ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ

Գանատայի Հայոց Թեմի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Մոնթրէալ, տեղի ունեցաւ դասական երաժշտական բացառիկ ձեռնարկ, նուիրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 20-ամեայ հայրապետական անսակարկ ծառայութեան։ Համերգի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ գանատահայ դասական երաժշտութեան աշխարհահռչակ մեկնաբան Ալին Գութան, որուն կ’ընկերակցէին համբաւաւոր դաշնակահար Մայքըլ Մըքմահըն եւ ջութակահար Վան Արմէնեան։    …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Գանատայի Հայոց Թեմի եւ Գանատայի Միջ-եկեղեցական Կեդրոնի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 6 Հոկտեմբեր, 2016-ի առաւօտուն, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական հանդիպում, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ հիւրընկալութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի։ Հանդիպումին ներկայ էին եկեղեցական բարձրաստիճան հիւրեր՝ Գանատայի մէջ Պապական Նուիրակ Լուիճի Պոնազզի Եպիսկոպոս, Մոնթրէալի Արքեպիսկոպոս Քրիսթիան Լէբին,…

«Մեր ինքնութիւնը խաթարող վտանգներուն դիմաց մենք պիտի մնանք կառչած մեր գոյութեան երեք ամրոցներուն՝ եկեղեցի, ընտանիք եւ դպրոց»   Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը սկսաւ հովուապետական այցելութիւնը Մոնթրէալի մէջ, 5 Հոկտեմբեր 2016-ին։ Երեկոյեան, միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասերէ կազմուած հայրապետական թափօրը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի, ուր Հայոց Հայրապետը կատարեց Կանոնական աղօթք։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՂՈՒԹԻՍ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2016-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց մեր գաղութի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչները: Վեհափառ Հայրապետը առաջին հանդիպումը ունեցաւ Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութեան պատուիրակութեան հետ, որ Նորին Ս. Օծութիւնը շնորհաւորեց 20-ամեակին առիթով, եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Հայոց Հայրապետին անձնուրաց հոգեւոր պետի առաջնորդութեան համար: Հանդիպման կիզակէտը հանդիսացաւ Ս. Աթոռոյս կողմէ…

«ՔՐԻՍՏՈՍ ԱՊԱՒԷՆ Է ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ, ԵՐԱՇԽԻՔԸ ՄԵՐ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻՆ ԵՒ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ» ՊԱՏԳԱՄԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին հայրապետական իր օրհնաբեր այցելութեան առիթով, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիրակի, 2 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց հոգեշունչ պատգամ մը, իսկ Ս. Պատարագին մասնակիցները հայրապետական օրհնութիւնը ստացան աջահամբոյրով:               Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Նորին Սուրբ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

«20-ամեակի այս առիթով կը վերանորոգեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտս՝ առաւել նուիրուածութեամբ ու վերանորոգ հաւատքով շարունակելու մեր եկեղեցւոյ հաւատքի առաքելութիւնն ու ազգային ծառայութիւնը» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս     Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2016 տարուան «Ծառայութեան Տարի» հռչակագիրին մէջ կ’ըսէ. «Հոն, ուր եկեղեցին հեռու մնացած է ծառայութենէն, ան փաստօրէն հաւատարիմ չէ մնացած իր կոչումին:…

«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ, ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ՄԵՐ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ»   Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի կազմակերպութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Հովուապետական ծառայութեան 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը սկսաւ երիտասարդութեան հետ հանդիպումով, Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Կլէյնտէլի «Սիվիգ» կեդրոնին մէջ՝ Լոս Անճելոսի հայ դպրոցներու վարժարաններու ուսանողութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու, երիտասարդական միութիւններու եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աւելի քան 1000 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ներկայութեան։ Ներկայ էին նաեւ միաբան ու քահանայ հայրեր,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ՀՐԱՇԱՓԱՌ»ՈՎ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

  Լոս Անճելըս ժամանումի վաղորդայնին, Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը ժամանեցին Ազգային Առաջնորդարան։ Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ միաբան հայրեր։ Ազգային Առաջնորդարանի մուտքին, շքախումբը դիմաւորուեցաւ Թեմէն ներս ծառայող միաբան հայրերուն եւ հոգեւորականաց դասուն կողմէ, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Եփրեմ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՀԱԼԷՊԻ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Լոս Անճելոս ժամանած օրն իսկ, իմանալով Հալէպի մէջ վերջին օրերու ընթացքին թէժ կռիւներու իբր արդիւնք ստեղծուած ծանր կացութեան մասին, կապ հաստատեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին հետ եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ եղած զարգացումներուն։ Սրբազան Հայրը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Հալէպի հայութեան դիմագրաւած դժուար իրավիճակը, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահեց…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆԻ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Ե.Հ.Խ.-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉՈՒԹԻՒՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ԵՆԹԱՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

  Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն բաժանմունքի ենթայանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցան Քուպայի մայրաքաղաք Հաւանայի մէջ, 17-21 Սեպտեմբեր, 2016-ին։ Եկեղեցական զանազան ընտանիքներու ներկայացուցիչներէ բաղկացած ու 10 հոգիներէ կազմուած այս ենթայանձնախումբի աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Վանա Կիցինեան, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։               Ե.Հ.Խ.-ի գլխաւոր բաժանմունքներէն Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն բաժանմունքը իր ընդհանուր ժողովը պիտի գումարէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԷՏՈՒԱՐՏ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ուաշինկթընի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Տիար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ, ընդառաջելով անոր հրաւէրին։ Հանդիպումին ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Դեսպան Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Տիար Յակոբ Տէր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՍՊԱՀԱՆԻ ԹԵՄԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ԿԸ ԿՈՉԷ ՍԻՓԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ՔԷՉԷՃԵԱՆԸ

    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինումով, Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակուեցաւ Սպահանի պատմական Թեմին։ Հայր Սիփան արդէն մեկնած է հոգեւոր ծառայութեան նոր դաշտը եւ լծուած իր առաքելութեան։   Սիփան Ծ. Վարդապետ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս ստանցնած է զանազան պաշտօններ։ Հայր Սուրբը նաեւ ծառայած է Գանատայի Թեմէն ներս իբր Սէնթ Գէթրինզ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՏՈՒԵՑ ՏԻԱՐ ԱՐԱՄ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը, Ուաշինկթընի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Լրատուական բաժանմունքներու վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան՝ Գաւազանակիր եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱ

Երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա, հանդիսապետելու իր կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 20-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեանց, Լոս Անճելոսի, Մոնթրէալի եւ Նիւ Եորքի մէջ։ Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետը անցեալ տարի բոլորեց հայրապետական ծառայութեան 20-ամեակը, սակայն իր իսկ փափաքով անցնող տարուան ընթացքին այս ուղղութեամբ ո՛չ մէկ ձեռնարկ կատարուեցաւ՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ռ.Ա.Կ.-Ի ԵՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

  Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Վարչութեան Ատենապետ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեանի։               Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հետ առնչութիւն ունեցող զանազան հարցեր։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հայկական կուսակցութիւններու ներդումին կարեւորութիւնը՝ թէ՛ Հայաստանէն եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՍԻԶԻԻ ՄԷՋ

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, 18-20 Սեպտեմբեր 2016-ին, մասնակցեցաւ «Ծարաւ խաղաղութեան համար» միջազգային  համագումարին, կազմակերպուած Ումպրիայի Եպիսկոպոսաց Ժողովին, Ասիզիի Առաջնորդարանին, Ֆրանսիսքեան Միաբանութեան, Սենթ Էճիտիօ համայնքին եւ Ասիզիի քաղաքապետարանին համագործակցութեամբ։ Կիրակի առաւօտ քաղաքի Ս. Ֆրանսիս տաճարին մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան եւ Ս. Պատարագի ընթացքին, Շահան…

ԴԷՊԻ ԱՌԱՒԵԼ ՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, արտասանուած Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առթիւ կատարուած Հանրապետական Մաղթանքի ընթացքին, 20 Սեպտեմբեր 2016:   Այս սրբազան խորանէն քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունեմ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը։ Կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահը։ Եղբայրական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿՈՂՄԷ

Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած զօրահանդէսէն ետք, Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական Յանձնաժողովի նիստին սկիզբը, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան խօսք առնելով գնահատեց Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բերած նպաստը Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացման եւ հայ հոգեւոր մշակութային ու ազգային արժէքներու պահպանման եւ տարածման…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ

Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին, մեկնեցաւ Հայաստան մասնակից դառնալու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն, Երեւանի մէջ։   Նորին Սրբութեան կ’ընկերանան՝ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։…

«ԱՐՄԷՆՕՖԱՍԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ»

    Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս   Այս բառերով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց, անցնող օրերուն Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տարեկան իր ժողովը գումարող, Արմէնօֆասի յանձնախումբը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ յայտնեց, որ Արմէնօֆաս, իր նիւթական գործունէութենէն անդին, յուշարար մըն է Հայոց Ցեղասպանութեան անհերքելի իրողութեան՝ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան դիմաց, միաժամանակ խորհրդանշական արտայայտութիւն մը՝ հայ եւ զուիցերիացի…

Մ.Ա.Ե.Խ.-Ը ՅԱՏՈՒԿ ՁԵՒՈՎ Կ’ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

«Մեր օրերուն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կատարուող ցեղասպանութիւնները կը հրահրուին 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդին ու Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դէմ ցեղասպանութիւն գործած եւ անպատիժ մնացած Օսմանեան Թուրք կայսրութեան ժառանգորդներուն կողմէ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Մ.Ա.Ե.Խ-ի 11-րդ համաժողովին ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ համաժողովի նիստերու ընթացքին յատուկ անդրադարձ եղաւ հայ ժողովուրդին ու Օսմանեան կայսրութեան…

Մ.Ա.Ե.Խ.-Ը ՇԵՇՏԵՑ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՇՐՋԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ համաժողովը եզրափակեց իր աշխատանքները, շեշտելով քրիստոնեայ համայնքներուն ներկայութեան կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս։ Համաժողովին մասնակիցները եզրափակիչ յայտարարութեամբ կո՛չ ուղղեցին՝ անմիջապէս վերջ տալ պատերազմներուն եւ դադրեցնել ծայրայեղական շարժումներուն օգնութիւնը, ապահովել գաղթականներուն տունդարձը, դատապարտել ցեղասպանութեան ինչպէս նաեւ ցեղային ու կրօնական «զտում»ի բոլոր արարքները, զօրակցիլ պաղեստինցի ժողովուրդի արդար դատին,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՂՊՏԻ ԵՒ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

    Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովի ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Ն.Ս. Թաւատրոս Բ. Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը, եւ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը հանդիպում մը ունեցան։ Տեսակցութեան ընթացքին քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը քննարկեցին Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը, միջ-եկեղեցական եւ Մ.Ա.Ե.Խ.-ի հետ առնչութիւն ունեցող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ Մ.Ա.Ե.Խ.-Ի ՊԱՏՈՒՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ

    Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովը բարձրօրէն գնահատելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին բերած ներդրումը միջ-եկեղեցական շարժումին ընդհանրապէս եւ Մ.Ա.Ե.Խ.-ին մասնաւորապէս, զինք ընտրեց որպէս Խորհուրդի պատուոյ նախագահ։ Նորին Սրբութիւնը խօսք առնելով գնահատեց համաժողովին աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան եւ շեշտեց, թէ ինք յանձնառու կը մնայ իր…

«ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՃԸ ԼՈՒՐՋ ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ Է ԴՐԱԾ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց Յորդանանի Թագաւորին   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերուն հետ միասին, Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2016-ի կէսօրին, հանդիպում ունեցան Յորդանանի Ապտալլա Բ. Թագաւորին հետ, Ալ Հիւսէյնիյա թագաւորական պալատին մէջ։ Կարճ հանդիպումէն ետք ներկաները ճաշի հիւրը եղան Յորդանանի Թագաւորին։ Ճաշկերոյթի…

«ԱՌԱՆՑ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԻՐ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԻՒՐԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆԸ»

      Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Մ.Ա.Ե.Խ.-ի Համաժողովին   «Միջին Արեւելքը ո՛չ միայն ծննդավայրը եղած է քրիստոնէութեան, այլ նաեւ անոր մշակոյթին, քաղաքակրթութեան եւ պատմութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած է՝ միաժամանակ ան ազդեցութիւնն է կրած շրջանէն ներս տեղի ունեցած վերիվայրումներուն եւ զարգացումներուն» ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին…

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ

  Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Յորդանանի մայրաքաղաք` Ամմանի մէջ, կրօնական յատուկ արարողութեամբ սկսաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ համաժողովը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բնորոշումով ներկայ հաւաքը պատմական կարելի է նկատել հետեւեալ պատճառներով՝ ա) Միջին Արեւելքի պատմութեան տագնապալից այս օրերուն, շրջանի բոլոր եկեղեցիներու բարձրաստիճան եկեղեցական ներկայացուցիչներուն հանդիպումը նշանակալից երեւոյթ մըն է։ բ) Առաջին անգամ ըլլալով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ

    Կիրակի, 4 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի հետ։ Առաջնորդ Սրբազանը լայնօրէն զեկուցեց Նորին Սրբութեան ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ տիրող կացութեան մասին՝ վերջին օրերուն տեղի ունեցած քաղաքական ու ռազմական նոր զարգացումներու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԱՄՄԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵԼՈՒ Մ.Ա.Ե.Խ.-Ի ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Ամման, Յորդանան, նախագահելու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովին։ Նորին Սրբութիւնը Խորհուրդի չորս նախագահներէն մէկն է, ուր կը ներկայացնէ Արեւելեան Ուղղափառ Ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու ընտանիքը։ Վեհափառ Հայրապետը համաժողովին գլխաւոր խօսողը պիտի ըլլայ. ան պիտի անդրադառնայ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։               Վեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԻՊՐԱՀԻՄ ՇԱՄՍ ԷԼ ՏԻՆԸ

    Ուրբաթ, 2 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը նախկին նախարար Իպրահիմ Շամս Էլ Տինի։ Յայտնենք, որ նախարարը Լիբանանի Շիի համայնքի հանգուցեալ համայնքապետ Մուհամմատ Միհտի Շամս Էլ Տինի զաւակն է։   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ ընդհանուր վերարժեւորում մը կատարուի ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ…

ՀՈԳՇ. Տ. ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՏԵՍՈՒՉ

  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական պաշտօնագրով Դպրեվանքի Տեսուչ նշանակեց միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանը: Հայր Սուրբը անցնող տարիներուն Լոս Անճելոսի Fuller համալսարանին մԷջ հետեւեցաւ աստուածաբանական ուսման եւ ստացաւ Master of Arts in Theology վկայականը: Անցնող տարեշրջանին Հայր Պօղոս Դպրեվանքէն ներս ծառայեց որպէս փոխ-տեսուչ:            Այս առթիւ յայտնենք, որ Գերպ. Տ.…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻՆ ՄԷՋ» ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի նախաձեռնութեամբ, 25-26 Օգոստոս 2016-ին տեղի ունեցաւ «Հայկական աշխարհը համացանցին մէջ» գիտաժողովը, Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ: Գիտաժողովին կը մասնակցէին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, սոյն գիտաժողովին մասնակցեցաւ Կաթողիկոսարանի Լսատեսողական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։   Երկու օրերու վրայ…

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

    Ամրան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը շաբաթական դրութեամբ հանդիպումներ կ’ունենայ, որոնց ընթացքին քննարկումներ կը կատարէ եկեղեցական, ինչպէս նաեւ հայրենիքն ու Սփիւռքը յուզող զանազան նիւթերու շուրջ։   Սոյն հանդիպումներուն կը նախագահէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Իւրաքանչիւր հանդիպման ընթացքին, Նորին Սրբութեան թելադրութեամբ միաբան հայրեր մէկ կամ երկու նիւթի շուրջ զեկոյցներ կը պատրաստեն։ Տրուած…

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԻՆ ՇՈՒՐՋ

Անցնող օրերուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շարք մը խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին շուրջ, Ժընեւի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 27 Ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ մէջ դատ բացած էր` պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանի պատմական կալուածը։               Խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան Թուրքիայէն ներս կատարուած վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւունքներու Դատարանի եւ…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳԾՈՎ ԻՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

      Ժընեւի մէջ, Երեքշաբթի 16 Օգոստոս 2016-ի երեկոյեան, Սուրիոյ տագնապի գծով Մ.Ա.Կ.-ի գլխաւոր բանագնաց Սթեֆան Տի Միսթուրայի հետ տեսնուելէ ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան գծով։   Այս ծիրէն ներս, դարձեալ Ժընեւի մէջ, Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ միջ-եկեղեցական այն կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ, որոնք Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ԹԵՄԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

    Անցնող շաբաթավերջին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճէն ներս, ընդունեց Քուէյթի Թեմի եւ շրջակայ երկիրներու Հայոց Առաջնորդ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեանը եւ Ազգային Առաջնորդարանն ու շրջանէն ներս գործող զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները։   Պատուիրակութիւնը զեկոյց տուաւ շրջանէն ներս տարուած ազգային-եկեղեցական գործունէութեանց մասին եւ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Քուէյթի մէջ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Առնուած «Ազդակ» Օրաթերթէն       Շաբաթ 13 Օգոստոս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքը եւ տեսակցութիւն ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:   Վեհափառ Հայրապետը նախ եւ առաջ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Ազգային Վարչութեան`…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱՆԱԳՆԱՑ ՏԻ ՄԻՍԹՈՒՐԱՅԻ ՀԵՏ

Այս երեկոյ, Ժընեւի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ տագնապի գծով Մ.Ա.Կ.-ի գլխաւոր բանագնաց Սթեֆան Տի Միսթուրայի հետ։ Հանդիպման մասնակցեցան Տի Միսթուրայի երկու գլխաւոր օգնականները, իսկ Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի Վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Ժընեւի մէջ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական ներկայացուցիչ Տիկ. Թենի Սիմոնեան։   Հանդիպումը…

Նոր Հրատարակութիւն

Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու Բաժանմունքը հրատարակեց իր «Եկեղեցի Եւ Ժողովուրդ» Մատենաշարին 4-րդ գրքոյկը, որ կը կրէ` «Աստուածածին Մարիամ եւ Անոր Վերափոխման Խորհուրդը» խորագիրը: Գրքոյկին հեղինակն է Բաժանմունքի Վարիչ՝ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։ Թող մեր երկնաւոր Մայրը իր Վերափոխման տօնին առիթով, իր սրբութեան ու բարութեան ցօղէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՏԻԱՐ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ՆԱԶԱՐԵԱՆԸ

    Շաբաթ 13 Օգոստոս 2016-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխան»ի շքանշանով պատուեց Քուէյթի հայ գաղութի վերակազմաւորման ու եկեղեցաշինութեան աշխատանքներուն մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած Տիար Անուշաւան Նազարեանը:   Նորին Սրբութիւնը իր պատգամի ընթացքին գնահատեց Քուէյթէն ժամանած պատուիրակութիւնը, իրենց…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, ԱՐՑԱԽԸ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով արտասանած պատգամին Հայաստանի վերջին դէպքերուն առնչուած բաժինը։ Հայրապետական սոյն պատգամը խօսուեցաւ, 13 Օգոստոս 2016-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակը ողողած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեան։     Խոր ցաւով ու ընդվզումով հետեւեցանք Հայաստանի վերջին դէպքերուն։ Նկատի ունենալով, որ յիշեալ դէպքերէն ետք սա առաջին առիթն է մեր…

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ՈՒԽՏԸ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն՝ Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, այս տարի եւս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս նշուեցաւ հազարաւոր ուխտաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ: Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան հիմնադրութենէն՝ 1952-էն ի վեր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը հռչակուած է որպէս Պիքֆայայի Վանքի «Ուխտի Օր», ինչ որ կը շարունակուի կատարուիլ մինչեւ այսօր՝ աւելի պայծառակերպուած…

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԸ՝ ԲԱՆԱԼԻՆ «ՓԱԿԵԱԼ ԴՐԱՆ»

  Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին ամէնէն շեշտուած ու ամէնէն հմայիչ տօներէն մէկուն սեմին, երբ մեր օրացոյցները կը թերթենք հասնելու Օգոստոս ամսուան մարեմաբոյր էջերուն, յանգելով Քրիստոսի անարատ մօր՝ Աստուածամօր Վերափոխման տօնին, մեր աչքերը կը յառենք դէպի Պիքֆայայի կանաչազարդուած ու վերափոխող բարձունքը: Այնտեղ, իր բարձրութեան վրայ բոլոր հաւատացեալներուս վրայ հսկող Աստուածամայրը, Օգոստոս ամսուան տօթակէզ օրերուն սրտի ու մտքի…

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԿԸ ՍՏՆԱՆԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, այս տարի անգամ մը եւս Ս. Աստուածածին Վանքի մատրան մէջ ամէն առաւօտ ժամը 10:00ին տեղի ունեցաւ Ս. Գրոց սերտողութիւն եւ խորհրդածութիւն: Աղօթքի ու դասախօսական այս շարքը առաջնորդուեցաւ «Հետեւինք Աստուածամօր Ուղիին» նշանաբանով:   Դասախօսութիւնները…

ԱՐԲԱՆԵԱԿԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՈՒՂՂԱԿԻ ՍՓՌՈՒՄ-13 ՕԳՈՍՏՈՍ 2016

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աստուածածնայ վանքին շրջափակէն ներս մատուցուած Սուրբ եւ անմահ Պատարագը ուղղակի պիտի սփռուի արբանեակային Noursat Broadcast պատկերասփիւռի կայանին կողմէ։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի նախագահէ Պատարագին եւ հաւատացեալներուն փոխանցէ օրուան պատգամը։   Ձեր շրջաններուն մէջ սփռումի բոլոր մանրամասնութիւնները հաճեցէք գտնել ներքեւի ցանկին մէջ։   Live…

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ս. ԳՐՈՑ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Երկուշաբթի 8 Օգոստոս, 2016-ի առաւօտուն, Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս սկսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած Ս. Գրոց սերտողութիւնը։ Շուրջ հարիւր տիկիններ բարձրացան Ս. Աստուածածին Վանք եւ Ս. Աստուածածին մատրան մէջ աղօթքի, սաղմոսներու, շարականներու եւ հոգեւոր խորհրդածութեան պահ մը ունեցան։ Ս. Գրոց սերտողութեան որպէս ընդհանուր թեմայ ընտրուած…

ԴԵՍՊԱՆ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ 5 Օգոստոս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեանը։ Նորին Սրբութեան եւ Դեսպանին միջեւ խորհրդակցութեանց նիւթ դարձան Հայաստանի վերջին շրջանի իրադարձութիւններն ու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները։ Դեսպան Մկրտչեան նաեւ տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը Լիբանանի ու Հայաստանի միջեւ զարգացող տնտեսական կապերուն…

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆՆԵՐ «ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԱՐԱԲԿԻՐԻ» Զոյգ հատորները

  Փոքր Հայքի քաղաքներէն Արաբկիրը կառուցուած է Վասպուրականէն Սեբաստիա գաղթած հայերու կողմէ, 1021-22-ին: Ան կը գտնուի Մելիտինէէն 70 քիլոմեթր հիւսիս, Եփրատ գետի վտակ Արաբկիրի ափին, Անտիտաւրոսի ստորոտին: Ան հանդիսացած է Սեբաստիոյ նահանգի գաւառներէն մէկուն կեդրոնը, յետոյ մաս կազմած է, յաջորդաբար, Մալաթիոյ եւ Խարբերդի նահանգներուն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Արեւմտեան Հայաստանի եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ 7-ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

1-5 Օգոստոս 2016-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան կազմակերպութեամբ, տեղի կ’ունենայ Համահայկական Կրթական 7-րդ Խորհրդաժողովը, Երեւանի մէջ։   Խորհրդաժողովի ընթացքին կը քննարկուին Հայաստանի եւ Սփիւռքի կրթական հիմնախնդիրները ու անոնց բարելաւման ծրագիրները՝ ներկայ հրամայականներու եւ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։   Սոյն խորհրդաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնեն Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՕԳՈՍՏՈՍ ԱՄԻՍԸ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ԱՄԻՍ

Սուրբ Աստուածածինը Հայ Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին մէջ առանցքային տեղ ունի։ Մեր եկեղեցւոյ մտածողութեան ու վկայութեան եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ Սուրբ Աստուածածինը եղած է մնայուն ներկայութիւն եւ աղբիւր հոգեւոր կեանքի վերանորոգման։ Մեր ժողովուրդը յատուկ երկիւղածութեամբ մօտեցած է Սուրբ Աստուածածնին՝ անոր անունով եկեղեցիներ ու ուխտավայրեր կանգնած եւ ուխտագնացութիւններ կազմակերպած է։     Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՐ ՀՕՏԻՆ ՀԵՏ

Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանի հայ համայնքները ուրախութեան ու յուզումի պահեր ապրեցան, երբ դիմաւորեցին իրենց Հովուապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, 28-29 Յուլիս 2016-ին։ Արդարեւ, Սուրիոյ պատերազմի ստեղծած բոլորին ծանօթ պատճառներով, Սուրիոյ հայ գաղութը դիմագրաւեց լուրջ դժուարութիւններ։ Վեհափառ Հայրապետը զանազան առիթներով կո՛չ ուղղեց մեր ժողովուրդին գործնապէս իր զօրակցութիւնը յայտնելու Սուրիոյ հայութեան։ Ընդառաջելով Նորին Սրբութեան կոչերուն հանգանակութիւններ կատարուեցան մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ Մ.Ա.Ե.Խ.-Ի 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը կը պատրաստուի գումարել 11-րդ համաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 5-8 Սեպտեմբեր 2016-ին, Ամմանի մէջ, Յորդանան։ Նախապատրաստական աշխատանքերու վերջին ժողովը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի 26 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանի ժողովասրահէն ներս։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իբր Խորհուրդի նախագահներէն մին, նախագահեց այս կարեւոր ժողովին, որուն ընթացքին վերջնականացուեցաւ համաժողովի օրակարգը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ն.Ս. ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի 25 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, ընդունեց Ղպտի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Հայր Ռուէյս Օրաշալիմի, Պատրիարքի խորհրդական Դոկտ. Կրկէս Սալեհ եւ Լիբանանի Ղպտի համայնքի ներկայացուցիչը։ Հանդիպման սկիզբը Դոկտ. Սալեհ Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց Ղպտի Պատրիարքին կողմէ առաքուած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՄԷՋ

Ուրբաթ 22 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական եւ Տեղեկատուական բաժանմունքներու վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի եւ Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, այցելութիւն տուաւ Կաթողիկոսարանի հովանիին տակ գործող «Թռչնոց Բոյն» հաստատութիւնը, ուր դիմաւորուեցաւ պատասխանատուներուն կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ տնօրէնութեան հետ եւ մօտէն տեղեակ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԿԱԹՈԼԻԿ ՆՊԱՍՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆՑ» ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հինգշաբթի 21 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Սուրբ Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց «Կաթոլիկ Նպաստի Ծառայութիւններ»ը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։ «Կաթոլիկ Նպաստի Ծառայութիւններ»ը հիմնուած է Համաշխարհային Բ. Պատերազմի օրերուն՝ 1943 թուականին եւ կեդրոնը կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներ։ Բարեսիրական այս կազմակերպութիւնը մարդասիրական ծառայութեան 70 տարիներու փորձառութիւն ունի եւ օգտակար կը հանդիսանայ պատերազմներէ տառապող ու բնական աղէտներու հետեւանքով…

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Չորեքշաբթի 20 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի Դեսպան Էմանուէլ Պոնը, ներկայ էր նաեւ դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուն։    Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի նախագահի ընտութեան, ապահովութեան, Սուրիոյ կացութեան եւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներու ներկայութեան հարցերը։ Վեհափառ Հայրապետը անգամ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Մ.Ա.Ե.Խ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

      17 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հայր Միշէլ Ժալըխը, որ եկած էր տեղեակ պահելու Խորհուրդի ընդհանուր ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին եւ ունենալու Նորին Սրբութեան կարծիքը շարք մը հարցերու գծով։   Խորհուրդի ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՆԵՐԿԱՅ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԸՆՁԵՌԱԾ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լսատեսողական ու Երիտասարդական բաժանմունքներուն, Շաբաթ 16 Յուլիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին, «Կիլիկիա» Թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ երիտասարդական համագումար «Ընկերային Ցանցերը Եւ Հայ Երիտասարդութիւնը» խորագրով: Համագումարին ներկայ էին Կաթողիկոսութեան թեմերէն ժամանած ներկայացուցիչներ եւ լիբանանահայ գաղութէն ներս գործող երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներ։             Համագումարի…

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԻՐԱԶԵԿ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԶԱՆԱԶԱՆ ԵՐԵՍՆԵՐՈՒՆ

15 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եպիսկոպոսարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ միջ-թեմական երիտասարդական համագումարի Գ. նիստը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող դատին մանրամասնութիւնները: Դատի յանձնախումբի անդամներէն Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան անդրադարձաւ դատի իրաւական աշխատանքներուն, իսկ դատին թողած արձագանգին եւ անցեալ Օգոստոսին Սիս այցելած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան չորս անդամներուն փորձառութեան մասին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՋ-ԹԵՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

  Յուլիս 14 2016-ի յետմիջօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եպիսկոպոսարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ միջ-թեմական երիտասարդական համագումարի Ա. նիստը: Նիստին բացումը կատարուեցաւ «Տէրունական» եւ «Զգործս ձեռաց մերոց» աղօթքներով:   Ապա, ժողովականները լսեցին Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի գործունէութեան եւ աշխատանքներուն ամփոփ զեկոյցը, որմէ ետք յաջորդաբար իրենց զեկոյցները ներկայացուցին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ու Քաթարի, Քուէյթի եւ Պարսկաստանի թեմերուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ ՅՂԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

  Ուրբաթ 15 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մօտէն հետեւելէ ետք Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ կատարուած ահաբեկչական արարքին, ցաւակցական ու զօրակցական նամակ մը յղեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտին։ «Խոր ցաւով ու ընդվզումով իմացանք Նիս քաղաքին մէջ Յուլիս 14-ին՝ Ֆրանսայի անկախութեան օրը, անմեղ ժողովուրդին դէմ կատարուած ահաբեկչութեան մասին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ…

ՄԻՋ-ԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՍԿՍԱՒ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լսատեսողական եւ Երիտասարդական բաժանմունքներուն կազմակերպութեամբ գումարուող միջ-թեմական երիտասարդական համագումարը սկսաւ իր աշխատանքներուն, 14 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն։               Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերէն ժամանած երիտասարդները Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Նորին Սրբութիւնը բարիգալուստ մաղթելէ ետք մասնակիցներուն, լուսարձակի տակ առաւ սոյն…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՔԱՐՏԷՍ» ՖԻԼՄԻ ԱՐՏԱԴՐՈՂԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Փրկութեան Քարտէս» ֆիլմի արտադրող Տիար Մանուէլ Սարիբեկեանը, որուն կ’ընկերանար ֆինլանտացի պատմաբան եւ ցեղասպանագէտ Դոկտ. Սվանթէ Լունտկրենը, որ մեծ ներդրում ունեցած էր ֆիլմի իրագործման մէջ։   «Փրկութեան Քարտէս» ֆիլմը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին ու յատկապէս որբերու ծառայութիւն մատուցած հինգ միսիոնարուհիներու՝ Մարիա Ճէյքըպսընի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՏՊԱՐԱՆԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԲԵՐՔԸ

Քանի մը օր առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Սարգիս Կիրակոսեանի «Կարծես երազ մը ըլլար» քնարավէպը, հրատարակութիւն՝ Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի, թիւ 85 հատորը (325 էջ)։ Սարգիս Կիրակոսեանի այս անտիպ երկին հրատարակութիւնը կը զուգադիպի հեղինակին անժամանակ մահուան Ա. տարելիցին։   Ներկայացուածը աւանդական վէպ մը չէ, այլ արտակարգօրէն տարբեր՝ այլաբանական իր բովանդակութեամբ, էութեամբ ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՖՐԱՆՍԱՅԻՆ Կ’ԱՌԱՋԱՐԿԷ ԱՒԵԼԻ ԱԶԴՈՒ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼ ՇՐՋԱՆԸ ՈՒ ՅԱՏԿԱՊԷՍ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՅՈՒԶՈՂ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

    Երեքշաբթի, 12 Յուլիս 2016-ի կէսօրին, երկօրեայ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարար Ժան Մարք Էյրոյի հետ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պքէրքէյի Մարոնիթներու Պատրիարքարանին մէջ՝ ներկայութեամբ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն։ Սոյն հանդիպման ներկայ էին նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը։   Արտաքին Գործոց Նախարարը…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանի դահլիճէն ներս ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ, Սուրբ Աստուածածին Վանքը հիւրաբար գտնուող Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպս. Աջապահեան։   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն ու յատկապէս Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց միջեւ տնտեսական…

ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

«Զարթօնք» Օրաթերթ   Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ընկերներ Սեւակ Յակոբեան եւ Վարդան Ուզունեան, այցելութիւն մը տուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնելու Վեհափառին, վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովին իր յղած Օրհնութեան Գիրին համար: Այցելութիւնը առիթ մըն էր Վեհափառ հօր հետ արծարծելու Հայ ազգն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԳՆԱՀԱՏԵՑ 2015-2016 ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈՒՆՁՔԸ

      Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումին (Հ.Հ.Հ.), Ուրբաթ 1 Յուլիս 2016-ին տեղի ունեցաւ 2015-2016 կրթական տարեշրջանի հայ համալսարանականներու հունձքի գնահատման յատուկ երեկոյ մը, «Կիլիկիա» Թանգարանի սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեան, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, 2015-2016 կրթական տարեշրջանի շուրջ յիսուն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԱՄԱ-ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԻՆ

  Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ն.Ս. Պարթոլոմէոս Տիեզերական Պատրիարքի գլխաւորութեամբ, Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ գտնուող Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Ակադեմիայէն ներս տեղի ունեցաւ Համա-ուղղափառ Եպիսկոպոսաց Ժողովը, որուն մասնակցեցան Արեւելեան Ուղղափառ տասնչորս եկեղեցիներու պետերը։   Այս ժողովը հազարամեակէ մը ի վեր սպասուած մեծ ժողովն էր: Տիեզերական Պատրիարքին կողմէ հրաւիրուած էին քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները, բերելու իրենց մասնակցութիւնը այս ժողովին՝ դիտողի հանգամանքով:…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԵՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆՑ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ժողովը տեղի ունեցաւ 22-28 Յունիս 2016-ին Թրոնտհայմի մէջ, Նորվեկիա, թեմա ունենալով «Ուխտագնացութիւն՝ Միասնաբար Որոնենք Մեր Գործելադաշտերը» (Pilgrimage: Discerning the Landscapes Together)։ Հայ Եկեղեցին Հայրապետական երկու Աթոռներով իր մասնակցութիւնը բերաւ այս ժողովին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի Վարիչ՝ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Եւրոպայի մէջ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ 500-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

  Ուրբաթ, 24 Յունիս 2016-ի յետմիջօրէին, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցին (N.E.S.T.) մէջ կազմակերպուած էր համագումար մը՝ նուիրուած բողոքական շարժումի 500-ամեակին: Սոյն համագումարին ներկայ էին լիբանանցի եւ գերմանացի աստուածաբաններ եւ պատմաբաններ: «Բողոքականութեան ազդեցութիւնը Արեւելեան Եկեղեցիներուն վրայ» խորագրով դասախօսական բաժնին համար Յոյն Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներէ կազմուած ներկայացուցիչներու կողքին նաեւ հրաւիրուած էր Հայ Եկեղեցին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 21-րդ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔՈՎ ՈՒ ԾԱՌԱՅԱԿԱՆ ՈՒԽՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄՈՎ

    Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման տարեդարձին առիթով, հայ եկեղեցիներէն ներս տեղի կ’ունենան Հայրապետական Մաղթանքի արարողութիւններ։   Այս տարի եւս, Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական ընտրութեան (28 Յուլիս 1995) եւ օծման (1 Յուլիս 1995) 21-րդ տարեդարձին առիթով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ…

«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՈՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՐ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

    Վերոյիշեալ հաստատումը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Չորեքշաբթի, 22 Յունիս 2016-ի առաւօտուն, ընդունելով Հոլանտայի գլխաւոր թերթերու թղթակից Մարգոն Բոնդալ։ Յիշեալ թղթակիցը Միջին Արեւելք ղրկուած է Հոլանտայի թերթերուն համար իր արժեւորումներն ու մեկնաբանութիւնները կատարելու Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն նկատմամբ, ու միաժամանակ զեկոյց մը պատրաստելու Հոլանտայի եկեղեցիներուն համար, այս պարագային շեշտելով քրիստոնէութեան ներկայութիւնը ու…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՊԱՊԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԱՏԱՐԵԼԻՔ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ

    Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն 24-25 Յունիսին Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Հայաստան։ Այցելութեան մէջ ներառնուած են կրօնական, պետական եւ հրապարակային հանդիպումներ ու այցելութիւններ։ Պապին այցելութեան ծրագիրը մանրամասն կերպով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Դիւանին կողմէ արդէն իսկ հրապարակուած է։   Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութեան,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

     Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ժողովը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 22-28, 2016-ին Թրոնտհայմի մէջ, Նորվեկիա։ Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Տիկին Թենի Սիմոնեան։ Ժողովը իր օրակարգին վրայ ունի Խորհուրդին վերջին տարուան գործունէութեան քննարկումը, Խորհուրդի ծրագիրներուն արժեւորումը, Խորհուրդ-եկեղեցի յարաբերութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ, միջազգային հարցերու գծով Խորհուրդին…

ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

    Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած հայագիտական նիւթերու դասընթացքի Դ. տարեշրջանը (2015-16) իր աւարտին հասաւ Յունիսի 15-ին։ Երկու օր անց, Յունիսի 17-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Պիքֆայիայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ ընդունեց դասընթացքին հետեւած ուսանողները, որոնց թիւը այս տարեշրջանին հասած էր 31-ի։   Այս դասընթացքը, որ սկիզբ առած էր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱ-ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԻՆ

  Կիրակի 19 Յունիս 2016-ին, Կրետէ կղզիին վրայ տեղի պիտի ունենայ Համա-ուղղափառ Եպիսկոպոսաց ժողովը, որ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցական ընտանիքին համար պատմական դէպք մըն է։ Այս ժողովը Արեւելեան Ուղղափառներուն համար Նիկիոյ Բ. Ժողովէն (787 թ.) ի վեր գումարուած ժողովներուն կարեւորագոյնը կը նկատուի։ Ժողովին նախապատրաստական աշխատանքները տեւած են շուրջ 55 տարի։ Ժողովի գումարման որոշումը թէեւ հանդիպեցաւ բազմաթիւ…

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՊԱՀԱՆՋՔԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, 27 Ապրիլ 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատական հայց ներկայացուցած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը։   Շուրջ 100 էջերու վրայ տարածուած դատական հայցը` պատմական, կրօնական, քաղաքական եւ օրինական տուեալներու հիման վրայ, յարակից փաստաթուղթերով եւ վկայութիւններով, կը պարզէր Սիսի Կաթողիկոսարանի պատկանելիութիւնը, անոր դերը Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններուն…

«ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»

Նոր Հրատարակութիւն   Ուրախութիւնը ունինք յայտնելու մեր սիրելի ընթերցողներուն, թէ Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու Բաժանմունքը հրատարակեց իր «Եկեղեցի Եւ Ժողովուրդ» Մատենաշարին 3-րդ գրքոյկը, որ կը կրէ` «Ճշմարիտ Ապաշխարութիւնը» խորագիրը:   Աստուածաշունչէն եւ սուրբ հայրերէն վկայակոչութիւններ կատարելով, սոյն գրքոյկին ճամբով պարզած ենք ապաշխարութեան ճշմարիտ իմացումը: Մեր սրտի փափաքն է, որ ամէն հայ անհատ իր ձեռքին մէջ…

«ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԵԱՆՔԻՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՃՈՂ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԴՐԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹ Է»

Քաջալերական այս խօսքերով արտայայտուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Անթիլիասի մէջ հաւաքուած հարիւրէ աւելի կիներուն, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին՝ ամէն Երեքշաբթի, մասնակից դարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած Հայ Կանանց Հոգեւոր Լսարանին։ Բաժանմունքի այս ծրագրին տարեշրջանի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 14 Յունիս 2016-ի առաւօտուն, Վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։  …

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՀԱԿԱՌԱԿ ԱՌԿԱՅ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԵԱՆՑ» Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 13 Յունիս 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընդունելով Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանն ու Պետական Երեսփոխան եւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Ատենապետ՝ Տիար Ժիրայր Րէիսեանը, շեշտեց «Վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնելու ձգտող աշխատանքները շարունակելու հրամայականը»։ Նորին Սրբութիւնը առաջին հերթին բարձր գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանին նուիրեալ ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝…

Դպրեվանքի Ամավերջի Հանդիսութեան Առիթով

  «Դպրեվանքը այս կառոյցով կը սկսի սակայն այս կառոյցը կ’անդրանցնի վերածուելով ոգիի, հաւատքի, տեսիլքի եւ առաքելութեան՝ մեր ժողովուրդին գացող»։   Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս     ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Կիրակի, 12 Յունիս 2016-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի ամավերջի հանդէսը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Ձեռնարկին…

ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 12 Յունիս 2016-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երեք աբեղայ միաբաններ՝ Հոգշ. Տ. Վահրիճ Աբղ. Ղարախանեան, Հոգշ. Տ. Վաչէ Աբղ. Պալըքճեան եւ Հոգշ. Տ. Վիգէն Աբղ. Տալգլըճեան ստացան Վարդապետական Մասնաւոր Իշխանութեան չորս աստիճանները: Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։     Պատարագի ընթացքին՝ Տէրունական աղօթքէն առաջ, Ձեռնադրիչ Սրբազանը՝…

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍԵՄԻՆԱՐ

  Միջին Արեւելքէն ներս տիրող կացութիւնը յատուկ իրավիճակ ստեղծած է շրջանի բնակիչներուն համար, որոնք ականատես կ’ըլլան բռնութեան, վայրագութեան, գաղթի եւ տեղափոխութեան։ Քրիստոնեաներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները նոր պարտաւորութիւններու դիմաց կը դնեն եկեղեցիները, որոնց պարտաւորութիւնն է հասնիլ իրենց հաւատացեալներու ամէն տեսակի դժուարութիւններուն։ Այս պատճառով, 6-10 Յունիսին, Սայտըդ Ալ Ժապալ Վանքին մէջ, Ատմա-Լիբանան, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդն (Ե.Հ.Խ.) ու Միջին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ

  Գերմանիոյ Դաշնակցային Հանրապետութեան Խորհրդարանի, 2 Յունիս 2016-ի, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս զանազան եկեղեցական կազմակերպութիւններէ եւ հայ ժողովուրդի բարեկամ անհատներու կողմէ շնորհաւորական նամակներ եւ հեռաձայններ ստացաւ։               Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը եւս զօրակցական նամակ մը յղեց Վեհափառ Հայրապետին, գնահատելով հայ ժողովուրդին պայքարի կամքը, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ ժողովուրդին մարդկային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՔ ՀԱՅԱԳԷՏՆԵՐ

Անցնող օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց հետեւեալ հայագէտները` Փրոֆ. Սեդա Տատոյեան, Քոլոմպիա Համալսարանի նախկին դասախօս, Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտչեան, Ֆրեզնոյ Համալսարանի դասախօս եւ Փրոֆ. Հրաչ Չիլինկիրեան, Օքսֆորտ Համալսարանի դասախօս։               Հայագէտները Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին իրենց կատարած ակադեմական աշխատանքներուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը իր կարգին գնահատելով հայագէտներուն ակադեմական աշխատանքները, շեշտեց հայագիտութեան յատուկ կարեւորութիւն տալու…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆՑ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

«ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐ ԿԸ ՄՂԷ ԵՒ ՈՉ ՄԷԿ ՊԱՐԱԳԱՅԻ ՏՐԱՄԱԴԻՐ Է ԼՔԵԼՈՒ ԻՐ ՊԱՊԵՆԱԿԱՆ ՀՈՂԸ» ԸՆԴԳԾԵՑ ԶՕՐԱՎԱՐ ՆԱԶԱՐԷԹ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ   Իր ամսական հանդիպումներու ծիրին մէջ, Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի (ՀՀՀ) Վարչութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութեանց 25-ամեակին առիթով, Ուրբաթ, 3 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպեց հանդիպում-զրոյց մը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 27 Մայիս 2016-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու տարեկան նիստը, գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի։ Ժողովին նաեւ ներկայ էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան։ Երկու Վեհափառ Հայրապետները, որոնք անդամ են այս Յանձնաժողովին ուղարկած էին իրենց ներկայացուցիչները։               Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ժողովի աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ…

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԹԱԳԱՒՐՈՒԹԵԱՆ ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՕՇԻՆ ԱՐՔԱՆԵՐԸ «ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՆ» ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ՝ «ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԻԼԻԿԻՈՅ» ՄԷՋ

Քահանայական Օծում եւ Աբեղայական Օրհնութիւն Անթիլիասի Մէջ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԹԱԳԱՒՐՈՒԹԵԱՆ ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՕՇԻՆ ԱՐՔԱՆԵՐԸ «ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՆ» ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ՝ «ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԻԼԻԿԻՈՅ» ՄԷՋ   Մեր ժողովուրդի հոգեւոր անդաստանը ծով կարիքը ունի անձնդիր մշակներու, որոնք եկեղեցւոյ ճամբով իրենց ողջ կեանքը կը նուիրեն մեր ժողովուրդի ծառայութեան։ Ա՛յս ոգիով է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը գործէ ու կը ծաւալէ իր աշխարհասփիւռ առաքելութիւնը՝…

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ՄՈՌՆԱԼ»   Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

    Վստահաբար մեր ժողովուրդի զաւակները կը հետեւին, յատկապէս վերջին օրերուն, ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ մանաւանդ Հալէպի հայաբնակ շրջաններէն ներս տեղի ունեցող ահաւոր ռմբակոծումներուն, որոնց հետեւանքով կան հայ զոհեր ու վիրաւորներ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը շարունակէ մօտէն հետաքրքրուիլ Սուրիոյ անցուդարձերով, մասնաւորաբար մեր համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններով։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ Սուրիոյ հայութեան համար…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԿԸ ՅԱՆՁՆԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՅՂԱԾ ՆԱՄԱԿԸ

  Ուրբաթ, 3 Յունիս 2016-ի կէսօրին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի եւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտճեանի, այցելեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ Դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Դեսպան Մարթին Հութի հետ։   Առաջնորդ Սրբազանը նախ Դեսպանին յանձնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքելին…

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

      Ուրբաթ, 3 Յունիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու Համախմբումի Վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Մազլում Արքեպիսկոպոսին։ Սոյն Համախմբումին մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու կրօնական եւ աշխարհական ներկայացուցիչները։ Համախմբումը նպատակ ունի ամրապնդել համայնքներու միջեւ գործակցութիւնն ու պաշտպանել քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները։ Մեծի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՔԱՋ ՔԱՅԼԸ

Գերմանիոյ Վարչապետին ուղղած նամակով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՔԱՋ ՔԱՅԼԸ   Գերմանիոյ Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով որդեգրուած բանաձեւէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նամակ մը յղեց Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքելին ողջունելով պատմական նշանակութիւն ունեցող Գերմանիոյ քաջ քայլը, զայն նկատելով «Պերճախօս վկայութիւն մը մարդկային իրաւանց նկատմամբ Գերմանիոյ յանձնառութեան, ինչպէս…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԼՈՊԸԼ ՔՐԻՍՉԸՆ ՖՈՐՈՒՄԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

  25-28 Մայիս 2016-ին, Սայտըդ ըլ Պիր Վանքին մէջ (Լիբանան), տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի նուիրուած խորհրդակցական երկրորդ հանդիպումը Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումի (Global Christian Forum) կազմակերպութեամբ եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համագործակցութեամբ։ Ժողովին ներկայ էին Ֆորումի Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Լարի Միլլըր, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հայր Միշէլ Ժալըխ եւ շրջանի եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։ Սոյն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԼՈՊԸԼ ՔՐԻՍՉԸՆ ՖՈՐՈՒՄԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

    Շաբաթ, 28 Մայիս 2016-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին Վանքի իր գրասենեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումը (Global Christian Forum) ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Լարի Միլլըր, նախկին Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հիւպըրթ Վան Պիք եւ Դոկտ. Հայր Կապրիէլ Հաշէմ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսարանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԸ

  Երկուշաբթի, 30 Մայիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին։               Վեհափառ Հայրապետն ու Դեսպանը խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկեցին ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Ղարաբաղի այժմու կացութեան եւ Լիբանանի ու Հայաստանի տնտեսական գործակցութեան առնչուած խնդիրներ ու աշխատանքներ։               Դեսպան Մկրտչեան…