ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ՝ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԻՖԹԱՐԻ ՀԻՒՐԸ

Երեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2022-ին, ընդառաջելով Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Էլ-Պուխարիի հրաւէրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ դեսպանին տան մէջ կազմակերպուած իֆթարին: Հրաւէրին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի համայնքներու հոգեւոր պետերը, Ծոցի երկիրներու դեսպաններն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանուհին:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը ունենալու Լիբանանը յուզող հարցերուն շուրջ: