ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 104-ԱՄԵԱԿՆ ՈՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու եւ ներկայութեամբ հաւատացեալ ժողովրդին, մեծ շուքով կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք ու նշուեցաւ Արամ Մանուկեանի անունով օծուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութիւնը։

 

Ս. Պատարագի ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւնը, որուն աւարտին աղօթք վերառաքեցաւ առ բարձեալն Աստուած, որ ամուր ու անսասան պահէ մեր ազգը ամբողջ եւ Իր շնորհքն ու իմաստութիւնը շնորհէ բոլոր անոնց, որոնք իշխանութեան պատասխանատուութեան վրայ կը գտնուին։ Նորին Ս. Օծութիւնը նաեւ աղօթեց Աստուծոյ, որ Իր Ս. Աջովը օրհնէ ամբողջ հայ ժողովուրդը եւ Իր հովանիին տակ պահէ մեր հայրենիքն ու Ս. Եկեղեցին։

 

Հանրապետական մաղթանքին յաջորդեց Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի յաւուր պատշաճի քարոզը, ուր հայր սուրբը նշեց, թէ այսօր, առաւել քան երբեք, հայ ժողովուրդը կարիքը ունի հայրենիքի հովանիին ներքեւ միախմբուելու եւ հայ ազգին շնորհուած ազատութիւնն ու անկախութիւնը պաշտպանելու։

 

Այս առիթով կատարուեցաւ հոգեհանգիստ, ի խնդիր հայրենի հողին անկախութեան ու պաշտպանութեան համար զոհուած հայորդիներու հոգիի խաղաղութեան համար։

 

Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, միաբան հայրերը, դպրեվանեցիները, Կաթողիկոսարանի Կիրակնօրեայ վարժարանի սաներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի սաներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր։ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, իրենց ձեռքին ունենալով եռագոյն դրօշը, Մայիս 28-ի շունչով զարդարեցին դահլիճը։  Յայտագրի աւարտին ուղերձ ընթերցեց Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան։ Հայր սուրբը ուղերձին մէջ յիշեց յանուն ազատութեան ու անկախութեան հայ ազգի զաւակներուն կատարած սխրանքները։ Ան, իր խօսքի աւարտին, ի դէմ միաբանութեան ու ներկայ ժողովուրդին շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութիւնը եւ մաղթեց արեւշատութիւն։ Ան նաեւ ըսաւ. «Մայիս 28-ը մեր երազներու իրականացումն է, մեր անցեալի փառքը եւ ապագայի յոյսը: Անիկա խորհրդանիշն է հայ ազատատենչ ոգիին եւ մեր ժողովուրդի վերածնունդին: Անիկա պատասխանն է մեր աղօթքին եւ Աստուծոյ կողմէ շնորհուած առիթը մեզի՝ ազատօրէն ապրելու, պայքարելու, վերականգնելու եւ գոյատեւելու:

 

Մայիս 28-ը կերտողներու անձնուէր եւ հայրենասէր ոգին մեզի համար կողմնացոյց է, կարենալ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները, առաւել հզօրանալու եւ իբրեւ ազգ միանալու ու բարգաւաճելու: Ահա այդ ոգին է, որ պիտի առաջնորդէ Սփիւռքը, պիտի հզօրացնէ Հայաստանը եւ պիտի ազատագրէ Արցախը: Այդ ոգիին մարմնացումը՝ այդ օրերու յաղթանակը կերտած Արամ Մանուկեանն է: Բիւրաւոր քաջարի մարտիկներու կողքին եւ անոնց օգնութեամբ, Արամ Մանուկեան դարձաւ հիմնադիրը մեր պետականութեան եւ իր գործունէութեամբ եւ անխորտակելի կամքով, ղեկավարեց պայքարը եւ կերտեց անկախութիւն: Ան իր ժողովուրդի ճակատագրին տէր կանգնեցաւ եւ առաջնորդեց զայն դէպի յաղթանակ:

 

Այսօր, Մայիս 28-ը եւ անոր կերտիչները յիշատակելու այս առիթին, որդիական սիրով, ակնածանօք եւ երախտագիտութեամբ կու գանք շնորհաւորելու Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անուան տօնը նաեւ»:

 

Հանդիսութեան աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը իր հայրական խօսքը ուղղեց ողջ հայութեան։ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ այսօր մեր հայրենիքի անկախութեան պաշտպանը միայն Հայաստանի ու Արցախի մեր ժողովուրդը չէ, այլ նաեւ՝ Սփիւռքի հայութիւնը։ Ան շեշտեց, թէ միասնաբար պէտք է մեր անկախութիւնը պաշտպանենք այս կը յիշեցնէ մեզի Սարդարապատի ճակատամարտն ու Մայիս 28-ն։ Հայրապետը շեշտեց, թէ այսօր Մայիս 28-ն միայն մոմ վառելու, ծաղկեպսակ զետեղելու, հանրահաւաքներ կազմակերպելու առիթ չէ՛, այլ կոչ մըն է մեր ժողովուրդի միասնականութեան: Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք միասնաբա՛ր պէտք է հայոց անկախութեան պաշտպանը դառնան:

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը յիշելով Արցախի քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներուն նահատակուած քաջարի հայ զինուորները՝ ընդգծեց, որ անոնք իրենց արիւնը թափելով հերոսացան հայ ազգի ազատութեան եւ անկախութեան համար: Ան նաեւ նշեց, որ Հանրապետական մաղթանքի ընթացքին մենք բոլորս աղօթք վերառաքեցինք առ բարձեալն Աստուած, որ խոհեմութիւն եւ իմաստութիւն շնորհէ Հայաստանի ղեկավարներուն, մտաւորականներուն եւ պատասխանատուներուն, որպէսզի հայրենիքի փրկութիւնն ու անկախութիւնը ամէն բանէ վե՛ր ու վե՛հ նկատեն: Մեզմէ ա՛յս կը պահանջէ Մայիս 28-ն: