգութիւնները։
Ողջունելով երիտասարդները՝ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես անոնց ներկայութեան ու գործօն մասնակցութեան, որոնք մեր ազգը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն նկատմամբ պատասխանատուութեամբ իրենց ներդրումը բերելու յանձնառութիւնը ու գիտակցութիւնը ունին եւ որոնք կը հաւատան, թէ մեր ազգի ներկային ու ապագային երաշխաւորներն են իրենք։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ ընկերութիւն մը ապագայ չի կրնար ունենալ առանց երիտասարդ խաւին եւ անոր հիմք ու այժմէականութիւն տուողը ու ապագային բացող ոյժը երիտասարդութիւնն է։ Սա տեսութիւն չէ եւ ոչ ալ պէտք է ըլլայ, այլ կեանքի պէտք է վերածուի։ Իմ սպասումս է, որ մեր կեանքի զանազան բնագաւառներու ղեկավարները եւս այսպէս մտածեն, ծրագրեն ու գործեն. իսկ երիտասարդութիւնը, իր կարգին, այսպէ՛ս ընելու պատրաստակամութիւնը ունենայ, ըսաւ Նորին Ս. Օծութիւնը։
Հայրապետը դիտել տուաւ, որ երիտասարդներուն մասին չէ որ պէտք է խօսինք, այլ՝ անոնց հե՛տ պէտք է խօսինք, որովհետեւ երկխօսութեան ճամբով աւագ սերունդն ու նոր սերունդը զիրար կրնան լսել ու ճանչնալ։ Երիտասարդութիւնը ըսելիք եւ ընելիք ունի։ Աւագ սերունդը առաւելաբար դէպի անցեալ կը նայի, որովհետեւ աւելի զգուշաւոր մօտեցում կ՚ունենայ ապագայի նկատմամբ, իսկ նոր սերունդը՝ աւելի յանդուգն կերպով դէպի ապագայ։ Այս ծիրին մէջ Հայրապետը անդրադարձաւ որեւէ համայնքային ծրագիրի մը մէջ արհեստագիտութեան եւ ճարտարագիտութեան նորարարութիւններուն ճամբով երիտասարդութեան կարեւոր ներդրումին եւ յորդորեց չվախնալ քննելէ հայկական կառոյցներուն իրավիճակները, որպէսզի կաղապարուած մտածողութիւններու մէջ մնալով չհիննան անոնք։ Հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ բնական երեւոյթ է տեսակէտներու զանազանութիւնը համայնքային կեանքէն ներս եւ այս պարագային երիտասարդութեան դերակատարութիւնը ճշդորոշիչ է, որովհետեւ ինք է ներկայ աշխարհին հետ ամէնէն շատ քայլ պահողը։ Թէեւ իբրեւ հայ մէկ ազգի կը պատկանինք, սակայն իւրաքանչիւր գաղութ իր միջավայրին ազդեցութիւնը կը կրէ իր հաւաքական ինքնութեան մէջ։ Շարունակելով իր խօսքը՝ Հայրապետը աւելցուց. «Մենք սերտօրէն իրարու ագուցուած ենք։ Հասարակաց արժէքներ ու աւանդութիւններ ունինք, որոնք ոչ միայն մեզ կը միացնեն, այլ նաեւ մեր ինքնութիւնը կ՚երաշխաւորեն։ Հետեւաբար, հարկ է ծայրայեղօրէն ըլլալ զգոյշ, որպէսզի մեզ միացնող հասարակաց արժէքները տեղի չտան միջավայրի արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն դիմաց»։ Վեհափառ Հայրապետը ապա սահմանելով գլխագիր Աւանդութիւններու եւ փոքրագիր աւանդութիւններու տարբերութիւնը՝ նշեց, որ գլխագիր Աւանդութիւններէն պէտք չէ հեռանանք, սակայն փոքրագիր աւանդութիւնները կարելի է բարեփոխել եւ պատշաճեցնել ներկայ աշխարհի պայմաններուն ու աւելցուց, որ երբ չենք կրնար փոխել աւանդութիւնները, կը նշանակէ թէ մենք պէտք է փոխուինք։
Սրբազնագոյն Հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Սփիւռքի մէջ գաղութաշինութեան եւ համայնքի պահպանութեան համար եկեղեցի-դպրոց-ակումբ եռանկիւնին հիմնական դերակատարութեան։ Ան ըսաւ, որ ներկայիս նոյնիսկ Լիբանանի հայահոծ շրջանները չեն պահեր իրենց անցեալի դիմագիծը եւ այս հարցին հարկ է զգուշութեամբ մօտենալ, որպէսզի չքանդուին հիմնուած համայնքները։ Այս իմաստով ան արժեւորեց նորարարութեան պայմաններու լոյսին տակ մեր ինքնութիւնը պահելու համար ազդու միջոցներու որոնումը, որովհետեւ եղածը պահել համահաւասար է մեր ունեցածը կորսնցնելու։ Այս ծիրին մէջ ան ընդգծեց ինքնահասկացողութեան եւ ինքնաքննարկման անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը։
Լուսարձակի տակ առնելով երիտասարդին հաւաքական կեանքի մասնակցութեան՝ Հայրապետը յայտնեց, որ հոն նահանջ կայ եւ այս մէկը իր անդրադարձը կ՚ունենայ հաւաքական պատկանելիութեան վրայ։ Ան քաջալերեց երիտասարդները ունենալ եղափոխելու եւ ինչու չէ նաե՛ւ, ի պահանջեալ հարկին, յեղափոխելու հաւաքական կամքը, որպէսզի լոկ լոզունքներու սահմաններուն մէջ չմնայ հաւաքական կեանքի բարեփոխութիւնը, որ առաջին հերթին կը սկսի անհատական մակարդակի վրայ։
Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ լսեց երիտասարդներուն մտահոգութիւնները եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչուած էին երկրին ընկերատնտեսական տագնապին հետեւանքով գաղութի երիտասարդ տարրերուն արտագաղթին, գաղութին նօսրացման, լիբանանահայ համայնքի կշիռին երկրին մէջ, երիտասարդներու գործի եւ ուսանողութեան առիթներ ստեղծելու եւ մեր ազգային կեանքին մէջ եկեղեցւոյ դերակատարութեան։