2 June, 2022

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Մ.Ա.Կ.Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2022-ին երկար հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ներկայացուցիչ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքայի միջեւ։
 
 
Հանդիպման առանցքը դարձաւ Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ յառաջիկայ քաղաքական քայլերուն, միջ-համայնքային գործակցութեան ու ընկերատնտեսական տագնապը կարելի փութով մեղմացնելու կարելիութիւններուն շուրջ։ Նորին Ս. Օծութիւնը շեշտեց ընկերատնտեսական տագնապին լուծման առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը եւ այս գծով Մ.Ա.Կ.ին ու բարեկամ երկիրներուն կարեւոր դերակատարութիւնը։