Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Մ.Ա.Կ.Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2022-ին երկար հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ներկայացուցիչ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքայի միջեւ։     Հանդիպման առանցքը դարձաւ Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ յառաջիկայ քաղաքական քայլերուն, միջ-համայնքային գործակցութեան ու ընկերատնտեսական տագնապը կարելի փութով մեղմացնելու կարելիութիւններուն շուրջ։ Նորին Ս. Օծութիւնը…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

(Ազդակ օրաթերթէն առնուած)   Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ եւ Ալիս Պօղոսեան ամոլին, Շաբաթ, 28 Մայիս 2022-ին երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Արին Սէնթըր»-ի դիմաց տեղի ունեցաւ «Ազգային Երգերու Համերգ»` կատարողութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբին խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, ընկերակցութեամբ «ԿԻԼԻԿԻԱ» նուագախումբին:  …