Կիրակի, 22 Մայիս 2022-ին, տեղի ունեցաւ կուսակրօն քահանայի ձեռնադրութիւն եւ օծում, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին: Աւանդութեան համաձայն ձեռնադրեալ քահանան կ’ունենայ կնքահայր: Երեք նորընծայ աբեղաներուն կնքահայրութիւնը ստանձնեց յիշեալ թեմին Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիար Վահէ Յովակիմեանը:
Ձեռնադրութենէն ետք, Դպրեվանքի գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ի պատիւ նորաօծ երեք աբեղաներուն տեղի ունեցաւ աւանդական պտղասեղան-ընթրիքը, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, Դպրեվանքէն ներս: Ընթրիքին ներկայ էին Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Յասմիկ Յովակիմեանը, միաբան հայրերը, Դպրեվանքի ուսուցչաց կազմը, ուսանողութիւնն ու նորընծայ միաբաններուն ծնողները:
Աւարտին, Թորգոմ սրբազանը ընթերցեց Նորին Ս. Օծութեան սրբատառ կոնդակը: Կոնդակին մէջ Հայրապետը ընդգծեց Վահէ եւ Յասմիկ Յովակիմեան ամոլին Հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ ցուցաբերած ծառայական նուիրուածութիւնը: «Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ Ձեր ունեցած նախանձախնդրութեան իբրեւ շօշափելի արտայայտութիւն, Ձեր կարեւոր ներդրումը բերած էք, եւ կը շարունակէք բերել, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի գործունէութեան։ Արդարեւ թէ՛ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին ճամբով եւ թէ որպէս անդամ ու ապա՝ Ատենապետ Ազգ. Վարչութեան, գործնապէս մասնակից դարձած էք Ազգ. Առաջնորդարանի ծրագիրներու իրագործման՝ ազգային-եկեղեցական, կրթական-մշակութային թէ ընկերային մարզերէն ներս։ Ձեր ազնիւ Տիկնոջ՝ Յասմիկին հետ մնայուն ներկայութիւն եղած էք ու զանազան միջոցներով քաջալեր հանդիսացած թեմէն ներս տարուած աշխատանքներուն», յայտնեց Նորին Ս. Օծութիւնը կոնդակին մէջ: Կոնդակի ընթերցումէն ետք Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»ի շքանշանով զարդարեց Վահէ Յովակիմեանի կուրծքը: