ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 12 Յունիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ձեռամբ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեանի, սարկաւագական կարգ ստացան Դպրեվանքի երեք ընծայարանականներէն Երուանդ Կիս. Եղիայեանը, Անդրանիկ Կիս. Մինասեանը եւ Սերժ Կիս. Քիւշէրեանը։

 

Ընծայեալներուն ծնկադիր Ս. Խորան բարձրանալէն ետք, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը աղօթք բարձրացնելով՝ խնդրեց, որ Աստուած երկնային իմաստութեամբ օժտէ նորօք ձեռնադրեալները, որպէսզի դառնան հաւատարիմ եւ ժրաջան ծառաները հայ եկեղեցւոյ:

 

Ապա, երգուեցաւ աշխարհէն հրաժարելու եւ ամբողջանուէր Տիրոջ նուիրուելու «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ…» հոգեպարար երգը, որմէ ետք ձեռնադրիչ սրբազանը ձեռնադրեալներուն շնորհեց Աւետարան ընթերցելու, Ս. Խորանին սպասարկելու եւ Տիրոջ Ս. Սեղանին խնկարկելու իշխանութիւնը։

 

Ձեռնադրութենէն ետք, սրբազանը յաւուր պատշաճի փոխանցեց օրուան պատգամը, առաջին հերթին շնորհաւորելով Ս. Աթոռոյս արժանընտիր գահակալ Վեհափառ Հայրապետը, Դպրեվանքի տեսչութիւնը, միաբանութիւնը, ընծայեալներուն ծնողները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ սարկաւագութեան անխոնջ ու նուիրական ծառայութեան, ըսելով՝ «Դուք այսօր, այս սրբազան Խորանին վրայ, Ս. Հոգւոյ շնորհքով սարկաւագութեան աստիճանին հրաւիրուեցաք ու հայ եկեղեցւոյ սրբազան բեմին ծառայելու իշխանութիւնը ստացաք։ Դուք այսօր Յիսուս Քրիստոսի վկաները դարձաք, ինչպէս եղան եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագները, գլխաւորութեամբ Ս. Ստեփանոս նախավկայ սարկաւագին։ Իմ սրտագին մաղթանքն է, որ Ս. Հոգին ձեզ մշտապէս լուսաւորէ, ձեր սրտերուն մէջ դրոշմէ Քրիստոսի սիրոյն կնիքը եւ ձեր մէջ բռնկեցնէ հաւատքի կրակը։ Ձեր ստացած Ս. Հոգիի այս մկրտութեամբ, դուք կը դառնաք ընտիր անօթները հաւատոյ եւ ծառայութեան ու ընտիր սպասաւորները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին սրբազան առաքելութեան»։ Եզրափակելով իր խրատական խօսքը՝ սրբազանը յայտնեց. «Սիրելի՛ սարկաւագներ, ձեր ձախ ուսերուն կրած ուրարները մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի քաղցր լուծի եւ խաչի խորհուրդի քաղցրագոյն խորհրդանիշն է։ Այս սիրոյ քաղցր լուծով դուք օրհնուեցաք ու հրաւիրուեցաք խաչի սրբազան խորհուրդով եւ հաւատքի մշտական վերանորոգումով Ս. Սեղանի ծառայութեան»։

 

Ս. Պատարագի աւարտին, շաբաթ մը առաջ կիսասարկաւագութեան եւ դպրութեան կարգ ստացած ձեռնադրեալներուն հետ միասին, նոր ընծայեալ սարկաւագները, ձեռնադրիչ սրբազան հօր առաջնորդութեամբ, բարձրացան Վեհարան, ուր ստացան Նորին Ս. Օծութեան Հայրապետական ու հայրական օրհնութիւնը։