16 April, 2022

ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 16 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

 

 

Սրբազան հօր քարոզին առանցքը կազմեց Ղուկասու Աւետարանի 24-րդ գլխուն մէջ յիշուած Եմմաուսի ճամբորդներուն դրուագը, ուր մեր Տէրը Իր հրաշափառ յարութենէն ետք կ՚երեւի Իր աշակերտներէն երկուքին եւ վերնատան մէջ տեղի ունեցած վերջին ընթրիքին պատկերով՝ անոնց հետ ընթրիքի կը նստի: Վերնատան վերջին ընթրիքէն ետք մեր Տէրը մատնուեցաւ, հալածուեցաւ, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, Իր արիւնը թափեց եւ գերեզմանուեցաւ մեզի համար, սակայն երրորդ օրը յարութիւն առաւ. սա Իր յարութենէն ետք առաջին ընթրիքն էր որ կատարեց Եմմաուսի ճամբորդներուն հետ։ Ուստի, այսօր, Ճրագալոյցի Ս. Պատարագով, մենք եւս յարուցեալ Քրիստոսի սեղանակիցները դարձանք:

 

 

Ս. Պատարագի աւարտին, Մայրավանքի Մայր Տաճարին լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան բարձրանալով Ս. Խորան՝ վար բերաւ Քրիստոսի Յարութեան լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց Վեհափա Հայրապետին: Ապա, Նորին Ս. Օծութեան գլխաւորութեամբ, միաբան հայրերն ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը միաբերան երգեցին «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» յարութեան հոգեթով շարականը: Շարականի երգեցողութենէն ետք, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարանի դահլիճ, ուր կատարուեցաւ Զատկական Տնօրհնէքի արարողութիւն։

 

Վերջապէս, Հայրապետը յարութեան աւետիսով ողջունեց հաւատացեալները ու ընդունեց անոնց որդիական շնորհաւորանքը: