Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՁԵՌԱՄԲ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

Հայ Եկեղեցին վերանորոգող ու մարդ անհատի հոգին մաքրող արարողութիւնը՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, որ աւանդութեան համաձայն տեղի կ՚ունենայ եօթը տարին անգամ մը։ Հասած է ժամը Միւռոնօրհնութեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան Անթիլիասական շրջանի տասներրորդ Միւռոնօրհնութիւնն է որ կատարուեցաւ։ Աշխարհի չորս անկիւններէն հայ եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակներ եկած են մասնակից դառնալու եւ դիտելու,…