ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն վերջերս լոյս տեսաւ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» շարքին 8-րդ հատորը։ Սոյն հատորը իր մէջ կը բովանդակէ Մարտիրոսաց «Օրհնութիւն»ներու կանոնները եւ Մարտիրոսաց «Հարց»երը՝ իրենց սարքերով։             Ձայնագրեալ շարականներու այս հատորներուն նպատակն է եկեղեցական երգեցողութեանց միատեսակութիւն ստեղծել։ Անոնց մէջ նաեւ պահպանուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւանդական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

«Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 27 Մայիս 2017-ին Կառավարութեան ընդունելութեան պալատին մէջ, նախագահութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի։ Սոյն ժողովին յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին մասնակցեցաւ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը։ Սրբազանը ժողովի ընթաքին ժողովականներուն փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները ժողովի արդիւնբերութեան համար, միաժամանակ շնորհաւորելով հիմնադրամի հոգաբարձուներու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մօտ Կիպրոսի Դեսպան Տիկ. Քրիսթինա Րաֆթի, քաղաքական հարցերու իր օգնականին ընկերակցութեամբ։               Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ու Կիպրոսի յարաբերութեան, Կիպրոսի մէջ յոյն եւ թուրք համայնքներու միջեւ բանակցութեան եւ Կիպրոսի հայ համայնքին առնչուած հարցեր։ Վեհափառ Հայրապետը եւ իր հիւրը քննարկեցին նաեւ Կիպրոսի նախագահին Լիբանան…

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ՇՈՒՆՉՈՎ ՀԱՅՈՑ ՀՈՂԸ ՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի նախօրեակին՝ Կիրակի, 28 Մայիս 2017-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք եւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն Սարդարապատի ճակատամարտին իրենց կեանքը զոհաբերած քաջարի հերոսներու հոգիներու յիշատակին: Արարողութեանց հանդիսապետեց Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը:              …

«ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՔՆ Է ԳԱՂՈՒԹԻ ԾԱՂԿՄԱՆ ՈՒ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քուէյթի հայ համայնքին կատարած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս յատուկ տեղ գրաւած էին հանդիպումները գաղութէն ներս գործող կառոյցներուն հետ։ Արդարեւ, Առաջնորդ Հայր Սուրբին ներկայութեան, Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան, Դպրոցի Հոգաբարձութեան եւ յարակից բոլոր մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու վարիչ մարմիններու հետ։ Անոնք հակիրճ կերպով Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին իրենց գործունէութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՂՊՏԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Շուրջ ժամ մը առաջ, ուխտագնացութենէն վերադարձի ճամբուն վրայ, ահաբեկիչներու կողմէ յարձակումի ենթարկուելով զոհուեցան Ղպտի եկեղեցւոյ պատկանող 26 հաւատացեալներ եւ ծանրօրէն վիրաւորուեցան 25 անձեր: Այս առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ նամակը յղեց Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ.ին.- Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ. Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Գահիրէ Քիչ առաջ խոր ցաւով ու ընդվզումով…

«ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԻ ՅՈՅՍՈՎ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դարեր շարունակ պաշտպանն է եղած հայ մշակոյթին եւ արուեստին, ինչպէս նաեւ անոր զարգացման հոլովոյթին։ Ան նեցուկ կանգնած է հայ մշակոյթին՝ արժեւորելով թէ՛ արուեստը եւ թէ՛ արուեստագէտը, որուն մեծագոյն վկաներն են անցնող տասնամեակներու ընթացքին Կիլիկեան Կաթողիկոսներու կողմէ գնահատուած ու պարգեւատրուած արուեստագէտները։ Նոյն նախանձախնդրութենէն մեկնած, Հինգշաբթի, 25 Մայիս 2017-ին, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ

Քուէյթի Հայոց Թեմին իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցած միջ-եկեղեցական արարողութիւնը։               Արդարեւ, միջ-եկեղեցական արարողութենէն առաջ Վեհափառ Հայրապետին բարի գալուստի եկած էին Քուէյթի բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերը՝ գլխաւորութեամբ Քուէյթի, Պահրէյնի, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ու Քաթարի պապական նուիրակ՝ Ֆրանչիսկոս Մօնթէսիլլօ Բատիլլա Արքեպիսկոպոսին։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը…

ՊԱՀՐԷՅՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

  Քուէյթի մօտ Պահրէյնի թագաւորին անձնական ներկայացուցիչ՝ Շէյխ Խալիֆա Պըն Ահմատ Ալ Խալիֆան, Վեհափառ Հայրապետին Քուէյթ կատարած այցելութեան երկրորդ օրը այցելեց Նորին Սրբութեան իր իջեւանած պետական հիւրանոցին մէջ։ Սիրալիր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ թագաւորին ներկայացուցիչին միջեւ։ Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը մօտէն ծանօթ է Շէյխ Խալիֆային, որովհետեւ երեք տարիներ առաջ, Պահրէյնի մէջ, պետութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

  Քուէյթ իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդաբար այցելեց Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները։             Լիբանանի դեսպանը՝ Մահէր Խէր լիբանանեան յատուկ հիւրասիրութեամբ եւ բացառիկ ընդունելութեամբ դիմաւորեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ լիբանանեան համայնքի ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, հոգեւոր պետեր եւ Քուէյթէն ներս գործող շարք մը դեսպաններ։             Ճաշկերոյթի սկիզբը խօսք առնելով դեսպանը,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Այս օրերուն, Գերմանիոյ մայրաքաղաք՝ Պերլինի մէջ տեղի կ’ունենայ Միջազգային համագումար մը, նուիրուած ներկայ աշխարհի մէջ կրօնքի ունեցած դերին: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ հրաւէր ստացած էր Գերմանիոյ պետութեան կողմէ, մասնակից դառնալու յիշեալ համագումարին: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Համագումարին կը մասնակցին Ատրպատականի թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան եւ Կաթողիկոսարանիս Միջ-Եկեղեցական եւ Միջ-Կրօնական յանձնախումբի…

ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ` Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 20 Մայիս 2017-ի երեկոյեան, քուէյթահայութիւնը «Շիրաթոն» Պանդոկի «Տայմոնտ» ճաշասրահէն ներս, սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շուրջ: Երեկոն սկիզբ առաւ Վեհափառ Հայրապետին աղօթքով եւ Քուէյթի ու Հայաստանի Հանրապետութեանց զոյգ քայլերգներով, որմէ ետք օրուան հանդիսավար` Քուէյթի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ատենապետ՝ Տոքթ. Ժանօ Պէպէճեան ողջոյնի խօսք արտասանեց ըսելով. «Վեհափառ Տէ՛ր, Ձեր նկատողութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԻՐԱՆԻ ՎԵՐԸՆՏՐԵԱԼ ՆԱԽԱԳԱՀ՝ ՀԱՍԱՆ ՌՈՒՀԱՆԻԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց Իրանի վերընտրեալ Նախագահ՝ Հասան Ռուհանիին.- Նորին Վսեմութիւն Դոկտ. Հասան Ռուհանի Նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Թեհրան Ձերդ Վսեմութիւն, Ուրախութեամբ իմացանք Ձեր վերընտրութիւնը որպէս Նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան։ Արդարեւ, Ձեր վերընտրութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է Ձեր անձին նկատմամբ Իրանի ժողովուրդին ունեցած սիրոյն, վստահութեան ու ակնկալութեան։ Նախագահական Ձեր նախորդ շրջանին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

           Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անցնող շաբաթներու ընթացքին մօտէն հետեւեցաւ Վենեզուելայէն ներս ստեղծուած անապահով կացութեան եւ յատկապէս՝ հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ տեղեկութիւնները ստացաւ գաղութի պատասխանատուներէն մէկուն կողմէ.-               «Աւելի քան տարի մը կ’ընէ, որ Վենեզուելան կը գտնուի ահաւոր դժուարութիւններու առաջ. քաղաքականապէս՝ քայքայուած եւ տնտեսապէս՝ սպառած է ան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՔՈՒԷՅԹ ԿԱՏԱՐԱԾ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Քուէյթ տուած հովուապետական այցելութիւնը լայն արձագանգ գտաւ Քուէյթի արաբատառ թէ անգլիատառ մամուլին մէջ։   Անկախ Քուէյթի Էմիրին հետ ունեցած իր հանդիպումին գծով հեռատեսիլներուն ու մամուլին լայն արձագանգին, եկեղեցւոյ օծումէն սկսեալ Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւններն ու հանդիպումները կարեւոր տեղ գրաւեցին մամլոյ էջերուն մէջ։   Այս ծիրէն ներս յատուկ ուշադրութեան արժանի է Նորին Սրբութեան…

ՔՈՒԷՅԹԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՈՒՄ

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԷՏՔ Է ՊԱՅԾԱՌԱՑՆԵՆՔ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԵԿԵՂԵՑԻՈՎ ՄԵՆՔ ՊԱՅԾԱՌԱՆԱՆՔ» ՊԱՏԳԱՄԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՔՈՒԷՅԹԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ              «Ուրախացի՛ր, ծարաւ անապատ: Անապատը պիտի ցնծայ եւ պիտի ծաղկի շուշանի պէս»: Մարգարէական այս հրաշալի տողերը կարծէք թարգմանը հանդիսացան քուէյթահայութեան անսահման ցնծութեան ու հոգեփոխութեան, երբ Ուրբաթ, 19 Մայիս 2017-ին, համայնքային կեանքը ծաղկազարդուեցաւ նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց…

«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵՆԷ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԸՆԹԱՆԱԼ ԴԷՊԻ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս դասախօսութիւն մը տուաւ Քուէյթի համալսարանին մէջ, նիւթ ունենալով «Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութիւնը Եւ Հանդուրժողութիւնը (Tolerance)»։ Համալսարանի տնօրէնութեան, դասախօսներու եւ ուսանողներու ներկայութեան իր տուած դասախօսութեան սկիզբը, Վեհափառ Հայրապետը նախ յիշեցուց, թէ քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը, որպէս միաստուածեան կրօններ, իրենց հիմքը կը նկատեն աստուածային յայտնութիւնը։ Աստուածային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔՈՒԷՅԹԻ ԷՄԻՐԻՆ ՀԵՏ

17 Մայիս 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Քուէյթի Պետութեան Էմիրին ապարանքը, ուր հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի Էմիր՝ Շէյխ Սապահ Ալ Ահմատ Ալ Ժապէր Ալ Սապահի հետ։ Հանդիպումին ներկայ էին Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան եւ Քուէյթի մօտ Լիբանանի դեսպան՝ Մահէր Խէր։   Սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին,…

ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԸ ՔՈՒԷՅԹԻ ԻՐ ՀՕՏԻՆ ՀԵՏ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը քուէյթահայութեան հետ իր առաջին հրապարակային հանդիպումը ունեցաւ Երեքշաբթի, 16 Մայիս 2017-ի երեկոյեան, Ազգային Վարժարանի շրջափակէն ներս, ուր Վեհափառ Հայրապետը պատուոյ շքերթով եւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին առաջնորդութեամբ մուտք գործեց Ազգ. Վարժարան եւ աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, խումբ մը ջահակիր ՀՄԸՄ-ականներու առաջնորդութեամբ իր օրհնութիւնները փոխանցեց զինք դիմաւորող հոծ բազմութեան:             Քուէյթի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քուէյթ ժամանման յաջորդ օրը՝ 16 Մայիս 2017-ի առաւօտուն, այցելեց նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի եւ Ազգային Առաջնորդարան, ուր շինութիւններն ու նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ հասած էին իրենց վերջին հանգրուանին։ Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Առաջնորդ Հայր Սուրբին, Ազգային Իշխանութեան անդամներուն եւ բարերարներուն, իրենց ղեկավարութեամբ կատարուած այս մեծ իրագործումին համար։ Յայտնենք, թէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՎԵՑ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ԿԸ ՇՆՈՐՀԷ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԼԱՆՋԱԽԱՉ ԿՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ հետեւեալ վեց միաբան հայրերուն շնորհեց վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք.- Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան, Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։ Յիշեալ միաբան հայրերը քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔՈՒԷՅԹԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

Այս գիշեր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ժամանեց Քուէյթ եւ օդակայանին մէջ պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպոյեանի, պետութեան ներկայացուցիչին, Լիբանանի Դեսպանին եւ Հայաստանի հիւպատոսին կողմէ։ Նորին Սրբութեան դիմաւորելու օդակայան եկած էին նաեւ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները։ Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը շաբաթ մը պիտի մնայ Քուէյթ՝…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄԻՋ-ԴՊՈՐՑԱԿԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ ու բարձր տնօրինումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ութերորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի լիբանանահայ վարժարաններու Միջ-դպորցական Հայ լեզուի եւ գրականութեան, Հայոց պատմութեան ու կրօնի, ինչպէս նաեւ ասմունքի մրցումները:             Մրցումներու առաջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Մարտ 2017-ի յետ միջօրէին Ասմունքի մրցումով, որուն յաջորդեցին Հայ Լեզուի ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՔՈՒԷՅԹ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այս երեկոյ կը մեկնի Քուէյթ՝ հովուապետական այցելութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանան Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան. իսկ յառաջիկայ օրերուն, Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան պիտի միանան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝…

«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՎԵՐԱՊՐԵՑՈՒՑ «ԱՆՈՒՇ» ԵՒ «ԴԱՒԻԹ ԲԵԿ» ՕՓԵՐԱՆԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը, ներկայութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Շաբաթ՝ 13 Մայիս 2017-ին, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի սրահին մէջ անգամ մը եւս հայ երգարուեստի գոհարներ հրամցուց, երաժշտասէր հանրութեան ներկայացնելով հայ երգահան, հայկական-ազգային օփերայի հիմնադիր՝ Արմէն Տիգրանեանի աշխարհահռչակ «Անուշ» եւ «Դաւիթ Բեկ» օփերաները:   «Շնորհալի» երգչախումբը ղեկավարութեամբ Դպրեվանքի փոխ-տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին…

“ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՈԵՒԷ ԵՐԿՐԷ ՆԵՐՍ ՊԱՀԵԼՈՎ ՀԱՆԴԵՐՁ ԻՐ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՆԸ, ՄԻՇՏ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՂԱԾ Է ԱՅԴ ԵՐԿՐԻ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ՇԱՀԵՐՈՒՆ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

    Անցնող օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդաբար հարցազրոյցներ ունեցաւ քուէյթեան եւ եգիպտական թերթերու եւ հեռատեսիլի կայաններու հետ։ Յիշեալ հարցազրոյցներու ընթացքին արծարծուեցան յատկապէս քրիստոնեայևիսլամ երկխօսութեան, Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութեան, հայ համայնքներուն ինչպէս նաեւ հայոց ցեղասպանութեան առնչուած նիւթեր։   Վերոյիշեալ նիւթերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը լայն բացատրութիւններ տուաւ պատմական հակիրճ ակնարկ նետելով ու յատկապէս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒԱԾ ՖԻՆԻՒԼ-Ի ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄՈՂ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՋՈԿԱՏԸ

Լիբանանի հարաւը տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը` գլխաւորութեամբ ջոկատի հրամանատար քափիթեն Կարէն Աթոյեանի, այսօր՝ Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2017-ի առաւօտուն այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ Վեհարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան՝ Սամուէլ Մկրտչեանի։ Հրամանատար քափիթեն Կարէն Աթոյեան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ ջոկատի անդամներուն առաքելութեան` նշելով,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ՝ ԷՄԱՆՈՒԷԼ ՄԱՔՐՈՆԸ

Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոնի ընտրութեան առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհաւորական հետեւեալ նամակը յղեց.-   Վսեմաշուք Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Նորընտիր Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան, Փարիզ.   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իրեն ենթակայ թեմերու ժողովուրդին անունով, եւ անձնապէս, Մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները կը ներկայացնենք Ձեզի՝ Ֆրանսայի նախագահ ընտրութեան առիթով։ Մեր երկու ժողովուրդներուն ունեցած պատմական եւ բարեկամական կապերը…

ՈՂՋՈ՜ՅՆ ԱՐՑԱԽԻ ՀԵՐՈՍ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

    Ողջո՜յն Արցախի մեր հերոս ժողովուրդին։   Ողջո՜յն Արցախի անկախութիւնը կերտած մեր քաջ բանակին։ 8 Մայիս 1992 թուականը մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ պիտի մնայ խորհրդանիշ Արցախի ժողովուրդի խոր հաւատքին, ամուր վճռակամութեան ու արեան գնով իր ազգային իրաւունքը պաշտպանելու գիտակից յանձնառութեան։   8 Մայիս 1992 թուականը մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ արձանագրուած պիտի մնայ…

ԱՐՑԱԽԻ «ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ» ԳԻՒՂԻ ՏՈՒՆԵՐԸ ԿԸ ՏՐՈՒԻՆ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Արցախի մէջ «Նոր Կիլիկիա» անունով գիւղ մը հաստատուեցաւ իր նորակառոյց բնակարաններով եւ անհրաժեշտ կառոյցներով ու յարմարութիւններով։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Արցախի իշխանութեան յատուկ կարգադրութեամբ «Նոր Կիլիկիա»ի տուները առաջնահերթութեան կարգով պիտի յատկացուին Արցախի նահատակներու ընտանիքներուն։ Յայտնենք, որ «Նոր Կիլիկիա» գիւղի բնակարաններու շինութեան երկրորդ հանգրուանը աւարտած…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ՈՐԲԵՐՆ ՈՒ ԹԵՐԱՃՆԵՐԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՃԱՇԻ ՀԻՒՐԸ ԵՂԱՆ

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին, Սիսէն մինչեւ Անթիլիաս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յատուկ կարեւորութիւն ընծայած է բարեսիրական հաստատութիւններու եւ միութիւններու՝ հիմնելով ու հովանաւորելով ծերանոցներ, որբանոցներ, կուրանոցներ եւ այլ մարդասիրական հաստատութիւններ: Արդարեւ, Շաբաթ՝ 6 Մայիս 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց «Թռչնոց Բոյն» եւ «Զուարթնոց» մարդասիրական հաստատութիւններու 75 որբերն ու թերաճները։ Զոյգ…

ԱՍՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Հինգշաբթի՝ 4 Մայիս 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Բաժանմունքի ներկայացուցիչները։ Անոնք հանդիպում ունեցան Կաթողիկոսարանիս Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեանին հետ։ Հանդիպումը առիթ եղաւ, որ երկու քոյր եկեղեցիներու երիտասարդական բաժանմունքի վարիչ հայր սուրբերը ծանօթանան երիտասարդութեան գծով իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ տարած աշխատանքներուն մասին։ Շուրջ ժամ մը տեւած այս հանդիպման աւարտին, այցելուները…

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 3 Մայիս 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մԷջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեանի: Հանդիպման ներկայ Էր նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ նախկին նախարար՝ Արթիւր Նազարեան:            Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպումին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնն ու Սփիւռքը յուզող մարտահրաւէրները:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

         Շաբաթ, 29 Ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ միօրեայ համագումար՝ մասնակցութեամբ Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատու մարմիններուն, ինչպէս նաեւ անցնող տարիներուն Սուրիոյ հայութեան օժանդակած կարգ մը կառոյցներու ներկայացուցիչներուն։             Սուրբ Ծնունդի առիթով, Հալէպի հայութեան տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի…

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի համագումար տեղի ունեցաւ այսօր՝ Շաբաթ 29 Ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին համագումարին ներկայ էին Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Պատրիարքը՝ Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի. եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Խորհուրդի Նախագահ՝ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան։ Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները,…

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒ ՊԱՏՄԱ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ`ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 20 Ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս գումարուեցաւ Հայ Դատի եւ պատմա-քաղաքական նիւթերու յատկացուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ գործող Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամի հերթական նիստը: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ տեղի ունեցած նիստին ներկայ էին Երուանդ Փամպուքեան (ատենապետ), Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ Կաթողիկոսարանիս Դիւանապետ՝ Խաչիկ Տէտէեան:   Նիստը Հիմնադրամի…

«ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՈՅԺԵՐ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2017-ի յետ միջօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին «Լիբանանեան Ոյժեր» Կուսակցութեան համալսարանական ուսանողները՝ երկխօսութիւն ունենալու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթանալու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան: Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց ուսանողները։ Ուսանողներու կողմէ համալսարանի դասախօսը խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ այս գեղեցիկ առիթը ընծայած…

«ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ՈՐ ԵՒՐՈՊԱՆ ԶԻՆՔ ՊԱԽԱՐԱԿՈՂ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՔԱՋ ԿԵՑՈՒԱԾՔ ՈՒՆԵՆԱՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, մասնակցութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակներու խուռներամ բազմութեան, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակը: Այս առիթով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:   Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ապրիլեան Նահատակներու յիշատակին բարձրացած աշխարհի առաջին…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 23 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Ճըպրան Պասիլ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Հանդիպման ներկայ էր Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։ Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան հետ առնչուած հարցեր։

«ԱԶԳ ՄԸ ՉԻ ՄԵՌՆԻՐ, ԵԹԷ ԿԵԱՆՔԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀԱՒԱՏՔ ՈՒՆԻ, ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ, ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ` ՏԵՍԼԱԿԱՆ» Պատգամեց՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Մեհրապի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչում:   «Ժողովուրդին կամքը … գոյատեւման պատմութիւն» խորագիրը կրող ձեռնարկին Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ պետական նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Լիբանանեան…

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱՓԱԿԸ ՈՂՈՂՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲԱՑԵԱԼ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՎ

          Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով, երէկ` Ուրբաթ, 21 Ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ քայլարշաւ` Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ։ Քայլարշաւին ներկայ էին քաղաքական գործիչներ, լիբանանեան զանազան կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ։             Քայլարշաւը ընթացք առաւ Ս. Աստուածածին Վանքի մուտքէն, որմէ ետք…

ԵԹՈՎՊԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Եթովպիոյ Եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։ Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Եթովպիոյ Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները, Եթովպիոյ եկեղեցիին դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը հարցեր՝ կապուած Լիբանանէն ներս Եթովպիոյ համայնքին։   Յայտնենք, որ Եթովպիոյ եկեղեցին դաւանակից է Հայ Եկեղեցւոյ եւ Լիբանանէն ներս Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս օգտակար հանդիսացած է,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐԸ ԱՊՐԻԼ 24-Ի ԱՌԻԹՈՎ

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ ամեակի նախաշեմին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անցնող քանի մը օրերու ընթացքին հետեւեալ հարցազրոյցները ունեցաւ. Իտալիոյ լրատուական հեռատեսիլի կայաններուն հետ, լիբանանեան հեռատեսիլի կայաններուն հետ (որոնք Վեհափառ Հայրապետին խօսքը պիտի սփռեն Ուրբաթ՝ 21 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 05։00-ին, Լիբանանեան Ոյժերու կողմէ տեղի ունենալիք ձեռնարկին ընթացքին)։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, 19 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին երկու ժէնէրալներ եւ Գաղտնի Ոստիկանութեան բարձրաստիճան պատասխանատու մը։ Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց բանակի ընդհանուր հրամանատարին բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ շնորհիւ բանակի հսկողութեան ապահովութիւն կը տիրէ երկրի զանազան շրջաններէն ներս։ Ողջունելով բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան…

«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՐԲ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՓՈԹՈՐԻԿՆԵՐՈՒ ՆԱՅԵՑԱ՛Ւ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՅԴ ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀԶՕՐԱՑՈՒՑ ԻՐ ԿԵԱՆՔԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  Մեր Տիրոջ ու Փրկիչին Յարութեան Հրաշափառ տօնին առիթով, Կիրակի, 16 Ապրիլ 2017-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի շրջափակը լեցուն էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էին լուսաւորուելու եւ քաջալերուելու Քրիստոսի մահուան վրայ տարած յաղթանակով: Հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին նաեւ այլ համայնքներու հոգեւոր թէ քաղաքական պատասխանատուներ ու ներկայացուցիչներ, որոնք եկած էին շնորհաւորելու Նորին Սրբութեան Ս.…

«ԱՅՍՕՐ ՔՐԻՍՏՈՍ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՄԵԶՄԷ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԸ ԻՐ ՀԵՏ ԻՋՆԵԼՈՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆ ԵՒ ԱՅՆՏԵՂ ԹԱՂԵԼՈՒ ՄԵՐ ԲՈԼՈՐ ՄԵՂՔԵՐԸ» ԸՍԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ  

  Աւագ Ուրբաթ օրը քրիստոնէական կեանքին մէջ ամէնէն սուրբ եւ խորհրդալից օրերէն մէկն է, որ յիշատակումն է Քրիստոսի Թաղման։ Այս առիթով, Աւագ Ուրբաթ՝ 14 Ապրիլ 2017-ի յետ միջօրէի ժամը 4:00-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ Աստուածորդւոյն Թաղման Կարգը։               Նախքան «Խաչի Քո Քրիստոս երկիրպագանեմք» Ս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱՊՐԻ´Լ ՈՒ ՎԿԱՅԵ´Լ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

      Քրիստոնէական հաւատքին ամուր հիմքը ու անոր հզօրութեան աղբիւրը հանդիսացող Աստուծոյ Որդւոյն յարութիւնը վճռական հանգրուան մըն է՝ Բեթղեհէմով սկսած Քրիստոսի փրկագործական առաքելութեան մէջ։   Արդարեւ, մահուան վրայ տարած յարութեան յաղթանակով, անոնք որոնք տակաւին կասկած ունէին Քրիստոսի մասին, վկայեցին անոր աստուածութիւնը։ Անոնք որոնք ուրացած էին Քրիստոս, վերահաստատեցին իրենց հաւատքը։ Անոնք որոնք կը խորհէին թէ…

«ՍԷՐԸ ՀԻՄՔՆ ՈՒ ԷՈՒԹԻՒՆՆ Է ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔԻՆ» ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ  

  Հայ Եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան ամէնէն հարուստ ու խորհրդաւոր օրերէն մէկն է Քրիստոսի տնօրինական կեանքի վերջին Հինգշաբթին՝ Աւագ Հինգշաբթին։ Այս օրը Ս. Պատարագի եւ Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման, ոտնլուայի, Քրիստոսի մատնութեան, ձերբակալութեան ու խաչելութեան յիշատակումի օրն է։               Դարերէն մեզի եկող աւանդութեան համաձայն, Աւագ Հինգշաբթի՝ 13 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԳԵՐՇ. Տ. ԽՈՐԷՆ ԱՐՔ. ՏՈՂՐԱՄԱՃԵԱՆԸ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ

Կ’ուզենք ուրախութեամբ յայտնել, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը նշանակեց Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ: Խորէն Սրբազանը, անցնող տարիներուն, յաջորդաբար ստանձնած է հետեւեալ պաշտօնները.- Դպրեվանքի Հսկիչ եւ Փոխ-Տեսուչ, գաւազանակիր, Դպրեվանքի եւ հայկական երեք տարբեր Ազգային Վարժարաններու մէջ վարած է ուսուցչական պաշտօններ: 1995-2004 տարիներուն եղած է հոգեւոր հովիւ Թեսաղոնիկէի Հայոց եւ ապա՝…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ

Աւագ Երեքշաբթի օրուան ընթացքին Հայ Եկեղեցին կը շարունակէ նշել մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի գալստեան խորհուրդը, որուն նուիրուած են օրուան աստուածաշնչական ընթերցումներն ու շարականները։ 11 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ Աւագ Երեքշաբթի օրուան յատուկ «Տասը Կուսանաց» յիշատակի «Երեկոյեան» ժամերգութիւնը։ Մատթէոս Աւետարանի 24-րդ գլխուն մէջ…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Մեր թանկագին ժողովուրդի զաւակներուն կ’ուզենք յայտնել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու Բաժանմունքը հրատարակեց նոր գիրք մը որ կը կրէ՝ «Դռնբացէք, Ոտնլուայ, Չարչարանաց, Խաչելութիւն, Խաւարում, Թաղում, Ճրագալոյց» խորագիրը։ Գիրքը գրեց Բաժանմունքի Վարիչ՝ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՂՊՏԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏԻՆ

Քիչ առաջ, իմանալէ յետոյ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ահաբեկչական ոճիրներուն մասին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր մը յղեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ՝ Ն.Ս. Թաւատրոս Պատրիարքին, խստօրէն դատապարտելով ահաբեկչական արարքները եւ իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնեց անոր, ինչպէս նաեւ զոհերու ընտանիքներուն՝ միաժամանակ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն։

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՒԵՑԱՒ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԹԱՓՕՐԻՆ

Կիրակի 9 Ապրիլ 2017-ին, Ծաղկազարդի տօնը արժանաւորապէս նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հազարաւոր մանուկներու, երիտասարդ-երիտասարդուհիներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ, որոնք եկեղեցական արարողութեամբ ու աւանդական թափօրով դիմաւորեցին Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։   Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան: Պատարագի սկիզբը մանուկներու աւանդական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀՈՎԱՆԻԻՆ ՆԵՐՔԵՒ ԳՈՐԾՈՂ ԶՈՅԳ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԲԵՐԻՆ ՄԻՋ-ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԵՐԵԿՈՅԻՆ  

            Այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ գործող «ԿԻԼԻԿԻԱ» եւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանները իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարութեան կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող «Թանգարաններու Երեկոյ»ին (Museum Night):               Արդարեւ, Ուրբաթ 7 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, Կաթողիկոսարանիս զոյգ Թանգարանները ընդունեցին տեղացի եւ օտար աւելի քան երեք հարիւր…

ԱՆԳԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 6 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Անգլիոյ Դեսպան՝ Հիւկօ Շորթըրին։   Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ Նորին Սրբութիւնը եւ Դեսպանը քննարկեն ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած հարցեր։ Վեհափառ Հայրապետը Դեսպան Շորթըրին լայն բացատրութիւն տուաւ Լիբանանի հայ համայնքին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԱՌԱՋԱՐԿԷ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ԱՐԱԳԱՑՆԵԼ ՍԻՍԻ ԴԱՏԻՆ ԸՆԹԱՑՔԸ

      Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին գրաւոր հայց ներկայացնելով, Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին Իրաւական Յանձնախումբը յիշեալ դատարանէն պահանջեց՝   Առաջին, 7 Դեկտեմբեր 2016-ին իրեն ներկայացուած Սիսի Կաթողիկոսարանի դատական թղթածրարը Թուրքիոյ դատարանին չյղել, նկատի ունենալով՝ Թուրքիայէն ներս պարզուած անորոշ վիճակը, դատական-իրաւական օրէնքներուն խախտումը, ապօրէն վերաբերումը դատաւորներու ու փաստաբաններու նկատմամբ, եւ…

ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՇՆՈՐՀԱԲԱՇԽ ԱՋԸ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՕՐՀՆԵՑ, ՍՐԲԵՑ ՈՒ ԼՈՒՍԱՒՈՐԵՑ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

      Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նշեց հայ ժողովուրդի Հաւատքի Հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին չարչարանքներն ու Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակի օրը: Այս տօնը յատուկ նշանակութիւն ունի Կիլիկեան Ս. Աթոռին համար, որ մեր թուականէն 86 տարիներ առաջ՝ 1931, Երանաշնորհ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսի հայրապետական Կոնդակով հաստատուած է որպէս «Անթիլիասի Ուխտի Օր»:…

ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԿԵԱՆՔԸ ՀԱՒԱՏՔԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾԵԼՈՒ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Անթիլիասի Ուխտի Օր»ուան շրջագծէն ներս, Շաբաթ` 1 Ապրիլ 2017-ին, նախագահութեամբ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի հոգեպարար արարողութիւն՝ մասնակցութեամբ Միաբան Հայրերուն, դպրեվանեցիներուն եւ ուխտաւոր ժողովուրդին:   Հսկումի արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը հոգեւոր խորհրդածութիւն մը կատարեց, որու ընթացքին հակիրճ գիծերով անդրադարձաւ երեք մտածումներու.-  …

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 1 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մԷջ ընդունեց այցելութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան զօրակցութեան ֆրանսական կազմակերպութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին յիշեալ կազմակերպութեան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի գրասենեակներու ներկայացուցիչները եւ Ֆրանսայի զանազան լրատուական օրկաններու թղթակիցները:   Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գծերով ներկայացուց Միջին ԱրեւելքԷն ներս քրիստոնէութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները,…

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ Կ’ԱՅՑԵԼԵՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ, 31 Մարտ 2017-ի առաւօտուն, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու՝ ՍԴՀԿ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ անոր հետ քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչման նախապատրաստութիւնները։ Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Ապրիլ 24-ի առիթով տեղի ունենալիք կեդրոնական, միջկուսակցական ձեռնարկներուն իր պատկերացումը։ Ձեռնարկները պիտի ունենան համահայկական ու համալիբանանեան բնոյթ։ Հանդիպումը առիթ մը…

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ Հ.Հ.Հ.-Ի ԶՐՈՅՑ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՆՇԱՆ ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

  Կազմակերպութեամբ Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումին, Ուրբաթ, 24 Մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» Թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը արաբական աշխարհի հեռատեսիլի խօսնակ, լաբանանահայ հանրածանօթ դէմք՝ Նշան Տէր Յարութիւնեանի հետ, ուր ներկայ էին համախմբումի անդամներէն անկախ, նաեւ այլ համալսարանաւարտներ եւ համալսարանական երիտասարդ-երիտասարդուհիներ։             Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Հ.Հ.-ի ատենապետ՝ Յակոբ Հանտեան, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԼԱՏԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆՈՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԸ

Ուրբաթ, 24 Մարտ 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի Լատին համայնքի նոր Առաջնորդ Տ. Սեզար Եպս. Եսայեան։ Հայկական ծագում ունեցող Լատին համայնքի հոգեւոր պետը ծառայած է Լիբանանի, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Իտալիոյ մէջ, քաջածանօթ է թէ՛ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ մեր եկեղեցւոյ պատմութեան։   Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով իր նշանակումը, մաղթեց որ Լիբանանի հայութեան…

“ԷՐՏՈՂԱՆԸ ՓՈԽԱՆԱԿ ԵՒՐՈՊԱՅԻՆ ԴԱՍ ՏԱԼ ՓՈՐՁԵԼՈՒ, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԴԷՄ ԻՐ ՊԱՊԵՐՈՒՆ ԳՈՐԾԱԾ ՈՃԻՐԸ ԹՈՂ ԸՆԴՈՒՆԻ”   ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

    Այս բառերով ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը երէկ գիշեր իրեն այցելող խումբ մը լիբանանցի արուեստագէտ-արուեստագիտուհիները, որոնք յառաջիկայ Ապրիլ 24-ին առիթով Պիպլոսի մէջ պիտի ցուցադրեն Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իրենց գեղանկարները։ Սոյն ծրագիրը կազմակերպուած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ, եւ անոր նպատակն է արուեստի ճամբով օտարներուն ծանօթացնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։   Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը գնահատելով լիբանանցի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Միջինքի առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Լիբանանի Թեմի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի արարողութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սաները: Արարողութեան հաւատացեալներու բազմութեան կողքին ներկայ էին նաեւ հայկական վարժարաններու ուսանողներ: Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ ետք Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանն ու Թեմի Ազգային…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ԹԵՄԱՅՈՎ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Հայ Եկեղեցւոյ առանցքը կը կազմէ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։ Ս. Պատարագի ճամբով հաւատացեալները մասնակից կը դարնան Քրիստոսի բանաւոր պատարագին: Ս. Պատարագի իւրաքանչիւր աղօթքն ու շարժումը ունի իր իմաստն ու բացատրութիւնը, որուն մեկնութիւնն ու իմաստը պէտք է փոխանցուի հաւատացեալ ժողովուրդին: Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին,…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ԿԵԴՐՈՆ

«ՀԱՐԿ Է ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ ՄԻՋ-ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ   ՆՈՐ ԾԱՒԱԼ ՏԱԼ՝ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Շաբաթ, 18 Մարտ 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու Համախմբումի Խորհուրդին տարեկան հանդիպումը։ Հանդիպումին ներկայ էին աւելի քան 40 հոգեւորական թէ աշխարհական պատուիրակներ՝ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն, ինչպէս նաեւ…

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Շաբաթ, 18 Մարտ 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներու հանդիպում՝ մասնակցութեամբ շուրջ 50 պատուիրակներու: Յիշեալ յանձնախումբը կազմուած է հինգ տարիներ առաջ եւ անոր կը մասնակցին Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներ՝ թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ աշխարհական: Յանձնախումբին նպատակը գործակցութիւն յառաջացնել է քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ: Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք համագումարին…

ՄԻՋ-ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՐԱՊՆԴՈՂ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

   Քաղաքացիական շարժումը նոր ընթացք եւ լայն արձագանգ սկսած է գտնել բոլոր ընկերութիւններու կեանքէն ներս: Վերջին տարիներուն յիշեալ շարժումը զանազան արտայայտութիւններ սկսած է ունենալ Լիբանանի բոլոր շրջաններէն ներս, որոնց նպատակը մէկ կողմէ ժողովրդային բողոքը աւելի ազդու դարձնելն է՝ ժողովուրդի առօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող հարցերու գծով, եւ միւս կողմէ միջ-կրօնական ու միջ-համայնքային գործակցութիւնն ու գոյակցութիւնը…

ՖՐԱՆՍԱՅԻ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

         Շաբաթ առաւօտուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ֆրանսայի «Հայաստան» Հիմնադրամի Յանձնախումբի Նախագահ՝ Պետրոս Թէրզեանի: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր խորհրդակցիլ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն մասին:            Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Սուրբ Ծննդեան աւետաբեր տօնին առիթով, Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութիւն տուած էր Հալէպ, եւ այդ առիթով վերականգնումի կոչ…

“ԿԸ ՄՆԱՆՔ ՄԻՇՏ ԶՕՐԱԿԻՑ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԱՆՈՐ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս առաւօտ Ղարաբաղի նախագահ Մեծարգոյ Տիար Բակօ Սահակեանի հետ հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորումով Մարտակերտի շրջանին մէջ կառուցուած “Նոր Կիլիկիա” գիւղի 15 բնակարաններ արդէն իսկ յանձնուած են ընտանիքներու։ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ յիշեալ բնակարանները տրամադրուած են Մարտակերտի շրջանի Կիջան եւ Նոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ’ԸՆԴՈՒՆԻ ՎԱՉԷ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆԸ

    Շաբաթ 25 Փետրուարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Վաչէ Պուլղուրճեանը, իր քրոջ՝ Սալբիի ընկերակցութեամբ։ Վաչէն զաւակն է Կաթողիկոսարանի բարեկամ ու բարերար հանգուցեալ Մելքոն եւ Անահիտ Պուլղուրճեանին։ Ան Նիւ Եորքի համալսարանէն շրջանաւարտ է, մասնագիտանալով նկարահանումի արուեստին մէջ։   Վաչէ Պուլղուրճեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր անդրանիկ ֆիլմը՝ “Թրամոնթան” անունով. որուն հերոսը…

ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ՝ ՄԱՍԻՍ Ծ. ՎՐԴ. ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

           Հինգշաբթի, 2 Մարտ 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանք այցելելով, Քուէյթի եւ շրջակայից առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան եւ Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։ Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Թեմին առնչուած շարք մը հարցեր ու ծրագիրներ։          Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձաւ Քուէյթի մէջ շինութեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՍԻՒՆՆԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ԵՒ ԱԼ-ԱԶՀԱՐ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Կազմակերպութեամբ Եգիպտոսի Սիւննի համայնքի հոգեւոր կեդրոնին եւ Ալ-Ազհար Համալսարանին, 28 Փետրուարէն 2 Մարտ 2017-ին, Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը «Ազատութիւն, Քաղաքացիութիւն, Բազմազանութիւն եւ Ամբողջականութիւն» խորագրով:   Համագումարին հրաւիրուած էին զանազան երկիրներէ քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետեր, Միջին Արեւելքի երկիրներու նախագահներու եւ թագաւորներու ներկայացուցիչներ, նախարարներ, երեսփոխաններ, միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։   Սոյն համագումարին իր…

ԴԵՍՊԱՆ ՄԻՔԱՅԷԼ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան՝ Միքայէլ Մինասեան, որուն կ՚ընկերանար դեսպանատան առաջին խորհրդական՝ Վարդան Կարապետեան։             Հիւրերը շրջեցան Անթիլիասի Մայրավանքի զանազան բաժանմունքները եւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքը եւ մօտէն ծանօթացան թէ՛ Կաթողիկոսարանի եւ թէ՛ Դպրեվանքի առաքելութեան։ Անոնք իրենց երկօրեայ կեցութեան ընթացքին այցելեցին Մայրավանքի «Կիլիկիա» Թանգարանը եւ Թռչնոց Բոյնի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան»…

ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

        Հայ Եկեղեցւոյ հայրապետներուն կողմէ քառասնօրեայ պահեցողութիւնը բնորոշուած է որպէս «պարիսպ հզօր» եւ «դուռն ամուր», որուն ընթացքին իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատ ինքնավերլուծութեան եւ ինքնազրկումի կ’ենթարկէ իր անձը, հոգեպէս կ’ամրապնդուի՝ պատրաստ դիմաւորելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը: Մեծ Պահքի քառասնօրեայ այս ժամանակաշրջանը լաւագոյն առիթն է հոգեմտաւոր արժէքներով սնուցանելու մեր հոգիները, եւ նոյն այս…

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ

Կիրակի, 26 Փետրուար 2017-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ նշուեցաւ Բուն Բարեկենդանի տօնը։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի փոքրիկները, որոնք Նորին Սրբութեան ներկայացան ծպտուած ու դիմակաւորուած։ Նորին Սրբութիւնը իր գնահատական խօսքին մէջ գնահատեց Կիրակնօրեայ Վարժարան յաճախող մանուկներն ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՓՐՕՖԷՍՕՐ ՐԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻՆ

Շաբաթ առաւօտ, 25 Փետրուար 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետը Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսէն ժամանած Փրօֆ. Րիչըրտ Յովհաննէսեանին։ Փրօֆէսօրը հանրածանօթ հեղինակ է ցեղասպանութեան եւ ժամանակակից հայոց պատմութեան առնչուած նիւթերը քննարկող բազմաթիւ հատորներու։ Ան նաեւ տասնամեակներէ ի վեր դասախօս է «UCLA» համալսարանէն ներս։ ​Այցելութեան ընթացքին Փրօֆէսօր Րիչըրտին ընկերացած էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վարչութիւնը։…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՆՈՒԻՐՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 6-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Կազմակերպութեամբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Խորհրդարանի եւ հովանաւորութեամբ Իսլամական Յեղափոխութեան հոգեւոր առաջնորդ Այաթոլլահ Ալի Խամենէի, 21-22 փետրուար 2017-ին Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Պաղեստինի նուիրուած միջազգային 6-րդ համագումար, ի զօրակցութիւն Պաղեստինեան արդար դատի եւ Պաղեստինցի ազնիւ, մարտնչող ու իրաւազրկուած ժողովուրդին:               Համագումարին հրաւիրուած էին բարեկամ երկրներու խորհրդարանի նախագահներ, նախարարներ ու երեսփոխաններ, Պաղեստինեան գլխաւոր կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան պատասխանատուներ,…

«ԱԶԳ ՄԸ ԿԸ ՀԶՕՐԱՆԱՅ ՈՒ ԿԸ ՅԱՒԵՐԺԱՆԱՅ ԵՐԲ ԳԻՏԷ ՈՒ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻ ԻՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ «ՈՉ»Ը ԵՒ «ԱՅՈ»Ն ԸՍԵԼ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Ազգ մը կը հզօրանայ երբ իմաստութիւնը ունի ժողովուրդին ու հայրենիքին գերագոյն շահերուն շուրջ համախմբուելու»։ Այսպէ՛ս պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պուրճ Համմուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ խորանէն, եկեղեցւոյ մէջ ու եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած բազմահազար հայորդիներու ներկայութեան։   Այս տարի ընդառաջելով Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին, Հինգշաբթի, 23 Փետրուար 2017-ին,…

ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ վանաբնակ Միաբաններու եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի քահանայից դասուն, կատարուեցան Գիշերային եւ Առաւօտեան զոյգ ժամերգութիւնները: Աղօթասացութենէն անմիջապէս ետք, Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հոգեւորականներուն կոչումը լուսարձակի տակ առնող համագումար, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Հայոց Թեմի քահանայից դասը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

    Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց «Արեւելքի Քրիստոնեաները» Ֆրանսական կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի տնօրէնը՝ խորհրդակցութիւն ունենալու ընդհանրապէս քրիստոնէական ներկայութեան առնչուած խնդիրներու ու յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններու գծով։   Տասնամեակներ առաջ հաստատուած յիշեալ մարդասիրական կազմակերպութեան նպատակն է օգտակար հանդիսանալ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ծրագիրներուն՝ շրջանէն…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Մեր սիրելի ընթերցողներուն ուշադրութեան կ’ուզենք յանձնել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու Բաժանմունքը հրատարակեց «Բուն Բարեկենդանի, Մեծ Պահոց եւ Ծաղկազարդի Կիրակիները» խորագիրը կրող նոր գիրք մը։   Գիրքը պատրաստեց Բաժանմունքի Վարիչ՝ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։  

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ունեցաւ բազմաթիւ անձնուէր հայրապետներ եւ անձնուրաց հոգեւորականներ, որոնք թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ ազգային գանձանակին մէջ ձգեցին իրենց լուման՝ ի խնդիր Հայ ժողովուրդի բարգաւաճման ու ծաղկման: Այսօր նոյն այդ ծառայութեան առաքելութիւնն է որ կը շարունակէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութիւնը՝ յաղթական հոգեւորականներուն պէս որպէս յաջորդ պատրաստելով Աստուծոյ,…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»

            Մեծ ուրախութեամբ կը ծանուցենք, թէ լոյս տեսաւ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի «Մեկնաբանութեան Պատմութիւն»ը գործը, խմբագրութեամբ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեանի։ Գիրքը ունի երեք գլուխներ.-             Առաջին գլուխին մէջ կը ներկայացուի մեկնաբանութեան պատմութիւնը, մեկնութեան օրինակներ եւ տեսակներ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն մէջ, եւ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մեկնութիւնը առաջին չորս դարերուն։            …

ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՊԱՀԱՆՋՔՈՎ ՀԱՅ ԴԱՏԸ ԿԸ ՄՏՆԷ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՄԱՐԶ

Թուրքիոյ դէմ՝ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին մասին անցնող երեք տարիներու ընթացքին, զանազան առիթներով թէ´ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուութեան գրասենեակը որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Հիմա որ 6 Դեկտեմբեր 2016-ին թղթածրարը Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանը յանձնուած է, Վեհափառ Հայրապետին թելադրանքով դատի թղթածրարի պատրաստութեան յանձնախումբի անդամներէն Դոկտ.…

ՀԵՀՈՄԱԿԱՆՆԵՐ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 11 Փետրուար 2017-ի երեկոյեան, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) անդամները դարձեալ առիթը ունեցան հանդիպում ունենալու միութեան հովանաւորող եւ զօրավիգ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:   Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց Նորին Սրբութեան երիտասարդութեան հանդէպ ունեցած յատուկ սէրն ու գնահատանքը եւ մանաւանդ իր սպասումը մեր…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՀՈԾ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ

Տեառնընդառաջի տօնը Հայ ժողովուրդին ու մանաւանդ հայ ծնողներուն կեանքին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ: Մեր ծնողները Մանուկ Յիսուսի տաճար ընծայման օրինակով իրենց մանուկները կը բերեն ընծայելու Աստուծոյ Սուրբ Խորանին: Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2017-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Նախատօնակի արարողութեան ընթացքին,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻՆ

Կիրակի, 12 Փետրուար 2017-ին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, միաբան հայրերու, գրագէտ-մտաւորականներու, բարեկամներու եւ գրասէր հանրութեան ներկայութեան, Անթիլիասի Վեհարանի դահլիճին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց երկար տարիներու վաստակ ունեցող մտաւորական, վիպագիր եւ թատերագիր Արա Արծրունին: Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ ԵՒ ՈՐԲԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս` ընկերակցութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի յանձնախումբի փոխ-ատենապետ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, այցելեց Որբերու Թանգարան ու մօտէն ծանօթացաւ այդտեղ տարուող աշխատանքներուն եւ անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարեց Թանգարանը աւելի զարգացնելու ու կազմակերպելու։ Թանգարանի հիմնադրութեան բարերարներն են Տէր եւ Տիկին Ալէքքօ եւ Անի Պէզիքեանները։ Թանգարանի յանձնախումբի ատենապետն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՊԵՏԸ

Հինգշաբթի, 2 Փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանեան Բանակի Սպայակոյտի պետ՝ Զօրավար Հաթեմ Մալաքի: Զօրավարին կ’ընկերանային բանակային այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Շուրջ ժամ մը տեւող Հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան երկրին ապահովութեան առնչուած հարցեր: Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Լիբանանեան բանակին, որ աջալուրջ կը հսկէ երկրի ապահովութեան, ինչպէս…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՈՉ ՔԱՂԿԵԴՈՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

  21-28 Յունուարի 2017-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ ոչ քաղկեդոնական Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ ժողովին 14-րդ հանդիպումը: Արեւելեան ոչ քաղկեդոնական Եկեղեցիներու ընտանիքին ներկայացուցիչներն են՝ Անտիոքի Ասորի Եկեղեցին, Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցին, Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցին եւ Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցին: Հանդիպումը կայացաւ Պապական Խորհուրդի Քրիստոնէական Միութեան Սատարող Բաժանմունքին մէջ:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ԸՆԴՈՒՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ

Երկուշաբթի, 30 Յունուար 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան՝ Մարթին Հութին:    Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի իրավիճակը: Դեսպանը նաեւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ Նորին Սրբութեան Դամասկոս եւ Հալէպ կատարած այցելութիւններուն մասին:     Յայտնենք, որ Դեսպան Մարթին Հութ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ “THE ARMENIAN CHURCH” (ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ)

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ            Անգլերէն լեզուով գրուած եւ 240 էջերու վրայ տարածուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին յիշեալ գիրքին նպատակն է, ինչպէս ինք կը յիշեցնէ գիրքին ներածականին մէջ, մեր դարաւոր եկեղեցին ծանօթացնել օտարներուն, ինչպէս նաեւ արեւմտեան երկիրներուն մէջ ապրող մեր երիտասարդութիւնը մօտէն հաղորդ դարձնել մեր եկեղեցւոյ պատմութեան, աւանդութիւններուն, արժէքներուն եւ դաւանանքին։ Վեհափառ Հայրապետը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ԴԵՐԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՄԷՋ» ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Երեքշաբթի, 24 Յունուար 2017-ին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը, Միաստուածեան Կրօններու դերը համաշխարհային խաղաղութեան հաստատման մէջ» թեմայով: Համագումարը կազմակերպուած էր Սուրիոյ Կրօններու նախարարութեան «Աուկաֆ»ի եւ Սուրիոյ մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան Մշակութային բաժանմունքին կողմէ: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանէն, Իրանէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն մտաւորականներ, կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Իրանի Իրանական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 26 Յունուար 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական այցելուներու շարքին յաջորդաբար ընդունեց.- * Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած երկու ժեներալներէ եւ մէկ գնդապետէ, որոնք եկած էին իրենց բարեմաղթութիւնները ներկայացնելու Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպումը կեդրոնացաւ առաւելաբար Լիբանանի ներքին ապահովութեան առնչուած հարցերու շուրջ։ * Ժպէյլի քաղաքապետը, որ եկած էր խորհրդակցելու Նորին Սրբութեան հետ…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երկուշաբթի, 23 Յունուարին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Լիբանանի Թեմի Ազգային վարչութիւնը այցելեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին արծարծուեցան Լիբանանի Հայոց Թեմի անցնող տարուան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութիւնը ներկայացուց իր յառաջիկայ ծրագիրները: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց թեմին ծաւալած գործունէութիւնը եւ այս իմաստով կատարեց նաեւ…