Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Չորեքշաբթի, 8 Յունիս 2022-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) նորընտիր վարչութեան, առաջնորդութեամբ Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի:

 

Հայր Սուրբը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց վարչութեան անդամներն ու անոր աշխատանքային ծրագիրը: Ան յայտնեց, որ վերջին քանի մը տարիներուն, համաճարակին եւ Լիբանանէն ներս ստեղծուած տնտեսական տագնապին հետեւանքով, Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի աշխատանքները որոշ դանդաղացում ունեցած էին, սակայն շուտով, վերանորոգ թափով ու  նոր ծրագիրներու նախաձեռնութեամբ աշխատանքները պիտի շարունակուին:

 

Նորին Ս. Օծութիւնը ողջունելով Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի նորընտիր վարչութիւնը եւ ընդհանրապէս Միութեան գործունէութիւնը՝ յայտնեց, որ երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս եւ համալսարանական ուսանողները յատկապէս միշտ կը մնան իր սրտին մօտ եւ կը կազմեն իր հովուապետական առաքելութեան կարեւոր մարզերէն մէկը: Այս ուղղութեամբ պիտի շարունակենք մեր աջակցութիւնը երիտասարդութեան ու համալսարանականներուն, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը: Ան նաեւ ողջունեց յառաջիկայ ամիս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի նախաձեռնութեամբ կայանալիք միօրեայ երիտասարդական համագումարը, «Սփիւռքի Տարի»ի նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը միաժամանակ վստահեցուց, որ պիտի շարունակէ օգտակար հանդիսանալ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի կազմակերպած կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն: