ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Երեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստան Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Ապրիլ 24-ի նշումին եւ ընդհանրապէս Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի կացութեան վրայ: Յատկապէս շեշտուեցաւ մեր ժողովուրդի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը՝ մեզ շրջապատող մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու յանձնառութեամբ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ Է. ՄԱՔՐՈՆԻ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի ուղղած յատուկ նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շնորհաւորեց անոր վերընտրութիւնը որպէս նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան:   Խօսելով ներկայ ժամանակներու տագնապներու մասին՝ Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեցուց, թէ «Ֆրանսան ճշդորոշիչ դեր ունի ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ», աւելցնելով՝ թէ «Ֆրանսան իբրեւ խորհրդանիշ արդարութեան, բազմազանութեան եւ մարդկային իրաւանց, կոչուած է…

ՊԱՅՔԱՐԸ ՊԷՏՔ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ Ի ԽՆԴԻՐ ՄԵՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՏԻՐԱՑՄԱՆ

Կʼապրինք այլազան տագնապներով յղի ծանր պայմաններուն մէջ։ — Ճգնաժամի մէջ է մեր ազգը։ — Անորոշ է Արցախի ինքնանկախ գոյութիւնը։ — Վտանգուած է Հայաստանի հողային ամբող­ջականութիւնը ու նոյնիսկ անկախութիւնը։ — Լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի մեր պահանջատիրութիւնը։   Այս հաստատումները տեսական յղացքներ չեն, յուսահատութեամբ ու յոռետեսութեամբ պարուր­ուած զգացական արտայայտութիւններ չեն, այլ՝ ներկայ հայ կեանքի իրապաշտ արժեւորումէն…