2019-2020 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՄԵԾ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ    

Շաբաթ, 22 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի աշակերտական մրցանքին բացումը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մրցանքի վարիչ Վարուժան Թէնպէլեան, որ լուսարձակի տակ առնելէ ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական թելադրանքով 2009-ին հաստատուած «Խաչիկ Պապիկեան» աշակերտական մրցանքին վերջին տասը տարիներու նուաճումները՝ յայտնեց,…

ԹՄՄ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

ԶԱՐԹՕՆՔ — Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ի յետմիջօրէին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Յակոբ Գասարճեանին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Անի Լաչինեան-Մակարեան, Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան եւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր, ի մասնաւորի Լիբանանի ներկայ իրավիճակն ու լիբանանահայութեան այսօրուան դժուարին ընկերատնտեսական…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏ

Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի հանդիպումը տեղի ունեցաւ: Հանդիպումին ներկայ էին ժողովի համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ ժողովի վանաբնակ անդամները:   Նիստի ընթացքին քննարկուեցան ծիսական, միջ-եկեղեցական, հրատարակչական եւ դաստիարակչական բնոյթ ունեցող շարք մը հարցեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:   Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին զրոյցը առաւելաբար կեդրոնացաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վրայ: Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը իր կարգ մը մտահոգութիւնները փոխանցեց դեսպանին:

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ազդակ.- Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը, որ կայացաւ 29 փետրուարէն 1 մարտ 2020-ին Անթիլիասի մէջ, յստակացուց լրագրողներու համահայկական յառաջիկայ աշխատանքներու ընդհանուր ուղղութիւնները: Քննարկուեցան թէ՛ տարածաշրջանային, եւ թէ համընդհանուր մակարդակներով մասնագիտական բովանդակութեամբ խորհրդաժողովներ, աշխատանոցներ եւ համաժողովներ կազմակերպելու կարելիութիւնները:   Համակարգող խորհուրդի քննարկումներու օրակարգին մէջ ներառուած էին Անթիլիասի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած Լրագրողներու համահայկական համաժողովին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԸ

Կիրակի, 2 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մոսկուայէն միօրեայ այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Ռուբէն Վարդանեանը: Տիար Վարդանեան Հայաստանի ու Արցախի մէջ նախաձեռնած է զանազան ծրագիրներ, որոնցմէ հանրածանօթ է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նպաստ բերող «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը (Aurora Humanitarian Initiative): Տիար Վարդանեան Կիրակի օր ներկայ գտնուեցաւ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Կիրակի, 1 Մարտ 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց լրագրողներու համահայկական ֆորումը համակարգող խորհուրդը, որուն մաս կը կազմէին, Սաթիկ Սէյրանեան («168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ Հայաստանի ժուռնալիստներու միութեան նախագահ), Տիգրան Յարութիւնեան («Նոյան Տապան» լրատու գործակալութեան հիմնադիր եւ տնօրէն, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ), Միքայէլ Հաճեան (Լրագրող, հրապարակախօս, հրապարակագիր, քաղաքական վերլուծաբան), Արամ Անանեան («Արմենփրես» լրատու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԻՐԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2020-ին, Թեհրանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, ինչպէս նաեւ նորընտիր պատգամաւորներու ուղղած իր նամակով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն շնորհաւորեց անոնց ընտրութիւնը:   Յայտնենք, որ Թեհրանի եւ Հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր ընտրուեցաւ Արա Շահվերդեանը, իսկ Սպահանի եւ Հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր ընտրուեցաւ Ռոպերդ Բեգլարեանը: Երկու պատգամաւորները Իրանի հայութեան կեանքի գործօն մասնակցութիւն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 24 Փետրուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Զուարթնոց Կեդրոնի Վարչութիւնը:   Յայտնենք, որ Զուարթնոց Կեդրոնը յատուկ կարիք ունեցող փոքրերու ու պատանիներու կեդրոն է, հաստատուած Պուրճ Համուտի մէջ: Կեդրոնը մասնագիտական մօտեցումով հսկայ աշխատանք կը կատարէ յատուկ կարիք ունեցող մեր զաւակներուն: Ինը հոգիներէ բաղկացած վարչութեան ատենապետն է օրդ. Անի Պուճիքանեան, իսկ կեդրոնին տնօրէնուհին է…

“ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծ Պահքի այս առաջին օրերուն, Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Բաժանմունքը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ, որպէսզի մեր ժողովուրդը հաղորդ պահէ հոգեւոր կեանքին առնչուած Նորին Սրբութեան մտածումներուն ու թելադրութիւններուն։   1) Ուրախ ենք Վեհափառ Հայր, ու մեծապէս շնորհակալ որ Մեծ Պահոց շրջանը Ձերդ Սրբութեան հետ մեր ունեցած ներկայ հարցազրոյցով կը բացուի։ Մեծ Պահքը հոգեւոր կեանքի…

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ

Մեծ պահոց քառասնօրեակին կը նախորդէ Բուն Բարեկենդանի Կիրակին, որ Անթիլիասի Մայրավանքին Կիրակնօրեայ Վարժարանը զայն կը նշէ փոքրիկներուն զանազան կերպարներու ծպտումով։ Առ այդ, Կիրակի, 23 Փետրուար 2020-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Կիրակնօրեայ Վարժարանի փոքրիկները: Նորին Սրբութիւնը իր գնահատական խօսքին…

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Հինգշաբթի, 20 Փետրուար 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» մղուած մեր պատմութեան ամէնէն պատգամաբեր դէպքերէն՝ Վարդանանց Ճակատամարտի ոգեկոչումը։   Եկեղեցական եւ ազգային այս տօնին նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան։…

ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 18 Փետրուար 2020-ին, Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը յատուկ հանդիսաւորութեամբ տօնուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ: Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին, «Քրիստոս Աստուած մեր» մաղթանքին ընդմէջէն յիշուեցան Աւարայրի  ճակատամարտին նահատակուած բոլոր հոգեւորականներու անունները:   Երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ միաբանական հաւաքական ընթրիք տեղի ունեցաւ: Ընթրիքի աւարտին, միաբաններէն մէկը կարդաց Ս. Ղեւոնդ Երէց…

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Կիրակի, 16 Փետրուար 2020-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին կից գտնուող «Զարեհեան Յուշարձան-Դամբարան»ին մէջ, ներկայութեամբ միաբան հայրերու եւ հաւատացեալներու, կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսոութեան երջանկայիշատակ հայրապետներուն եւ լուսահոգի միաբաններուն հոգեհանգիստը, որուն նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։   Արդարեւ, սոյն հոգեհանգստեան պաշտօնը, որ աւանդութիւն դարձած է Փետրուար ամսուան ընթացքին…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԷՆ ԵՐԵՔ ԵՐԻՏԱՍԱԱՐԴ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐ ՄԵԿՆԵՑԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ երեք երիտասարդ միաբան հայրեր՝ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտճեան (առաջնորդական փոխանորդ Հիւսիսային Յունաստանի), Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ Շէրնէզեան (տեսուչ «Կիլիկիա» Թանգարանի), Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան(վարիչ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին), մեկնեցանՎատիկան՝ընդառաջելով Վատիկանի միջ-քրիստոնէական յարաբերութեանց բաժանմունքի հրաւէրին: Հայր սուրբերուն պիտի միանայ Հռոմի մէջ ուսանող Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան:  …

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 14 Փետրուար 2020-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Գերմանիոյ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութեան մը՝ առաջնորդութեամբ Ուտօ Պենտզ եպիսկոպոսին։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի  Ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Սուրայյա Պաշաալանի եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ Տիկին Սեդա Խտըշեան։   Այցելութեան նպատակն էր ծրագրել Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու այցելութիւնը Գերմանիա, որպէսզի եկեղեցիները…

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

«ՄԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ՊԷՏՔ Է ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԻՆ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ ՈՒ ԴՊՐՈՑԷՆ ՆԵՐՍ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ երեկոյեան ժամերգութեան ղօղանջները բարձրացան Տեառնընդառաջի նախատօնակին առիթով, որուն հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Աւանդութեան համաձայն, հոգեպարար արարողութեան ընթացքին կատարուեցան հանդիսաւոր Անդաստան եւ մանուկներու տաճար ընծայում, իսկ…

«ՍՈՒՐԻՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ 100 ՏԱՐԻՆԵՐ ԱՌԱՋ ԱՐԴԷՆ ԻՍԿ ՃԱՆՉՑԱԾ ԷՐ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԻՐ ՀՈՂԻՆ ՎՐԱՅ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՎ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՊՐՈՂՆԵՐԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քիչ առաջ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշար Ալ Ասատին ուղղած իր նամակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ջերմօրէն ողջունեց Սուրիոյ Հանրապետութեան Խորհրդարանին կողմէ, այս առաւօտ Հայոց Ցեղասպանութեան միաձայնութեան ճանաչումը:   «Վստահ ենք, որ Դուք եւ Ձեր հանգուցեալ հայրը կարեւոր դեր ունեցաք ցեղասպանութեան դատապարտումի ու ճանաչումի գծով՝ Ձեր հրապարակային կեցուածքներու ճամբով անցնող տարիներու ընթացքին: Այս առիթով, կ’ուզենք…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹ ՈՒՆԵՑՈՂ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

Շաբաթ, 8 Փետրուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական ժողովի հանդիպումը:   Ժողովական հայրեր յաջորդաբար քննարկեցին քրիստոնէական դաստիարակութեան, քահանայից պատրաստութեան, Դպրեվանքի, Հիւսիսային Ամերիկայի համալսարանականներու յատուկ դասընթացքին, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական հանդիպումներու ու աշխատանքներու, վանաբնակ երիտասարդ միաբաններու յատուկ դասընթացքի, Սուրբ Գրոց թարգմանութեան, Հայրապետական ու Հանրապետական մաղթանքներու բարեփոխութեան,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

26 Յունուարէն 1 Փետրուար 2020-ին, Աթշանէի  Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ կայացաւ Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու երկխօսութեան Միջազգային Աստուծաբանական յանձնախումբի 17-րդ հանդիպումը։ Ներկայ հանդիպումին նիւթն էր «Եկեղեցւոյ Խորհուրդներու Աստուածաբանական հիմքերը»։ Յանուն Ս. Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան, ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանն ու Հոգշ. Շահէ Ծ.Վրդ. Անանեանը, իսկ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝…

ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ՊԱՀՔԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 5 Փետրուար 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ժամերգութենէն անմիջապէս ետք, տեղի ունեցաւ Առաջաւորաց Պահքի հաւաքական խոստովանանք եւ ջրօրհնէք, որմէ ետք մեր ժողովուրդի ուխտաւոր զաւակները ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ ****** Առաջաւորաց պահքը յատուկ է միայն Հայ Եկեղեցւոյ եւ կը նշուի Սուրբ Սարգիսի տօնին նախորդող Երկուշաբթի օրը՝ տարածուելով հինգ օրերու վրայ, սակայն կեանքի…

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երեք օրերու վրայ տարածուած Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած միջազգային համագումարը հասաւ իր աւարտին Կիրակի օր: Յայտնենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցած համագումարին նպատակն էր միջ-եկեղեցական շարժումին համար նոր տեսլական մը զարգացնել՝ համահունչ ներկայ ժամանակներու եւ եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:   Երեք օրեր շարունակ յիշեալ թեմային շուրջ երկար տարիներու միջ-եկեղեցական ծառայութիւն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԵՐԿԱՐ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՎԱՍՏԱԿ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՆՁԵՐ

Այս օրերուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի կ՚ունենայ միջազգային միջ-եկեղեցական ժողով՝ նախաձեռնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Արդարեւ, Շաբաթ, 1 Փետրուար 2020-ին, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ եղան ժողովականներ, միաբանութիւն եւ Լիբանանի հայ գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներ:   Խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը՝ ողջունեց ներկաները եւ շեշտեց միջ-եկեղեցական շարժումին կարեւորութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ,…

Միջ-Եկեղեցական Միջազգային Համագումար Անթիլիասի Մէջ — «ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ ՆՈՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 31 Յունուար 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ միջազգային միջ-եկեղեցական համագումարին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ 30 աստուածաբաններու ու միջ-եկեղեցական շարժումի փորձագէտներու՝ Հարաւային Քորէայէն, Ինտոնեզիայէն, Հնդկաստանէն, Յորդանանէն, Քենիայէն, Կանայէն, Պուրունտիէն, Ռուսիայէն, Զուիցերիայէն, Վատիկանէն, Շուէտէն, Ֆինլանտայէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Լիբանանէն:     Վեհափառ Հայրապետը, որ նախաձեռնողն է համագումարին, պաշտօնական բացումը կատարելով…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

28 եւ 29 Յունուար 2020ին‚ Քուէյթի մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդի տարեկան ժողովը‚ ուր յանուն Հայ եկեղեցւոյ իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան‚ Առաջնորդ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի‚ եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի։   Երկու օրերու վրայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԷՆ ՔԱՐՏԻՆԱԼ ՔՈԽԸ

Չորեքշաբթի, 29 Յունուար 2020-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ՝ Կարտինալ Քոխը:   Վեհափառ Հայրապետին եւ Կարտինալին միջեւ մտերմիկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին արծարծուեցան միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցեր: Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ վերաշեշտելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութիւնը:   Ապա, Կարտինալ Քոխ ընթրիքի հիւրը եղաւ…

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

31 Յունուարէն 2 Փետրուար 2020-ին, միջազգային միջ-եկեղեցական համագումար մը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս: Համագումարը կազմակերպուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ: Անոր նպատակն է նոր մարտահրաւէրներու ու տագնապներու դիմաց գտնուող միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութիւնը համապարփակ քննութեան ենթարկել եւ ապա որոնել նոր ուղղութիւն ու տեսլական միջ-եկեղեցական շարժումին:   Համագումարին պիտի տրուին երկու…

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՊԷՏՔ Է ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ ԱՐՏԱՅԱՅՏԷ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի, 28 Յունուար 2020-ին, Պքերքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու հանդիպումը: Հանդիպման նպատակն էր քննել Լիբանանէն ներս վերջին երեք ամիսներուն տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերը, յատկապէս ժողովուրդին պահանջքները, եւ պարզել եկեղեցւոյ տեսակէտը: Ներկայ հոգեւոր պետերը իրենց մօտեցումները արտայայտեցին՝ բնականաբար ընդգծելով եկեղեցւոյ դիրքորոշումը երկրէն ներս ստեղծուած կացութեան եւ ժողովրդային պահանջքներու գծով:   Խօսք առաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆ ՎԱՀԱԳՆ ԱԹԱԲԷԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, 23 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի այցելութիւնը:   Դեսպանը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Վսեմաշուք Նախագահ Բակօ Սահակեանի նամակները:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Հայաստանի ու Լիբանանի այժմու կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող խնդիրներու:

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ «ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ» ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻՆ

Կազմակերպութեամբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) «Ուխտագնացութիւն Դէպի Խաղաղութիւն եւ Արդարութիւն» յանձնաժողովին եւ հիւրընկալութեամբ «Խաղաղականի Եկեղեցիներու Խորհուրդ»-ին, 13-23 Յունուարին Խաղաղական ովկիանոսի Ֆիճի կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ յանձնաժողովին վեցերորդ համախմբումը՝ մասնակցութեամբ Ե.Հ.Խ.ի անդամ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու, տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներու եւ մասնագէտ հիւրերու։ Յիշեալ յանձնաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչն է Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան։   Յանձնաժողովը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒՀԻ ՎԱՐԴԻՆԷ ՕՀԱՆԵԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 22 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան՝ ընկերակցութեամբ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունիին: Վեհափառ Հայրապետը իր շնորհաւորութիւնը եւ օրհնութիւնը փոխանցեց նոր նախարարուհիին:   Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան մէջ ամէնէն երիտասարդ նախարարն է Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը: Ծնած է 1984-ին, յաճախած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ

Միջ-եկեղեցական շարժումին նախաձեռնութեամբ Յունուար ամսուան 3-րդ շաբաթը յատկացուած է Քրիստոնէական Միութեան Աղօթքին:   Այս ծիրէն ներս աշխարհի բոլոր եկեղեցիներէն ներս աղօթքներ տեղի կ’ունենան եկեղեցիներու միութեան համար: Երբեմն եկեղեցիներ առանձնաբար եւ երբեմն միասնաբար կրօնական հաւաքներ կը կազմակերպեն` աղօթասացութեամբ, խորհրդածութեամբ եւ քարոզխօսութեամբ շեշտելով եկեղեցիներուն միութեան հրամայականը:   Յայտնենք, որ անցեալ տարի Լիբանանէն ներս աղօթքի շաբթուան փակումը տեղի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ

Ընդառաջելով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Նուրհան Արք. Մանուկեանի հրաւէրին, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան եւ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան մեկնեցան Երուսաղէմ՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու Աստուածայայտնութեան տօնին առնչուած արարողութիւններուն: Յայտնենք, որ հակառակ շրջանէն ներս ստեղծուած քաղաքական ու ապահովական դժուարութիւններուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Պապական նուիրակ Ժոզեֆ Եպիսկոպոս Սփիթերին:   Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին ողջոյնները եւ Ս. Ծննդեան առիթով իր բարեմաղթութիւնները պարունակող նամակը: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին Պապական նուիրակէն խնդրեց իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցել Սրբազան Քահանայապետին ու յիշեցուց, որ Մեծի Տանն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԿԵԴՐՈՆ

Երեքշաբթի, 14 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ պատանիներու «Զուարթնոց» կեդրոնը, Պուրճ Համուտի մէջ:     33 տարիներ առաջ, Վեհափառ Հայրապետի՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդութեան օրերէն սկիզբ առած յիշեալ կեդրոնը, վերջին տարիներուն օժտուած է ներկայ ժամանակներու մասնագիտական բոլոր կարելիութիւններով: Կեդրոնին տնօրէնուհին է Տիկին Վարդի Գէորգեանը: Կեդրոնը ունի իր…

2020-ը՝ ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱ­ՐԻ

Պ Ա Տ Գ Ա Մ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍԻ ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ     Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային Իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայ­­րա­վանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէա­կան ջերմ սի­րով եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհա­նուր Ժո­ղովը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօ­նական ու Քա­ղա­քական…

«ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ» ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ Կ՚ԸՆԹԵՐՑՈՒԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆՍ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հաստատած աւանդութիւններուն մաս կը կազմէ իւրաքանչիւր տարի հայ ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէքի կամ իրադարձութեան մը անդրադառնալն ու տուեալ տարին այդ թեմային նուիրելը։ Այդ իմաստով, Վեհափառ Հայրապետը 2020 տարին հռչակեց «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի», իսկ Հայրապետին պատգամը Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ ընթերցեց Գերշ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԱՄԵՆ. Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 11 Յունուար 2020-ին, Պոլսոյ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գահակալութեան արարողութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ Նուիրապետական Աթոռի նորընտիր գահակալ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արարողութեան մասնակցեցան Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Առաջնորդ Յունաստանի թեմին, եւ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, Առաջնորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմին:    Յընթացս արարողութեան, կարդացուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Ն.Ս. Աֆրամ Պատրիարքին ներկայացուցիչը

Հինգշաբթի, 9 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը լեռնալիբանանի առաջնորդ Ճորճ Սալիպա Արքեպիսկոպոսին: Ան Մայրավանք եկած էր յանուն Ն.Ս. Աֆրամ Պատրիարքին շնորհաւորութիւնը յայտնելու Ս. Ծննդեան եւ  Աստուածայայնութեան տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ խորհրդակցելու միջ-եկեղեցական հարցերու շուրջ:   Յայտնենք, որ օր մը առաջ Նորին Սրբութեան այցելած էր նաեւ Մարոնիթ եկեղեցւոյ հոգեւոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2020 ՏԱՐԻՆ ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ «ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»

Վեհափառ Հայրապետը 2020 թուականը հռչակած է «ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»: Առ այդ, Կիրակի, 12 Յունուարին, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Նորին Սրբութեան հռչակագիրը պիտի ընթերցուի Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Նոյն հռչակագիրը նաեւ պիտի ընթերցուի թեմերու եկեղեցիներէն ներս։   Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն ներկայ գտնուելու Պատարագին՝ լսելու համար Վեհափառ…

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2020-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը:   Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Լիբանանի եւ շրջանէն ներս տիրող ընդհանուր կացութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան: Երկու հոգեւոր պետեր կարեւորութեամբ շեշտեցին մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը:

ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՈՒՆԴԸ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԷՋՔՆ Է ԵՐԿԻՐ ՈՐՊԷՍ ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐ ՊԱՐԳԵՒ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցան Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօները։ Այս առիթով, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իսկ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց…

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 5 Յունուար 2020-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագը։   Պատարագի աւարտին, լուսարարապետ Սրբազան Հայրը Ս. Խորանէն վար բերաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց Նորին Սրբութեան։ Հայրապետը, իր կարգին, բաշխեց հաւատացեալներուն, որոնք իրենց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Շաբաթ, 4 Յունուար 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Միջին Արեւելքի Քրիստոնէութեան Զօրակցութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Թուֆիք Պաաքլինին՝ ընկերակցութեամբ կազմակերպութեան Լիբանանի կեդրոնի պատասխանատու Ալեքսիս Մուքարզելի։   Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած յիշեալ կազմակերպութեան մաս կը կազմեն պետական, քաղաքական, կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Անոր նպատակն է զանազան միջոցներով զօրակցիլ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան։   Վեհափառ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ՀՐԱՒԷՐ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ     Եբրայեցւոց ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալ նորադարձ քրիստոնեաներուն կը պատուիրէ ըսելով՝ “չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանանք” (2, 1)։ Անհրաժեշտ է արթնութեան ու զգաստութեան հրաւիրող Առաքեալին այս կոչը լուսարձակի տակ բերել ա՛յս օրերուն մանաւանդ, երբ կը պատրաստուինք հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու աշխարհի Փրկչին ծնունդը։ Եկէք նախ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՄԵՐ ԴԻՄԱՑ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական ջերմ սիրով կ’ողջունեմ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։   Արդարեւ, անցեալէն՝ ապագային եւ հինէն՝ նորին անցնելու սա պահը մեզ կը հրաւիրէ ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան եւ ապա՝ ապագայատեսիլ ոգիով ճշդելու մեր ազգն ու հայրենիքը առաւել հզօրացման առաջնորդող ճամբան։   Կը գտնուինք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2019-ին, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի եւ Հաճնոյ Հայ Կրթական Բարեսիրական Միութեան կեդրոնները:   Նորին Սրբութեան այցելութեան նպատակն էր իր գնահատանքն ու զօրակցութիւնը յայտնել կեդրոններուն կողմէ կատարուող բարեսիրական ու մարդասիրական աշխատանքներուն:   Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը…

Տ. ԼԵՒՈՆ ԵՒ Տ. ՕՇԻՆ ԱԲԵՂԱՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերէն Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեան եւ Հոգշ. Տ. Օշին Աբղ. Չուալերթանեան ստացան Վարդապետական Մասնաւոր Իշխանութեան չորս աստիճաններ:   Վարդապետական Գաւազանի տուուչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 29 Դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ձեռամբ Գերշ.…

ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Իրանի դեսպանատան մշակոյթի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Տոքթ. Ապպաս Խամայարը, ընկերակցութեամբ իր երկու խորհրդականներուն: Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ շարունակուող միջ-կրօնական երկխօսութեան յառաջիկայ ծրագիրներու մասին:  

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

«ՄԵՆՔ ԱՅՍՕՐ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ ԱՅՆՊԻՍԻ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ՈՐՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ԿԵԱՆՔՈՎ ԵՒ ԳՈՐԾՈՎ ՕՐԻՆԱԿ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին մարտիրոսին՝ Ս. Ստեփանոս նախավկային յիշատակի տօնը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր…

ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ «ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԿԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒ» ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մատենադարանի տեսչութեան, Հինգշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Բարսեղ Կանաչեանի «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու» հատորներուն շնորհահանդէսը։   Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի անդամներէն Շողիկ Եփրեմեան։ Ան նշեց, թէ շնորհահանդէսը առիթ է մեծարելու Կոմիտաս Վարդապետի վաստակը տարածող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏՆՕՐԷՆԸ

Կիրակի, 15 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ կատարելու Համահայկական Հիմնադրամին աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն։   Յայտնենք, որ դեսպան Աթաբէկեան եւ Հիմնադրամի տնօրէն Արշամեան նաեւ ներկայ գտնուեցան առաւօտեան Անթիլիասի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿՈՄԻՏԱՍԸ ՎԵՐԱՊՐԵՑՈՒՑ ՆԵՐԿԱՆԵՐՈՒ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ

Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, նշեց Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը։   Ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, աւելի քան 50 անդամներէ բաղկացած երգչախումբը եւ անոր ընկերակցող նուագախումբը, որ կ՚ընդգրկէր ջութակ, քանոն, տուտուկ, դհոլ եւ դաշնակ, հրամցուցին մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՈՆ

Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ, Բիւրոյի անդամներ այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու Հայաստանը, Արցախը, Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը դիմագրաւող մարտահրաւէրները։ Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ համահայկական արժէքներու ու ձգտումներու շուրջ համախմբուելու հրամայականը։   Վեհափառ Հայրապետը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՋԵՐՄՕՐԷՆ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԾԵՐԱԿՈՅԿԻՆ ԿՈՂՄԷ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ անմիջապէս որ իմացաւ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ջերմօրէն կ’ողջունենք այս եզակի իրագործումը հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մեր հաւաքական պայքարի ճանապարհին վրայ: Արդարեւ, այս գծով կարեւոր դեր ունեցան Միացեալ Նահանգներու հայ դատի մարմինները ու յատկապէս Ուաշինկթընի մէջ գործող հայ դատի գրասենեակը: Անցնող տարիներու ընթացքին Ուաշինկթընի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅՈՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեան Պատգամաւորական Ժողովի ատենապետ Տիար Խաչիկ Ճանէլ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ուղղած իր 11 Դեկտեմբեր 2019 թուակիր նամակով կը հաղորդէր Բարձրաշնորհ Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի ընտրութիւնը, որպէս Պատրիարք Կոստանդնուպոլսոյ:             Վեհափառ Հայրապետը նորընտիր Պատրիարքին յղած իր շնորհաւորական նամակին մէջ ըսաւ. «Հոգեկան ցնծութեամբ եւ եղբայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Ձեզ եւ կը շնորհաւորենք Ձեր ընտրութիւնը:…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆՑ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

 Չորեքշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2019-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեան եւ Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Բակօ Սահակեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ, մօտէն տեղեակ դառնալու ընդհանրապէս Լիբանանի ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն։   Նորին Սրբութիւնը այս գծով անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց Հայաստանի ու Արցախի նախագահներուն։ Անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Լիբանանի հայութեան…

2020 ՏԱՐԻՆ ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ

Այսու կ’ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան յանձնել, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր որդեգրած աւանդութեան համաձայն, յառաջիկայ տարին՝ 2020-ը հռչակեց յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի:   Հաշմանդամներու նուիրուած Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 12 Յունուարին, յընթացս Սուրբ եւ անմահ պատարագին. եւ ապա՝ մեր թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:  …

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՆԻՍՏԸ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2019-ին, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Այցելութեան նպատակը շնորհակալութիւն յայտնել էր անոր՝ մամլոյ տարուան առիթով եւ Լիբանանի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ իր կատարած նիւթական աջակցութեան՝ լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն։   Վեհափառ Հայրապետը գնահատելով օրաթերթերուն տարած աշխատանքը՝ վերաշեշտեց հայ մամուլին առաքելութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը՝ հայապահպանման եւ հանրային կարծիքի ճիշդ հունաւորման դերակատարութիւնը…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն, 1988 թուականին Սպիտակի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով զոհգացած շուրջ 30.000 հայորդիներու հոգիներուն համար։ Վեհափառ Հայրապետը, հոգեւոր հայրերը եւ հաւատացեալները…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի թեմի Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները՝ գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին։   Առաջնորդ սրբազանը, առաջին հերթին, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ 100 միլիոն լիբանանեան ոսկի յատկացուց հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Լիբանանի այժմու կացութեան ծիրէն ներս թեմը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի այցելութիւնը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայաստանի ու Լիբանանի ներքին կացութիւններուն առնչուած շարք մը հարցերու:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՐԻՒՐ ՄԻԼԻՈՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՈՍԿԻ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԷ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ մտաւորականներու հաւաք մը:   Վեհափառ Հայրապետը նախ պարզեց ներկաներուն Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ դէմ Կաթողիկոսարանի բացած դատին վերջին զարգացումները: Այս մասին անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Իրաւական Յանձնախումբի անդամներէն Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Սփիւռքի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ» ԳԻՐՔԸ ՌՈՒՍԵՐԷՆՈՎ

Երկու տարիներ առաջ Հայ Եկեղեցւոյ մասին անգլերէն գրուած  Վեհափառ Հայրապետին գիրքը թարգմանուեցաւ եւ լոյս տեսաւ ռուսերէնով: Անգլերէնէ ռուսերէն թարգմանիչն է Լիլիթ Աղէկեան, իսկ հրատարակութեան մեկենասներն են Կերի եւ Ճենիս Արուանիկեանները:   Յայտնենք, որ նոյն գիրքը արդէն իսկ թարգմանուած է նաեւ պարսկերէնի, գերմաներէնի, ֆրանսերէնի ու արաբերէնի: Այլ լեզուի թարգմանութիւններ ընթացքի մէջ են: 

Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՏՕՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ պետական կրօնք հռչակուեցաւ չորրորդ դարուն սկիզբը, 301 թուականին, իսկ անկէ առաջ միշտ հալածանքներու ենթարկուած էին բոլոր անոնք, որոնք հեթանոսութենէ դուրս ուրիշ կրօնքի կը պատկանէին։ Հայ եկեղեցին իր Տօնացոյցին եւ Յայսմաւուրքին մէջ ունի Հայաստան աշխարհի նախաքրիստոնէական դարերուն նահատակուած բազմաթիւ մարտիրոսներու ու նահատակներու անուններ: Սա ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը գոյութիւն ունեցած…

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԶՕՐԱՎԻԳ ԿԱՆԳՆԻԼ ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս երիտասարդութիւնը պէտք է դառնայ առանցքային ներկայութիւն, ո՛չ ձեւական կերպով, ո՛չ սոսկ լսողի ու հետեւողի դերով, այլ՝ մասնակցողի։ Մենք յոյժ կարիքը ունինք երիտասարդութեան, անոր մտքին ու շունչին։ Փորձառութիւնը բնական ընթացքով կու գայ, սակայն երիտասարդութեան իւրայատուկ մօտեցումը եւ անոր բերելիք մասնագիտական նպաստը էական են մեր կեանքին համար։ Հնամաշ գործելակերպերէ, կարծրատիպ մտայնութենէ, երբեմն…

ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՆԱԱՄԱԹ ԱՖՐԱՄ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի Խորհրդարանի երեսփոխաններէն Նաամաթ Աֆրամ։ Անոր այցելութեան նպատակն էր ունենալ Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը՝ Լիբանանէն ներս պարզուած կացութեան ու մանաւանդ Լիբանանի ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապի լուման գծով։ Իր կարգին, երեսփոխանը Նորին Սրբութեան փոխանցեց վերջին օրերուն քաղաքական, պետական ու ժողովրդային զանազան շրջանակներու հետ իր ունեցած հանդիպումներէն եկող տեղեկութիւնները եւ…

«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻՆ ՀԱՄԱՐ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻՈԿՈՍ

24-27 Նոյեմբեր 2019-ին, Պուտափէշտի (Հունգարիա) մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին ուղղած իր պատգամին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց Արեւմուտքի եկեղեցիներուն, պետութիւններուն ու քաղաքացիական կազմակերպութիւններուն գործնապէս զօրակցելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն:   Միջազգային համագումարը կազմակերպուած էր Հունգարիոյ պետութեան կողմէ ի պաշտպանութիւն «Հալածուող Քրիստոնեայ» համայնքներուն խորագիրով: Համագումարին կը մասնակցէին աւելի քան 200 բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ՝…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ – ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԿԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ երգահան, խմբավար եւ ուսուցիչ Բարսեղ Կանաչեանին «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու»ն՝ երկու հատորով։ Աշխատութեան խմբագիրներն են երգահաւաք եւ երաժշտաբան Պետրոս Յովսէփ Ալահայտոյեան եւ երաժշտական խմբագիր ու համակարգչային նօթագրող Դոկտ. Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեան։   Աշխատութիւնը կը պարունակէ 7 մեներգներ, 34 խմբերգներ, 19 մանկապատանեկան երգեր եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Բերիոյ թեմը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազան Գերշ. Տ. Մասիս եպս. Զօպուեանի, եւ հանդիպում մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Տիար Հրաչ Յակոբեան:   Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ քննարկելու Սուրիոյ մեր ժողովուրդի առնչուած բազմաթիւ հարցեր: Առաջնորդ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀՈԳԵ-ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ մշտական վերանորոգման ու վերակազմաւորման ընթացքի մէջ ըլլալ, որպէսզի կարենայ եկեղեցին պատերէն անդին ժողովուրդին տանիլ՝ ինչպէս յաճախ կը շեշտէ Վեհափառ Հայրապետը։ Եւ քանի որ շարունակական ուսումնառութիւնը եւ մասնագիտական զարգացումը նախապայման է որեւէ մարզի մը արդիւնաւէտութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, համագործակցաբար Հայկազեան Համալսարանի Շարունակական Ուսումնառութեան Կեդրոնին (Center for Continuing Education)…

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԻԱՐ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2019-ին,  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայն մը ստացաւ Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանէն։   Պարոն նախագահն ու Վեհափառ Հայրապետը խորհրդակցեցան Լիբանանէն ներս ստեղծուած տնտեսական տագնապին շուրջ։ Նախագահ Սահակեան իր զօրակցութիւնը յայտնեց, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւնը, օգտակար ըլլալու Լիբանանի հայութեան։

ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2019-ին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ։   Երեսփոխանական Ժողովի դիւանը տեղեակ պահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընտրութեան արդիւնքին մասին՝ հայցելով սրբազան հօր ընտրութեան վաւերացումը։    Յայտնենք, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրադարանին մէջ ընդունեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը:   Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի յառաջիկայ շրջանի ծրագիրները։ Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ Միութեան կատարած գործին՝ զայն նկատելով առաքելութիւն եւ անգամ մը եւս յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԻ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ

Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2019-ին, Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի գլխաւորութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Կոմիտաս Վարդապետին ծննդեան 150-ամեակին առիթով կազմակերպուած թատերական յանձնախումբի անդամները, զինք պաշտօնապէս հրաւիրելու յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք ձեռնարկին։   Երգախառն թատրերգութեան հեղինակն է Լիլի Թոմասեանը, որուն գործը անգլերէնէ թարգմանած եւ բեմադրութիւնը կատարած է Սուրէն Խտըշեանը։ Նախաձեռնութեան մեկենասն է «ԳՈՀԱՐ» համոյթը։…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾԱՒԱԼՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր բազմակողմանի ծառայու­թիւններուն մէջ, մասնաւորաբար մշակութային մարզը, յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է։ Արդարեւ Կաթողիկոսարանի ընդհանուր կառոյցին մէջ, զուտ մշակութային արժէք ներկայացնող բաժանմունքներն են՝ Մատենա­դարանը (հնատիպ եւ արդի գիրքեր), «Կիլիկիա» թանգարանը, ձեռագիրները, արխիւները, «Հասկ» ամսագիր պաշտօնաթերթը, «Հասկ» Հայագիտականը, Տպարանը եւ հրատարակ­չական ծրագիրները։   Մշակութային ոլորտէն ներս, Կաթողիկոսութիւնը թէ՛ թեմերու մակարդակին վրայ, եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ

Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն:   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու Լիբանանէն ներս ստեղծուած կացութեան:  

«ՄԵՆՔ ԿՐՆԱՆՔ ՆԵՐԵԼ, ԵՐԲ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹՒՒՆԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ, ՍԱԿԱՅՆ ԵՐԲԵՔ ՉԵՆՔ ՄՈՌՆԱՐ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քանի մը օրեր առաջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ երկար հարցազրոյց մը ունեցաւ «Քրիստոնէութիւնը Այսօր» թերթին Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչը: 1952-ին հաստատուած յիշեալ թերթը, որ կը բաղկանայ տեղեկատուական զանազան միաւորներէ, Միացեալ Նահանգներու տեղեկատուական կարեւորագոյն օրկաններէն մէկն է՝ աւետարանական հակում ունեցող:   Հարցազրոյցի մուտքին թղթակիցը ներածական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի ու Լիբանանի ներքին կացութեանց առնչուածհարցեր։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՆԿԼԻՔԱՆ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

28 Հոկտեմբերէն 1 Նոյեմբեր 2019-ին, Գահիրէի մէջ, Եգիպտոս, տեղի ունեցաւ Անկլիքան-Արեւելեան Ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբի 8-րդ հանդիպումը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեան բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան։   Ժողովը շարունակեց 2017 թուականին Իրլանտայի մէջ ընթացք առած եւ 2018-ին Լիբանանի մէջ շարունակուած «Հեղինակութիւնը Եկեղեցւոյ Մէջ»…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ՏՈՔԹ. ԱՒԵՏԻՍ ՏԱԳԷՍԵԱՆԸ

Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանին, ընկերակցութեամբ Ս. Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ Ժոզէֆ Կանիմեանի։   Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ քննարկումներ կատարելու ու տեսակէտներ փոխանակելու Հայաստանի այժմու կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցերու ու մարտահրաւէրներու։

ԵՐԿՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՐՏԻՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան իրենց ուսման եւ ծառայական առաքելութեան աւարտին վերադարձան Անթիլիասի Մայրավանք։ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով Տաճատ Վրդ.ը նշանակուեցաւ Դպրեվանքի հսկիչ, իսկ Պարոյր Վրդ.ը՝ «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչ եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներուն Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.)…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԺՈՂՈՎԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը, եւ ապա երկու ժողովները ունեցան իրենց միացեալ հանդիպումը (29-31 Հոկտեմբեր) Սուրբ Աթոռին առաքելութեան առնչուած ընդհանրական բնոյթ ունեցող հարցերու քննարկման։   Բ) ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ   1) Շինարարական Աշխատանքներ Զեկոյց տրուեցաւ ժողովին, թէ անցնող շաբաթներու ընթացքին աւարտած են շինարարական հետեւեալ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԺՈՂՈՎԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները Երեքշաբթի ու Չորեքշաբթի (29-30 Հոկտեմբեր 2019) օրերուն ունեցան իրենց աշխատանքային հանդիպումները եւ ապա Հինգշաբթի (31 Հոկտեմբեր 2019)՝ միացեալ հանդիպում մը: Ստորեւ զեկոյցներով, քննարկումներով ու որոշումներով հարուստ յիշեալ երեք լիակատար հանդիպումներու աշխատանքային ամփոփ պատկերը.-   Ա) ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ   1) Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԿՈՂՄԷ

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ գումարուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ իր Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներով ջերմօրէն կ՚ողջունէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը։   Արդարեւ, սա վճռական քայլ մըն է ու յատկանշական իրագործում մը՝ հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն հետապնդման ճանապարհին վրայ։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, սկսան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստերը:   Առաջին հերթին, այսօր ամբողջ օրը հանդիպեցաւ Կրօնական Ժողովը: Վաղը պիտի հանդիպի քաղաքական ժողովը, իսկ Հինգշաբթի Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները պիտի ունենան իրենց միացեալ նիստը:   Յառաջիկայ օրերուն յիշեալ նիստերու ընթացքին առնուած որոշումներուն շուրջ տեղեակ պիտի պահենք…

«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԴԻՄԵԼ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՈՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒ՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՑ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Շաբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2019 Այսօր 10-րդ օրն է լիբանանցի ժողովուրդին ըմբոստութեան։ Ըմբոստութիւն փտածութեան, ընկերային-տնտեսական անարդարութեան, կաշառակերութեան եւ այլ յոռի երեւոյթներուն դէմ։ Առաջին իսկ վայրկեանին Մենք յստակ կերպով ըսինք, թէ ժողովուրդին հետ ենք՝ ամբողջութեամբ բաժնելով ժողովուրդին մտահոգութիւնը, ընդվզումը ու պոռթկումը։ Արդարեւ, այս ըմբոստութեամբ, որուն ռահվիրաները դարձան կիներն ու երիտասարդները, լիբանանցի ժողովուրդը գործնապէս վկայեց, թէ ինք միակամ…

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՔԻՆ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ՝ ԲՈԼՈՐ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ» ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊՔԵՐՔԷԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Չորեքշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Պքերքէի մարոնիթ եկեղեցւոյ Պատրիարքարանին մէջ, քրիստոնեայ հոգեւորականաց հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ պետերու եւ եպիսկոպոսներու։ Հանդիպումին նպատակն էր հաւաքական կեցուածք որդեգրել շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ըմբոստութեան առնչութեամբ։   Սրտբաց մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին հոգեւորականներ մէկ կողմէն իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ժողովուրդին, իսկ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

8-10 Հոկտեմբեր 2019-ին, Դանիոյ մէջ կայացաւ  Եկեղեցական Ընտանիքներու քարտուղարներու համագումարը  (Conference of Secretaries օf Christian World Communions), որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով իր մասնակցութիւնը բերաւ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։   Եռօրեայ ժողովի ընթացքին, մասնակիցները զեկուցեցին իրենց եկեղեցական ընտանիքներու միջ-եկեղեցական աշխատանքներուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու ապագայ ծրագիրներուն մասին: Կաթողիկոսարանին ներկայացուցիչ Հայր սուրբը եւս…

«ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՏՊԵԼԷՆ, ՏԱՐԱԾԵԼԷՆ ՈՒ ԿԱՐԴԱԼԷՆ ԱՆԴԻՆ, ՊԷՏՔ Է ԱՊՐԻԼ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Վերոնշեալ պատգամը առանցքային տեղ գրաւեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութեան մէջ, զոր տուաւ անգլերէն լեզուով՝ Հարիսայի համագումարներու սրահին մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին ընթացքին։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Միջին Արեւելքի եւ Անգլիոյ Ս. Գրոց Ընկերակցութեանց միացեալ ճիգով եւ համագործակցութաեմբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ։ Համագումարին ընդհանուր բնաբանն էր «Ի՞նչ է պատգամը Աստուածաշունչին այսօր Միջին Արեւելքի…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄՆԱՅՈՒՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ հրաւէրով, Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբերէն Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Մնայուն Յանձնախումբի ժողովը։   Ժողովին մասնակցեցեան Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմի) եւ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան (Լուսարարապետ), Գերշ. Տ. Թոմաս Մետրոպոլիտ եւ Գերշ. Տ. Անկելոս Մետրոպոլիտ (Ղպտի…

ՖԻՆԻՒԼ-Ի ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ՈՅԺԵՐՈՒՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՋՈԿԱՏԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

«ԹՈՂ ԱՇԽԱՐՀԸ ԴԻՏԷ, ՀՈՆ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ, ԹՈՒՐՔ ԲԱՆԱԿԸ ՋԱՐԴ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ, ԻՍԿ ՀՈՍ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ, ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԼԾՈՒԱԾ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2019-ին, Լիբանանի հարաւը տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ոյժերուն հայկական ջոկատը, գլխաւորութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։   Դեսպան Աթաբէկեան խօսք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հունգարիոյ Արտաքին Օգնութեան Պետական նախարար Դ. Ազպէճ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Հունգարիոյ դեսպան Ճեզա Միհալյիի։   Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետէն իմանալ Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութեան ու յատկապէա քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։   Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ Նորին Սրբութեան, հիւրերուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր2019-ին, համդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ: Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Համազգայինի գործունէութիւնը` հաստատելով, որ անիկա ունեցած է կարեւորագոյն դերակատարութիւն սփիւռքի մէջ` հայապահպանման առումով ընդհանրապէս, եւ հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման գործին մէջ մասնաւորաբար: Կեդրոնական վարչութեան տարբեր շրջաններու ներկայացուցիչներ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ցուցաբերած հոգածութեան…

90-ԱՄԵԱՅ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵԱՑԱՒ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՈԳՇՆՉՈՂ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ

Իւրաքանչիւր հայ դպրոցի վերամուտ արեւածագ մըն է հայ ազգին համար, որովհետեւ հայ դպրոցը աղբիւրն է հայաշունչ կրթութեան եւ դաստիարակութեան։ Իսկ երբ վերամուտը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքինն է, ապա այդ կրկնապատիկ արեւագալ է, որովհետեւ Դպրեվանք կոչուած մարդակերտումի բովէն անցնողն ու անոր տեսիլքէն կայծ մը առնողը տարբեր անձ կը դառնայ, իրաւացիօրէն կը վկայէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԳ

Անցնող երկու ամիսներու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցան վերանորոգման աշխատանքներ, բարձր հովանաւորութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ազնիւ բարերարութեամբ Ամերիկայի հիւսիսային արեւմտեան հայոց թեմի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկ. Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան ամոլին։   Արդարեւ, վերանորոգման աշխատանքներու աւարտին, Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, միաբան հայրերէ կազմուած…

ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Ուրբաթ առաւօտ, 11 Հոկտեմբեր 2019-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Նորվեկիոյ դեսպանուհի Լինի Սթանսիթին։   Իր պաշտօնը նոր ստանձնած ըլլալով՝ դեսպանուհին ուզեց իմանալ Վեհափառ Հայրապետին վերլուծումը ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան շուրջ։   Այցելութիւնը նաեւ առիթ հանդիսացաւ, որ Նորին Սրբութիւնը անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցէ դեսպանուհիին հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՆԵՐԽՈՒԺՈՒՄԻՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Վերջին օրերուն լրատուական միջազգային միջոցները կեդրոնացած են Սուրիոյ հիւսիսային շրջանէն ներս թրքական բանակային միաւորներու յառաջխաղացքին եւ անոր յառաջացուցած մարդկային ու ֆիզիքական վնասներուն վրայ:   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Ճէզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիաեանին հետ: Հայր սուրբը մանրամասն կերպով տեղեակ կը պահէ Վեհափառ Հայրապետը զանազան շրջաններէն ներս…